ՁԱՅՆԸ՝ ԲՌՆԱՑՈՂ ԶԳԱՅԵԼԻՆ

Ձայնը ամենէն շատ բռնացող զգայելին է՝ բաղդատմամբ միւս զգայելիներուն, ինչպէս՝ լոյս եւ գոյն, ձեւ, բոյր, համ, եւ այլն։ Ան նաեւ ամենէն աւելի հեռագնացն է, եւ ամենէն դժուար խափանելին։ Ձայնի յատուկ ձեւերն են երաժշտութիւնը եւ երգը. ուստի մօտի եւ հեռուի, նոյնիսկ շատ հեռուներու երգը լսելի կ՚ըլլայ՝ «առանց լսողէն արտօնուելու»։ Միւս զգայելիները չզգալու՝ խափանելու համար փոքր պարզ մկանային ճիգ մը կը բաւէ. զոր օրինակ, կոպերդ կը փակես, բերանդ կը գոցես, քիթդ կը խցես շատ փոքրիկ եւ դիւրին ճիգով։ Բայց ընդհանրապէս ձայնին դէմ ականջը խցելը շատ աւելի ճիգի կը կարօտի, եւ խցումն ալ կատարեալ եւ բաւարար չ՚ըլլար. ձայնը դարձեալ կը հասնի լսաջղերուն եւ ուղղակի՛ լսակեդրոնին։

Նոյնիսկ երբ հարցը լսելու մասին է, ականջը անհրաժեշտ ալ չէ լսելու համար. ծանօթ փորձեր կը վկայեն՝ թէ ականջը լա՛ւ մը խցելէ վերջ՝ բերանը ժամացոյց մը առնելով «թիք-թաք»ը լսելը, եւ կամ՝ կռնակով լսելը ձայնաժանին, այսինքն «տիափազոն»ին, որ մէկը կը թրթռացնէ նստած նստարանիդ վրայ։

Ուստի պատճառը ի՛նչ ալ ըլլայ, անուրանալի է ձայնին, մասնաւորաբար երգին խորապէս ներգործելը, եւ այդ պատճառաւ ալ լայնօրէն օգտագործուիլը։

Այս իմաստով, Եկեղեցին, թատրոնը, շարժանկարը, կապելան, մինչեւ իսկ բուժարանը, զինուորականութիւնը, եւ այլ ընկերային հասարակաց հաստատութիւններ, կրթական եւ ուսուցման կեդրոններ մեծապէս կ՚օգտագործեն երգը, գուցէ անոր համար որ գեղարուեստներու մէջ ամենէն ներգործողը եւ ազդեցիկն է. եւ եթէ շիտակ է այս, հաւանաբար պատճառը ան է, որ ձայնը ամենէն շատ եւ արագ բռնացող զգայելին է։ Երգը, կարծես կը պարտադրէ, որ հպատակին իրեն անոնք, որոնք կը լսեն զինք։ Արդարեւ չլսել կարելի՞ է, քանի որ ձայնը կը հասնի ամէն տեղ՝ մօտ կամ հեռու։ Ձայնը կը ներգործէ ամէն տեղ՝ որքան ալ ծածուկ կը մնան եւ հեռու։ Եւ ուրեմն շատ բնական է որ հասարակաց ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններ օգտագործեն ձայնը, այսինքն երգը։

Բայց դժբախտաբար յաճախ կը գտնուին նաեւ հաստատութիւններ, որոնք ո՛չ թէ միայն չեն օգտագործեր երգը, այլ նոյնիսկ կը վնասագործեն ալ, այդպէսով գործակցելով վիթխարի քանդիչ ազդեցութիւններու, ներսէ՛ն դիւրացնելով անոնց չարաղէտ աւերները։ Այս կարգին կարելի է յիշել դըպ-րոցներ, որոնք չեն անդրադառնար երգի հրաշագործ ներգործութեան եւ կ՚անտեսեն անոր արժէքը եւ ազդեցութիւնը ուսուցման կարեւոր գործին մէջ։ Անշուշտ որ երգերու տեսակներու մէջ կան օգտակարներ եւ վնասակարներ. ուստի օգտակարը եւ վնասակարը զատել եւ որոշել յատուկ հմտութիւն պահանջող գործ մըն է, եւ երգը շատ անգամ կը զոհուի ձեւապաշտ եւ կեղծ լրջութեան։ Բայց սա անուրանալի է, որ երգն ալ իր կարգին լուրջ գործ մըն է՝ օգտակար եւ արդիւնաբե՛ր։

Արդարեւ երկու տեսակ անյարմար եւ ապաժամ երգեր կան, յաճախ ընթացիկ. որոնք վնասակար ըլլալ կը թուին որոշ շրջանակներու մէջ. սիրային եւ ըմբոստացում արտայայտող եւ ներշնչողներ, որոնք ունին իրենց վնասները մատղաշ միտքերու եւ հոգիներու վրայ, թէ՛ ուղղակի եւ թէ անուղղակի կերպով։

«Սիրային երգ»երը վնասակա՛ր են անոր համար, որ մատղաշ միտքերու եւ հոգիներու ուշադրութիւնը եւ միտքը կը խոտորցնեն անպատշաճ նիւթերու եւ խնդիրներու, որոնցմով ա՜յնքան լի է արտաքին աշխարհը՝ որոնցմէ պէտք է զերծ մնան մատղաշ միտքեր։

Մարդ էակը, բաղդատմամբ անբան անասուններու, աւելի երկար մանկութեան, այսինքն կեանքի պատրաստութեան շրջան մը ունի, մանաւանդ արդի արագ եւ պայքարալի աշխարհին մէջ՝ որ աւելի նախապատրաստութիւն կը պահանջէ։ Ուրեմն սիրային երգերը վնասելու բնոյթ ունին մատղաշ մարմնին, միտքի մարզանքին, եւ ընդհանրապէս ծանօթութիւններու պաշարին, եւ կը նպաստեն նոր սերունդի ապիկարացման։ Վաղահաս պտուղները յաճախ որդնակեր ըլլալնուն համար է որ՝ շուտ կը կարմրին…։ Այս՝ ուղղակի վնա՛սն է սիրային երգերու։

Իսկ անուղղակի վնասն ալ, ինչ որ բոլորովին անվիճելի է, սա է թէ՝ սիրային երգերու տրուած ժամանակը կարելի է տալ շա՜տ աւելի օգտակար, արդիւնաբեր եւ յարմար երգեր սորվելու եւ օգտագործելու։

Արդ, երբ կրօնէն սկսեալ մինչեւ շահը եւ մոլութիւնը իրենց հաշւոյն կ՚օգտագործեն երգը, ուրեմն ընկերային կեանքի մէջ, կրթական եւ ուսուցական գործերու մէջ չ՚օգտագործուիր իր նպաստաւոր կողմերով։

Երգը, մանաւանդ մատղաշ միտքերու մէջ արդարութեան, ուղղամտութեան, պարտակատարման, վեհանձնութեան, բարձրագոյնին նկրտման, ազնիւ զգացումներու եւ առաքինութիւններու հունտեր կը սերմանէ. Իսկ եթէ անոնց միտքը թափուր մնայ՝ չա՛րը պատրա՛ստ է ամէն ժամ եւ ամէն կողմէ իր դժնիկները եւ որոմները ցանելու հոն։ Ուստի թափուր չթողո՛ւնք մատղաշ միտքերը եւ հոգիները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 24, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 19, 2019