ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ

Ընտանիքի գաղափարը Աստուծոյ մէկ հրաշագործ կարգադրութիւնն է մարդկութեան համար։ Արդարեւ ընտանիքը մարդկային ընկերութեան ողնայա՛րն է։

Ընկերութիւն մը չի՛ կրնար ծաղկիլ, չի կրնար գոյատեւել առանց ընտանիքի։ Ընտանիքը, ուրեմն, հիմն է եւ առանցքը համայն մարդկութեան։

Կարգ մը միութիւններ, կամ ընկերութիւններ, ինչպէս ընտանիքը, աւելի անմիջականօրէն կը համապատասխանեն մարդուն բնութեան։ Ընտանիքը անհրաժեշտ է մարդուն։ Արդարեւ, ապահովելու համար մեծագոյն թիւով անձերու մասնակցութիւնը ընկերային կեանքին, որուն կոչուած է մարդ, հարկ է քաջալերել ընտրովի միութիւն եւ ընկերութիւններուն ստեղծումը։ Աստուած չուզեց միայն Իրեն պահել բոլոր իշխանութիւններու գործածութիւնը։ Ան իւրաքանչիւր արարածի կը յանձնէ պաշտօններ, զորս ան կարող է կատարել իր Բնութեան կարողութիւններուն համեմատ։ Կառավարումի այս գործելաձեւին պէտք է հետեւիլ ընկերային կեանքին մէջ։ Այս իմաստով, ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերային կեանքին։

Ընտանիքը բնական ընկերութիւնը, միութիւնն է՝ ուր այր-մարդը եւ կին-մարդը ինքնանուիրումի կոչուած են սիրոյ եւ կեանքի պարգեւին մէջ։ Ընտանիքին ծոցին մէջ գոյութիւն ունեցող հեղինակութիւնը, կայունութիւնը եւ փոխյարաբերութիւններու կեանքը կը կազմեն ազատութեան, ապահովութեան, եղբայրութեան, հաւասարութեան հիմերը ընկերութեան ծոցին մէջ։ Եւ ընտանիքի այս հանգամանքը անոր սկզբնական եւ էական սահմանները կը կազմէ։ Ուրեմն, ընտանիքը այն «հասարակութիւն»ն է՝ որուն մէջ, մանկութենէն սկսեալ, կարելի է սորվիլ բարոյական բոլոր արժէքները, սկսիլ պատուել Աստուած եւ լա՛ւ գործածել ազատութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, ընտանիքին կեանքը նախավարժութիւնը եւ նախապատրաստութիւնն է ընկերութեան կեանքին։

Ընտանիքի մը հիմերը կը կազմեն հաւատարմութիւն, հանդուրժողութիւն, երջանկութիւն, փոխադարձ զոհողութիւն։ Իսկ ընտանիքին առանցքն է՝ սէ՛րը։ Այսօր սակայն, ընտանիքի միութեան սպառնացող հոսանք մը օրէ օր կը զօրանայ, կը տարածուի, եւ զայն կործանող այս հոսանքը շատ աւերումներ կը գործէ։

Միջավայրը, երբեմն ծնողներու անտարբերութիւնը, ջղագրգռիչ տեսարաններ եւ երեւոյթներ ցոյց կու տան, թէ ընտանիքը, ընդհանրապէս կը կորսնցնէ իր սրբազան հանգամանքը։

Պէտք չէ՛ մոռնար, որ ընտանիքը «առտնին եկեղեցի» մըն է, այսինքն՝ սուրբ վայր մը։

Ուրեմն կարեւոր է շեշտել Աստուծոյ ստեղծագործութեամբ հաստատած սկզբնական ծրագիրը ընտանիքին համար եւ քննել Սուրբ Գրային պատուիրանները եւ հնազանդիլ անոնց։

Ընտանիք մը գոյապահպանելու եւ գոյատեւումը ապահովելու համար ունինք «բանալի»ներ։

Ուստի, անհրաժեշտ է, որ ծնողք՝ այր-մարդ՝ հայր եւ կին-մարդ՝ մայր ազատօրէն խորհրդակցին եւ չարտօնեն որ «պատ»եր կանգնին իրարու միջեւ, այլ պզտիկ եւ մեծ հարցեր, որոնք միշտ կրնան պատահիլ, շատ դիւրաւ կը հարթուին երբ փոխադարձ հասկացութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ եզրի մը կը հասնին խօսակցելով։ Անշուշտ այս խօսակցութիւնը պէտք է ըլլայ անկե՛ղծ։

«Կիներ հնազանդ եղէք ձեր այրերուն», կ՚ըսէ Առաքեալը. (Ա ՊԵՏ. Գ 1), (ԵՓԵՍ. Ե 22)։

Երբ այս պատուէրը զանց կ՚առնուի, շատ մը անհաճոյ դէպքերու դուռ կը բանայ։ Կին մը իր ամուսինին վրայ իշխելու չէ, հապա երկուստեք, զիրար ամբողջացնելով, հաւասարութեան սկզբունքով Աստուծոյ գծած սահմանին մէջ կենալով շատ մը դժուարութիւններու առաջքը կրնան առնել։

Այս կէտին, ի զօրու է «հաւասարներու միջեւ առաջնակարգ»ը՝ «primus inter pares» սկզբունքը՝ ի նպաստ ընտանիքի հօր։

«Կրթէ մանուկը իր ճամբուն սկսած ատենը», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԻԲ 6)։

Աստուած կը պատուիրէ ծնողներուն, որ իրենց զաւակները, կրկին եւ կրկին անգամ սորվեցնելով Աստուծոյ օրէնքները, հետզհետէ Աստուծոյ երկիւղով մեծցնեն. (Բ ՕՐԻՆԱՑ Զ 6-9)։

Արդարեւ, Աստուած, «հայր»ը դրած է ընտանիքին գլուխը. (ԵՓԵՍ. Ե 23)։ Հօր մը սկզբնական պարտականութիւնն է իր կողակիցը սիրե՛լ, յարգել եւ անոր հաւատարիմ մնալ։

Հայրը ընտանիքին «քահանայ»ն է, քանի որ ընտանիքը առտնին եկեղեցի մըն է։ Ան պարտաւոր է ե՛ւ պատասխանատու իր ընտանիքը աղօթքի եւ աստուածպաշտութեան վարժեցնելու։ Ծնողք մը թող չակնկալէ իր զաւակէն այն բանը՝ որ ինք չի կատարեր։ «Վայելչութիւնը սուտ է եւ գեղեցկութիւնը ունայն է։ Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի» (ԱՌԱԿ. ԼԱ 30)։

Շատ մը ծնողներ շատ մը բաներ կը սորվեցնեն իրենց զաւակներուն, սակայն կարեւորը «օրինակ» ըլլալն է։ Եթէ ծնողներ՝ հայր եւ մայր օրինակելի, տիպար կեանք չեն ապրիր տան մէջ, թող չակնկալեն որ իրենց զաւակները հնազանդին իրենց։ Ընդհանրապէս հայրեր յոգնած տուն գալով, երբեք ժամանակ չեն անցըներ իրենց զաւակներուն հետ, եւ անշուշտ բոլոր բեռը կը մնայ մօր վրայ։ Ուստի, որքան կարելի է հայր եւ մայր դասաւորեն իրենց ժամերը եւ զաւակներուն հետ զուարճալի պահեր ունենան. պէտք չէ մոռնալ, եթէ ծնող մը այսօր իր զաւակին հետ ժամանակ չ՚անցըներ, զաւակն ալ գուցէ վաղը իրեն ժամանակ պիտի չյատկացնէ։

Աստուածահաճոյ պատկեր է երբ ընտանիքը մեծով եւ պզտիկով Աստուծոյ տունը կը յաճախեն՝ զԱստուած պաշտելու համար։

Այսօր, ընդհանուր զարգացման եւ գիտութեան դիմակին տակ՝ հեռատեսիլը մատղաշ միտքերը կը բթացնէ։ Անշուշտ ասիկա պէտք չէ ընդհանրացնել, եւ բոլորովին վնասակար նկատել հեռատեսիլը։ Բայց շատ անգամ ընտանիքներու սիրոյ փոխյարաբերութիւնը լճացնելով, ինք եղած է միակ մեծախօսը, հրամցնելով այն ինչ որ աշխարհ կը սորվեցնէ։ Ուրեմն ծնողքին պարտականութիւնն է եւ պատասխանատուութիւնը՝ զատորոշել օգտակարը եւ վնասակարը եւ ըստ այնմ կարելի չափով հեռո՛ւ պահել վնասակարը իրենց որդիներէն, անշուշտ իրենք ալ տիպար ըլլալու բծախնդիր գտնուելով այս մասին։ Այս ուղղութեամբ, ծնողներ պէտք է զգոյշ ըլլան որ իրենց զաւակները անպէտ զբաղումներ չունենան եւ վնասակար սովորութիւններէ հեռու ապրին։ Արդարեւ, իմաստութիւն է գործիք մը օգտագործել՝ բարի եւ օգտակար նպատակի մը համար եւ զերծ մնալ անոր վնասակար կողմերէն։

Ընտանիքը կազմուելու է ամո՛ւր ժայռին՝ Քրիստոսի վրայ, որպէսզի երբ «կեանքի հով»երը փչեն եւ փոթորիկներ սաստկանան՝ ընտանիքը կանգուն մնայ։ Աւանդական ընտանիքը, արդարեւ «առտնին եկեղեցի» մըն է եւ սո՛ւրբ վայր մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 16, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020