ՕՂԻԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ

Սփիւռքի մէջ տարածուած է այն համոզումը, որ մեր Հայաստանի հայորդիները ծոյլեր են եւ անոնց մեծագոյն հաճոյքը գինեմոլութիւնն է: Հայաստանի մէջ տիրող աղքատութիւնը եւս շատ շատեր կը վերագրեն գինեմոլութեան այդ ախտին:

Սակայն աղքատութեան եւ գինեմոլութեան հարցը նման է «հա՞ւը հաւկիթէն, թէ հաւկիթը՝ հաւէն» վերջ չունեցող կռիւին։ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան գինեմոլութեան նուիրուած համագումարի մը ընթացքին մէկէ աւելի դասախօսներ գինեմոլութեան գլխաւոր պատճառ կը համարեն մարդկային թշուառութիւնը, տխրութիւնը եւ ապրուստի դժուարութիւնները: Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող գինեմոլներուն մեծամասնութիւնը այսօր կը խմեն ո՛չ թէ որովհետեւ կը սիրեն ոգելից ըմպելիներուն համը։ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ծաղիկ» Ազգային, քաղաքական, տնտեսական, գրական եւ գիտական օրաթերթի երեքշաբթի, 11 յունուար 1900 թուականի թիւին (ԺԳ. տարի, թիւ 109) առաջին էջին մէջ կը կարդանք. «Անոնք, որ վիշտ մը, ցաւ մը ունին, անվրէպ ալքոլին կը դիմեն, քանի որ կեանքն իրենց համար «բուռն ու դժնդակ տառապանք» մըն է, որ նուազ տխուր կը պատկերանայ ալքոլին թունաւոր գոլորշիներուն մէջ»:

Հաւանաբար գինեմոլութիւնը աշխարհի ամենէն հին խնդիրներէն մին է. եթէ լաւապէս սերտենք Աստուածաշունչը, պիտի տեսնենք, թէ նոյնիսկ հազարամեակներ առաջ մարգարէները ինչքա՜ն յորդորած են հասարակութիւնը հեռու մնալու գինեմոլութենէն, որովհետեւ գինեմոլութիւնը կործանիչ էր այնքան՝ ինչքան այսօր:

Գինեմոլութիւնը յաճախ ցաւերը «մեղմելու» միջոց որպէս կը դիտուի, սակայն իրականութեան մէջ մարդու կեանքին մէջ մե՜ծ ցաւեր կը յառաջացնէ թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ բարոյական գետնի վրայ:

Ա.- Ֆիզիքական.- Ոգելից ըմպելիքը առաջին անգամ կը վնասէ մարդուն ստամոքսը. պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդուն մարսողութեան օգնող հիւթը (որ գիտականօրէն կը կոչուի suc gastrique) կը կորսնցնէ իր յատկութիւնը եւ իր նպատակին չի ծառայեր եւ այս պատճառով մարսողութիւնը սովորականէն աւելի դանդաղ ու ցաւագին կրնայ ըլլալ եւ շատ մը պարագաներու մինչեւ իսկ ստամոքսի բորբոքում կրնայ յառաջացնել: Երկրորդ հերթին կը վնասէ լեարդը. արիւնի ճամբով ալքոլը կը հասնի լեարդին եւ կը խանգարէ զայն: Այս մէկը կրնայ արեան կուտակում պատճառել լեարդին եւ անոր ծաւալը մեծցնէ եւ կամ ընդհակառակը փոքրացնէ եւ առողջական լուրջ խնդիրներ յառաջացնէ: Երրորդ վնասը կը պատճառէ երիկամունքին եւ կը դժուարացնէ անոր արիւնը մաքրելու գործընթացը եւ այնպէս ինչպէս լեարդը, երիկամունքը եւս կրնայ իւղոտիլ:

Ոգելից ըմպելիքը չորրորդ վնասը կը պատճառէ արեան շրջանառութեան. խառնուելով արեան կը թանձրացնէ զայն եւ որոշ պարագաներուն մինչեւ իսկ կրնայ կարծրացած գունդերու վերածուիլ եւ արեան փոքր խողովակները գոցել։ Գինեմոլութեան պատճառով շատ անգամ արիւնը կը դժուարանայ շրջան ընել գլխու արեան խողովակներու մէջ եւ յառաջ կը բերէ յանկարծական ուղեղային կաթուած մը: Այդ արեան դժուար շրջանառութիւնն է պատճառը, որ յաճախ գինեմոլներու քիթերը կա՛մ մարմնի որոշ մասերը բնականէն աւելի կարմիր գոյն մը կ՚ունենան: Արեան շրջանառութեան պարագային խմիչքը կը վնասէ նաեւ սիրտը եւ պատճառ կը դառնայ, որ արեան շրջանառութիւնը մղելու գործողութիւնը տկարանայ: Հերթով ոգելից ըմպելիքը կը վնասէ նաեւ թոքերը եւ կը քայքայէ մարդու ջղային դրութիւնը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդ որոշ ժամանակ իր գիտակցութիւնը «կորսնցնելով» անտեղի խնդայ, լաւ կամ արտառոց բաներ ընէ:

Բ.- Ընկերային.- Մտերիմները, հարազատներն ու ամենէն սիրելիները հեռացնելու ամենէն լաւագոյն միջոցներէն մէկն է գինեմոլութիւնը. թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկայիս եղող ամուսնալութիւններուն մեծամասնութեան պատճառը եղած է գինեմոլութիւնը, որովհետեւ գինեմոլ մարդուն հետ դժուար է ապրիլ եւ խաղաղ կեանք մը վարել: Աշխարհի չարութիւններուն մեծ մասը եւս կը պատահի այն ժամանակ՝ երբ մարդ ոգելից ըմպելիքի գիտակցութեան տակ կորսնցուցած է իր գիտակցութիւնը։ Այսօր աշխարհի տարածքին գտնուող բանտերը լեցուն են հարբած ժամանակ ինքնաշարժ վարող եւ բազմաթիւ անմեղներու մահուան պատճառ եղող դժբախտներով: Այս բոլորը միասին մարդու առողջութեան կողքին կը քայքայեն նաեւ անոր ընկերային կեանքը եւ կ՚անհանգստացնեն հասարակութիւնը: Հարբած վիճակը շատ անգամ բարի մարդը կրնայ վերածել հրէշի մը եւ ամբողջութեամբ փոխել անձի մը հանդէպ կազմուած շրջապատի կարծիքը, որովհետեւ անգիտակից վիճակի մէջ մարդ իր ենթագիտակցութեան կը հպատակի եւ կ՚ընէ այն՝ ինչ պիտի չընէր իր բնականոն վիճակին:

Գ.- Բարոյական.- Առողջական եւ ընկերային հարցերը բնականաբար մարդը կ՚առաջնորդեն բարոյական խնդիրներու, ինչ որ մարդը ամբողջութեամբ կը կործանեն եւ այդ կործանումին ճշմարիտ պատկերը տալու համար կ՚ուզեմ յիշել 1905 թուականին Մամիկոն Վարժապետեանի «Ալքոլին նախճիրները» գիրքէն քաղուած այս պատկերը.-

«Տեսէ՛ք սա ցնցոտիներով ծածկուած աղտոտ ու զազիր մուրացիկը, որ փողոցին մէջէն կ՚անցնի կորաքամակ, եւ գաւազանի մը ուժով կը քաշկռտէ իր կմախք դարձած մարմինը. վաղահաս ծերութեան խորշոմներ կը փոթփոթեն իր դէմքը, ուր իր ապուշ նայուածքին մէջ կը կարդացուի ալքոլամոլութեան սեւ պատմութիւն մը... Ողորմելէ առաջ կեցուցէք զինքը եւ հարցաքքնեցէք. ո՞վ է այդ ջախջախուած էակը. ինչո՞ւ կը գտնուի այդ սոսկալի վիճակին մէջ. ի՞նչ է իր անցեալը ու ահաբեկումով պիտի լսէք, թէ այդ վիճակին մատնուած գոյութիւնը դեռ քանի մը տարի առաջ հարուստ էր, առողջ ու պնդակազմ, գեղեցիկ եւ վայելչադէմ, յարգանքի առարկայ եւ բարեկամներով շրջապատուած... սակայն օղիի բաժակները զինք հասցուցին այդ ահաւոր քայքայումին» (յայտնենք, որ այս գրութիւնը գրուած է 1905 թուականին, Պոլսոյ մէջ, Յ. Թաւշանճեանի կողմէ հաստատուած մրցումի առիթով. Թաւշանճեան կը հաստատէ մրցում մը եւ ժամանակուան գրողներ կը սկսին գրի առնել գինեմոլներու կեանքէն առնուած պատկերներ):

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -146-

Լիբանանի մէջ հայկական կազմակերպութիւն մը հանդիսութիւն մը կ՚ունենայ եւ այդ հանդիսութեան նկարահանումը ապահովելու համար կ՚երթայ նկարիչ ու դերասան Թ. Այնէճեանի մօտ: Նկարիչը կազմակերպիչէն կը խնդրէ, որպէսզի նախապէս կատարէ նկարահանման վճարումը:

Վճարումը ստանալէ ետք կը խնդրէ կազմակերպիչէն, որպէսզի սպասէ եւ դուրս կու գայ խանութէն: Մի քանի վայրկեան ետք երկու շիշ օղիով կը վերադառնայ եւ կը խնդրէ կազմակերպիչէն, որպէսզի բաժակակից դառնայ իրեն եւ կը սկսի իր ցաւերն ու վիշտերը պատմել: Երկար խօսակցութենէն ետք, քիչ մըն ալ գինիի ազդեցութեան տակ կազմակերպիչէն հետեւեալը կը խնդրէ. «Իմ մահուանս դամբանականը դո՛ւն պիտի խօսիս։ Կազմակերպիչը ակամայ կ՚ընդունի այդ առաջարկը:

Տարիներ ետք Թ. Այնէճեան կը մահանայ եւ բախտի բերումով կազմակերպիչը կը գտնուի երկրէն դուրս եւ կը թերանայ իր խոստումը կատարելու: Տարիներ շարունակ խղճահարուելէ ետք կազմակերպիչը ի յիշատակ Թ. Այնէճեանի, իր խոստումը կատարելու փոխարէն ողբացեալ նկարիչին մասին գիրք մը կը գրէ...

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023