ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ Է
Մարդկութեան մեծագոյն իղձն է անմահութիւնն ու յաւերժութիւնը եւ այս պատճառաւ մարդիկ իրենց կեանքի օրերուն կը գործեն ու կը մշակեն։ Յատկապէս Ս. Յարութեան տաղաւարի շրջանին շեշտադրուած այս գաղափարներուն հետ շատ անգամ դէմ յանդիման կը մնանք մեր առօրեային մէջ, յատկապէս երբ արժէք մը կը գնահատենք։ Սրբազան փափաք մըն է այս մէկը, մարդուս մէջ դրուած՝ Աստուծոյ սրբազան ձեռքերով. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք» (Ծնդ. 1.26)։ Հետեւաբար անմահութիւն բառը, առընչուած է ոչ-մոռացութեան հետ եւ կամ մեր շրջակայքը շատ անգամներ լսուած նախադասութեան մը հետ. «քեզ երբեք պիտի չմոռնանք»։ Շնորհալի քնարերգակ Պետրոս Դուրեան, 150 տարիներ առաջ «Իմ մահը» բանաստեղծութեան տողերով անդրադարձեր է յաւիտենականութեան եւ մոռացութեան սերտ յարաբերութեան՝ ըսելով. «Իսկ աննըշան եթէ մնայ, երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ, եւ յիշատակս ալ թառամի, Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»։
Յուզումի պահերուն եւ կամ փառքի օրերուն արտասանուած խօսքերը, ընդհանրապէս դրականօրէն կը պանծացնեն յիշատակութեան վեհութիւնը։ Շատ ատեն նշմարած ենք, թէ օրհնալի գործեր կատարած անձերու անունները կը հնչեն իրենց շրջակայքը, բազմաթիւ անձինք գովեստներ կը հիւսեն իրենց անուններու շուրջ եւ զանազաններ կը վկայեն անոնց մասին։ Շրջակայքը կը յայտնէ, թէ երբեք պիտի չմոռցուի գովելի վաստակը ու սերունդներ դարեր շարունակ պիտի խօսին վաստակի տիրոջ մասին։ Միթէ սա կենդանի աւանդ մը չէ՞, որուն մէջ անձին գովքի արժանի վաստակը, տարիներ եւ կամ աւելին դարեր շարունակ երաշխիքը կը դառնայ իր անմահութեան։
Նմանապէս յուզումի պահերուն, յատկապէս յուղարկաւորութեանց պարագային ամենաշատ արտասանուած խոստումն է՝ յիշատակութիւնը։ Ընտանիքներ կը մխիթարուին այն խօսքով, թէ վախճանեալը միշտ պիտի յիշատակուի եւ իր յիշատակը միշտ պանծալի պիտի մնայ մերձաւոր պարագաներուն մօտ։ Նոյնիսկ ծանօթ լոզունգ դարձած է «յիշէ, որպէսզի յիշուիս» տողերը։ Իրապէս պատմութեան հոլովոյթին մէջ միլիառաւոր անձերու կազմած հսկայ ընտանիքի մը մէջ, քանի քանի անձեր իրենց գործերով շրջանցած են ժամանակը եւ իրենց անմահանուն ներկայութեամբ թէ՛ ապրիլ եւ թէ՛ ներշնչել շարունակած են։
Անձեր իրենց վաստակով կ՚արժանանան յիշատակութեան։ Հոգեւորականը՝ եկեղեցական ու մշակութային, ուսուցիչը՝ կրթական, գրչի սպասաւորը՝ գրական, իմաստասէրն ու գիտնականը՝ գիտնական ծառայութեամբ, իրենց մարզերէն ներս կը շահին՝ իրենց արդար փառքն ու յիշարժան համբաւը։
Վերջերս ահա, երկու յիշատակութիւններու առիթով լսեցի երեք նշանաւոր եկեղեցականներու մասին եղած արտայայտութիւնները, որոնք պատճառ դարձան, որ անգամ մը արդար ձեւով ներկայացնեմ յիշատակութեան ոճի հարազատութիւնը՝ պատմութեան առջեւ։
ԳՈՐԾՆ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆԸ
Առաջին երկու հոգեւորականներն էին՝ երջանկայիշատակ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսն ու Ոսկան Վարդապետ Երեւանցին։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած շնորհահանդէսի մը ընթացքին, Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի եւ Ոսկան Վարդապետ Երեւանցիի յարաբերութիւնը նոյնացուց՝ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հետ ու անոնց նմանութիւններուն անդրադարձաւ։
Հայ գիրերու գիւտն ու Ս. Գիրքի հայերէն թարգմանութեան աշխատութիւնը, անկասկած Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն փայլուն շրջանին դուռ բացաւ։ Այս շրջանը այնքան փայլեցաւ ճառագայթի նման, որ կոչուեցաւ «Ոսկեդար»։ Հայ գիրը, հայաշունչ հոգեւոր դպրութեան ուղին յարդարեց, որմէ ծնունդ առին բազմաթիւ գործեր։ Հայ Եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ միացած ժողովուրդը վերստին կազմակերպուեցաւ, այս պատմական դարուն որպէս հետեւանք։ Աշխատութիւնը, այնքան սուրբ համարուեցաւ, որ աշխատութեան առաջնորդները Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, որպէս սուրբ յիշատակութեան արժանացան մեր ժողովուրդին մէջ։ Անոնց հաւատալի աշխատութիւնը, տեսլականը եւ դարուն պայմաններուն համաձայն իրենց կենսական քայլերը, զանոնք արժանացուցին անմահութեան։
Ս. Գրոց հայերէնի թարգմանութեան աշխատութիւնը կատարուեցաւ 1600 տարիներ առաջ, իսկ 17-րդ դարուն ալ, Հայ Եկեղեցւոյ երկու սպասաւորները՝ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսը եւ Ոսկան Վարդապետ Երեւանցին, Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի շունչով, ձեռնարկեցին Ս. Գիրքի հայերէն տպագրութեան աշխատութեան։ Չորս հոգեւորականներու միջեւ դարերու հսկայ խորխորատ մը ըլլալով հանդերձ, իրենց տեսլականը կամրջեց դարերը։ Ահա՛, այդ տեսլականն է, որ առաջնորդեց խղճամիտ աշխատանք տանիլ Ս. Գիրքը ժողովուրդին մտքին եւ կամ ձեռքին հասցնելու համար։
Այս մէկը, ինծի թուեցաւ շատ գեղեկից օրինակ մը, որուն մէջ ուղղակիօրէն Եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակականութիւնը կը յայտնուի։ Տարբեր դարերուն, տարբեր մարտահրաւէրներուն դէմ, տարբեր մեթոտներով, նոյն նպատակին ծառայող անձինք թէ՛ իրենց աշխատութիւնը կ՚անմահացնեն եւ թէ՛ աշխատութեան գծով իրենք կ՚անմահանան։ «Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ եւ քու զօրութիւնդ պիտի պատմէ։ Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։ Եւ քու ահաւոր գործերուդ մասին պիտի խօսին ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ» (Սղմ. 145. 4-6)։
«ԵՐԲԵՔ ՏԵՂԴ ՊԻՏԻ ՉԼԵՑՈՒԻ՞»
Երբ գործի շարունակականութեան մասին կը մտածէի, եկաւ հասաւ նաեւ որպէս պտղատու ձիթենի՝ յիշատակութեան արժանի երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի յիշատակութեան պահը, իր ծննդեան օրուան առիթով։ Յուզումնախառն յիշատակութիւն մըն էր այս մէկը, քանի խնդրոյ առարկան վախճանեալ հոգեւոր առաջնորդ մըն էր։ Արդար է, յիշատակութիւն թողած անձերը կարօտով յիշատակելու եւ կամ վախճանեալի կեանքի օրերուն կատարած հսկայ գործերուն անդրադառնալով, վախճանեալը գովելու իրաւունքը։ Սակայն, այս յիշատակութիւնը, որ ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը, եկաւ յիշեցնելու սխալ յիշատակութեան ոճ մը. «Երբեք տեղդ պիտի չլեցուի» եւ կամ «երբեք քեզի նման մէկը անգամ մը եւս պիտի չունենանք»։
Նախ մտածեցի, թէ ինչո՞ւ զանազաններ կը մտածէին, թէ Պոլսոյ դարաւոր պատմութիւնը վերջ գտած էր իրմով եւ երբեք իր տեղը պիտի չլեցուէր։ Հոգեւոր առաջնորդ մը, որ մօտաւապէս 40 տարիներ տքնաջան ծառայութեամբ ամրացուցած էր եկեղեցւոյ կառուցուածքը ի Պոլիս եւ կերտած՝ եկեղեցասէր սերունդ մը։ 21-րդ դարու նախօրեակին եւ առաջին տարիներուն, քաղաքիս մէջ պատմութիւն կառուցած էր ուղղակիօրէն։ Եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակականութեան օրինակներէն մին դարձած էր, որով բազում անձինք եկեղեցւոյ Ս. Գիրքի եւ եկեղեցւոյ գաղափարին ծանօթացած էին։ Իսկ, այս ծառայութեան հանգրուանին կենդանի վկաները, նախանձելի պտուղները դարձած էին՝ պտղատու աշխատութեան մը։ Հետեւաբար բնական էր, թէ կենդանի վկաներ առաւել եւս դիւրազգածութեամբ պիտի ըսէին, թէ երբեք տեղը պիտի չլեցուի։
Սակայն, անմահութեան գաղափարը, կարելի չէ սահմանափակել ժամանակի մէջ։ Անձնական ապրումները ճիշդ է, թէ անկրկնելի են պատմութեան ժամանակաշրջանին մէջ, սակայն երբ գործն է խնդրոյ առարկան, կը կարծեմ, թէ չունինք շարունակական գործը ակամայ խափանելու իրաւունքը։ Ամէն շրջան, իր շրջանին պայմաններով կը խմորէ ծառայողն ու ծառայութեան պահանջները, որուն վերջին ներկայացուցիչներէն էր Մեսրոպ Պատրիարք։ Սակայն, երբ մարդ արարածը ապագայի մասին տնօրինելու կարող չէ, եւ ժամանակներու մասին գիտնալը միայն վերապահուած է Աստուծոյ, մենք որքանո՞վ կրնանք արժեւորել ապագայի ծառայութիւնը եւ ըսել, թէ տեղը երբեք պիտի չլեցուի։ Երբ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան վախճանեցաւ, վստահաբար այդ սերունդի անձինք մտածած էին նոյն ձեւով, սակայն եկեղեցւոյ պատմութիւնը նուիրեց Շնորհք Պատրիարք մը։ Երբ Շնորհք Պատրիարք վախճանեցաւ, անձինք մտածեցին, թէ անոր նման մէկը երբեք պիտի չըլլայ, սակայն ժամանակը շնորհեց Մեսրոպ Պատրիարքը, որուն մասին կ՚արտայայտուին ահա իր սերնդակիցները։ Այլ խօսքով, մեծանուն առաջնորդներ եկան ու անցան, սակայն պատմութիւնը շարունակեց արտադրել նորեր։ Միթէ Քրիստոնէական հաւատալիքներէն մէկը չէ՞ նորոգութիւնը։
Հետեւաբար, եթէ կը հաւատանք, թէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը անշարժ է, որքան ժամանակ որ Աստուած կը դնէ վերջակէտը, պէտք է ձերբազատուինք սահմանափակ զգացականութենէ եւ մեր պատմութեան ամբողջութիւնը արժեւորելով աղօթենք հունձքի Տիրոջ, որպէսզի իր դաշտին շարունակականութեանը համար նոր շունչով ներշնչուած ու Աստուծոյ օգնականութիւնը վայելող մշակներ հանէ։ Չենք գիտեր, թէ պատմութեան ո՛ր ընթացքին, ո՛ր հարկաւոր պահուն Տէրը իր շնորհները, ոեւէ անձով մը պիտի հասցնէ իր ժողովուրդին։ Չենք գիտեր, թէ ապագային քանի տասնեակ տարիներ եւ կամ դարեր, տակաւին նոյն առաքելութեան շարունակականութիւնը պիտի երաշխաւորուի հզօր անձերու կողմէ։
Յոռետեսութեան ոգին կը սահմանափակէ եւ այդ սահմանափակման մէջ մոռացութեան կ՚ենթարկէ բոլոր յիշատակներն ու յիշեալները։ Իսկ յուսադրիչ ոգին՝ որուն աղբիւրն է Ս. Հոգին Աստուած, ժամանակի բոլոր սահմանափակումները կը վերցնէ ու պատմութեան շարունակականութեան մէջ ցոյց կու տայ, թէ պատմութիւնը միշտ կերտած է շնորհալի անձեր եւ կարող է՝ վերստին կերտելու առաքելակից անձեր։
Այս առիթով ես կը խոնարհիմ Հայ Եկեղեցւոյս անդաստանին պտղաբերութեան ու բերկրութեան համար անմահական գործեր կատարած վերեւ յիշուած անձերու յիշատակին առջեւ եւ անշուշտ փառք կու տամ դաշտի Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին, որուն ձեռքերուն յանձնուած է անցեալէն դէպի ապագայ առողջ աւանդը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ