ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ԽՈՀԵՐ
Հայ Եկեղեցին, այս տարի եւս կը տօնէ Հոգեգալստեան տօնը՝ 20 Մայիս Կիրակի՝ Յինանց 50-րդ օրը։ Հոգեգալուստը, որ կ՚անուանուի նաեւ «Պենտեկոստէ», հիմքը կ՚առնէ Վերնատան մէջ, ուր Յիսուս Քրիստոսի խոստումը կ՚իրականանայ. «Ես պիտի աղաչեմ Հօրս, որ ուրիշ Մխիթարիչ տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզ հետ ըլլայ։ Ան Սուրբ Հոգին է, որ Ճշմարտութիւնը կը յայտնէ»։
«Հոգեգալուստ»ի մասին, Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ սապէս կը գրէ.
«Հոգեգալուստ, որ է Գալուստ Հոգւոյն Սրբոյ յառաքեալսն։ Քրիստոս վերջին ընթրիքին ատեն խոստացաւ առաքեալներուն ղրկել Սուրբ Հոգին (ՅՈՎՀ. ԺԶ 7), եւ Համբարձման օրն ալ հրամայեց Երուսաղէմի մէջ սպասել մինչեւ Սուրբ Հոգին ընդունին (ՂՈՒԿ. ԻԴ 49), ինչ որ կատարուեցաւ Զատկին յիսուն օրերուն լրանալէն ետքը. (ԳՈՐԾ. Բ 1-24), յանկարծ հնչիւնի մը, հրեղէն լեզուներու եւ ա՛յլ լեզուներով խօսելու նշաններով։
«Սուրբ Գիրքը.- ի կատարեալ աւուրցն Պենտեկոստէից, կ՚ըսէ (ԳՈՐԾ. Բ 1), եւ Քրիստոսի մահուան տարին Զատիկը Ուրբաթ օր տեղի ունեցած ըլլալով, Պենտեկոստէն = Յիսունքը պէտք էր Ուրբաթ օր լրանար, բայց աւանդութիւնը կիրակի օր եղած կ՚ընդունի այդ գալուստը եւ մենք ալ այժմ Յարութեան օրէն յիսուն օր հաշուելով՝ կիրակի օր կը կատարենք Պենտեկոստէն։
«Այս տօնն ալ Զատկին հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունի եւ Մայիս 10-էն Յունիս 13 կրնայ հանդիպիլ։
«Հին օրերու մէջ մէկ օր միայն կը տօնուէր Հոգեգալուստը եւ կը լրանային Ղազարու յարութենէն սկսեալ 58 օրերու տէրունական տնօրինութեան շարայարեալ յիշատակները։ Հոգեգալստեան յաջորդ օրէն կը սկսէր -Եղիական պահք-ը։
«Շնորհալի կարգադրեց ամբողջ շաբաթը ի պատիւ Հոգւոյն Սրբոյ տօն կատարել եւ յատուկ շարականներով ու ընթերցուածներով զարդարելով, եկեղեցւոյ մէջ կատար-ւած կարգը փոխեց, այլ կերակուրկներու պահքը չվերցուց»։
Ահաւասիկ, Հոգեգալստեան այս հրաշափառ տօնին կը յիշատակուի եւ կը տօնուի այս սքանչելի՜ իրադարձութիւնը՝ որ նոյնպիսի ցնծութեամբ եւ հոգեւոր ուրախութեամբ կը լեցնէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգին, այնպէս՝ ի՛նչպէս այն օրը Քրիստոսի աշակերտները եւ ներկայ գտնուող հաւատացեալները զգացին։
Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբառնալէն յետոյ անցած էր տասը օր եւ Անոր թողած աւանդին համաձայն՝ առաքեալները չէին լքած Երուսաղէմը եւ Սրբուհի Աստուածամօր հետ կը մնային Վերնատան մէջ՝ ուր միւս հաւատացեալներու հետ միասին յարատեւ աղօթքով կ՚անցընէին օրերը եւ կը սպասէին Տիրոջ խոստման իրականացմա՛ն։ Ուստի աշակերտները լեցուած էին յոյսով՝ որ աւելի եւս կ՚ամրապնդուէր իրենց զօրաւոր հաւատքով եւ անհո՜ւն սիրով։
Եւ, ահաւասիկ, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. «Երբ Պենտեկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին։ Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։ Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սակայն տարբեր լեզուներով խօսիլ սկսան, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (ԳՈՐԾ. Բ 1-4)։ Ուստի, Մխիթարիչը այլեւս ո՛չ միայն Քրիստոսի առաքեալներուն հետ էր, այլեւ՝ բոլոր ճշմարիտ հաւատացեալներու՝ մինչեւ ժամանակներու վախճանը։
Սուրբ Հոգին ներգործած էր բոլորին մէջ, եւ այդ պահէն սկսեալ՝ առաքեալները այլեւս այն անուս եւ վարանոտ, վախկոտ աշակերտները չէի՛ն, որ հրեաներու եւ անհաւատներու մէջ մնացեր էին առանց Վարդապետի առաջնորդութեան, եւ չէին գիտեր, թէ ի՞նչպէս պիտի շարուակէին իրենց ընթացքը։ Բայց անոնք հաւատով եւ բաց սրտով, առատօրէն ստացան Սուրբ Հոգիի պարգեւած շնորհները եւ լեցուեցան աստուածային իմաստութեամբ, խորունկ գիտելիքներով եւ զօրութեամբ. արիացան, քաջալերուեցան հոգիով եւ Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուելով՝ պատրա՛ստ էին Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը քարոզել ամբողջ աշխարհի, ինչպէս պատուիրած էր իրենց Տէրը. «Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ։ Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէ՛ք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ. մինչեւ աշխարհի վախճանը» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 18-20)։
«Այսօր նոր ժողովուրդք ցնծացէք ընդ գալուստ Հոգւոյն Սրբոյ, մեծացուցանելով զելողն ի Հօրէ», այսօր, նորոգուած ժողովուրդներ, ցնծացէ՛ք Սուրբ Հոգիի գալըս-տեամբ՝ բարձրացնելով Հօրմէ ծնուածին՝ Սուրբ Հոգին։ Ահաւասիկ, այս բառերով կը յիշատակէ Հոգեգալուստը՝ սրբազան շարականագիրը։ Ուստի, Հոգեգալստեան խորհուրդը կը պարունակէ «նոր»ը եւ «նորոգուա՛ծ»ը։
Եւ այս նորոգութիւններուն գլխաւորը եւ թերեւս առաջնակարգն է՝ ներկաներուն իմաստութեամբ, գիտութեամբ, լեզուներ խօսելու շնորհով լեցուիլը, այսինքն՝ նոր մարդ, նորոգուած մարդ ըլլալու հանգամանքը։ Արդարեւ, ծանօթ առածը կ՚ըսէ. «որքան լեզու, ա՛յնքան մարդ»։ Ամէն լեզու «նոր մարդ» մը կը ներկայացնէ, ուստի երբ աշակերտները նոր եւ տարբեր լեզուներով երբ սկսան խօսիլ, եղան «նոր մարդիկ»՝ նորոգուած միտքով, նորոգուած հոգիով եւ նոր կեանքով՝ աւելի՛ քա՛ջ, աւելի՛ պատրաստակամ, աւելի՛ վճռական։
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ գիտութիւնը զօրութի՛ւն է՝ հաստատակամութիւն եւ անվարան գործելու ազդակ։ Իսկ լեզուն՝ մարդոց հետ հաղորդակցութեան ամենակարեւոր եւ մինչեւ իսկ անհրաժե՛շտ՝ բանաւոր էակին՝ մարդուն համար, որ կը հաղորդակցի եւ կը հասկցուի խօսքո՛վ. խօսելով եւ լեզուի միջոցո՛վ։
Արդարեւ, Յիսուսէն հինգ դար առաջ Յովէլ մարգարէ կ՚ըսէր, թարգման ըլլալով Տիրոջ խօսքին.
«Ձեր որդիները երկնային առատ շնորհ պիտի ստանան, անոնց լեզուները պիտի բացուին եւ պիտի խօսին տարբեր-տարբեր լեզուներով, անոնք մարգարէանալու շնորհ պիտի ստանան, անոնք երազներ եւ տեսիլներ պիտի տեսնեն»։ Եւ իսկապէս, Յովէլ մարգարէի խօսքերը իրականացան. Պենտեկոստէի այդ օրը Վերնատունը գտնուող առաքեալները եւ Յիսուսի բոլոր հետեւորդները երկնային շնորհներով զարդարուեցան՝ զօրացան, կատարելագործուեցան եւ «նոր մարդ» եղան, «նոր կեանք» ստացան եւ որոշուեցաւ իրենց կեանքի ընթացքը՝ վճռակամութեամբ եւ քաջութեա՛մբ։
Իմաստութիւնը, գիտութիւնը, լեզուներու գործածութիւնը կը զօրացնէ, կը կատարելագործէ մարդը, ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, Հոգեգալստեան այս տօնին անդրադառնանք մեր սեփական բարոյական ուժերուն, եւ զանոնք ներգործենք մեր կեանքին մէջ՝ օգտուինք, օգտագործենք այդ զօրութիւնները եւ մաղթենք, որ Հոգեգա-լըստեան օրուան «հրեղէն լեզուն» ստանանք, իջնէ ան ամէն մէկուս մէջ եւ միշտ վա՛ռ պահենք Սուրբ Հոգին մեր մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 8, 2018, Իսթանպուլ