ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻՆ

Ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ անդ­րա­դար­ձած էինք, Մեծ պա­հոց եօ­թը կի­րա­կի­նե­րը նուի­րուած են զա­նա­զան յի­շա­տակ­նե­րու՝ ո­րոնք թէ՛ որ­պէս Սուրբ գրա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ եւ թէ որ­պէս խրա­տա­կան ա­ռակ­ներ խօ­սուած են մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի կող­մէ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս կի­րա­կի­նե­րուն եօթ­նե­րոր­դը, այ­սինքն վեր­ջինն է՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քի յի­շա­տա­կին նուի­րուած՝ որ կը կո­չուի Ծաղ­կա­զարդ։

Զա­քա­րիա մար­գա­րէ սա­պէս կը մար­գա­րէա­նայ այս դէպ­քին մա­սին, երբ կ՚ը­սէ. «Մե­ծա­պէս ու­րա­խա­ցի՛ր, ո՛վ Սիո­նի աղ­ջիկ, ցնծու­թեամբ ա­ղա­ղա­կէ՛, ո՛վ Ե­րու­սա­ղէ­մի աղ­ջիկ. ա­հա քու Թա­գա­ւորդ քե­զի կու գայ. Ա­նի­կա ար­դար ու փրկիչ է, հեզ է ու ի­շու վրայ հե­ծած եւ ի­շու ձա­գի, ա­ւա­նա­կի վրայ» (ԶԱ­ՔԱՐ. Թ 9)։­

Երբ նկա­տի առ­նուի, թէ՝ Զա­քա­րիա մար­գա­րէա­ցած է Քրիս­տո­սէ ա­ռաջ 520-518 թուա­կան­նե­րուն, եւ Մատ­թէոս, Ղու­կաս, Մար­կոս եւ Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րու վկա­յու­թեան մի­ջո­ցով կը հաս­տա­տուի այս դէպ­քին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ուս­տի ե­րեք Ա­ւե­տա­րա­նիչ­ներ բա­ցա­յայտ կեր­պով կը հաս­տա­տեն Քրիս­տո­սէ հինգ դար ա­ռաջ կա­տա­րուած այս մար­գա­րէու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ հինգ հա­րիւր տա­րի վերջ կա­տա­րե­լի ի­րա­դար­ձու­թեան մը մա­սին խօ­սիլ՝ կեան­քի բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ ան­կա­րե­լի կը թուի, բայց միա՛յն աս­տուա­ծա­շունչ մար­գա­րէու­թեամբ, ի՛նչ որ կը հաս­տա­տէ ա­նոր ճշմար­տու­թի՛ւ­նը։

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, իր «Ծի­սա­կան բա­ռա­րան»ին մէջ կը բա­ցատ­րէ՝ թէ ին­չո՞ւ այս դէպ­քը կո­չուած է «Ծաղ­կա­զարդ»։

«Ծաղ­կա­զարդ ա­նու­նով կը կո­չենք մենք Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ գալս­տեան տօ­նը, որ Զատ­կէն շա­բաթ մը ա­ռաջ կը կա­տա­րուի, եւ սա­կայն ո՛չ ա­ւե­տա­րա­նա­կան պատ­մու­թեան մէջ եւ ոչ ա­ւան­դա­կան յի­շա­տա­կու­թեան մէջ, եւ ոչ իսկ օ­րուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ ծա­ղի­կի խօսք չկայ։

«Ու­րիշ ազ­գե­րու մէջ ալ այդ ի­մաս­տով ակ­նար­կու­թիւն մը չկա՛յ, հե­տե­ւա­բար -Ծաղ­կա­զարդ- ա­նու­նը զուտ հայ ըլ­լա­լով հան­դերձ, տօ­նա­կան կամ քրիս­տո­նէա­կան ծա­գում ալ չու­նի, ի­րա­ւա­ցի կը գտնենք հե­տեւց­նել, թէ Ծաղ­կա­զար­դը հին ու հե­թա­նո­սա­կան տօն մըն էր Հա­յոց մէջ, նման Վար­դա­վառ ա­նուան, որ ժա­մա­նակ­նե­րու եւ պա­րա­գա­նե­րու նմա­նու­թեամբ Գա­լուս յԵ­րու­սա­ղէմ տօ­նին հետ խառ­նուե­ցաւ, եւ մէ­կուն ա­նու­նը միւ­սին տրուե­ցաւ եւ այդ­պէս շա­րու­նա­կուե­ցաւ։

«Ծառ­զար­դար ա­նուն մըն ալ կայ՝ որ ժո­ղո­վուր­դին բեր­նին մէջ կը տրուի Ծաղ­կա­զար­դին։

«Ե­թէ այդ ա­նունն ալ հին ժա­մա­նակ­նե­րու տօ­նի մը ա­նու­նը չէ Ծաղ­կա­զար­դէն ան­կախ, կրնայ քրիս­տո­նէա­կան ծա­գում ու­նե­ցած ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ գալս­տեան առ­թիւ ծա­ռե­րու ճիւ­ղե­րով հան­դէս կազ­մուե­ցաւ, եւ մին­չեւ հի­մա ձի­թե­նիի, եւ ո՛ւր որ ձի­թե­նի չկայ՝ ու­ռե­նիի ոս­տեր կը բաշ­խուին ա­մէ­նուն ե­կե­ղե­ցիին մէջ, Ծաղ­կա­զար­դի առ­տուն»։­

Իսկ «Գա­լուստ յԵ­րու­սա­ղէմ»ի մա­սին, Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս, նոյն բա­ռա­րա­նին մէջ կ՚ը­սէ.

«Գա­լուստ յԵ­րու­սա­ղէմ, այ­սինքն Ծաղ­կա­զար­դի օ­րուան տօ­նը՝ ո­րով կը յի­շա­տա­կուի Քրիս­տո­սի հան­դի­սա­ւոր կեր­պով Ե­րու­սա­ղէմ մտնե­լը, Իր մա­հուան նա­խըն­թաց վեր­ջին միա­շա­բա­թի օ­րը։

«Քրիս­տոս իր կեան­քին վեր­ջին հինգ ա­միս­նե­րը Գա­լի­լիա­յէն հե­ռու ան­ցու­ցած էր Հրէաս­տա­նի ու Պի­րէա­յի կող­մե­րը։ Գա­լի­լիա­ցի­ներ որ այն­չափ Քրիս­տո­սի բա­րու­թիւն­նե­րը վա­յե­լած էին, կա­րօտ­ցած էին իր տե­սոյն։ Զատ­կի առ­թիւ բազ­մու­թիւն մը ուխ­տի ե­կած էր Ե­րու­սա­ղէմ, երբ լսե­ցին թէ Քրիս­տոս Շա­բաթ օր Բե­թա­նիա գիւ­ղը ան­ցու­ցած է, եւ միա­շա­բա­թին Ե­րու­սա­ղէմ պի­տի այ­ցե­լէ, այս առ­թիւ յաղ­թա­կան ու փա­ռա­ւոր ըն­դու­նե­լու­թիւն մը պատ­րաս­տե­ցին ի­րեն, եւ ոս­տե­րով ու եր­գե­րով դի­մա­ւո­րե­ցին զինք, Ձի­թե­նեաց լե­րան կող­մէն։

«Քրիս­տոս նոր պա­րա­գայ մը ա­ւել­ցուց հան­դէ­սին՝ Բեթ­փա­յէ գիւ­ղէն մա­տակ (=էգ չոր­քո­տա­նի) էշ մը գտնե­լով եւ վրայ հեծ­նե­լով՝ ո­րուն ա­ւա­նակն ալ (=ի­շու ձագ, ի­շուկ) մէկ­տեղ էր։

«Այդ գալս­տեան խոր­հուր­դը կը յի­շա­տա­կուի Զատ­կին նա­խըն­թաց Կի­րա­կին՝ որ Զատ­կին հետ 35 օ­րուան շար­ժա­կա­նու­թիւն ու­նի՝ Մարտ 15-էն մին­չեւ Ապ­րիլ 18»։­

Եւ դար­ձեալ Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս, իր «Հա­մա­պա­տում»ին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ.

«Եր­բոր Յի­սուս է­շին վրայ հե­ծած ժո­ղո­վուր­դին մէջ ե­րեւ­ցաւ, կար­ծես թէ հան­դի­սա­կան ցոյ­ցը նոր փայլ մը ա­ռաւ, եւ ժո­ղովր­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ։ Է­շին վրայ հեծ­նե­լը ա­նարգ բան մը չէր, ինչ­պէս որ մենք այ­սօր կը կար­ծենք, մեր ժա­մա­նա­կի գա­ղա­փար­նե­րով։

«Հին ա­տեն­ներ է­շը սո­վո­րա­կան հեծ­նե­լու կեն­դա­նի մըն էր, թէ­պէտ ե­րի­վա­րէն (=ըն­տիր ձի, հեծ­նե­լու ձի) ա­ւե­լի վար, բայց ո՛չ ըստ ին­քեան ստո­րին, քա­նի որ ձին հա­րա­ւա­յին եր­կիր­նե­րու մէջ թա­գա­ւոր­նե­րու եւ իշ­խան­նե­րու սե­փա­կան բա­ցա­ռիկ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն էր։

«Այ­սօր ալ Ե­գիպ­տո­սի եւ Պա­ղես­տի­նի մէջ էշ հեծ­նե­լը պա­տուա­ւոր հան­գա­մանք ու­նի։

«Յի­սուս ալ սո­վո­րա­կան ե­ղած պա­տուա­ւոր ձեւ մը գոր­ծա­ծած ե­ղաւ, թէ­պէտ բա­ցա­ռիկ բարձ­րու­թե­նէ հա­մես­տու­թեամբ խու­սա­փե­լով, ժո­ղո­վուրդն ալ նոյն զգաց­մամբ պա­տուոյ եւ փա­ռաց նշան­ներ սկսաւ ա­ռա­տաց­նել այդ պա­րա­գա­յին։ Ա­ռա­ջին նշանն էր ա­մէ­նուն ձեռ­քը կա­նանչ ոս­տեր բռնել, զորս Ձի­թե­նեաց լե­րան ծա­ռե­րէն կը կտրէին, եւ ձի­թե­նիի ոստն էր ա­ւե­լի մէջ­տեղ ե­րեւ­ցո­ղը, թէ­պէտ ար­մա­ւե­նիի ոս­տեր ալ կա­յին, ինչ­պէս Յով­հան­նէս կը յի­շէ…։

«Բե­թա­նիա­յի շուրջ, տա­ղա­ւար­նե­րու տօ­նին կը գոր­ծա­ծուէր ար­մա­ւե­նիի ոս­տեր, ո­րուն ա­նունն ալ լա­ւա­գոյն ստու­գա­բա­նու­թեամբ -Տուն ար­մա­ւի- կը թարգ­մա­նուի…»։­

Ա­հա ա՛յս­պէս կը կա­տա­րուէր հինգ հա­րիւր տա­րուան մար­գա­րէու­թիւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 12, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016