ԱՅՆ ՈՐ ԿԸ ՓՆՏՌԷ՝ ԿԸ ԳՏՆԷ

«Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, երբ ձեր բոլոր սրտովը փնտռէք զԻս» (ԵՐԵՄ. ԻԹ 13)։

Արդարեւ, այն որ գիտէ «փնտռել»՝ կը գտնէ։

Բայց երբ «փնտռել»ու մասին է խօսքը, պէտք է որ անիկա ըլլայ ուղիղ ճամբաներով՝ անկեղծ եւ աննե՛նգ։ Այս իմաստով, որեւէ հոգեւոր գործի մէջ, պէտք է որ մեր սիրտը բոլորովին Աստուծոյ տանք, ապա թէ ո՛չ մեր մէջ բնաւ չի կրնար ունենալ այն փոփոխութիւնը՝ որուն միջոցով Անոր նմանութեամբը պիտի վերանորոգուինք։ Ուստի անդրադառնալու ենք մեր Արարիչին եւ Նախախնամին։ Սակայն, դժբախտաբար, մենք օտարացա՛ծ ենք Աստուծմէ։

«Յանցանքներու եւ մեղքերու մէջ մեռած…» բացատրութեամբ կը նկարագրէ Սուրբ Հոգին մեր այս վիճակը՝ օտարացած եւ հեռացած բոլոր բարիքներէ, արդարութենէ եւ հաւատարմութենէ։ Դժբախտաբար, բնութեամբ օտարացած ենք Աստուծմէ, ինչ որ կը նշանակէ՝ մենք մեզմէ հեռացած եւ մենք մեզի օտարացած ենք։ Աստուծոյ օտարանալով՝ մենք մեզի օտարացած ենք, քանի որ ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ, եւ ուրեմն երբ կ՚օտարանանք եւ կը հեռանանք Աստուծմէ՝ կ՚օտարանանք եւ կը հեռանանք մենք մեզմէ։ Բայց Աստուած ներող է, քանի որ Ան Հա՛յր է եւ կը փափաքի օտար չմնալ եւ մօտենալ իր զաւակներուն՝ մեզի՛. Ան կ՚ուզէ բժշկել մեզ, կը ցանկայ ազատել մեզ ամէն տեսակ փորձանքէ, ամէն տեսակ վտանգէ։

Բայց ասիկա ամբողջական «փոխակերպութիւն» մը կը պահանջէ՝ վերանորոգում մը մեր ամբողջ բնութեանը, եւ այս կը նշանակէ որ մենք պէտք է բոլորովին Անոր յանձնենք մեր էութիւնը։

Բարեփոխուելու համար պայմա՛ն է յանձնուիլ եւ նուիրուի՛լ։ Եւ ասոր համար «Ես»ին դէմ պայքար պէտք է մղել, պայքար մը՝ որ երբեք մղուած ըլլայ մեր կողմէ։ Անտարբերութեան, անհոգութեան ախտը ամենամեծ արգե՛լքն է այս պայքարին մէջ յաղթական ըլլալու։ Ուստի, որպէսզի իր անձը բոլորովին Աստուծոյ կամքին հպատակեցնէ, մարդ պայքարելու, կռուելու պէտքը ունի, բայց իր հոգին պարտաւոր է Աստուծոյ հնազդիլ՝ սրբութեամբ նորոգուիլ կարենալէ առաջ։

Աստուծոյ իշխանութիւնը եւ հեղինակութիւնը հիմնուած չէ՛ կոյր հպատակութեան մը անխորհուրդ վերհսկումի մը վրայ։ Աստուած իմաստութեան սկիզբն է եւ մտքին եւ խղճին կոչ կ՚ընէ. «Հիմա եկէ՛ք վիճաբանինք» (ԵՍ. Ա 18)։

Ահա հրաւէրը՝ զոր Արարիչը կ՚ուղղէ Իր ստեղծած էակներուն։ Ուստի Աստուած չի՛ բռնադատեր Իր արարածներուն կամքը։ Ան կարող չէ ընդունիլ մեծարանք մը որ յօժարամտաբար եւ իմաստնօրէն չի մատուցուիր։ Լո՛կ բռնի հնազանդութիւն մը, կոյր հլուութիւն մը պիտի արգիլէր մտքի, բանականութեան եւ նկարագրի ամէն ճշմարիտ զարգացում, պարզապէս մեքենայի մը վերածելով զայն։

Աստուած եթէ բռնադատէր Իր արարածներուն կամքը, այն ատեն պիտի հակասէր, ինչ որ անկարելի՛ է Իրեն համար, մարդու տուած «ազատ կամք»ին եւ մարդուն յատուկ բանականութեան։ Արարչին նպատակը երբեք մեքենայի մը վերածել չէ՛ մարդը։ Ան կ՚ուզէ որ մարդը, Իր արարիչ զօրութեանը գլուխ-գործոցը, հասնի՝ որքան կարելի է՝ ամենաբարձր զարգացման։

Ան մեր առջեւ կը դնէ երանութեան բարձրութիւնը՝ որուն կ՚ուզէ որ հասնինք Իր շնորհքով։ Մեզ կը հրաւիրէ յանձնելու մեր անձը Իրեն՝ որպէսզի Իր կամքը կարենայ կատարել մեր մէջ։ Արդարեւ, Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով եւ նմանութեամբ, իմաստութիւն տուաւ անոր՝ որպէս բանաւոր էակ եւ արարածներու մէջ միա՛կ ազատ կամքով շարժողը։

Աստուած մարդը ստեղծեց եւ անոր տուաւ բանականութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի Ինքզինք յայտնէ անոր եւ ան ալ կարենայ ճանչնալ իր Արարիչը եւ Նախախնամը։

Արդարեւ Աստուած որո՞ւ կրնար յայտնել Ինքզինք եւ ո՛չ միայն բանաւոր, իմաստութեամբ օժտուած մարդո՛ւն։ Եւ ուրեմն մեզի կը մնայ պատասխանել այդ Յայտնութեան՝ ճանչնալով եւ հաւատալով եւ հնազանդելով Իրեն։ Ուրեմն պէ՛տք է անդրադառնանք մեր էութեան, մեր առաքելութեան, մեր պարտականութեան եւ դերին։ Մարդ, ուրեմն, ստեղծուած է որպէսզի ճանչնայ, հաւատայ եւ հնազանդի Աստուծոյ։ Եւ այս պատճառով իսկ, պէտք է մարդուն համար ազատիլ մեղքի ծառայութենէն, որպէսզի կարենայ մասնակցիլ Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր եւ հրաշալի՜ ազատութեան՝ փրկութեա՛ն։

Մենք զմեզ Աստուծոյ յանձնելով, կը պարտաւորուինք՝ ի հարկէ՝ թողուլ ամէն ինչ որ մեզ կը բաժնէ Անկէ։ Ասոր համար է որ Յիսուս կ՚ըսէ.

«… ձեր մէջէն անոնք որոնք չեն կրնար հրաժարիլ իրենց ամբողջ ունեցածէն, չե՛ն կրնար ինծի աշակերտ ըլլալ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 33)։

Ուրեմն, պէտք է մէկդի թողուլ ամէն ինչ՝ որ կրնայ մեր սիրտը հեռացնել Աստուծմէ։

Մամոնան շատերու կո՛ւռքն է դարձած. արծաթասիրութիւնը, հարստութեան ցանկութիւնը, փառասիրութիիւնը՝ «ոսկի շղթա»ներ են՝ զանոնք Սատանային սերտօրէն կապող։

Եւ ուրիշներ՝ համբաւը եւ աշխարհային պատիւը կը պաշտեն։ Անձնասիրաբար եւ ինքնամոլութեամբ կեանք վարելը եւ պատասխանատուութենէ զերծ ապրիլն ալ ոմանց կո՛ւռքն է։

Արդարեւ, երկու տէրոջ կարելի չէ՛ ծառայել՝ չենք կրնար կէս մը Տէրոջ եւ կէս մը աշխարհինը ըլլալ, քանի որ մարմնով, միտքով եւ հոգիով «ամբո՛ղջ» մը կը կազմենք եւ չենք կրնար անոնցմէ մին անջատել միւսէն։ Ուստի Աստուծոյ զաւակները չենք կրնար դառնալ՝ մինչեւ որ բոլորո՛վին Անոր՝ մեր Արարչին եւ Նախախնամին չյանձնուինք։ Մարդը ամբողջ մըն է, եւ իր նուիրումն ալ պէ՛տք է «ամբողջ» ըլլայ։

Կան մարդիկ, որ կը կարծեն զԱստուած պաշտել, մինչդեռ իրենց անձնական ջանքերուն կը վստահին Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելու, ուղիղ նկարագիր մը կազմելու եւ իրենց փրկութիւնը ապահովելու համար, բայց կը սխալի՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 8, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2017