ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ - ՔՍԱՆԱՄԵԱԿ (2001-2021). ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ-ՊՕՂՈՍ Բ. ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐԱՇԷՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Ամենայն Հայոց երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1994 թուականին իր վախճանումէն քիչ առաջ օրհնած էր հիմերը Երեւանի Մայր Եկեղեցիին, որ պիտի կառուցուէր Հայաստանի Քրիստոնէութեան մեծ դարձին 1700-ամեակի բացառիկ առիթով, հաստատելէ ետք անոր վերջնական նախագիծը: Տեղւոյն վրայ ըսեր էր Հայրապետը, թէ այս կոթողը պիտի կանգնի, զգալով սակայն, որ տաճարի օծման «գուցէ ես հոս չեմ ըլլար»: Հայրապետը նոյն տարին վախճանեցաւ: Մայր Եկեղեցին կառուցուեցաւ եւ 2001 թուականի սեպտեմբերին հանդիսաւոր օծումը կատարեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ներսիսեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ մասնակցութեամբ Երուսաղէմի Թորգոմ Մանուկեան եւ Պոլսոյ Մեսրոպ Մութաֆեան Ամենապատիւ Պատրիարքներուն եւ թեմակալ եպիսկոպոսներու:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Աննախընթաց էր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Հռոմի Քահանայապետի մը, յանձին Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապին, պաշտօնական եւ պետական այցը՝ հրաւէրովը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին մասնակցելու յոբելենական բացառիկ այդ առիթով: Սրբազան Քահանայապետը Երեւան կը ժամանէր 2001 թուականի սեպտեմբեր 25-ին ու Վատիկան կը վերադառնար հինգ օրեր ետք:
Ամիս մը ետք Պոլսոյ Յոյն Ուղղափառ Տիեզերական Պատրիարք Պարթոլոմէոս Ա. նոյնպէս Մայր Աթոռի յատուկ հրաւէրին ընդառաջ Երեւան կը ժամանէր նոյն պատմական 1700-ամեակին առիթով: Զոյգ բարձրագոյն հոգեւոր պետերու այցելութիւնները պատմական մեծագոյն եւ շրջադարձ գոյացնող վկայութիւնը կը բերէին Հայ Եկեղեցիին անձամբ, երբ դարեր շարունակ խնդրոյ առարկայ եւ կասկածելի դարձուցեր էին անոր 301 թուի նախնագոյն ծագումն ու զարգացումը: Ամէն ինչ կը սրբագործուէր:
Անձամբ ներկայ ըլլալով Պապական այցելութեան, տողերս գրողը մաս կազմեց պատմական սոյն իրողութեանց հետեւելով լաւ ծրագրուած հոգեւոր եւ պետական հանդիսութեանց, որոնց մէջ յատկանշական եղաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան իր այցելութիւնը՝ վկայակոչելու համար Մեր Եղեռնը, եւ Երեւանի նորաշէն Մայր Եկեղեցին, ուր խուռներամ բազմութեան տուաւ իր հոգեւոր պատգամը: Ներկայ են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու աւագանին, Ռուս Ուղղափառ Պատրիարքը իր եպիսկոպոսներով: Նորակառոյց եկեղեցին յատուկ 1700 անձեր ընդունելու նստարաններ ունի յոբելենական տարիներուն որպէս խորհրդանիշ: Այդ օր սակայն մեր վկայութեամբ կրկին բազմութիւն մը լեցուցած էր եկեղեցին:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ
Քահանայապետ Յովհաննէս-Պօղոս Պապին Սուրբ Էջմիածին այցին՝ մեծ պատիւով անդրադարձած են Վատիկանի արխիւները: Անոնցմէ երկուքը կարդալու առիթը ունեցայ եւ ի պատիւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կը մէջբերեմ կարգ մը տուեալներ, որոնք բաշխուած են Պապին այցելութեան ի Սուրբ Էջմիածին, Իջման Սուրբ Սեղան, Երեւանի նորաօծ Մայր Եկեղեցին, Ծիծեռնակաբերդ, Կիւմրիի բացօթեայ Հովուապետական մատուցած իր Պատարագին՝ ի դէմս Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ թեմակալ առաջնորդին, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ ի ներկայութեան Մայր Աթոռոյ եպիսկոպոսներուն:
Ի տարբերութիւն հայ մամուլին՝ Վատիկանի պաշտօնական հաղորդումները առաւել եւս վստահելի եւ նշանակելի վերլուծումները եղան, ուստի յարմար կը գտնեմ անոնցմէ շարք մը յատկանշական տեղիք յանձնել մեր ընթերցողներուն, քսան տարիներու հեռաւորութեամբ, յատկապէս պատմութեան մէջ առաջինը ըլլալուն արձագանգով:
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Liberia Editrice Vaticana» իր նոյեմբեր 9, 2000 թուակիր, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին անունով հրաւէր ուղղած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Վատիկանի մէջ երկուստեք քննարկելու եկեղեցիներու յարաբերութիւնները տրուած դարասկիզբին, որ կը սպառնար քրիստոնեայ աշխարհին ան-կըրօն եւ այլանդակ ընթացքով: Հանդիպման հեռանկարն էր թէ՛ ողջունելու 21-րդ դարը եւ թէ՛ Հայաստանի Քրիստոնէութեան դարձի 1700-ամեակը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Վատիկան կը ժամանէր, կը խորհրդակցէր եւ փոխադարձ այցելութեամբ Սրբազան Քահանայապետը Հայաստան ու Սուրբ Էջմիածին կը հրաւիրէր մեծ յոբելեանին առիթով: Սրբազան Պապը կը ժամանէր Էջմիածին, ուր Հաղորդագրութիւն մը կը ստորագրէին սեպտեմբեր 27, 2001 թուականին, 2000 թուականի դարադարձն ու Հայաստանի Քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօնք ընդ-գըրկման 1700-ամեակը նշելով:
2001 թուականի սեպտեմբերի 25-ին Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը կը ժամանէր Երեւան եւ Սուրբ Էջմիածին պատմութեան մէջ աննախընթաց իր այցելութեամբ եւ Զուարթնոց օդակայան, ուր պետական եւ կրօնական հանդիսաւորութեամբ կ՚ընդունուէր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Հայաստանի պետական աւագանիին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի կողմէ:
Յիշեալ Հաղորդագրութիւնը ստորագրուած ի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, պատմական ու անվերադարձ արժէք կը ներկայացնէր, քանի որ այլեւս դարերու «բաժանեալ եղբայրներու» եւ կամ այլ դաւանական հարցերու տարբերութիւնը արգելք չէին հանդիսանար նման Հաղորդագրութիւն մը յայտարարելու՝ յանուն երկու պատկառելի հնաւանդ եկեղեցիներու լրիւ յարաբերութեան եւ գործակցութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը յիշուէր, որ Քահանայապետը նոյն յոբելենական առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքը, որ 500 տարիներէ ի վեր հարաւային Իտալիոյ վանքերէն մէկուն մէջ մնայուն կը վկայակոչուէր, տարի մը առաջ ուզած էր նուիրել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին՝ Հայաստանի Մեծ Դարձին առիթով երբ Հայոց Հայրապետը այցի գացած էր Վատիկան:
Հայրապետական տնօրինութեամբ երբ յաջորդ տարուան սեպտեմբերին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին կառուցուած էր եւ օծուած, նոյն մասունքները զետեղուած էին նորաշէն եկեղեցւոյ մայր մուտքին, յատուկ գմբէթակիր ապակեայ խորանի մը ներքեւ՝ բերուած յատկապէս Էջմիածնի Մայր Տաճարի ներքին կառոյցէն: Տարի մը վերջ Քահանայապետը անձամբ տեսաւ իր Հայ Եկեղեցւոյ ընծայած բացառիկ նուիրաբերումը նորակառոյց եկեղեցւոյ մուտքին ու Խորան բարձրանալէ առաջ մեր հայեացքին տակ ծնրադիր համբուրեց զայն:
Հաղորդագրութիւնը յատկապէս կը նշէր Հայ Քրիստոնէութեան 1700-ամեակը յիշատակելով Հայոց Առաջին Լուսաւորիչները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներն ու Լատինաց Ս. Պետրոս առաքեալը, հաստատելով երկու եկեղեցիներուն Առաքելականութիւնը եւ յետագայ աստուածաբանական հիմունքները, ինչպէս՝ Ս. Երրորդութեան եւ Սրբազան Խորհուրդները: Առանձինն կը շեշտէր նաեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները որպէս ուղիղ գիծ եւ ճշմարիտ ու փոխադարձ երաշխիք առաքելական յաջորդականութեան:
L’OSSERVATORE ROMANO
Վատիկանի պետական սոյն պաշտօնաթերթը հոկտեմբեր 3, 2001 համարով լայնօրէն կ՚անդրադառնար Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան: Զարմանալի թուեցաւ ինծի, երբ առաջին պարբերութեամբ Հաղորդագրութիւնը երկիցս մէջբերած էր ու Սրբազան Պապին այցելութիւնը զուգորդած հայ անուանի բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի, «Ցեղին սիրտ»ի եւ «Հայրենի հող»ի բանաստեղծութեանց հետ: Ակնարկելով Քահանայապետին օդակայանէն ուղղակի Էջմիածնի Մայր Տաճար հանդիսաւոր մուտքին, հակառակ իր տարիքին եւ դիւրաբեկ առողջութեան, ծնկաչոք կը համբուրէր Իջման Խորանը ու կը բարձրանար Աւագ Խորան բազմելու իրեն յատուկ գահին վրայ:
Գարեգին Հայրապետի բարիգալստեան խօսքէն ետք, Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով Հայոց Հայրապետին, Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս տիտղոսները լիովին գործածելով՝ կ՚ըսէր. «Առանց Ձեր քաջալերանքին ես հոս պիտի չըլլայի: Եկայ որպէս ուխտաւոր պատուելու համար Հայոց Եկեղեցին իր բացառիկ առաքելութեանը մէջ, ահա 1700 տարիներէ ի վեր որպէս վկայութիւն Քրիստոնեայ աշխարհին, իր գոյատեւման արհաւրալից ու երկարաձիգ դարերու երկայնքին»: Քահանայապետը հայերէն լեզուով կ՚օրհնէր խուռներամ ժողովուրդը «Խաղաղութիւն ամենեցուն» արտասանելով:
Ուխտաւոր Քահանայապետը կը նշէր նաեւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան տասնամեակը «Միայն խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հայցելով որպէս ազգամիջեան հիմնաքար փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի»: Վատիկանի պաշտօնաթերթը յատկապէս կը շեշտէր Սրբազան Քահանայապետին այցը Ծիծեռնակաբերդ, ուր «Հայոց ցեղասպանութեան այս մեծ յուշարձանին առջեւ խոնարհելով կ՚աղօթէր»: Իր արտասանած պատմական քարոզներէն մէջբերելով կը յայտնէր նաեւ Սրբազան Պապին վկայակոչումը, թէ «Վստահ եղէք եկեղեցական բովանդակ դասը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պիտի վկայեն, թէ առաջինը եղաք Քրիստոսի Աւետարանը քարոզողը, վասնզի Հայաստանի անցեալը անքակտելի եղած է իր հաւատքին հետ»:
Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին կը յայտնէր թէ «Փոխադարձաբար Հռոմի Եկեղեցին կարող է ներշնչուիլ Հայ Եկեղեցւոյ նահատակ սուրբերէն՝ երկու եկեղեցիներու հասարակաց աղօթքներու ընդմէջէն, քանի որ անոնց համար 20-րդ դարը բռնութեանց եւ հալածանքի դար մը եղաւ»: Սրբազան Պապին ճշմարիտ իղձը վերջերս իր պատմական կատարելութեան հասաւ, երբ հայոց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի աղօթասաց Մեծ Վարդապետը «Տիեզերական Վարդապետ» կոչումը ստացաւ Վատիկանի մէջ, ուր նաեւ կանգնեցին անոր արձանը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին կողքին:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Պայքար», Պոսթոն