ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԿԵԴՐՈՆԸ

Հոն՝ ուր ճշմարիտ ընտանիք կը գտնուի, հոն կայ երջանիկ եւ խաղաղ կեանք, որ կ՚ենթադրէ բարգաւաճ կեանք։ Մաքուր սրտով ընտանիք եթէ չկայ, հոն բարոյական, քաղաքական եւ հոգեւոր անկում կը տիրէ, որ թշուառութեան պատճառ կ՚ըլլայ։

Աստուած ստեղծեց ընտանիքին առաջին անդամը. «Տէր Աստուած գետնի հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց եւ մարդը կենդանի հոգի եղաւ». (ԾՆՆԴ. Բ 7)։

Եւ Աստուած կատարեց առաջին վիրահատութիւնը. «Տէր Աստուած ըսաւ.- Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ, անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար». (ԾՆՆԴ. Բ 18)։

Ուրեմն Աստուած այր-մարդը ստեղծեց հողէն, եւ կին-մարդը՝ անոր կողէն, եւ եղաւ կողակից։ Եւ Ադամին կողէն ստեղծել կին-մարդը, եղաւ առաջին վիրահատութիւնը։

«Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամին վրայ եւ անիկա քնացաւ։ Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ եւ անոր տեղը միս լեցուց։ Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց եւ զանիկա Ադամին բերաւ։ Ադամ ըսաւ.- Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր եւ մարմինէս մարմին է. ասիկա -կին- կոչուի, քանի իր այրէն առնուեցաւ։ Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը եւ իր մայրը եւ կնոջ պիտի յարի եւ մէկ մարմին պիտի ըլլան». (ԾՆՆԴ. Բ 21-24)։ Ահաւասի՛կ, այս կերպով Աստուած ստեղծեց ընտանիքին երկրորդ անդամը՝ կինը, Եւան, որ կը նշանակէ՝ «Կեանք», «Կեանք տուող»։

Այս հատուածին մէջ կայ նաեւ ուրիշ «առաջիններ», որոնք այսօր, արդի բժշկութեան մէջ կը գործածուին։

«Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամին…»։ Այս չի՞ նմանիր արդի զգայազրկումի, որ կը կատարուի վիրահատումէ առաջ թմրեցնելու համար ենթական։

«Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ եւ անոր տեղը միս լեցուց։ Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց…»։ (Transplantation=փոխպատուաստել)։

Այս տողերը մեզի կը յիշեցնեն անդամի փոխադրութիւնը՝ որ արդի բժշկութեան գործողութիւններէն է։

Եւ վերջապէս՝ ընտանիքի կազմութիւնը։

«Աստուած՝ Իր պատկերովը ստեղծեց մարդը, Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանոնք։ Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած ըսաւ անոնց.- Աճեցէ՛ք եւ շատցէ՛ք եւ երկիրը լեցուցէ՛ք եւ անոր տիրեցէ՛ք եւ ծովուն ձուկերուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէ՛ք». (ԾՆՆԴ. Ա 27-28)։

Այսպէս՝ Աստուծոյ սուրբ ձեռքով ստեղծուեցաւ եւ օրհնուեցաւ առաջին ընտանիքը։

Ուրեմն, ճշմարտութիւնը ի՛նչ որ էր անցեալի մէջ, նո՛յնն է ներկայիս, եւ նոյնը պիտի ըլլայ գալիք շրջաններու մէջ։

Ուստի ընտանիքը՝ այս Աստուծոյ օրհնութեամբ կազմուած միութիւնը պէտք է մնայ միշտ իր պատնէշին վրայ, որովհետեւ ան սուրբ է, անշուշտ եթէ իսկապէս ընտանիքի սրբութեան գիտակցութիւնը ունեցող անդամներէ բաղկացած է։ Այսօր, դժբախտաբար, «կենակցութիւն» կոչուած կարծեցեալ միութիւններ ընտանիքի տեղը գրաւած են, ինչ որ տեսնել ցաւ կը պատճառէ ընտանիքի սրբութեան գիտակցութիւնը ունեցողներու։ Ուստի ընտանիքի միութիւնը պէտք է պահպանուի եւ հեռու մնայ ամէն մոլորութենէ։ Ընտանիքին հիմը Սէ՛ր է, քանի որ ան հիմնեց Աստուած, եւ Աստուած սէր է։ Եւ ընտանիքը կը բարձրանայ սիւներու վրայ՝ հաւատարմութիւն, հանդուրժողութիւն, համբերութիւն, ուրախութեան վրայ։

Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով է, որ ընտանիքը պէտք է կազմուի ամուսնութեան օրինաւոր կերպով։

Ընտանիքի մէջ այր-մարդը եւ կին-մարդը զիրար ամբողջացնող անդամներ են։ Մարմնի մը ամբողջութիւնը կազմող անդամներու պէս իւրաքանչիւրը ունի իր անհրաժեշտ դերը եւ պաշտօնը։ Անոնք կը նմանին շէնք մը կազմող տարրերուն՝ որոնց որեւէ մէկուն պակասը պատճառ կ՚ըլլայ որ քանդուի, փլչի ամբողջ շէնքը եւ վնասուի։ Այս իմաստով, ընտանիքի անդամները անհաւասարութեան հարց մը չունին երբեք, այլ ամբողջի մը բաղադրիչներն են։

Ուրեմն, ընտանիքին հաստատման միակ ճամբան օրինաւոր ամուսնութիւնն է, որուն կեդրոնը կայ Յիսուս Քրիստոս։

Ընտանիքի անդամները պէտք է հասկացողութեամբ վարուին իրարու հետ. մարդ էակը բանաւորութեամբ օժտուած արարած մըն է, եւ ուրեմն բնական է, որ տարակարծութիւններ պատահին, բայց փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ պէտք է լուծել ամէն հարց։ Երբ մարդու որեւէ անդամը կը վիրաւորուի, կը վնասուի, պէտք է դարմանել զայն, եւ ո՛չ թէ կտրել նետել։

Ընտանիքն ալ նո՛յնն է, ժամանակաւոր հարցեր, տարակարծութիւններ պէտք է հասկացողութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ լուծուին՝ փոխանակ քանդելու։

Պէտք չէ մոռնալ՝ ընտանիքին հիմը սէրն է, եւ ընտանիքին կեդրոնը կանգնած է Յիսուս Քրիստոս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 18 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023