ԳԱՐՈՒՆ Է ԱՅԼԵՒՍ…
Գարո՜ւն է այլեւս… ահաւասիկ բոլորս կը վկայենք բնութեան վերակենդանութեան՝ թէ ի՛նչպէս ձմեռուան ձիւնը հալեցաւ, ծաղիկներ ծլեցին, ծառերը ծաղկեցան, դաշտեր կանաչով պատուեցան, դաշտերու մէջ ծաղիկներ բացուեցան, եւ գարունը եկաւ ամէնուրեք։
Մէկ խօսքով ըսենք՝ բնութիւնը արթնցաւ, կարծես վերստին կեանք ստացաւ։ Այս պատճառով՝ գարունը նոր յոյս մըն է՝ ուրախութի՜ւն է, երջանկութի՜ւն է եւ վերջապէս գարունը «նոր կեա՛նք» է։
Կարծես մութն ու խաւարը լուսաւորուեցաւ, սեւն ու ճերմակը այլեւս աւելի պայծառ կերպով տեսնուիլ սկսան, սեւը ճերմակի փոխուեցաւ եւ ամբողջ բնութիւնը արթնցաւ նոր աշխարհի մը։ Հապա մարդի՞կ. անոնք ալ «նոր մարդ» եղան՝ նոր հորիզոններ, նոր յոյսեր, նոր սէրեր, նոր գեղեցկութիւններ… բայց ամէն ինչ որքան ալ փոխուի, չէ՛ փոխուած, չի՛ փոխուիր մէկ բան՝ ճշմարտութի՛ւնը։
Գարուն կամ ձմեռ, կամ ուրիշ եղանակ մը, որքան ալ փոխուին՝ ճշմարտութիւնը անփոփոխ կը մնայ միշտ։
Գեղեցկութիւններ կ՚անցնին կ՚երթա՜ն, յոյսեր կու գան ու յուսախաբութիւններ, յուսալքումներու կը վերածուին, եւ այսօր գեղեցիկ համարուողը, կը տեսնէք, որ քիչ յետոյ տգեղութեան տիպար մը եղած է։ Բարութիւնն ալ, բարին ալ նոյնը չէ՞ սիրելի՜ բարեկամներ. սա պահուս «բարի» նկատուողը կրնայ քիչ վերջ «չար» ըլլալ։ Անստոյգ է միշտ թէ՝ ո՞վ է կամ ի՞նչ է «գեղեցիկ»ը կամ որո՞ւ կամ ի՞նչ բանի կարելի է ըսել՝ «գեղեցիկ», քանի որ մարդկային միտքը տեւապէս փոփոխութեան, աւելի ճի՛շդ է ըսել՝ բարեփոխութեան ենթակայ է, եւ այս պատճառով իսկ բարոյական արժէքներ մանաւանդ, շարունակ կը կորսնցնեն իրենց արժէքը, նոր արժէքներ կը ստանան, կերպով մը անստոյգ եւ անկայուն են։ Այսօրուան «գեղեցիկ»ը կրնայ վաղը «տգեղ» ըլլալ մարդուս աչքին։
Բարութիւնն ալ, բարին ալ նո՛յնն է՝ այսօր բարութիւն համարուող արարք մը վաղը կրնայ չարիքի փոխուիլ, բնական է այս, քանի որ բնութիւնը՝ ինք տեւապէս բարեփոխութեան ընթացքի մը մէջ է։ Չէ՞ որ մարդ, միշտ աւելին կ՚ուզէ՝ աւելի՛ գեղեցիկը, աւելի՛ բարին, եւ մարդ երբեք չի գոհանար, միշտ աւելին կ՚ուզէ…։ Կերպով մը մարդ՝ ի՛նք կը փոխէ կարգ մը արժէքներու վիճակը։
Բայց ճշմարտութիւնը՝ մի՛շտ ճշմարիտ է՝ անփոփոխ, ան ո՛չ աստիճան եւ ո՛չ ալ վիճակ ունի։ Ան միշտ նո՛յնն է եւ ան «ճշմարիութի՛ւն» է։
Եթէ փոխուած է, ապա ուրեմն ան ճշմարտութիւն չէ՛, այսօր ճշմարտութիւն, վաղը սուտ չ՚ըլլար, քանի որ ճշմարտութիւնը մէկ է եւ միշտ նո՛յնը։ Ուստի երբ Պիղատոս կը հարցնէ Յիսուսի՝ թէ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը, անպատասխան կը մնայ այդ հարցումը, քանի որ Յիսուս Ի՛նքն է ճշմարտութիւնը եւ Պիղատոս չէր անդրադարձած դժբախտաբար ճշմարտութեան։
Ուստի ճշմարտութեան անդրադառնալը՝ առաքինութիւն է, վեհանձնութի՛ւն։ Եւ ըսինք՝ ճշմարտութիւնը չի փոխուիր, քանի որ ճշմարտութեան էութիւնը, նկարագիրը անփոփոխութիւն է՝ հաստատ ու կայուն իր էութեանը մէջ։ Ուրեմն ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Ճշմարտութիւնը՝ «ա՛յն է, ի՛նչ որ է», այն է ներքինին արտայայտութիւնը արտաքին՝ առանց որեւէ փոփոխութեան։ Ճշմարտութիւնը հաւատարմութիւն է, անկեղծութիւն է, իմաստութի՛ւն է։ Ճշմարտութիւնը լո՛յս է, քանի որ ամէն ինչ կը լուսաւորէ, խաւար եւ մութ չի՛ ճանչնար, ամէն ինչ յստակ կ՚երեւի՝ ո՛չ սուտ, ո՛չ կեղծ, ո՛չ շփոթ եւ ո՛չ կասկած ու տարակոյս…։
Ճշմարտութիւնը երբ տարածուի, լոյսը կը տարածուի եւ փոխադարձաբար՝ երբ լոյսը տարածուած է, ապա ճշմարտութիւնն ալ կը տարածուի՝ միշտ նոյնը եւ միայն մէկ ճշմարտութի՛ւն։ Այս պատճառով ճշմարտութիւնը դժուար ընդունելի է, ինչպէս դժուար է զայն գտնել, քանի որ միայն մէկ հատ եղող բան մը գտնել դժուար, ծանր աշխատանքի կը կարօտի։ Մինչդեռ բազմաթիւ որեւէ արժէք գտնել դիւրին է, քանի որ հաւանականութիւնները բազմաթիւ են զայն գտնելու՝ մէկը եթէ չըլլայ, միւսը եւ շարունակաբար։ Մէկ հատ ըլլալ, եզակի ըլլալ թէեւ արժէք կ՚աւելցնէ, սակայն անոր հասնիլը դժուար է, այդ իսկ պատճառով է, որ մարդկութեան ամբողջ պատմութիւնը լեցուն է ճշմարտութիւն փնտռողներու բազմութեամբ։ Իմաստասէրներ միշտ ունեցած են մէկ նպատակ՝ ճշմարտութիւնը գտնել, ճշմարտութեան հասնիլ, ճշմարտութեան մէջ երջանի՜կ ըլլալ։
Արդարեւ մարդկային պատմութիւնը կը վկայէ երկու խումբ մարդոց՝ մին՝ իմաստասէրներ, որոնք տեւապէս կը շարունակեն ճշմարտութիւնը փնտռել, եւ չեն յաջողիր, միւսը՝ իմաստուններ, որոնք «կը կարծեն» ճշմարտութեան հասած ըլլալ եւ անոր մէջ երջանիկ կ՚ապրին։ Իմաստասէրներ միշտ ունին թերութիւն մը՝ ճշմարտութեան պակասը, որուն համար կ՚աշխատին։ Իսկ իմաստուններ՝ երջանիկ են, քանի որ անոնք ծանօթացած են ճշմարտութեան, ուստի կատարեալ են եւ կատարելագործուա՛ծ։
Տեսէ՛ք սիրելի՜ բարեկամներ. գարունով ճշմարտութեան որոնումին հասանք։ Ուրեմն ճի՛շդ է այն խօսքը՝ թէ ամէն անձ, որ գոնէ քիչ մը կը մտածէ՝ կը հետաքրքրուի իր շրջապատին հետ, բնութեան հետ եւ մանաւանդ մարդկութեան էութեան հետ՝ իմաստասէ՜ր է։ Իսկ «իմաստուն» անոնք՝ որ չեն փնտռեր «ճշմարտութիւն»ը՝ կարծելով թէ գտած են զայն։ Ուստի ո՛վ, ո՛րքան իմաստասէր է, եւ կամ իմաստուն, ասիկա բոլորովին ենթակայական է։ Մինչդեռ իմաստասէր կամ իմաստուն, մարդիկ եթէ գիտնան վայելել բնութեան բարիքները, զոր օրինակ՝ սա հրաշալի՜ գարունը, նոր կեանքը, վերանորոգուած, վերակենդանացած շրջապատը, խորունկ քունէ արթնցած բնութիւնը եւ անոր անմիջական անդամները՝ բոյսերը ու անասուն կենդանիները, որոնք կ՚երջանկացնեն զիրենք, շա՜տ աւելի երջանիկ, կատարեալ, զօրաւոր եւ անթերի պիտի ըլլային։ Գարունը բարեպատեհ առիթ մըն է այս գործին, այս երջանկութեան ճամբուն։
Գարո՜ւն է այլեւս, արթննալու ժամանակն է՝ անդրադառնալու լոյսին, ճշմարտութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշալի՜ Յարութիւնն ալ գարուն մըն է՝ վերակենդանութեան, նոր կեանք ապրելու, նորոգուելու, «նոր մա՛րդ» ըլլալու՝ սրբագրուելու, շտկուելու եւ ճշմարտութիւնը ճանչնալո՛ւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 13, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024