ՅԻՍՈՒՍԻ ԽԱՉԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ երբեք չէ՛ եղած մէկը՝ որ այսքան կարճ՝ երեքուկէս տարուան մէջ այնքա՛ն շատ գործ կատարէ եւ յեղաշրջէ բովանդակ աշխարհը, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ Երեքուկէս տարի, Ան գիշեր ու ցորեկ անխոնջ գործեց, երկինքի թագաւորութիւնը, ապաշխարութիւն քարոզեց, հիւանդներ բժշկեց, անօթիներ կերակրեց, մեռելներու յարութիւն տուաւ։ Իր գործունէութեան շառաւիղը շատ փոքր էր, շատ հեռուներ չգնաց, միշտ քալեց, սակայն Իր աստուածային զօրութեամբ տրուած քարոզութեամբ եւ վարդապետութիւններով ամբողջ աշխարհը նուաճեց։ Իր ընտրած աշակերտները՝ թէեւ հասարակ մարդիկ էին, սակայն Իր մահէն ետք այն ժամանակուայ ամբողջ աշխարհով մէկ տարածեցին Իր փրկութեան պատգամը։ Իր վարդապետութիւնը՝ Քրիստոնէութիւնը՝ կեանքերը յեղաշրջելու, թագաւորութիւններ նուաճելու, կռապաշտութիւնը եւ այլ նախապաշարումներ տապալելո՛ւ։
Յիսուսի առաքելութիւնը, վարդապետութիւնը եւ քարոզութիւնը հաճելի եւ ընդունելի չէին Իր ոխերիմ թշնամիին՝ Սատանա՛յին, որուն «գործիք» դարձան այն ժամանակուայ կղերականները՝ Փարիսեցիները, Սադուկեցիները, դպիրները եւ մանաւանդ Քահանայապետը։ Հետեւաբար, Յիսուսի առաքելութեան-գործունէութեան առաջին օրէն իսկ դաւադրութիւններ կ՚ընէին եւ կը փնտռէին թէ ինչ կերպով կրնային զԻնք դատապարտել եւ սպաննե՛լ…։
Արդարեւ, Աստուածորդին թողուց որ Հրեայ եւ Հռովմէացի իշխանաւորներ բռնեն զԻնք եւ իրեն հետ վարուին որպէս «հասարակ ոճրագործ» մը։
Եթէ ուզէր չէ՞ր կրնար անոնցմէ օձիքը ազատել եւ արգիլել այն բոլոր ահաւոր դէպքերը, որոնք տեղի ունեցան իր կեանքին վերջի քանի մը օրերուն ընթացքին, աչք բանալ գոցելու չափ արագ յաջորդութեամբ։ Ուստի, շատ նշանակալից խօսք մը կ՚ըսէ Յիսուս երբ այս դէպքները կը հասնին իրենց վախճանին. «Իմ ժամանակս լեցուած է», եւ այս խօսքով կը յայտնէ ան թէ ինք կը շարժի «Հօրը կամքով»ը։ Ի՞նչ էր սակայն Հօրը կամքը։
Գիտե՛նք. մարդանալ յամենայնի, կամ, Առաքեալին բացատրութեամբը. «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով… մարդոց նման ըլլալով… ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ մահուան հնազանդ եղաւ, եւ այն ալ խաչին մահուամբ Հոգին աւանդելու»։ Մարդացաւ Յիսուս առանց վերապահութեան, եւ ենթակայ եղաւ այն բոլոր փորձութիւններուն եւ փորձառութիւններուն, որոնց ենթակայ կ՚ըլլայ ոեւէ մարդկային էակ իր ապրած կեանքի ընթացքին։
Ինչո՞ւ խաչը հանուեցաւ Յիսուս։
Նախ որ Աստուծոյ կա՛մքն էր որ ինք սահմանափակուի մարդկային կեանքի հունին մէջ, եւ անկէ դուրս չելլէ որեւէ տեսակ ստիպողութեան տակ։ Երկրորդ, Յիսուս պէ՛տք էր որ ցոյց տար թէ Ի՛նք կարող էր «լման» եւ «կատարեալ» մարդ ըլլալով հանդերձ՝ Աստուծոյ պէս ապրիլ եւ վարուիլ։ Ինքն լո՛յս էր եւ խաւարը պիտի մերժէր լոյսը։ Յիսուս գիտէր թէ այն բոլոր ճշմարտութիւնները զորս խօսեցաւ, յայտնեց, մարդիկ պիտի չընդունէին եւ զԻնք իրենց թշնամի պիտի համարէին։
Ճշմարտութեան առաքեալին վարձատրութիւնը խա՛չ է ընդհանրապէս։ Եւ եթէ Յիսուս կամաւ չպարպուէր իր աստուածութենէն եւ իբրեւ Աստուած խօսէր, կրնար խուսափիլ պատի՛ժէ՝ անիրաւութենէ, քանի որ ո՞վ կրնար համարձակիլ ձեռք դպցնել «Աստուծոյ» մը։ Բայց այն ատեն պիտի ըսէին. «Դուն Աստուած ես եւ կրնաս ուզածդ խօսիլ առանց պատիժի, բայց մենք մա՛րդ ենք, եւ երբ ճշմարտութիւնը խօսինք՝ կը պատժուինք»։
Յիսուսի պատասխանն էր այսպէս առարկողներուն. «Ես ալ ձեզի նման մա՛րդ եմ եւ ճշմարտութիւնը կը խօսիմ առանց վախնալու եւ ընկրկելու պատիժէն»։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ճշմարտութիւնը աւելի՛ մեծ արժէք ունի քան կեանքն իսկ, եւ երբ երկուքին միջեւ ընտրութիւն մը անխուսափելի է, այդ ընտրութիւնը պէ՛տք է որ ըլլայ միշտ ի նպաստ ճշմարտութեա՛ն։
Արդարեւ Յիսուս Իր իսկ օրինակով սա կ՚ըսէ. «Դո՛ւք մեռէք, բայց ճշմարտութիւնը մի՛ մեռցնէք»։
Ուստի անոնք որ ճշմարտութեան քաջարի ախոյեան են, պիտի խաչուին մարդոցմէ։ Խաչը այսպէս կ՚ըլլայ «շքանշան» մը ամէն հերոսի որ խաչէն վախնալով «ճշմարտութիւնը չի թաղեր»։ Մարդ ըլլալ եւ սակայն Աստուծոյ կողմը կենալ՝ հերոսութեան հարազատ եւ անվիճելի էութիւնն է։ Եւ մարդոց խաչածները Աստուծոյ պատուածներն են, որ հաճելի են Իրեն։ Երկրի եւ երկինքի սահմանները մահէն փախչողներուն չեն, հապա՝ մահը դիմագրաւողները, որոնք հաւատարիմ մնացած են ճշմարտութեան լոյսին։
Քրիստոնեան այդ «անունով»ը չէ որ կը ճանչցուի։
Քրիստոնեան իր «խաչով»ը կը ճանչցուի. «Ան որ իմ ետեւէս գալ կ՚ուզէ թո՛ղ խաչը վերցնէ եւ գայ»։
Կամ, ճշմարտութեան ջահը բռնած պէտք է հետեւիլ Յիսուսի, խնդիր չէ թէ այդ ջահը լուսաւորէ ճամբայ մը՝ որ դէպի Գողգոթա կ՚առաջնորդէ։ Յաղթանակը Գողգոթայինը չէ, Աստուծոյ հոգին է որ կը յայտնուի նաեւ մարդո՛ց մէջ, ինչպէս Յիսուսի մէջ յայտնուեցաւ։ Խաչով Աստուած փառաւորուեցաւ, ճշմարտութիւնը փայլեցաւ, մարդս հերոսացաւ եւ անմահացա՛ւ։
Յիսուս խաչուեցաւ երկու աւազակներու մէջտեղը։ Եւ Հայրն Աստուած Իր երեսը դարձուց անկէ, որովհետեւ ամբողջ մարդկութեան մեղքերը Անոր վրայ էին։ Այս բոլորին մէջ Յիսուս չտրտնջաց, չբողոքեց, հապա խնդրեց Հօրմէ որ ներէ անոնց՝ զԻնք խաչողներուն, քանի որ «չէին գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընէին…», չէին գիտեր թէ Տիեզերքի Արարիչն ու մարդկութեան Փրկիչն է որ կը սպաննէին։ Եւ ի գիտութիւն Սատանային եւ ամբողջ մարդկութեան, Յիսուս խաչին վրայէն գոռաց. «Կատարեա՛լ է ամէն ինչ», փրկութիւնը կատարուա՛ծ է Իր խաչին մահով, Սատանան վերջնականապէս պարտուած է եւ յաւիտենական կեանքը շահուած բոլոր անոնց համար որ զԻնք կ՚ընդունէին որպէս Փրկիչ եւ Տէր։ Յիսուսի խաչելութիւնը կատարեալ յաղթանակ մըն է չարին՝ Սատանային դէմ։
Պօղոս առաքեալ մեծ ուրախութեամբ կը գոչէ.
«Ո՞ւր է ո՛վ մահ քու խայթոցդ, ո՞ւր է ո՛վ գերեզման քու յաղթութիւնդ» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։
Արդարեւ, Յիսուսի Խաչելութիւնը յաղթանակն է Բարիին՝ չարին դէմ եւ Կեանքին՝ մահուան դէմ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 7, 2019, Իսթանպուլ