ԵԹԷ

«Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,

Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի»

Երբեւէ պատահա՞ծ է, որ աշխատանքի մը համար տրամադրած ըլլաք օրեր ու ժամեր, սակայն վայրկենուայ մը մէջ այդքան աշխատանք ու յոգնութիւն ցնդի ու ոչնչանայ: Հաւանաբար աշխարհի ամենէն դժուար զգացումներէն մէկն է, որովհետեւ մենք որ ուրիշին ըրածը չենք գնահատեր, լաւապէս գիտենք գնահատել մեր ըրածը՝ առանց կարեւորութեան այդ մէկը լաւ կամ վատ բան եղած ըլլայ:

Մարդկային տկարութեան համաձայն, շատ անգամ առաջին ձախողութենէ ետք մարդ յուսահատելու եւ սկսածը չշարունակելու բացասական կողմը ունի: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին կրցած է փաստել, որ ունի այդ զօրութիւնը, իր շինածը քանդուած տեսնելու եւ վերստին զայն շինելու համար ծունկի գալու՝ աւելի քան հինգ, աւելի քան եօթ անգամներ:

Երէկ խօսեցանք, որ մարդ արարածը պէտք է գիտակցի, որ այնպէս ինչպէս յաղթութիւնը, նոյնպէս եւ պարտութիւնը համահաւասար են իրեն համար. այդ գիտակցութեամբ պէտք չէ յուսահատի կեանքի դժբախտութիւններուն դիմաց, այլ ծունկի քալով աւելի՛ լաւին ձգտելու եւ հասնելու յոյսով պէտք է շինէ նորը, որ բնականաբար պիտի գերազանցէ նախորդը, որովհետեւ ամէն նոր պարտաւոր է գերազանցել հինը՝ յառաջընթաց մը ստեղծելու համար:

Դժբախտաբար երբ յաղթութիւն կամ պարտութիւն կ՚ըսենք, մարդիկ նիւթական վիճակին կը վերագրեն, որովհետեւ մարդ արարածը համոզուած է, թէ յաջող ու երջանիկ է ան՝ որ դրամատէր է, իսկ դժբախտ է ան՝ որ աղքատ է:

Կեանքիս մէջ այնքա՜ն հարուստներ տեսած եմ, որ աղքատներէն շատ շատ աւելի դժբախտ ու տխուր կեանքով կ՚ապրին, որովհետեւ հոգեկան դժբախտութիւնը նիւթական դժբախտութենէն շատ աւելի գերիվեր է եւ հարուստ ու յաղթական է ան՝ որ հոգեպէս խաղաղ վիճակի մէջ կը գտնուի:

Կեանքի մէջ չիյնալը, կեանքի երկին խորտակուած չտեսնելը չէ՛ քաջութիւնը. իրապէս քաջ ու հզօր է ան՝ որ կորուստէն ետք գիտէ ծունկի գալ եւ վստահութեամբ եւ հաւատքով կրնայ ամէն բան դարձեալ վերականգնել:

***

«Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու,

Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին»

Շատ մեծ հաւանականութեամբ յիմարութիւն թուի այս մէկը, որովհետեւ անձ մը հազար ճիգերով ձեռք բերածը դժուար կարենայ վտանգի ենթարկել: Այդ քայլին կրնայ դիմել անձ մը, որ վստահութիւնը ունի, որ իր անձնական ջանքերով ու ճիգերով ինք կրնայ դարձեալ վերականգնել այն բոլորը, որ կորուստի կը մատնէ: Դարձեալ այստեղ բախտի սեղանին յանձնուածը միայն որպէս նիւթական չառնենք (հակառակ անոր, որ այս տողերուն մէջ նիւթականը եւս մեծ տեղ ունի):

Շատ անգամ կեանքը ի՛նք կը ստիպէ, որպէսզի բախտի սեղանին վրայ դնես այն բոլորը, որ տաժանակիր ճիգերու արդիւնքն է. նման պարագաներու պէտք չէ յետ նայիլ... այնպէս ինչպէս Աստուած արգիլեց իր ընտրեալներուն նայիլ ետեւ՝ Սոդոմ Գոմորէն դուրս գալէ ետք: Ետեւ նայիլը, մանաւանդ ետեւ մնալը մարդուն կեանքը կը դժուարացնէ եւ դժոխքի կը վերածէ: Կեանքի մէջ անցեալը մոռնալը դիւրին բան չէ, սակայն անցեալին մէջ մնալը շատ շատ աւելի դժուար է, քան մոռնալը, որովհետեւ չմոռնալը արգելք կը հանդիսանայ նորերուն եւ այն բանը, որ մէկ հարուածով յանձնած ես բախտի սեղանին, կրնայ դարձեալ չվերադառնալ՝ եթէ միտքդ բանտես այդ յանձնուածին՝ փոխան նորերուն:

«Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու

Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին»

Տրտունջքը մարդ արարածին դիմաց մշուշ մըն է, որ արգելք կը հանդիսանայ ազատ տեսողութեան, որովհետեւ տրտնջող մարդը անցեալին մէջ բանտուած մարդն է։ Տրտնջալը մարդկային է. նոյնիսկ Քրիստոս խաչ չբարձրացած «այս բաժակը հեռացուր» ըսելով տրտունջք մը ունեցաւ, սակայն Աստուածայինը եկաւ գերիշխելու մարդկայինին: Մեր կեանքին մէջ եւս պէտք է գիտնալ կառավարել զգացումները:

Աշխարհը այսօր լեցուն է այն մարդերով, որոնք բազմաթիւ անգամներ ձախողելէ, բազմաթիւ անգամներ իյնալէ ետք յաջողած են կանգնիլ եւ ստեղծել իրենց փառքը, որուն համար դարձեալ հազար ճիգեր ի գործ դրած են:

Այլ խօսքով, բանաստեղծը կ՚ուզէ շեշտել կամքին կարեւորութիւնը, որովհետեւ յաղթանակը չձախողելէն անդին յաջողութեան հանդէպ հաւատք ունենալուն մէջ կը կայանայ: Աշխարհի մեծագոյն գիւտերը մէկ օրուան մէջ եւ մէկ անգամէն չկատարուեցան. բազմաթիւ անգամներ ձախողութեան մատնուեցան, որպէսզի աւարտին հասնին իրենց նպատակին եւ յաջողութեան:

Մեր կեանքը ձկնորսութեան պէս է. պէտք է նետել ու սպասել, որպէսզի ձուկը կախուի մեր ձողակէն. հաւանաբար առաջին անգամ որս մը չունենանք, երկորրդ անգամ որս մը չունենանք, սակայն անպայմանօրէն մի քանի անգամներ ետք պիտի գտնենք այն որսը՝ որուն համար այդտեղ ենք: Նո՛յնն է կեանքը. պէտք համբերել ու մի՛շտ վերսկսիլ ձախողութենէ առաջ ունեցած մեր նոյն հաւատքով՝ որ յաջողութեան երաշխիքն է:

•շարունակելի - 5

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԿՐՏԻՉ ԿՈՐԻՒՆ
(1913-1984)

Մեր թուականէն 109 տարիներ առաջ՝ 19 մայիս 1913-ին Կարսի մէջ ծնած է բանաստեղծ եւ արձակագիր Մկրտիչ Կորիւն (բուն անունով Կորիւն Մկրտիչեան):

Փոքր տարիքէն ապրած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի արհաւիրքը եւ ընտանիքին հետ միասին գաղթած է Կիւմրի, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը եւ դպրոցէն շրջանաւարտ եղած 1929 թուականին: Մկրտիչ Կորիւնի բանաստեղծութիւններուն առաջին ժողովածոն՝ «Տեմպերի հերոսներ»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1932 թուականին: Նոյն տարին բանաստեղծը ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուագրական բաժին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1937 թուականին, որմէ ետք նուիրուած է մանկավարժական եւ գրականական գործունէութեան: Բանաստեղծը 1947 թուականին պաշտպանելով իր «Հասկերը որպէս մանկական գրական ամսագիր» նիւթով թեզը՝ արժանացած է գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանին:

Բանաստեղծութիւններու կողքին Մկրտիչ Կորիւն հեղինակ է նաեւ բազմաթիւ առակներու. ինչպէս՝ «Մարդն ու առիւծը», «Խոզն ու կարապը», «Մեղուն», «Մարդու կոչումը», «Աշխատասէր մրջիւնը» եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Բանաստեղծը 1948 թուականին հրատարակած է իր «Դպրոցական թատրոն» աշխատութիւնը, մեծապէս սիրուած է ժամանակուան դպրոցական աշակերտներու կողմէ:

Բացի ստեղծագործելէ, Մկրտիչ Կորիւն զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ. հայերէնի թարգմանած է բանաստեղծ Ալիշեր Նավոյի, Կ. Խեթակուրովի, Ներկրասովի եւ բազմաթիւ այլոց գործերը: Օտար լեզուներու թարգմանուած է նաեւ Մկրտիչ Կորիւնի աշխատութիւնը:

Բանաստեղծը մահացած է 20 դեկտեմբեր 1984 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2022