ԳԻՒՏ ՏՓՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Հոգեգալուստէն ետք 5-րդ Կիրակին տօն է Սրբուհւոյ Աստուածածնի տուփին գիւտին։ Տօնը այս տարի կը հանդիպի 24 Յունիս Կիրակի օրուան։

Արդարեւ, տօնը առիթ մըն է յիշելու Ս. Աստուածածինը, եւ անգամ մը եւս մատուցանելու մեր յարգանքը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մօր։

Ըստ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի, ինչպէս կ՚ըսէ իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ, Ս. Աստուածածնի գործածած զգեստներէն կամ առարկաներէն որեւէ բան մը պահուած ըլլալուն յիշատակութիւնը չկայ հիներուն մէջ, բայց յետագայ դարերուն այդպիսի աւանդական յիշատակներ տակաւ մէջտեղ ելած են եւ անոնց յայտնութիւնները տօներ ալ կազմած։ Ե. դարուն սկիզբը Արկագիոս կայսեր օրով (395-408) Երուսաղէմի մէջ Ս. Աստուածածնի պատկանած Գօտի մը երեւան եկաւ եւ հանդիսաւոր կերպով Կ. Պոլիս բերուեցաւ եւ հոն Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ պատուով պահուեցաւ եւ բարեպաշտական առարկայ եղաւ։

Գօտիին գիւտին նման, անկէ քիչ ետքը Տուփի գիւտը մէջտեղ ելած է։ Գալբիոս եւ Կանդիդոս անունով իշխանազուն յոյն եղբայրներ Երուսաղէմ ուխտի երթալով՝ զանազան կողմեր պտըտած ատեննին կը լսեն, թէ Գալիլիոյ՝ անունը անյայտ մէկ գիւղին մէջ հրեայ պառաւի մը տան մէջ հրաշքներ կը գործուին, եւ հետաքրքրուելով կը տեսնեն, թէ հոն փոքրիկ սնտուկ մը կայ՝ որուն մէջ պահուած է Ս. Աստուածածնի գլխադիրը՝ այսինքն գլխուն լաջակը։ Իրենք ալ ուխտի կ՚երթան, սնտուկին չափով ուրիշ սնտուկ մը եւ վրան դնելու ծանր ծածկոց մը կը պատրաստեն, եւ ծածկոցը դնելու պատրուակաւ գլխադիրին սնտուկը կը վերցնեն եւ շիտակ Կ. Պոլիս կը բերեն եւ Լեւոն կայսեր օրով (457-474) մեծ թափօրով եւ պատուով կը զետեղեն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյն մէջ։ Եւ Յուլիս 2-ին յատուկ տօն ալ կը հաստատուի յունաց մէջ։

Այդ տօնն ալ, ինչպէս Ս. Աստուածածնի գօտիին գիւտի յիշատակութիւնը, մեզի անծանօթ է եղած, մինչեւ որ Սիմէոն Կաթողիկոս (Սիմէոն Ա. Երեւանցի. 1763-1780), 1774 թուականին հրատարակած տօնացոյցին մէջ դրած է զայն Հոգեգալստեան Ե. Կիրակին՝ որ 35 օրերու շարժականութեամբ Յունիս 14-էն մինչեւ Յուլիս 18-ի կրնայ հանդիպիլ։

Եւ ինչպէս վերը յիշուեցաւ՝ այս տարի այս տօնը կը հանդիպի 24 Յունիս Կիրակի օրուան։

Արդարեւ, ըստ աւանդութեան, Ս. Կոյս Աստուածածին իր զգեստները նուիրած է կոյսերու, եւ այդ զգեստներէն մէկն ալ նուիրած է իր հետ ապրող հրեայի մը։ Կը պատմուի, թէ Կ. Պոլսեցի երկու ազնուատոհմիկ յոյն եղբայրներ, ինչպէս յիշուեցաւ՝ Գալբիոս եւ Կանդիդոս, կ՚որոշեն ուխտագնացութիւն կատարել Երուսաղէմ՝ Պաղեստինի սրբավայրերը։ Անոնք երբ Նազարէթ կը գտնուէին՝ ուր Աւետումն էր պատահած, նկատեցին, որ տեղաբնակ հիւանդներու եւ կոյրերու մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած է տնակի մը առջեւ։

Հետաքրքրութենէ մղուած՝ կը մօտենան ամբոխին եւ կը տեղեկանան, թէ այնտեղ, տուփի մը մէջ պահպանուած է Աստուածամօր զգեստը՝ որ նախնիներէն ժառանգաբար հասած էր տանտիրուհիին եւ որուն զօրութեամբը կը բժշկուէին բազմաթիւ հիւանդներ, ախտաւորներ։

Ուխտագնաց ազնուատոհմիկ եղբայրները Երուսաղէմ վերադառնալով՝ խնդրոյ առարկայ հրաշագործ տուփին նմանօրինակ տուփ մը պատրաստել կու տան, եւ առնելով այդ տուփը, դարձեալ կու գան Նազարէթ, ծածուկ կերպով նոր տուփը կը փոխանակեն հրեայ կնոջ տան նախօրինակ տուփին հետ։ Եւ բուն տուփը իրենք կ՚առնեն։

Այսպէս, լքելով սրբազան վայրերը՝ անոնք կը ժամանեն Կ. Պոլիս՝ իրենց հետ բերելով նաեւ այդ տուփը՝ սրբութի՛ւնը։ Եւ արդէն անմիջապէս ազնուականներուն տանը մէջ կը սկսին հրաշքներ կատարուիլ, որոնց նախապատճառին մասին անոնք կը յայտնեն թագաւորին եւ կը պատմեն իրողութիւնը։ Բիւզանդացի Լեւոն Մեծ Կայսրի (457-474 թուականներ) հրամանով եւ հրահանգով քաղաքի եպիսկոպոսը յիշեալ սրբութիւնը հանդիսաւորապէս կը զետեղէ Սուրբ Աստուածամօր անունով օծեալ, Ս. Աստուածածին անունը կրող եկեղեցւոյ մէջ։

Այս յիշարժան դէպքին պատրուակով, ահաւասիկ, սահմանուած է «Գիւտ տփոյ Սբ. Աստուածածնի» տօնը՝ որ Հայ Եկեղեցին սկսած է տօնել 18-րդ դարէն սկսեալ։ 1774 թուականին այս տօնը իր կազմած Տօնացոյցին մէջ ընդգրկած է Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսը։

Այսպէս, առանձնայատուկ պատմական դէպքեր առիթներ են որ յիշուին եւ յարգանք-պարտքը արժանավայել կերպով մատուցուին Ս. Աստուածածնի։ Արդարեւ Ս. Աստուածածնի նուիրուած տօներուն մեծագոյնն է՝ Իր Վերափոխման տօնը՝ որ Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մի՛ն է։ Արդարեւ, ամենագովելի Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Աստուածամայրը սերած է քահանաներու եւ թագաւորներու տոհմէն, քանի որ «Ան՝ որ անկէ պիտի ծնէր՝ Քահանայ է եւ Թագաւոր…»։ Եւ այս իմաստով, Աստուածամայրը աստուածատուր զաւակ է եւ թերեւս որովայնէն ընտրեալ. «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ» (ԵՐԵՄ. Ա 5), եւ դարձեալ. «Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սիրեցի» (ԵՐԵՄ. Ա 5) եւ «Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի»։ Այսպէս, ուրեմն, կը տեսնուի, որ Մարիամի ընտրութիւնը իրբեւ Աստուածամայր, պատահական չէ՛, այլ՝ նախատեսուած եւ նախասահմանուած իրողութի՛ւն մը։

Վերջացնենք Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի խօսքով.

«Բարեխօսեա՛ վասն մեր, Աստուածածին Մարիամ, որ ծնար զՏէր Աստուած…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 12, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018