ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ

Խոնարհութիւնը առաքինութիւն մըն է, որ կը բխի սէրէն եւ կը տարածուի ամէն կողմ՝ ուր՝ սէր կայ։

Արդարեւ անկեղծ սիրով լեցուն սիրտեր միշտ խոնարհ են, քանի որ կը զգան ուրիշներու զգացումները, եւ ուրիշը կը նկատեն որպէս իրենց «Ես»ին ուրիշ մէկ երեսը։ Այս իմաստով, իւրաքանչիւր անհատ մէկ ուրիշին «հայելի»ն է՝ որուն մէջ կը տեսնէ ինքզինք։ Խոնարհութիւնը իր հետ կը բերէ խաղաղութիւն, բարութիւն եւ արդարութի՛ւն եւ մանաւանդ հաւասարութիւն։ Եւ երբ մարդ մտերմանայ այս արժէքներուն հետ, կը զգայ թէ ազատ է, ազատութեան մէջ կը վայելէ այս արժէքները՝ առաքինութիւնները, որոնք անխտիր ամէն մարդու արդար իրաւունքն է եւ այդ իսկ պատճառով, մարդիկ հաւասար են ներքնապէս, եթէ նոյնիսկ ըլլան արտաքին խտրութիւններ, զանազանութիւններ եւ անհաւասարութիւններ։ Արդարեւ մարդ էապէս՝ բնութեամբ հաւասար է։ Ըստ էութեան մարդոց միջեւ սկզբնական ոչ մէկ խտրութիւն, ոչ մէկ տարբերութիւն գոյութիւն ունի։ Մարդիկ ծնունդով եւ մահով հաւասար են՝ ծնունդով նոյն աշխարհը կու գան  եւ մահուամբ նոյն աշխարհէն կը մեկնին՝ կը տեղափոխուին նոյն երկնային աշխարհը՝ տարբեր ժամանակի մը եւ տարբեր միջոցի մը։ Մարդիկ եթէ հաւասար չըլլային, անոնց տեղափոխուած երկնային աշխարհն ալ տարբեր կ՚ըլլար, մինչդեռ բոլորն ալ կ՚երթան նոյն տեղը՝ յաւիտենական կեանքի երանութիւնը ունենալու, զայն վայելելու։

Արդարեւ, հաւասարութիւն կը նշանակէ իւրաքանչիւրին իր իրաւունքին չափով հատուցում ընել, այս իմաստով հաւասարութիւնը ներդաշնակութիւն կը նշանակէ՝ իրաւունքներու եւ պարտքերու համաձայն ամէն մէկուն տալ այն՝ ինչ որ կը վերաբերի իրեն։ Հաւասարութիւնը նաեւ առիթներէ օգտուելու իրաւունք ունենալ կը նշանակէ. այս ուղղութեամբ ամէն մարդու ներկայացուած առիթները հաւասար են, բայց անոնցմէ օգտուելու չափով կը ստեղծուի զանազանութիւններ, տարբերութիւններ. զանազանութիւններ որոնք կախում ունին մարդուն ազատ կամքով կատարած ընտրութիւններէն։ Անշուշտ որ շատ օգտուողին եւ քիչ օգտուողին միջեւ տարբերութիւններ պիտի ըլլան, ի՛նչ որ արուեստական անհաւասարութիւն մը կը ստեղծէ, բայց էապէս մարդիկ միշտ հաւասար են եւ աւելի վերջ անհաւասարութիւններ կը ստեղծուին, որոնց պատճառը մարդ ի՛նքն է իր ընտրութիւններուն պատճառով։

Եւ երբ «խոնարհութիւն» կ՚ըսենք, հոն կա՛յ իրական մեծութիւն մը՝ կարեւոր եւ անհրաժեշտ ըլլալու իրողութիւն մը։ Զոր օրինակ, պատ մը հիւսելու համար աղիւսներ պէտք է. աղիւսներուն ամենէն կարեւորները վարի, յատակի աղիւսներն են, քանի որ եթէ անոնք չըլլան, կարելի չ՚ըլլար պատը ամբողջացնել, որովհետեւ վարի աղիւսներուն վրայ է որ կը բարձրանայ պատը եւ եթէ անոնք՝ «վարիններ»ը չըլլան, պատը խարխուլ կը մնայ եւ փուլ կու գայ, կը փլչի՝ քարուքանդ կ՚ըլլայ։

Այս օրինակին մէջ, ահաւասիկ, կը տեսնու, որ վարինը կամ յետինը աւելի կարեւոր եւ անհրաժեշտ է քան՝ վերինը, բարձրութեան վրայ գտնուողը։

Ուրիշ օրինակ մը եւս. ինքնաշարժի մը համար պէտք է չորս անիւներ՝ որպէսզի անիկա շարժի։ Խորհինք պահ մը՝ այդ չորս անիւներէն ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է եւ անհրաժեշտ։ Վերջինը՝ այսինքն չորրորդը, որ կ՚ամբողջացնէ պէտք եղած անիւներուն թիւը, թէ ոչ նախապէս զետեղուած երեք անիւները առանց վերջինին՝ չորրորդին որեւէ արժէք չեն ներկայացներ։ Ուրեմն յետինը կարեւորագոյնն է, բարձր կամ մեծը իր կատարած պաշտօնին մէջ։

Ուրեմն միշտ բարձր դիրքի վրայ կամ առաջին դիրքի վրայ եղողներ «մեծ» կրնան չըլլալ եւ կը կարօտին վարիններուն՝ վերջիններուն կամ յետիններուն։ Արդարեւ, «մեծ» կամ «բարձր» ըլլալու չափանիշը օգտակարութիւնն է. պաշտօնը ամբողջացնող, կատարելագործողը։ Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ալ պարագան նո՛յնն է՝ երբեմն աննշան, յետին կարծուածներ այնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ կ՚ըլլան, որ մարդ կը զարմանայ։ Եւ ահաւասիկ խոնարհութեան խորհուրդը կը կայանայ ա՛յս իրողութեան վրայ։ Ճիշդ այն խօսքին մարմնացումն է այս, թէ՝ վերջիններ առաջին, առաջիններ վերջին պիտի ըլլան։

Խոնարհութիւնը, այս պատճառով, պէտք չէ երբեք տկարութիւն, չէզոքութիւն, անշարժութիւն, անաշխատութիւն նկատել. անիկա մեծ գործ կը կատարէ կեանքի մէջ, առանց աղմուկի, անձայն կը կատարէ իր պարտականութիւնը՝ մեծցնելով եւ բարձրացնելով արժանաւորները։

Բայց, դժբախտաբար, խոնարհութիւնը կամ համեստութիւնը իր արժէքը չի գտներ ընկերային կեանքի մէջ, եւ ինչպէս ըսինք, անիկա տկարութիւն, երբեմն անկարողութիւն եւ երբեմն ալ անճարակութիւն, ապիկարութիւն կը համարուի։ Այդպէս խորհողներ՝ համեստ եւ խոնարհ մարդիկը ձեռքէն գործ չեկող, ըսելու կը դժուարանանք, բայց «ձախաւեր» մարդիկ ըլլալով կը ճանչնան եւ այդպէս կը ճանչցնեն շուրջիններուն։ Սակայն այդպէս մտածողներուն պէտք է յիշեցնել «պատի օրինակ»ը կամ «ինքնաշարժի անիւներուն օրինակ»ը՝ ուր վարինը, վերջինը եւ յետինը կարեւորագոյնը կը հանդիսանայ կատարելութեան հասնելու համար։

Ուստի մարդ ինքզինք «մեծ» նկատելով մեծ չ՚ըլլար, եւ ոչ ալ «բարձր» նկատելով բարձր կ՚ըլլայ։ Մարդ պէտք է վարը գտնուի, որպէսզի վեր բարձրանայ, եւ մէկը եթէ ինքզինք բարձր տեղ կը նկատէ, կը նշանակէ, թէ ան բարձրանալու հաւանականութիւնը չունի, ինչպէս մէկը երբ ինքզինք մե՛ծ կը նկատէ, մեծ ըլլալու, մեծնալու կարելիութիւնը չունի։

Նպատակի մը հասած կարծել՝ նախատես-ւած նպատակին հասնելու ամենամեծ արգե՛լքն է։

Մարդ պէտք է «փոքր» ըլլայ, որպէսզի «մե՛ծ» ըլլալու երջանկութիւնը վայելէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 4, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019