ՄԷԿԻ ԴԻՄԱՑ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱԶԱՐՆԵՐԸ

Մեր աշխատակիցներէն Վարանդին խորհուրդով սկսայ աչքէ անցընել անուանի գրող Լեռ Կամսարի գործերը։ Ընթերցանութիւնս սկիզբ առաւ անոր առաջին աշխատութենէն՝ 1924 թուականին հրատարակուած «Անվաւեր մեռելներ» աշխատութեամբ:

Շատեր Լեռ Կամսարը կը բնութագրեն որպէս երգիծաբան. ճիշդ է, իր ոճին մէջ ունի ճկունութիւն եւ երգիծանք, սակայն զինք միւս երգիծաբաններէն տարբերողը ծիծաղեցնելով հանդերձ շատ մը լուրջ խնդիրներու մասին խորհրդածութեան առաջնորդելն է: Լեռ Կամսար հեռու է գրական բոլոր ճոխութիւններէն ու աւելորդաբանութիւններէն. չունի գրական ծանր դարձուածքներ: Կը գրէ այնպէս՝ ինչպէս կը խօսի, ստեղծելով մտերմիկ միջավայր մը՝ ընթերցողին եւ իր միջեւ:

Սակայն այդ բարի եւ ուրախ տրամադրութենէն անդին կը ծագի մտահոգութիւն մը, հանդէպ արժէքներու, հանդէպ մեր կեանքին ու հայ իրականութեան: Անոր մօտ զգալի է եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու հանդէպ ատելութիւն մը, հակառակ այն իրողութեան, որ ինք իր կրթութիւնն ու ուսումը ստացած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ։ Լեռ Կամսարի համաձայն, եկեղեցականները ծոյլ, ձրիակեր ու անգործունեայ մարդիկ են: Լեռ Կամսարի այս մտածումները խորհրդածելու առիթ կը հանդիսնան, որովհետեւ այդ մէկը իր անձնական կարծիքը ըլլալէ աւելի հասարակութեան մէջ բոյն դրած կարծիքի մը դժբախտ գոյութիւնը կը պարզէ եւ ընդունինք կամ ոչ, մինչ օրս շատ շատերու համար «եկեղեցական»ի տիպարը տարբեր պատկեր մը չի ներկայացներ:

Լեռ Կամսարի միտքերը աւելիով պարզ դարձնելու համար կ՚ուզենք յիշել աշխատութենէն մի քանի տողեր.-

«Օրուան մէջ երկու արշալոյս կը ճարագայթէ վարդապետ բնակիչներուն համար: Վարդապետները երեկոյեան, ըստ մեր ժամացոյցի, ժամը 9-ին անկողին կը մտնեն մինչեւ առաւօտեան ժամը 9-ը, երբ կը ծագի Էջմիածնի առաջին արշալոյսը: Լուացուելով դուրս կ՚ելլեն իրենց խուցերէն, ողջոյն կու տան միաբանակիցներուն, եկեղեցի կ՚երթան ու իրար ետեւ կայնելով երկու շարան կը կազմեն՝ հոն իւրաքանչիւր կեցող իր առջեւ կայնողի դիրքին նախանձելով եւ ատելով զանի՝ խուց կը դառնայ: Աս անոր գործունէութեան հասարակական մասն էր: Ապա կը խմէ թէյը, միտքին մէջ կ՚ուրուագծէ ճաշը իր համառօտ գծերով ու խուցին դուռը վրայ բերելով իր միաբանակցին խուցը կ՚անցի, հետեւելու հոն բացուած բամբասանաց, որ կը տեւէ մինչեւ ճաշը: Այնուհետեւ միաբանը այս ընդգծուած ճաշը վայելելէն զկնի կը պառկի քնանալու. հոս ահա կը սկսի Էջմիածնի երկրորդ գիշերը, որ կը տեւէ մինչեւ ժամը չորս: Այս շրջանը ամենէն բեղմնաւոր ու արգասաւորն է վարդապետին համար: Հոն միաբանը կը շարունակէ իր նախորդ գիշերուան երազը, կ՚ամբողջացնէ զայն, կամ նոր երազի մը առաջաբանը կը կազմէ...»:

Երգիծականօրէն այս գրութիւնը ընթերցողին մօտ գուցէ ժպիտ մը կը յառաջացնէ, սակայն իրականութեան մէջ կատակ կամ զուարճախօսութիւն ըլլալէ աւելի մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Օտարազգի շատ մը եկեղեցականաց մօտ բացայայտօրէն կը տեսնենք զեխ ու անառակ կեանք մը, սակայն հակառակ այդ բոլորին կ'արժանանան փառքի ու մեծարանքի եւ այս մէկը կամայ թէ ակամայ մտածել կու տայ այն կարեւոր հարցին մասին, թէ մենք ազգովի ինչո՞ւ համար սկսանք ատել եկեղեցին ու եկեղեցականները, հակառակ այն իրողութեան, որ մեր հայկական իրականութեան մէջ Հայ Եկեղեցին յառաջատար դեր ունեցած է հայապահպանման ու ազգապահպանութեան սրբազան գործին մէջ. հակառակ այն իրողութեան, որ մեր գիրերու գիւտարարն անգամ եղած է եկեղեցական ու բոլոր տիտանները որոնք պատմութենէն կը հասնին մեզի, մեծաւ մասամբ եկեղեցականներ են:

Այս հարցերը այսօր կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մերօրեայ դժբախտ վիճակին հետ սերտ աղերս ունի այս բոլորը, որովհետեւ մենք ազգովի թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր եղած ենք ու կը շարունակենք մնալ նոյնը։ Մէկուն սկսած գործին օգտակար դառնալու եւ մէկը երկու դարձնելու փոխարէն նախընտրած ենք քննադատել, ծաղրել ու քաշքշել, որովհետեւ մեր ուշադրութիւնը յաջողութեան վրայ ըլլալէ անդին ու հեռու եղած է ձախողութեան վրայ, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ ձախողութիւնները միշտ աւելի ձայն ու համբաւ բերած են՝ քան յաջողութիւնները: Եկեղեցականի մը անբարոյ կեանքը շատ աւելի մեծ աղմուկ յառաջացուցած է, քան այլ եկեղեցականի մը պատմական, գիտական, բարոյախօսական բազմատասնեակ հատորներն ու աշխատութիւնները:

Թերթելով մեր հին գրողներու աշխատութիւններն ու մամուլը, կարելի է բազմաթիւ տեղեր հանդիպիլ եկեղեցականի տիպարը ծաղրող գրութիւններու, սակայն հազուադէպ է գտնել վկայութիւններ, յետ ցեղասպանութեան եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու տարած անձնուրաց աշխատութիւններուն մասին, որ բազմապատիկ աւելի կարեւոր պէտք է նկատուի, քան մի քանի եկեղեցականներու ընթացքը:

Այս դժբախտ իրողութեան պատճառը տգիտութիւնն է. մեր ժողովուրդը կը սիրէ քննադատել, խօսիլ ու գնահատել՝ առանց խորքը ճանչնալու եւ այս համոզումս փաստելու լաւագոյն օրինակը կը կարծեմ Կոմիտաս Վարդապետն է. մեր ազգը այսօր կ՚աստուածացնէ Կոմիտասը, սակայն կրնաք վստահ ըլլալ, որ անոնք Կոմիտասի կեանքին մասին փոքր իմացութիւն անգամ չունին. կը սիրեն Խրիմեանն ու Կոմիտասը՝ որովհետեւ ժողովուրդին կողմէ եղած են սիրուած: Մեր ժողովուրդը որպէս մեծութիւն կ՚ընդունի Խրիմեանը, սակայն ո՛չ անոր գործերը կը կարդայ եւ ոչ ալ անոր կեանքին կամ կենսագրութեան մասին տեղեկութիւն մը ունի եւ մենք այս մէկը կը կոչենք հաւաքական համոզում: Եկեղեցականներու ծոյլ ու անգործունեայ ըլլալը եւս մէկ մասն է այդ հաւաքական դժբախտ համոզումին:

Կը հաւատանք, որ խնդիրը եկեղեցականները չեն. խնդիրը համոզումի խնդիր է: Այդ մէկը աւելիով պարզ դարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու ժամանակ:

Պատերազմի, ինչպէս նաեւ քաղաքական ներքին հարցերու ժամանակ երբ եկեղեցին որոշ ժամանակ որոշեց լուռ մնալ, ժողովուրդը բողոքեց։ Ժողովուրդը ուզեց, որ եկեղեցին խօսի, յայտնէ իր կարծիքը եւ անտարբերութեամբ մեղադրեցին: Ժամանակ մը ետք երբ եկեղեցին սկսաւ խօսիլ ու կարծիք յայտնել՝ «դուն հոգեւոր կեանքով զբաղէ, քաղաքական հարցերու մէջ գործ չունիս» մը ըսին։ Եկեղեցին քննադատուեցաւ երկու ձեւով՝ թէ՛ խօսելով եւ թէ լռելով:

Թող իւրաքանչիւր հայ վստահ ըլլայ, որ եթէ այսօր կը խօսինք հայերէն, կը գրենք հայերէն տեղ կը պարտինք եկեղեցականութեան. եթէ ունինք պատմութիւն, գիր-գրականութիւն, մատենագիրներու հարուստ անցեալ մը՝ կը պարտինք եկեղեցականութեան. եթէ ունինք մշակոյթ ու արուեստ՝ տեղ մը դարձեալ կը պարտինք եկեղեցականութեան:

Քրիստոսի աշակերտներուն մէջ ալ գոյութիւն ունէր Յուդա մը, սակայն Յուդայի գոյութիւնը չի կրնար պատճառ դառնալ Յովհաննէսին կամ Պետրոսին վրայ ձեխ արձակելու:

Եկեղեցւոյ հանդէպ մեր ունեցած նոյն մօտեցումը ունինք նաեւ կուսակցութիւններու պարագային, որովհետեւ ապուշ կուսակցականի մը սխալը բաւարար է մոռցնել տալու յիշեալ կուսակցութեան կատարած դարաւոր ծառայութիւններն ու զոհողութիւնները:

Ու այս բոլորին դիմաց կը յիշենք այն մեծերու աղաղակը, որ մինչեւ իրենց կեանքին վերջ «միութիւն» եւ «մէկ ուժ» ըլլալու մասին խօսելով իրենց կեանքը մաշեցուցին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշխարհի վրայ անսխալական մարդ գոյութիւն ունի՞:

Պատասխան. Ոչ ոք կրնայ անսխալական համարուիլ: Անսխալական ըլլալը կ՚ենթարդէ սխալելու անկարողութիւն, յատկանիշ՝ որ չի կրնար մարդոց վերագրուիլ: Իւրաքանչիւր մարդ բնական հակումը ունի սխալելու, անձնական փորձով սորվելու եւ ժամանակի ընթացքին զարգանալու:

Տարբեր կրօնական եւ փիլիսոփայական աւանդութիւններու մէջ եղած են գործիչներ, որոնք ունենալով աւելի բարձր մակարդակի իմաստութիւն եւ խորաթափանցութիւն, յարաբերաբար ունեցած են աւելի անսխալ ընթացք, ինչ որ լիովին անսխալականութիւն չ՚ենթադրեր:

Կարեւոր է որ սխալիլը ընդունինք մարդկային գոյութեան բնական մէկ մասը եւ այդ գիտակցութեամբ ընդունիլ ուրիշներու սխալներ՝ անոնցմէ դաս քաղելու պատրաստակամութեամբ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2023