ՀԱՅԸ ԿԱՊԻԿ ՄԸՆ Է

Այս վերջին հարիւրամեակը մարդկութեան եւ մա՛նաւանդ հայութեան մէջ առաջ բերաւ մոռացութեան հիւանդութիւնը եւ այդ հիւանդութիւնը մեր մօտ մարմնական կամ ուղեղային ըլլալէ աւելի հոգեբանական է, որովհետեւ մենք ո՛չ թէ սկսանք մոռնալ, այլ մեզի սորվեցուցին եւ վարժեցուցի՛ն մոռնալ, ինչ որ յաջողութեամբ մինչեւ օրս կը շարունակենք:

Մարդոց մէջ մոռացութեան կողքին սերմանեցին համակերպելու դժբախտ իրողութիւնը եւ սորվեցուցին «փառք» տալ. ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս՝ անյստակ:

Այս հիւանդութեան հնութիւնը փաստելու համար կ՚ուզեմ յիշել շաբաթ, 3 յուլիս 1909 թուականին Շաւարշ Միսաքեանի «Վաղուան համար» խորագրեալ խմբագրականէն տող մը. «կը տրտրնջան, կը նզովեն պահ մը կը փրփրին կատարուած խժդժութեան առջեւ եւ յետոյ անմիջապէս կը համակերպին իրերու նոր վիճակին»:

Մեր ժողովուրդին ինչպէս նաեւ մարդկութեան յիշողութիւնը չափազանց կարճ է. կարճ է նաեւ յիշողութիւնը մամուլին, որ սովորութիւնը ունի սկզբնական շրջանին բարձրաձայնել ամէ՛ն բան եւ յետոյ յանձնել մոռացութեան: Կարծես ունինք դիւրահաւան եւ մանկամիտ ժողովուրդ մը, որուն կարելի է համոզել նոյնիսկ ամենէն դաժան իրադարձութիւնները եւ համակերպիլ տալ՝ մի քանի օրեր ետք մինչեւ իսկ մոռացութեան դատապարտելով այդ դաժան իրողութիւնը:

Օրինակը բերենք մեր ներկայէն.- Արցախեան վերջին պատերազմը ինչքան ալ մինչեւ օրս արիւնի մոռացութեան մառախուղին մէջ կորսուած է հայութեանս համար. Արցախեան պատերազմէն անմիջապէս ետք մամուլն ու ժողովուրդը բարձրաձայնեց թշնամիին մօտ գտնուող գերիներուն մասին եւ հոգի պատռելով անոնց վերադարձը աղաղակեց: Այս աղաղակները ընդամէնը տեւեցին մէկ երկու ամիս. իսկ յետո՞յ: Այսօր մի քանի տասնեակ հայ գերիներ կը շարունակեն իրենց գերութիւնը ապրիլ հակառակորդին բանտերուն մէջ, սակայն ո՛չ ժողովուրդին եւ ո՛չ մամուլի կողմէ այլեւս ոչ մէկ ակնարկ կը նշմարուի. առաջին մի քանի ամիսները հոգի տուող այդ հայերը յանկարծ չես գիտեր ինչպէս կը սկսին համակերպիլ իրավիճակին հետ ու կամաց-կամաց կը քաշուին իրենց տուները եւ «բան մը չեղած»ի կեանք մը կը շարունակեն ապրիլ:

Մեր անցեալի պատմութիւնը եւս հեռու չի՛ մնար այս իրավիճակէն. յաճախ դասախօսներ կ՚ըսեն թէ արհաւիրքը ապրեցանք մեր «բարութեան» եւ «վստահելու» պատճառով. 1909 ապրող ազգ մը ինչպէ՞ս կրնար ամէն բան մոռացութեան տալով յանկարծ «վստահութեան» զոհը դառնալ. պարզապէս անտրամաբանական է:

Այս հիւանդութեամբ կը տառապին բոլորը. օրինակի համար, մէկ տարի առաջ՝ այս ժամանակ ամբողջ մամուլի եւ մարդկութեան կեդրոնացումը Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատերազմն էր. հազարաւորներ փողոցներ դուրս գալով Ուքրայնայի փրկութիւնը կ՚աղերսէին. նոյն այդ կռիւները աւելի բուռն ձեւով մինչեւ օրս կը շարունակուի, սակայն հրապարակներու վրայ մարդ չենք տեսներ: Ո՞ւրն են բազմահազար փրկութիւն աղերսողները եւ կամ ո՞ւր են շաբաթներ շարունակ այդ վայրագ տեսարանները մեզ ցուցադրողները:

Քաղաքականութենէն անդին նոյնն է նաեւ պարագան մեր մարդկային կեանքին: Այսօր ձեր կեանքին մէջ աշխարհի ամենէ՛ն վատ բանն ալ ընէք, վստահ եղէք, որ առաւելագոյնը մի քանի ամիս ձեր վրայ կը բամբասեն, որովհետեւ մարդկային ծարաւը նոր բամբասանքներ, նոր հետաքրքրութիւններ կ՚ուզէ գտնել: Ո՞ւր են այսօր ճամբայ փակելով «Նիկոլ Դաւաճան» պոռացողները։ Ահաւասիկ քանի ամիս անցաւ, Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ շրջափակուած. սկզբնական վիճակին ամէ՛ն տեղ «Ազատենք Արցախը» յայտարարութիւնները կը տեսնէինք, այսօր ո՞վ կը յիշէ, որ Արցախը շրջափակուած է:

Կը խոստովանիմ, որ հայերս կապիկներ ենք, որովհետեւ գիտութեան համաձայն կապիկը կարճագոյն յիշուողութիւն ունեցող անասուններէն մէկն է. մեր նման ազգի մը կարելի է ընել ամէ՛ն բան, որովհետեւ միայն առաջին մէկ ամիսն է, որ ձայն պիտի բարձրացնենք եւ յետոյ ինչպէս միշտ, համակերպինք ու լռենք` ինչպէս ըրած ենք մի՛շտ:

Մեր ազգը նման է այն մանուկին, որուն մայրը զինք «խաղավայր» տանելու խոստումով բժիշկի մօտ կը տանի. այդ մանուկը ամբողջ ճանապարհը ուրախութեամբ կ՚երթայ եւ յանկարծ կը սկսի լալ՝ երբ ինքզինք գտնէ բժիշկին դէմ յանդիման. նմանատիպ մեր ազգը ինչքա՜ն տեղեր գնաց, սակայն բժիշկի փոխարէն իր դիմաց դահիճ մը գտաւ պարզապէս:

Փաստօրէն մեր ազգին մէջ լաւն ալ վատն ալ իրարու հաւասար դասուելով մոռացութեան կը տրուին եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ իշխանութիւններ առանց նկատի ունենալու ժողովուրդի կարծիքն ու կամքը կը գործեն այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզեն, վստահ ըլլալով, որ ինչ ալ գործեն ճանճի ձայն մը պիտի բարձրանայ եւ անմիջապէս կորսուի: Նման ազգի մը մէջ ազգը ամբողջութեամբ ալ ծախու հանես՝ ընդամէնը ամիս մը բողոք կը լսես ու վերջ:

Անասունի նման վարժեցուցած են մեզի համակերպիլ միջավայրին եւ լռութեամբ ընդունիլ այն ամէնը՝ ինչ որ մեր գլխուն կը բերեն ու տակաւին պիտի բերեն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -222-

Վստահաբար լսած էք, թէ հայութեան մէջ յայտնի շնորհք մըն է բամբասելը եւ գուցէ աւելի լաւ շարադրող ու բամբասող ազգ մը դժուար ըլլայ գտնել՝ քան հայերը:

Մեր թուականէն տասն տարիներ առաջ՝ հինգշաբթի գիշեր մը որոշեցինք յաջորդ օր խօսքկապ մը ընել, սակայն նկատի ունենալով Դպրեվանքի աշակերտ ըլլալս, ուզեցինք այդ մէկը ընել գաղտնի ձեւով: Մօտիկ հարազատներէն մէկուն տան մէջ որոշեցինք եւ խնդրեցինք որ չտարաձայնէ. «չէ՜ քա» մը ըսաւ. «ես որո՞ւ ինչ պիտի ըսեմ»:

Ուրբաթ առաւօտ մեր այլ հարազատներէն մէկուն խանութը գացի մազերս կոկելու. հազիւ ներս մտայ հարազատս եկաւ փաթթուելով շնորհաւորեց խօսքկապս: Զարմացած մնացի. տակաւին որոշուելուն մի քանի ժամ անցած էր եւ տեղեակ էին: Փաստօրէն մեր «չէ՜ քա» ըսող հարազատը առաւօտ կանուխ զանգելով բոլոր ազգականներուն տուած էր աւետիսը:

Բայց մինչեւ օրս վստահ ենք, թէ ինք «որո՞ւ ինչ պիտի ըսէ»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023