ՄԵԾ Է ԱՅՆ՝ ՈՐ ԱԶՆԻ՛Ւ Է

Հաւաքական կեանքի մէջ յաճախ վէճ կը ծագի, թէ ո՛վ է մեծը։ Արդարեւ մարդկա՛յին տկարութիւն մըն է ամէն մեծութիւն, յարգ եւ պատիւ ինքն իրեն յարմար տեսնել։ Մարդկային հոգեբանութիւն է ասիկա, թէ ի՛նք ամենէն մեծն է եւ մեծութեան արժանի՛։ Մանաւանդ երբ մարդ որոշ դիրք մը կամ ապահովութիւն մը ունի, այդ դիրքը կամ ապահովութիւնը կը հասցնէ իր գագաթնակէտին եւ ինքզինք կը համարէ ամենաբա՛րձրը։

Խոնարհութեան, եւ կամ գոհացումի, իր դիրքին համապատասխան շարժելու գիտակցութիւնը անէանալով՝ հպարտութեան, գոռոզութեան վա՛տ նկարագիրը երեւան կ՚ելլէ, երբ մարդ փոքր իրաւասութեան մը տէր եղած է։ Արդարեւ, իրաւասութիւնը եւ իրաւունքը իրենց չափին համեմատ եւ սահմանին մէջ գործածելու համար հմտութիւն, իմաստութիւն ունենալու է մարդ։ Ողջամիտ եւ ազնիւ մարդն է, որ «կը վարուի ըստ իր դիրքին եւ իրաւասութեան»՝ չի՛ չափազանցեր իր իրաւունքը, հաւատարիմ՝ իր պարտաւորութիւններուն, գիտէ հակակշռել իր դիրքին եւ իրաւասութեան չափը։

Բայց մարդ, բնազդաբար միշտ աւելիին կը ձգտի, եւ այս ձգտումը կ՚իրագործէ այնպէս՝ ինչպէս արդէն հասած է այն դիրքին, որուն կը փափաքի հասնիլ։ Կերպով մը իրականը եւ երեւակայականը կը շփոթէ՝ երեւակայութեան մէջ կ՚ապրի։ Այսպէս՝ թէ՛ ինքզինք կը խաբէ եւ թէ իր շուրջինները։

Մեծ ըլլալու ձգտումը երբ «ձգտում»է աւելի՝ «նկարագիր» մը ըլլայ, այն ժամանակ արդէն կը սկսի մարդուս բարոյական անկումը։ Հոն՝ ուր խոնարհութեան, բաւականանալու զգացումը չկայ, հոն կարելի չէ խօսիլ ազնուութեան եւ առաքինութեան մասին։ Արդարեւ, մեծ է այն՝ որ ազնիւ հոգի ունի, առաքինի է իր կեանքով, գոհացում կը յայտնէ իր ներկայ դիրքին նկատմամբ եւ մանաւանդ կը շարժի իր դիրքին եւ իրաւունքին համապատասխան կերպով։

Մարդուս խելքը բնատուր է, դիրքը արտաքին արժէք մըն է, սակայն հոգիին ազնուութիւնը իր ներաշխարհին արտայայտութի՛ւնն է։ Եւ երբ մարդ ներքին խաղաղութիւն ունի, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու, իր շուրջիններուն հետ մրցակցելու՝ ինքն իր վարուելակերպով, իրմով կը համեմատէ ինքզինք եւ իր միա՛կ մրցակիցը ի՛նքն է, իրմով կը մրցի…։

Մինչդեռ, «մեծ ըլլալ»ու փափաքը, եւ մանաւանդ «մեծ երեւելու ինքնախաբէութիւն»ը, ըստ էութեան ուրիշներու հետ մրցակցիլ կը նշանակէ՝ մարդ ուրիշներու նկատմամբ, ուրիշներու բաղդատմամբ «մեծ» կամ «պզտիկ» կ՚ըլլայ։ Իսկ եթէ մարդ ինքն իրմով հետաքրքրուի, «մեծ» ըլլալու փափաք մը, ձգտում մը չ՚ունենար, թերեւս «կատարեալ», «անթերի» եւ «ինքն իր մէջ զօրաւոր» ըլլալու արդա՛ր նպատակ մը։

Ուրեմն, «մեծ ըլլալ» կամ «մեծ երեւիլ» տարբեր վիճակներ են, ինչպէս՝ կատարեալին ձգտիլ, անթերի ըլլալ, որոնք ո՛չ թէ ուրիշէ, այլ նոյն ինքն իր անձէն կախում ունին։ Այս կ՚ենթադրէ ուրիշներու հետ չբաղդատել, չհամեմատել ինքզինք, քանի որ արդէն մարդ ունի բաղդատելի, համեմատելի «Ե՛ս» մը…։

Եւ ահաւասիկ, անգամ մը եւս անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի «ինքնագիտակցութեան»։ Մարդ եթէ ճանչնայ ինքզինք, կարենայ կշռել իր կարողութիւններու չափը, իր տարողութեան աստիճանը, այլապէս չի փափաքիր, չի ձգտիր բանի մը՝ որ իր կարողութենէն եւ տարողութենէն վե՛ր է։ Արդարեւ, ազնուութիւն է իր չափը եւ կշիռը գիտնալ։

Երբեմն կարելի է հանդիպիլ մարդոց՝ որոնց մէջ «մեծութեան փափաք»ը չէ մարած եւ իրենք զիրենք կը մխիթարեն «Եթէ…»ներով։ Զոր օրինակ, կ՚ըսեն. «Եթէ կարդացած ըլլայի, սա պահուս ակադեմական բարձր աստիճաններու տէր կ՚ըլլայի եւ համալսարաններու մէջ որպէս դասախօս կը պաշտօնավարէի…», եւ կամ կ՚ըսեն ոմանք. «Եթէ ժամանակին հոգեւորական դարձած ըլլայի, սա պահուս ես պատրիարք էի…», եւ դարձեալ ուրիշներ կ՚ըսեն. «Եթէ ժամանակին աշխատէի, սա պահուս մեծատուներու, մեծահարուստներու դասուն կը կարգուէի…», եւ այսպէս «Եթէ…»ներով իրենք զիրենք կը մխիթարեն։ Ասիկա իրենց մէջ չմարած, մշտնջենաւոր «մեծ ըլլալ»ու ձգտումին արտայայտութի՛ւնն է։

Բայց անոնք չեն խորհիր, որ առանց «մեծ մարդ» ըլլալու՝ առանց բարձր աստիճաններու, առանց պատրիարք կամ բարձրաստիճան հոգեւորական ըլլալու, առանց մեծահարուստ ըլլալու ալ կրնան «մա՛րդ» ըլլալ եւ օգտակար հանդիսանալ իրենց շուրջիններուն՝ համայն մարդկութեան՝ որուն կոչուած են իրերօգնութեան սկզբնական կոչումով։ Եւ անոնց կարելի է պատասխանել «լակոնական ոճ»ով. «Եթէ…»։

Արդարեւ, «Եթէ…»ներով սկսած արդարացման ջանքերը այնքան ալ արդարացի չեն կրնար ըլլալ, քանի որ ըստ իրենց չեն կրցած «մեծ մարդ» ըլլալ՝ անկարելիութիւններու, արգելքներու եւ կամ նիւթական եւ բարոյական չքաւորութեան պատճառով։ Բայց իրական «մեծ մարդիկ» եղած են, որ յաղթահարած են այդ բոլոր դժուարութիւնները եւ արգելքները, յաջողած են հասնիլ իրենց նպատակին եւ ըլլալ «մե՛ծ մարդ»՝ մարդկութեան օգտակար, ազնիւ անձ մը։

Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այն է իրական «մեծ մա՛րդ»ը՝ որ ժամանակին կրցած է յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, ամէն արգելք եւ ամէն անկարելիութիւն։ Եւ այս պատճառով է, որ կ՚ըսուի, թէ իսկական «մեծ մարդ»ը այն է, որ ազնիւ է՝ առաքինութիւններով օժտուած, եւ առանց գանգատելու, առանց տրտնջելու, առանց բողոքելու շարունակած է իր ընթացքը դէպի նպատակ, եւ չէ՛ փնտռած պատճառաբանութիւններ, իր պատահական ձախողանքներուն եւ չէ արդարացուցած իր անյաջողութիւնները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 17, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 19, 2018