ՃԻՇԴ ԵՍ… ԱՅԴՊԷ՛Ս ԵՆՔ

Մի քանի օրեր առաջ Հայաստանի մեծահարուստներէն Գագիկ Ծառուկեան փափաք յայտնեց Հայաստանի բարձունքներէն մէկուն վրայ կառուցել Յիսուս Քրիստոսի արձանը. անոր բացատրութեամբ ու համոզումով՝ աշխարհի առաջին Քրիստոնեայ ազգը ըլլալով պէտք է Հայաստանի ամենաբարձր տեղը ունենանք Յիսուս Քրիստոսի արձանը: Բարերարի ցանկութեամբ արձանի բարձրութիւնը պիտի ըլլայ 33 մեթր՝ Տիրոջ տարիքին հաւասար, իսկ պատուանդանով միասին աւելի քան 60 մեթր:

Հետեւեցայ նաեւ բարերարի տուած հարցազրոյցներուն. անոր կարծիքով՝ հայերը ամօթալի պարտութենէ ետք կարիքը ունին աղօթքով եւ Տիրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով զօրանալու. անոր խօսքերով ժամն է արդէն հաւատքով համախմբուելու, մաղթելով որ այս արձանը վերածնունդի եւ լոյսի ճամբայ ցոյց տայ հայ ժողովուրդին:

Այս փափաքը պատճառ եղաւ, որպէսզի դարձեալ երեւան գայ հայկական աւանդական տասնամեակներու կեանք ունեցող վէճ մը. զէ՞նք թէ հաւատք: Մարդիկ սկսան մեղադրել բարերարը՝ յայտնելով, թէ այդ արձանի տրամադրուելիք ծախսերով կարելի է զէնք բերել բանակին համար եւ կամ օգնել կարիքաւորներուն. Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն շատեր այդ մէկը տեսան որպէս կաթոլիկեան սովորութիւն եւ ո՛չ հայկական:

Առաջին Քրիստոնեայ ազգը ըլլալն ու Քրիստոսէ ամբողջութեամբ հեռացած ու կտրուած ըլլալը մեր ազգի յատկութիւններէն մէկն է, որովհետեւ պատմութիւնը մեր ազգին սորվեցուց դառնալ Թովմաս առաքեալներ, սորվեցուց չհաւատալ՝ մինչեւ չշօշափէ, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին հայը շատերո՜ւ հանդէպ «կոյր վստահութիւն» ունեցաւ, հաւատա՛ց, սակայն միշտ ալ յուսախաբութեան արժանացաւ. Խորհրդային Միութիւնը եկաւ մնացած այդ հաւատքի փոքր կրակն ալ դուրս հանելու հայու սիրտէն:

Պատահականութի՞ւն, թէ նախախնամութիւն... չե՛մ գիտեր. արձանի ըսի-ըսաւի այս ժամանակահատուածին ձեռքս անցաւ օտարալեզու գիրք մը, ուր նկարագրուած է հայը՝ օտարներու աչքով: Անոնց մէջ հետաքրքրական էր օտար մտաւորականի մը այս խօսքերը.- «Բոլոր նշաններէն կ՚երեւի, թէ այս ազգը Աստուածային տեսչութեամբ ընտրուած է իբրեւ միջնորդ քրիստոնէութիւնը Արեւելքի մէջ տարածելու: Մեծ նշանակութիւն ունի այն իրողութիւնը, որ այս քրիստոնեայ ժողովուրդը ցրուած է մեծ տարածութեան մը վրայ, Մարոքէն մինչեւ Չինաստան եւ նոյն քրիստոնէական կրօնքով զօդուած իրարու»։ Ինչքա՜ն լաւատես, նոյնքան անհեթեթ են մտաւորականին խօսքերը, մանաւանդ «քրիստոնէական կրօնքով իրարու զօդուած» ըլլալու բաղձալի երեւոյթը, որմէ հեռու ենք այսօր:

Հայ ժողովուրդը շատո՜նց հրաժարեցաւ Աստուծոյ տեսչութեամբ ընտրուած ըլլալու իր պաշտօնէն. Մարոքէն մինչե՛ւ Չինաստան այսօր հայ ժողովուրդը կ՚ապրի Քրիստոնէութեան կրօնի սկզբունքներուն ամբողջութեա՜մբ հակառակ. այսօր ո՛չ թէ երկիրներու հեռաւորութեան վրայ, այլ քով քովի հաշտ ու համերաշխ չեն կրնար ապրիլ. վկայ Արցախի պատերազմի ժամանակ մղուած «Հայաստանցի»ի եւ «Արցախցի»ի պայքարը. անոնցմէ մէկը մինչեւ իսկ կ՚ըսէր, թէ մեր զաւակները կ՚երթան կը պատերազմին Արցախցիին համար. մինչեւ օրս շատերու համար Արցախի մէջ ապրողը հայախօս է՝ սակայն հայ չէ եւ գուցէ չի կրնար ալ ըլլալ:

Ի՜նչ ահաւոր բան է ուրիշներու աչքին ըլլալ լաւ ու բարի, երբ գիտես, թէ էութեամբ այն չե՛ս, ինչ ուրիշը կը կարծէ: Հետաքրքրական է սակայն, թէ որո՞նք են օտար մտաւորականին տեսած «բոլոր նշաններ»ը, որովհետեւ ներկայի մեր ապրած ու ականատես եղած բոլո՛ր նշանները իր գրածին հակառակը կը փաստեն. մենք այսօր ո՛չ միայն քրիստոնէութիւնը չենք տարածեր, կը տարուինք նաեւ օտարինէն ու սեփական շահերու համար երեւան կը հանենք մեր խաչագողի ինքնութիւնը: Ամիս մը առաջ հայ մը մուսուլման արաբի մը սիրտը շահելու համար իր արաբերէն սորվիլը կ՚ուզէր ցոյց տալ։ Իմաստը գիտնալո՞վ, թէ անտեղեակ թութակի նման կրկնեց սորված մէկ տողը. «Լա՜ Իլահա իլլա Ալլահ...» եւ Մուհամմէտը ընդունեց որպէս տէր ու վերջին մարգարէ: Եթէ Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարան» գիրքին մէջ նկարագրած անձերը իսկապէս հայեր են, պէտք չէ զարմանալ... պտուղը իր ծառէն հեռու չ՚իյնար երբեք:

Հայաստանի բարձունքներու վրայ Յիսուս Քրիստոսի արձանը դնելու կարիքը ունինք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, որ շատ անհրաժեշտ կարիքը ունինք մեր սրտերուն մէջ բարձրացնելու այդ արձանը, եղբայրասիրութեան դասեր վերցնելու Անոր քարոզութիւններէն:

Նոյն աշխատութեան մէջ այլ մտաւորական մը տասնամեակներ առաջ կը յայտնէր այն կարծիքը, թէ օր պիտի գայ, որ հայեր եւրոպացիներէն շատ աւելի զարգացած պիտի ըլլան. օտար գրողին կարծիքով՝ «Ինչ որ են զուիցերացիները Արեւմուտքի մէջ, նո՛յնն են հայերը՝ Արեւելքի մէջ: Անոնց մէջ կը նկատուի յարատեւ բայց հանգիստ գործունէութիւնը, հարստութիւն ձեռք բերելու ձգտումը, արհամարհանքը՝ դէպի արտաքին փայլը: Հայերու յառաջդիմութիւնները անյայտ են Եւրոպային, ուր չեն հասնիր անոնց գիրքերը եւ պարբերական հրատարակութիւնները»:

Պահ մը պատկերացուցէք օտար մը մօտենալով ձեր ազգին մասին նման խօսքեր ըսէ... գիտնալով հանդերձ ճշմարտութիւնը միայն մէկ բան կրնաք ըսել. Ճի՛շդ ես... այդպէս ենք, մանաւանդ արհամարհանքը՝ դէպի արտաքին փայլը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ
(1910-1965)

Մեր թուականէն 112 տարիներ առաջ՝ 19 յունուար 1910-ին, Բագրեւանդ գաւառի Գումլուպուճախ գիւղին մէջ ծնած է արձակագիր, հրապարակախօս եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Հրաչեայ Քոչար (բուն անունով՝ Հրաչեայ Գաբրիէլեան):

Քոչար եղած է Հրաչեայի հայրը եւ գրողը իր հօր անունը գործածած է որպէս գրչանուն: Ցեղասպանութեան տարիներուն՝ հինգ տարեկանին կորսնցուցած է իր մայրը եւ ծննդավայրէն դուրս գալով գացած է Գառնարած, Հանքափոր եւ ապա Ալավերտի եւ այնուհետեւ հաստատուած Երեւան, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը եւ ապա ընդունուած Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառը: Քոչարի առաջին պատմուածքը՝ «Խաջէ» առաջին անգամ լոյս տեսած է 1931 թուականին, Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «Նոր Ուղի» ամսագիրին մէջ: Քոչար 1934 թուականին ստանձնած է քիւրտերէն «Ռէա Թազա» թերթը: Կուսակցական խնդիրներով որոշ ժամանակ անաշխատանք մնալէ ետք Մարտիրոս Սարեան զինք ընդունած է իր ղեկավարած Պատմական յուշարձաններու պահպանութեան կոմիտէութիւն, ուր Քոչար առիթը ունեցած է շրջելու եւ ուսումնասիրելու հայկական վանքերն ու սրբատեղիները, որոնց մասին գրած է իր «Գորիսի եւ Սիսականի շրջաններու ալպոմ-ուղեցոյց» աշխատութեան մէջ:

Գրողը 1941-1945 թուականներուն ծառայած է Խորհրդային բանակին մէջ եւ մասնակցած՝ Համաշխարհային Բ. պատերազմին. իր տպաւորութիւնները գրած է «Հերոսներու ծնունդը» եւ «Նախօրեակին» աշխատութեանց մէջ: Անոնց մէջ ամենէն յայտնին է «Կեներալի քոյրը» պատմուածքը, որ առաջին անգամ տպագրուած է 1945 թուականին «Փրավտա» թերթին մէջ եւ թարգմանուած աւելի քան 24 լեզուներու: Հրաչեայ Քոչար 1946 թուականին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, վարած է «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրի, ինչպէս նաեւ «Ոզնի» երգիծական հանդէսի խմբագրութիւնները: Անոր յայտնի գործերէն է «Սպիտակ գիրք»ը, ուր գրած է «Նահապետ», «Կարօտը» եւ «Եփրատի կամուրջին» վիպակները:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ արժանացած է «Կարմիր աստղ» շքանշանին, ինչպէս նաեւ իր «Նահապետ» վիպակի համար արժանացած՝ Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակի:

Քոչար մահացած է 2 մայիս 1965-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022