ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՏՈՒԱԾ ՄՈՒՆԵՏԻԿ ՄԸ

Այս օրերուն Լիբանանի մէջ ցաւագնոտ վիճակի մէջ իր գոյութիւնը կը փորձէ քաշքշել ապերջանիկ անձնաւորութիւն մը, որ կեանք մը ամբողջ հալածուեցաւ ու քարկոծուեցաւ ճշմարտութիւնները բարձրաձայնած ըլլալուն համար: Անձ՝ որ կեանք մը ամբողջ հալածանքի ենթարկուեցաւ մեր հայկական կեանքին հայելին դառնալուն պատճառով: Չկարծէ՛ք միայն Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին էր, որ մարդ կը հալածուէր իր խօսքերուն կամ գրածներուն համար. այդ կապանքները մի՛շտ եղած են, մի՛շտ կան եւ պիտի մնան, որովհետեւ ինչպէս կեանքի մէջ, այնպէս ալ գիրի ճամբով մարդ երբեք պիտի չկարենայ ըսել այն՝ որուն դիմաց նախատինք ու հալածանք պիտի սերմանէ:

Այդ հազուագիւտ հզօրներէն մէկն էր Ե. Տիգրան, որ իր «Ամօթին հայկական»ը աշխատութեամբ կը մատնանշէ բոլո՛ր այն երեւոյթները, որ ինք ամօթ կը նկատէ: Քաջ գիտնալով գլխուն գալիքը՝ հեղինակը կը գործածէ Ե. Տիգրան գրչանունը, մեղմելու համար այն յարձակումները, որոնք պիտի գային քայքայելու զինք:

Այսօր շատեր կը յանդգնին «խենթ»ի տեղ դնել զինք՝ գիտակցութեան կորուստին պատճառով, մոռնալով որ հայկական վէպերու մէջ մի՛շտ խենթերն են որ ըսած են ճշմարտութիւնը:

Այս ամէնուն դիմաց, ի՜նչ զաւեշտալի է կեանքը, չէ՞... անձ մը կեանք մը ամբողջ տանջուած է իր գրական մէկ աշխատութեան պատճառով, անդին բազմահազար հայորդիներ իր աշխատութեան անունը անգամ չեն լսած: Ի՜նչ բախտաւորութիւն կը զգամ այսօր անձամբ զինք ճանչցած ըլլալու, իրեն սեղանակից դառնալու եւ մինչեւ իսկ մակագրուած հատոր մը ունենալու իր այս աշխատութենէն:

 Ե. Տիգրանի յիշած ամօթները կը վշտացնեն եկեղեցին, կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները։ Հեղինակը աներկիւղ կը մատնանշէ անոնց մէջ գոյութիւն ունեցողս սխալները, որ ինք՝ հայու արժանապատուութեան հանդէպ ամօթ կը համարէ: Կը խօսի բեմերէն հնչող այն կեղծ հայրենասիրութեանց մասին, որ իրականութեան չի համապատասխաներ. կը խօսի «Քո մայր լեզուն չմոռանաս» արտասանողներուն մասին, որոնք այս օրերուն հազիւ հայերէն մի քանի բառեր քով քովի կը բերեն. կը խօսի հայրենասիրութեան թմբուկը ձեռքին պտտող ա՛յն անձերուն մասին, որոնք «Հայաստա՜ն, Հայաստա՜ն» երգելով հանդերձ երբեք Հայաստան վերադառնալու մասին չեն մտածեր:

Հետեւեցէ՛ք սփիւռքի գաղութներու ղեկավարութիւնը ստանձնող մարդոց ելոյթներուն. Հայապահպանութեան ու ձուլումի ո՛չ մէկ ազդ ու նշում. չէ՞ որ «աթոռ»ին նստողը իրենք են, ինչպէ՞ս յայտարարեն թերութիւններուն ու պակասու-թիւններուն մասին: Ե. Տիգրանի բառերով՝ հակառակ այդ խօսքերուն «այլ է իրականութիւնը. կը մոռցուի, կ՚օտարանայ, կ՚աղաւաղուի» հայութիւնը:

Հրատարակութենէն 25 տարիներ ետք «Ամօթին հայկականը» կը պահէ իր այժմէականութիւնը. այդ ամօթները մինչեւ օրս կ՚ապրին մեր մէջ. գիրքի խմբագրութիւնը կատարող Ս. Արեան յառաջաբանին մէջ կը գրէ. «Ամօթին հայկականը վաղուց գոյութիւն ունէր, կը պակսէր զայն հրապարակաւ մատնանշողը»: Մեր կեանքին մէջ բոլորս ալ որոշ չափով սխալներ կը տեսնենք ու կը նշմարենք, սակայն կը նախընտրենք լուռ մնալ այդ ամօթալի սխալներուն վրայ՝ հիմնուելով անձնական մեր շահերուն, նկատի ունենալով առածի այն խօսքը որ կ՚ըսէ. «Ճիշդ խօսողը ինքը գիւղէն կը վռնտուի...»: Պարագան տարբերէ չէր Ե. Տիգրանին. հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն վռնտուեցաւ արդէն, որովհետեւ մարդիկ՝ ամօթի գործիչները նստելու իրենց ամօթներուն մասին խորհրդածելու, նախընտրեցին հարուածել գրիչը անոր՝ որ անվախութեամբ գրի առաւ այդ բոլորը:

Պատկերը երբեք չէ փոխուած, որովհետեւ հայերուն մէջ ի ծնէ սեփական սխալը ընդունելու եւ սրբագրելու պակասութիւնը տեղ գտած է. կարծես եկեղեցին, կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները կը  սպասեն, որ ժողովուրդը «պապին անսխալականութեան» նման ընդունին իրենց սխալներն ու որոշումները:

Մեր ազգին մէջ առողջ քննադատութեան պակասը կայ. եթէ կուսակցականի մը սխալ ընթացքը քննադատես այնպէ՛ս կը դիտուի, որ քննադատած ես ողջ կուսակցութեան գործունէութիւնը: Մեր մէջ անձը ընդհանուրէն զանազանելու լուրջ դժուարութիւնը կայ. պէտք է հասկնալ, որ անձը գնայուն իսկ մնացածը մնայուն արժէքներ են եւ ղեկավարները, որպէս մարդ արարածներ ատակ են սխալելու եւ հետեւաբար պէտք է ընդունակ ըլլան ընդունելու նաեւ քննադատութիւններ:

Օտեան եւ Պարոնեան եւս իրենց ժամանակակիցներու կողմէ չէին սիրուեր, որովհետեւ անվախօրէն կը բարձրաձայնէին իրենց տեսած բոլոր սխալներուն մասին. մերօրեայ ատուող մըն ալ Ե. Տիգրանն է, որ առաջիններուն օրինակին հետեւելով կեղծաւորութեան ու քծնանքի փոխարէն նախընտրեց ճշմարտութեան բարձրաձայնումը՝ ամբողջ կեանք մը ատուած ըլլալու գնով:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԺՈՐԺ ԿԱՌՎԱՐԵՆՑ
(1932-1993)

Մեր թուականէն 29 տարիներ առաջ՝ 19 մարտ 1993-ին Փարիզի մէջ մահացած է երաժիշտ ու երաժշտահան Ժորժ Կառվարենց:

Կառվարենց ծնած է 1 ապրիլ 1932-ին, Աթէնքի մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Փարիզ, ուր ուսումը շարունակած է տեղի Մուրատեան հայկական վարժարանէն ներս:

Կառվարենց աշակերտական տարիներէն սկսած է երգեր յօրինել: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք՝ 1947-ին ընդունուած է Փարիզի երաժշտական ուսումնարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1952 թուականին:

Ժորժ Կառվարենց յօրինած է բազմաթիւ երգեր, որոնք ներկայացուած են Շարլ Ազնաւուրի, Միրէյ Մաթիէօի, Սիլվի Վարդանի, Ճոնի Հոլիտէյի եւ բազմաթիւ այլ յայտնի երգիչ-երգչուհիներու կողմէ: Էտի Միշել եւ Ժոզէ Նուարի կատարմամբ հնչած Կառվարենցի «Դանիէլ» երգը 1960 թուականին արժանացած է առաջնութեան մրցանակի: Երաժշտահանը մրցանակ մը եւս ստացած է «Շանսոնիէ» նշանաւոր երաժշտական ընկերութեան կողմէ: Կառվարենցի «Հնաոճ վայելքներ» ձայնապնակը լոյս տեսած է աւելի քան 23 միլիոն օրինակով: Երաժիշտը հեղինակ է աւելի քան 500 երգերու, որոնց մէջ տեղ կը գտնէ նաեւ հայկական երաժշտութիւնը:

Յայտնի է Կառվարենցի եւ Շարլ Ազնաւուրի միատեղ աշխատութեամբ յառաջ բերած «Քեզ համար Հայաստան» երգը, որ նուիրուած է Սպիտակի երկրաշարժին: Երկու երաժիշտները այդ երգէն ստացած բոլոր հասոյթները յատկացուցած են աղէտի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Կառվարենցի միւս նշանաւոր երգն է Հայոց եղեռնին նուիրուած «Անոնք ինկան» երգը, որ դարձեալ կատարուած է Շարլ Ազնաւուրի կատարումով:

Մինչեւ օրս Կառվարենց կը մնայ Ֆրանսայի նշանաւոր երաժիշտներէն մին, որուն երգերը կը շարունակեն լսուիլ ու սիրուիլ հանրութեան կողմէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022