ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՇՐՋԱՆԸ

Աշխատանքի շրջանէ մը վերջ, ահաւասիկ հասաւ արձակուրդի շրջանը։ Արձակուրդը, ընդհանրապէս ընթացիկ, սովորական զբաղումներու ժամանակաւոր դադա՛ր մըն է՝ մտապէս, հոգեպէս եւ մարմնապէս հեռանալ աշխատանքի կեանքէն, եւ հանգստանալ, կերպով մը զբաղիլ եւ հետաքրքրուիլ իր իսկ կեանքին հետ՝ փոխանակ հասարակական կեանքի։ Արդեօք կարելի՞ է ըսել. արձակուրդը ամէն մարզի մէջ՝ դադա՛ր մըն է ընկերային կեանքի եւ նաեւ մարդկային բնութեան պարտադրած «այլասիրութեան» եւ շրջան մը՝ «ինքնասիրութեան»։

Արդարեւ, մարդ երբեմն խորհելու, հոգալու եւ խնամելու է նաեւ ինքզինք, ինչ որ պայմա՛ն է իրերօգնութեան։ Մարդ երբ չի հոգար ինքզինք, արժէք չի տար իր իսկ մարմնական, հոգեկան եւ մտային էութեան, այլապէս ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ ուրիշին արժէքը, եթէ չգոհացնէ իր պահանջները, այլապէս ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ ուրիշին կարօտութիւնը։ Ուստի մարդ պէ՛տք է անօթութեան զգացումը ապրի, որպէսզի իրապէս հասկնայ «անօթի»ի մը հոգեվիճակը…։

Մարդ դադար կու տայ աշխատանքի, որպէսզի գնահատել գիտնալ աշխատութեան արժէքը։

Մարդ կորսնցնելու է՝ որպէսզի ունեցածին բուն արժէքը եւ անհրաժեշտութիւնը հասկնայ, անոր կարեւորութեան անդրադառնայ կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։

Այս խորհրդածութիւններով տարուեցայ, երբ հասաւ անգամ մը եւս դպրոցական շրջանի աւարտը եւ սկսաւ արձակուրդի ժամանակաւոր եւ վաղանցիկ շրջանը։ Եւ ինչպէս ամէն դպրոցական շրջանի, այս արձակուրդի շրջանին ալ՝ անմոռաց յիշատակներու մէջ ներկայացաւ երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանը։

Երբ երիտասարդ էինք, դպրոցական աշակերտ, ինչպէս ընդհանրապէս ամէն աշակերտ, կը կարծէինք, թէ արձակուրդը «դադար» մըն է աշխատանքի՝ բոլորովին հեռանալ ամէն մտային զբաղումներէ եւ ընկղմիլ խաղի, զուարճութեան եւ հաճոյքի մէջ՝ մոռնալ կեանքը։

Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան իր իսկ օրինակով մեզի ցոյց տուաւ, թէ արձակուրդը բոլորովին հեռանալ չէ՛ աշխատանքէ։ Զարմանքով եւ հիացումով կը դիտէի, թէ ան արձակուրդի շրջաններուն ալ կը զբաղէր կրթութեան, դաստիարակութեան նուիրական գործով, եւ նոյնիսկ աշխատանքի շրջանէն ա՛լ աւելի, աւելի՛ եռանդուն, աւելի՛ խանդոտ։

Շուարած իր այդ աշխատասիրութեան վրայ, կը հարցնէի, թէ այլեւս դադար է, ինչո՞ւ կը շարունակէ աշխատանքը։ Ան սիրուն ժպիտով մը կը պատասխանէր. «Պէտք է պատրա՛ստ ըլլամ յաջորդ դպրոցական շրջանին…»։ Հիացումս կը կրկնապատկը-ւէր այս պատասխանով։

Եւ ահաւասիկ, մեզի կեանքը սորվեցնող, կեանքի լաւագոյն դաստիարակս հօրմէս Գրիգոր Գալփաքճեանէ վերջ, կեանքը վարելու դասը սորվեցնող ուսուցիչ մը եւս ունէինք՝ երէցկին Աննիկ Գալփաքճեա՛նը։ Եւ անոր շնորհիւ է որ հասկցանք, թէ արձակուրդը մտապէս եւ հոգեպէս վերանորոգուելու, վերակենդանալու եւ պատրաստութեան շրջան մըն է, օրեր՝ վեհ նպատակի մը ծառայելու համար օգտագործելի…։

Արդարեւ, մարդկային մարմինը բնախօսական տեսակէտէ այնպէս կազմուած է որ շարունակական աշխատանքի չի կրնար դիմանալ, եւ անշուշտ մտային տարողութեան համար ալ պարագան նո՛յնն է, հետեւաբար «գործ» եւ «դադար»՝ պէ՛տք է ներդաշնակօրէն կապուին մէկզմէկու, ճի՛շդ ինչպէս մեր բազկերակները դաշնաւորուած կը բաբախեն՝ զարկ մը եւ ապա դադա՛ր մը։ Եւ ահաւասիկ, այս է պատճառը որ ծանր եւ յոգնեցուցիչ աշխատանքէ մը վերջ, մարմնոյ եւ մտքի հանգիստը անհրաժե՛շտ պահանջք մըն է։

Ապա ուրեմն, ամառուան ամիսներուն ամէն մարդ՝ մարմնական կամ մտաւոր աշխատաւորներ, ուսուցիչներ եւ ուսանողներ բնականաբար կը խորհին արձակուրդի վրայ եւ հանգչելու եւ կազդուրուելու պահանջք կը զգան։

Եւ կարծեմ արձակուրդի նպատակին բանալի բառն է «կազդուրուիլ» բառը. ճիշդ ա՛յն ինչ որ կ՚ընէր երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան՝ պատրաստուելու համար նոր շրջանի մը՝ աւելի՛ առոյգ, աւելի՛ աշխոյժ եւ աւելի՛ օգտակար։

Եւ այն ատեն հասկցայ պատճառը՝ որ հայրս ամէն արձակուրդի գիրքեր կու տար մեզի կարդալու համար եւ կը ստիպէր, որ կարդանք զանոնք եւ հարցումներ կ՚ուղղէր մեզի անոնց մասին։ Ուրեմն կեանքի մէջ յառաջդիմելու համար անհրաժեշտ է գիտակից ծնողք մը եւ յետոյ կատարեալ «կեանքի ուղեկից» մը։

Ուստի արձակուրդի ըմբռնումը հետզհետէ բարեփոխուեցաւ եւ ստացաւ բոլորովին տարբեր իմաստ մը։ Արձակուրդը մարմնապէս եւ մտապէս պատրաստութեան շրջան մըն էր՝ վերանորոգուելու առի՛թ մը։

Ուրեմն արձակուրդի օրերը պէտք էր օգտագործել։

Թէ ի՛նչպէս կարելի է օգտագործել արձակուրդի օրերը՝ որ նպատակին ծառայեն. այս հարցումին մէկ եւ հատու պատասխան կարելի չէ որ տրուի, քանի որ ամէն մարդու պարագան՝ մարմնական, մտային եւ հոգեկան վիճակը նոյնը չէ եւ տարբեր պայմաններ կը պահանջէ հանգստանալու՝ վերանորոգուելու, կազդուրուելու համար։ Ուստի ոմանք աշխատելով իսկ կը հանգչին, ոմանք՝ կարդալով, ոմանք՝ զուարճանալով, ոմանք՝ խաղով, եւ օրինակներ կարելի է բազմացնել, բայց նպատակը մէկ է՝ մարմնապէս եւ մտապէս վերանորոգուիլ եւ աշխոյժ ու ժիր կերպով պատրաստուիլ յաջորդ աշխատանքի շրջանին։

Զոր օրինակ, ուսանող մը, որ տարուան ընթացքին շարունակ կարդալով եւ մտածելով, եւ յաճախ քննութեան ենթարկուելով անցուցած է ժամանակը, պէտք ունի «մտքի դադար»ի՝ մտապէս հանգստանալո՜ւ։

Այս իմաստով, աշխատանքի մարզը եւ կերպը փոխել՝ հանգստանալու լաւագոյն միջոցներէն մին կարելի է համարել։ Զոր օրինակ, մէկը որ երկար ամիսներով մարմնապէս աշխատած՝ մարմինը յոգնեցուցած ուժասպառ է եղած, եթէ քիչ մը կամ շատ ընթերցասէր է, հետաքրքրական վէպ մը կամ պատմական ու կենսագրական գիրք մը կարդալով կրնայ մարմնապէս եւ մտապէս վերանորոգուիլ եւ կազդուրուիլ։

Այսպէս, ահաւասիկ, իւրաքանչիւր անձ իր պարագաներուն, մարմնական ե՛ւ մտային ե՛ւ հոգեկան վիճակին համեմատ որոշելու է՝ թէ ի՛նչ ընելով, ի՛նչով զբաղելով եւ կամ ի՛նչ չընելով կամ ի՛նչ բաներէ հեռու մնալով եւ մինչեւ իսկ ո՛ւր երթալով կրնայ հանգստանալ։

Բնութեան ծոցը նետուիլ, բնութիւնը ապրիլ օգտակար կրնայ ըլլալ, քանի որ միջավայրի փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է, մանաւանդ քաղաքի բազմութեան մէջ ապրելու եւ իրենց կեանքը վարելու պարտաւոր-ւածներու համար։ Անշուշտ խաղը, լոգանքը, մակոյկը, բոլորն ալ իրենց տեղը ունին արձակուրդը հաճոյալի դարձնելու համար եւ օգտագործելու համար զայն։

Բայց երբ այս բոլորը կը կատարուին՝ պէտք չէ՛ անտեսել բուն նպատակը՝ վերանորոգուիլ եւ կազդուրուիլ եւ պատրա՛ստ ըլլալ յաջորդ աշխատանքի շրջանին։

Մենք կեանքը սորվեցանք մեր հօրմէն՝ Գրիգոր Գալփաքճեանէն, իսկ զայն վարելու նրբութիւնները՝ երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 15, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017