ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ...

Այս նիւթին մասին ո՞ր երրորդ սեւագրին է որ կը գրեմ՝ չեմ գիտեր, սակայն զգայուն նիւթ ըլլալով հանդերձ պէտքը կը զգանք գրելու այս մասին. վերջերս մամուլի էջերուն մէջ կը հանդիպինք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութեանց կարգաւորման գործընթացներու մասին, հակառակ այն իրողութեան, որ մի քանի օրեր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, թէ «շօշափելի արդիւնքներ չկան»:

Նման նիւթի մը մասին պէտք է ըլլալ արդար. միայն ներկայ իշխանութիւնները չե՛ն որ հաշտութեան միջոցները կը փնտռեն. եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք պատմութեան էջերը՝ պիտի տեսնենք, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան հաշտութեան մասին մի՛շտ ալ խորհրդակցած, սակայն վերջնական արդիւնքի մը չեն հասած չեն. յետ եղեռնի, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան կառավարութենէն սկսեալ, գրեթէ ամէ՛ն ղեկավարութիւն փնտռած է հաշտութեան միջոցներ. օրինակի համար, 1919-1920 թուականներուն եւ Հայաստանի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հետ հաշտութիւն կնքելն էր. պարզապէս խօսքերու սահմաններուն մէջ չմնալու համար տանք փաստ մը. շաբաթ, 20 նոյեմբեր 1920-ին, «Յառաջ» հասարակական, քաղաքական, տնտեսական եւ գրական օրաթերթը իր երկրորդ էջին մէջ կը գրէր «Հաշտութեան խնդիրը եւ մեր օրիենտացիան» խորագրեալ խմբագրական մը, որուն մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Եթէ հայ ժողովուրդը կամենում է ապրել եւ ապահովել իր պետական եւ ֆիզիկական գոյութիւնը յարատեւօրէն, նա պէտք է ունենայ ոչ թէ ռուսական, այլ թուրքական օրիենտացիա»:

Այս խմբագրականէն ընդամէնը երեք օրեր ետք՝ երեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 1920-ին, նոյն թերթը կը գրէ «Դէպի հաշտութիւն» խորագրեալ խմբագրական մը. այս խմբագրականին մէջ կը կարդանք. «Ամենից առաջ եւ ամենից աւելի մենք պէտք է հաշտ լինենք մեր հարեւանների հետ»:

Նման հարցերու շուրջ մենք մեր կարծիքը չենք յայտներ, պարզապէս կ՚ուզենք պատմութեան դիմաց ըլլալ արդար. կարելի է երկար բարակ խօսիլ բոլոր այն ազդակներուն մասին, որոնք նոյնիսկ մեզմէ հարիւր տարիներ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաշտութեան գաղափարին շուրջ մտածելու կը հրաւիրէր, սակայն մեր նպատակը քաղաքական վերլուծութիւններ կատարելէ դուրս է: Պարզապէս պատմութեան էջերը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ ինչպէս միշտ՝ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եւ ահաւոր պարտութենէ մը ետք է, որ կը ստիպուինք հաշտութեան սեղանի շուրջ հաւաքուիլ։ 1920-ին Ալեքսանդր Խատիսեան կը մեկնէր Թուրքիոյ պետութեան հետ հաշտութիւն կնքելու եւ այդ մէկը կառավարութիւնը կը նկատէր «անյաղթելի պահանջ», լաւապէս գիտակցելով՝ որ այդ հաշտութիւնը պիտի կնքուէր «մեծ զոհողութիւններու գնով»։ Չորեքշաբթի, 24 նոյեմբեր 1920 թուականին լոյս տեսած «Յառաջ»ի խմբագրականը կ՚ըսէր. «Հայ ժողովուրդը «բռնեց հաշտութեան ճանապարհը, լաւ գիտակցելով հանդերձ, որ ներկայ պայմաններում ծանր զոհողութիւններու գնով միայն պիտի հնարաւոր լինի հաշտուել հակառակորդի հետ»:

Այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս կային խմբաւորումներ, որոնք սխալ կը նկատէին ենթադրեալ հաշտութիւն մը. խմբագրականը նման մարդոց համար կը գրէ. «Մեր ժողովուրդի մէջ սակայն կան տարրեր, որոնք դեռ չեն ըմբռնել, թէ ստեղծուած դրութեան մէջ հաշտութիւնը միակ միջոցն է փրկելու համար այն, ինչ որ դեռ կարելի է փրկել»:

Քաղաքական ըմբռնումները կրնան ըլլալ տարբեր. ոմանք կրնան սխալ նկատել այս մօտեցումը՝ եղածը փրկելու հաշւոյն զոհել այն բոլորը՝ որ կորսուած է արդէն, սակայն ուրիշներու համար կրնայ տրամաբանական թուիլ եւ այն վիճակը որ հայ ժողովուրդը ունէր 1920-ական թուականներուն՝ նոյն վիճակը կը տիրէ այսօր. հիները կը հաւատային, որ Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան կնքումը ամբողջովին դէպի դրական կրնայ փոխել Հայաստանի քաղաքականութիւնը. անոնք կը հաւատային, որ հաշտութիւնը նոր դարաշրջան մը պիտի բանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ այս երազով ամէ՛ն զոհողութիւններու գնով հաշտութեան փորձեր կը կատարուէր ու կը շարունակուի կատարուիլ:

Այդ հաշտութեան մասին խմբագրականը կը գրէ. «Մենք պէտք է ձգտենք ամենայն անկեղծութեամբ եւ վճռակամութեամբ վերացնել այն բոլոր խոչընդոտները, որոնք անկարելի են դարձրել մինչեւ այժմ հայ-թուրքական բարեկամութիւնը»:

***

Այս բոլորը քաղաքականութեան գետնի վրայ, սակայն պէտք է ուսումնասիրել, թէ ի՞նչ է ժողովուրդի մօտեցումը այս հարցերուն շուրջ. ինչպէս միշտ՝ կարելի չէ հասարակաց հասկացողութիւն մը գտնել, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ ունի իր կրթութիւնը՝ իր դաստիարակութիւնը եւ հետեւաբար մեծ տարբերութիւններ կրնան ստեղծուիլ անոնց մօտեցումներուն մէջ. այդ քաոսային վիճակն է, որ մենք կ՚ապրինք այսօր. մին կը սիրէ իր դրացին՝ միւսը ոչ, մին կ՚ուզէ բարեկամանալ, իսկ միւսը կ'ուզէ շարունակել իրենց որպէս ժառանգ տրուած դարաւոր ատելութիւնն ու թշնամութիւնը:

Հաշտութիւնը պէ՞տք է կնքուի թէ ոչ՝ կարծիք չենք յայտներ, սակայն կ՚ուզենք յիշել աւելի քան դար մը առաջ մամուլի էջերուն մէջ մտաւորականի մը կողմէ գրի առնուած այս տողերը, որ հակառակ ժամանակի մեծ հեռաւորութեան՝ կը շարունակէ մնալ այժմէական. «Մեր ժողովուրդը կարօտ է հաշտութեան եւ խաղաղ, շինարարական կեանքի եւ կարօտ է աւելի քան որեւէ այլ ժողովուրդ աշխարհիս երեսին». վերջին մասը կրնայ այնքան ալ այժմէական չըլլալ, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք Պաղեստինի ժողովուրդի իրավիճակը, սակայն կարելի չէ ժխտել՝ թէ որպէս հայ ժողովուրդ կարօտ ենք խաղաղութեան, որովհետեւ վերոյիշեալ բոլոր հարցերը քաղաքական են՝ սակայն անոնց ազդեցութիւնը ժողովուրդն է որ կը զգայ ու կը քաշէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է ամենէն առողջապահական միրգը:

Պատասխան. Մարդկութեան համար ամենէն առողջապահական միրգն ու պտուղը որոշելը դժուար է, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի տարբեր օգուտներ: Սակայն կարելի է անոնցմէ յիշել աւկատանձին (avocado), որ հարուստ է սիրտի առողջութեան տարբեր օգուտներով. ան կը նպաստէ նաեւ աչքերու առողջութեան. իր մէջ ունի արեան շաքարի վերահսկումը կատարելու յատկութիւն, ինչպէս նաեւ զանազան կենսանիւթեր. ինչպէս օրինակ՝ կենսանիւթ K, E, B եւ այլն: Ան օգտակար է նիհարնալ փորձողներու համար, որովհետեւ կը նպաստէ առողջութեան եւ ընդհանուր բարեկեցութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024