ՄՏԱԾԵԼ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ԽՕՍԻԼ

Մարդիկ ընդհանրապէս կը դժուարանան խօսելու կամ գրելու, երբ խօսելիք կամ գրելիք որեւէ նիւթ չունին։ Բայց կայ պարագայ մը նաեւ, որ խօսիլը կամ գրելը կը դժուարացնէ եւ կամ կը դանդաղեցնէ՝ վարանումի կամ տարակուսանքի կը մատնէ մարդս. այն է՝ երբ մարդ ըսելիք կամ գրելիք շա՜տ բան ունի, եւ կը խորհի, թէ ո՛ր մէկէն սկսի, եւ ո՛ր մէկը չմոռնայ ըսելու կամ գրելու։ Ո՛ր ծայրէն սկսի։

Այս հարցին, գրելու պարագան աւելի՛ դիւրին է, քանի որ ժամանակ ունի, կրնայ մտածել այդ մասին մարդ։ Բայց խօսիլը այդպէս չէ, մարդ պէտք է խօսի, իր ըսելիքը այդ պահուն իսկ ըսէ, գրեթէ նոյն պահուն խորհի եւ խորհածը արտայայտէ իր խօսակիցին՝ անհատ կամ հաւաքականութիւն։ Այս պարագային, ահաւասիկ, խօսիլը «արուեստ» մը կարելի է համարել՝ որ հմտութիւն, ուշիմութիւն, փափկանկատութիւն կը պահանջէ։

Խօսելու եւ մանաւանդ գրելու ատեն, մարդ պէտք է ուշադիր ըլլայ, որ իր խօսքով կամ գրութեամբ չվիրաւորէ ուրիշներուն արժանապատուութիւնը։ Խօսքը եւ գրութիւնը կը պահանջէ որոշ կրթութիւն, մանաւանդ յարգանք անձնական իրաւունքներու եւ բարոյական արժէքներու։

Մ. Ա. Վոլթէր կ՚ըսէ, թէ՝ մարդիկ կը խօսին որպէսզի գաղտնի պահեն իրենց խորհածները։ Անշուշտ վիճելի է Վոլթէրի այս խօսքը, քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ կը խօսին այն՝ ի՛նչ որ խորհած, մտածած են։ Եւ սակայն այն ալ վիճելի է, թէ մարդիկ իրենց մտածածը եւ խորհածը ո՞րքան ճշդութեամբ խօսքի կ՚անցընեն կամ կ՚արտայայտեն։ Եւ ընդհանրապէս մարդիկ իրենց խորհածը կամ մտածածը ճշդութեամբ չեն արտայայտեր, քիչ մը փոխուած, աւելի կամ պակաս խօսքի կը վերածեն իրենց մտածումները, խորհուրդները։

Թէ ի՞նչ է այս փոփոխութեան պատճառները։

Նախ այն է պատճառներէն մին, թէ մարդուս մտածումները եւ խորհուրդները երբ խօսքի վերածուին, բնական զտումի մը կ՚ենթարկուին, այլ խօսքով՝ մտածումները կը մաղուին եւ նոյնութեամբ չեն արտայայտուիր։ Ասիկա կրնայ ըլլալ կարգ մը նախապաշարումներու, վարժութիւններու կամ ունակութիւններու պատճառով։ Մարդուս ենթագիտակցութիւնը կը պատրաստէ այս բնական զտումը։ Մարդ երբեմն չի խորհիր իր մտածածին վրայ, եւ ինքնաբերաբար՝ անգիտակցօրէն կը փոխէ իր մտածումը եւ այդպէս փոփոխութեան ենթարկուելով խորհուրդը կ՚ըլլայ խօսք։

Մտածումներու խօսքի վերածուած ատեն փոփոխութեան ենթարկուելու պատճառներէն մէկն ալ՝ մարդուս կարգ մը մտահոգութիւնները, զոր օրինակ՝ խօսակիցը չվիրաւորելու, անոր որեւէ վնաս չհասցնելու, ըսենք, ջանքը, որ ինքնին մտահոգութեան պատճառ մըն է։ Ուրեմն, երբեմն մարդ իր խորհածները, մտածածները նոյնութեամբ չ՚արտայայտեր, խօսքի չի վերածեր։

Ահաւասիկ, հոս կարեւորութիւն կը ստանայ «անկեղծութիւն»ը։

Անկեղծ ըլլալ եւ վիրաւորե՞լ խօսակիցը, թէ՞ կեղծաւորութեամբ ծածկել իսկական մտածումը, եւ քիչ մը փոփոխութեան ենթարկել մտածումը՝ մաղէ անցընել, վնասակար եւ վիրաւորիչ ըլլալու հաւանականութիւնը նկատի ունենալով՝ զտել զանոնք եւ այդպէս ներկայացնել՝ արտայայտել եւ խօսիլ։ Ուրեմն մարդ պէտք է նախընտրութիւն մը ընէ՝ բոլորովին անկեղծ ըլլալու եւ կամ ամէն խորհածը ճշդութեամբ չարտայայտելու միջեւ։ Այս մասին դատումը եւ որոշումը կը թողունք ձեզի՝ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, քանի որ այս մասին, ինչպէս նաեւ շատ մը հարցերու մասին վճռական ըլլալ՝ մարդկային բանականութեան եւ արժանապատուութեան հակառակ է։

Սուտի մասին ալ կարելի է նոյն բաները խորհիլ։ Ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ կան սուտեր, որոնք «տուն կը շինեն» եւ այդպիսի սուտերը կ՚ունուանուին «սպիտակ սուտ» կամ «վարդագոյն սուտ»։ Բարոյագէտներ եւ կրօնաւորներ կ՚ըսեն, թէ «սուտ»ը ամէն գէշութեան, ամէն չարութեան մա՛յրն է։ Սակայն գործնականի մէջ երբեմն կը գործածուին սուտեր՝ որոնք եթէ ո՛չ օգուտ, բայց վնաս ալ չեն պատճառեր, եւ ուրեմն կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կեանքի բնական ընթացքին մէջ տեղ կը գրաւեն նաեւ «սպիտակ սուտ»եր եւ կամ «վարդագոյն սուտ»եր՝ որոնք կերպով մը կը վարեն կեանքը, մարդկային փոխյարաբերութիւնները։

Եւ ահաւասիկ սուտի պարագան ալ կը թողունք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն դատողութեան՝ որոնք կրնան հասնիլ խղճամիտ լուծումի մը այս մասին նաեւ։

Իրաւ է որ մարդուս կը յանձնարարուի «խորհուրդը, խօսքը եւ գործը համապատասխան եւ համընթաց ըլլայ», բարոյապէս եւ կրօնական տեսակէտով ճիշդը ա՛յս է։ Բայց առածը կ՚ըսէ. «Հարկը օրէնքը կը լուծէ»։ Արդարեւ, կեանքի մէջ միշտ կը գտնուին բացառութիւններ՝ երբեմն յարգելի բացառութիւններ, երբեմն խնդրական բացառութիւններ, եւ երբեմն ալ բացասական բացառութիւններ։ Բայց կան այնպիսի էական սկզբունքներ, արժէքներ, որոնք ոչ մէկ բացառութիւն ունին, եւ ահաւասիկ հոս, կարեւորը կարենալ զանազանելն է՝ «էական»ը եւ «երկրորդական»ը կամ «ստորոգելի»ն եւ ըստ այնմ դատել եւ որոշել լաւագո՛յնը։

Այս զանազանութիւնը կարենալ կատարելու համար անշուշտ պէտք է առաձգականութիւն ունենայ մարդ, այսինքն յարմարութիւն եւ պատշաճութիւն իրողութիւններու եւ սկզբունքներու նկատմամբ։ Եւ ճիշդ այս կէտին կարելի է մեզի ուղեցոյց կամ բացատրագիր ունենալ Յիսուսի սա խօսքը, թէ՝ «Շաբաթ օրը մարդուն համար եղաւ եւ ո՛չ թէ մարդը՝ Շաբաթ օրուան» (ՄԱՐԿ. Բ 27)։ Եւ այս խօսքէն կը հետեւի, թէ օրէնքը մարդուն համար է, անոր օգտին, երջանկութեան եւ հաստատութեան, եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար, եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ կարգ մը կանոն եւ սկզբունքներու գործադրութեան ատեն պէտք է նա՛խ նկատի ունենալ մարդը՝ անոր իրաւունքը, ազատութիւնը, ամբողջական էութիւնը եւ ըստ այնմ վարուիլ եւ գործել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 9, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2018