Իրերօգնութեան կոչը
Յաճախ կ՚ըսենք, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդ ստեղծուած է իր նմանին օգնելու, անոր թերութիւնները ամբողջացնելու եւ տկարութիւնները զօրացնելու համար, եւ մէկ խօսքով՝ մարդ կոչուած է իրերօգնութեա՜ն։
Արդարեւ Եւան ալ ստեղծուեցաւ Ադամը լրացնելու համար, եւ «մարդ»ը ամբողջացնելու նպատակով։ Ուրեմն իւրաքանչիւր անհատ, որպէս մա՛րդ, իր կարողութեան, իր տարողութեան եւ իր կարելիութեան չափով օգնէ իր նմանին, եւ երբեմն զոհողութիւն ալ ընելով՝ իր ունեցածը տայ առանց խնայելու։
Այս մասին շատ օրինակներ կան. զոր օրինակ, Ղուկաս, իր «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ես կեանքիս օրինակով ցոյց տուի՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Յիսուս ինք ըսաւ, թէ.- Աւելի երջանկաբեր է տա՛լը, քան առնելը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Եւ դարձեալ, կը յիշենք «Այրի կնոջ լուման» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 41-44), որուն համար Յիսուս կ՚ըսէ.
«Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդէն՝ աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը»։ Ուրեմն կը հետեւի, թէ հարցը տրուածին քանակին մէջ չէ՛, այլ՝ տրուածին անկեղծ զգացումներով եւ սրտաբուխ տրուիլն է։
Արդարեւ, տալ՝ բաժնել ու բաշխել ունեցածը, որպէսզի առատանայ, շատնայ եւ աւելի արդիւնաւոր ըլլայ։ Այս կը նշանակէ՝ բաշխել, միացնելու համար, բաժնել՝ ամբողջացնելու համար։
Մեր շատերուն ծանօթ է հացերու բազմացման հրաշքով հինգ հազարին կերակրումը (ՄԱՏԹ. ԺԴ 13-21)։ Երբ աշակերտները կ՚ըսեն Յիսուսի, թէ՝ արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը՝ իրենց համար ուտելիք գնելու համար։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը»։
Ահաւասիկ, Յիսուսի այս խօսքին մէջ ամփոփուած եւ խտացած է «տալ»ու, բաժնելու եւ բաշխելու խորհուրդը՝ թէ ամէն մէկս պէտք է տա՛յ իր ունեցածը, բաժնէ ու բաշխէ, որպէսզի ան աւելի եւս ճոխանայ, շատնայ եւ ամէն մէկուն տուածով ամբողջանայ, լիանայ։ Ահաւասիկ խորհուրդը ծածկուած է Յիսուսի խօսքին մէջ, թէ՝ պէտք է տա՛լ, որպէսզի ուրիշներն ալ օգտուին, նպաստաւորուին եւ «ունենան» ինչ որ պահանջք մըն է իրենց համար։
Եբրայեցիներու ուղեալ իր նամակին մէջ Պօղոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը» (ԵԲՐ. ԺԳ 16)։ Արդարեւ, «տալ»ը առաքինութիւն մըն է, որ կ՚ազնուացնէ մարդը, հոգին կը զօրացնէ եւ իր տուածին բազմապատիկը կը ստանայ։ Եւ «հինգ հազարին՝ հինգ հացով ու երկու ձուկով կերակրում»ին հրաշքին մէջ կը տեսնենք ունեցածը բաժնելու եւ բաշխելու տրամադրելը ի՜նչ հրաշքներու առիթ ընծայելու իրականութի՛ւնը։
«Հինգ հաց»երը կը ներկայացնեն՝ հնգամատեանը՝ Մովսէսի հինգ գիրքերը եւ «երկու ձուկ»երը՝ Հին եւ Նոր Կտակարանները եւ կամ «Օրէնք»ը եւ «Մարգարէութիւն»ը։ Ուրեմն հրաշքի մէջ կայ խորհուրդ մը՝ որ հաստատուած է աստուածային ճշմարտութեան վրայ։
Եւ ահաւասիկ, այն ի՛նչ որ կ՚ըսէ Յիսուս.
«Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է.- Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ՝ Աստուծոյ բոլոր խօսքերով» (ՂՈՒԿ. Դ 4)։ Ուստի, մենք երբ կ՚աղօթենք եւ կ՚արտասանենք Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը, կը խնդրենք մեր «ամէնօրեայ հաց»ը՝ որ ո՛չ թէ միայն նիւթական հացն է, այլ այն հոգեւոր հացը, որ է Աստուծոյ խօսքը։ Ուրեմն, այն որ կը փափաքի «հաց», այդ կը նշանակէ, թէ կ՚ուզէ նաեւ Աստուծոյ խօսքը՝ հոգեւո՛ր հացը։
Աւետարանի մէջ, երբ կը վկայուի հացերու բազմացման հրաշքի մասին, աւելի առաջ կը նկատուի, թէ Յիսուս «տեսա՛ւ» բազմութիւնը, նաւակէն դուրս «ելա՛ւ», «գթա՛ց» անոնց վրայ եւ հիւանդները «բժշկե՛ց»։ Ուրեմն ողորմութիւնը եւ գութը արժէք կը ստանայ երբ գործնակա՛նի վերածուի. ամուլ եւ անտարբեր բարեսէրին, ողորմութիւն ընելու փափաքը եւ գութը ո՛չինչ կ՚արժէ. եթէ բարեգործութեան, ողորմութեան եւ հոգածութեան եւ խնամքի չվերածուի։
Յիսուս տիպա՛րը եղաւ զգացումները գործնականի վերածելու, անտարբեր չմնալու մարդոց հանդէպ, որոնց օգնելու կոչուած է «մարդ»ը։
«Հինգ հաց»երը՝ մարդուս հինգ զգայարանքներն են, որ պէ՛տք է ընծայել Աստուծոյ։
Եւ դարձեալ, Աւետարանիչը կը վկայէ.
«Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 26)։
Հետաքրքրական է, որ այդ սակառները կամ կողովները ուրկէ՞ գտնուեցան։
Հին ժամանակներ, հիւանդ եւ անդամալոյծ՝ անշարժութեան մատնուած մարդիկ կողովներով կը փոխադրուէին, ապա ուրեմն, Յիսուսի հետեւող բազմութեան մէջ կային նաեւ անդամալոյծ մարդիկ, որոնք բերուած էին Յիսուսէ բժշկութիւն գտնելու համար։ Եւ ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, Յիսուս գթաց անոնց վրայ, չմերժեց զանոնք եւ բժշկեց։ Եւ ահաւասիկ անոնցմէ պարպուած կողովները հացով լեցուեցաւ։ Անոնց հաւատքը աւելիով եւ առատութեամբ փոխարինուեցաւ։
Ուստի Յիսուսի բազմութեան ուշադրութիւն դարձնելը միա՛յն անոնց կերակրումին համար չէր, այլ բոլոր հոգեւոր պէտքերուն համար։ Չէ՞ որ մարդ միայն «հաց»ով չ՚ապրիր, այլ Աստուծոյ խօսքով նաեւ…։
Կարելի է մտածել եւ ինքնիրեն հարցնել, թէ՝ ինչո՞ւ «տասներկու կողով»։ Ուստի եւ, տասներկու թիւը «կատարելութեան» խորհրդանի՛շն է։
Իսրայէլի տասներկու ցեղերու թիւը համապատասխան է Յիսուս Քրիստոսի տասներկու աշակերտներու թիւին (ԾՆՆԴ. ԽԹ 28)։
Ուրեմն պատահական չէ «12» թիւը, այլ խորհուրդ մը կը պարունակէ իր մէջ, ինչպէս Յիսուսի ամէն մէկ խօսքը եւ գործը։
Եւ վերջապէս յիշեցնենք, որ հացերու բազմացումը եւ հինգ հազարի կերակրումը՝ նախատիպարն է «Սուրբ Հաղորդութեան» խորհուրդին։
Արդարեւ, բաժնելով ու բաշխելով «Հաց»ը, կը կերակրուին շատեր՝ որոնք կը միանան, կը յարաբերուին, կը մասնակցին Քրիստոսի Արեան եւ Մարմինին եւ կը հաղորդուին Անով։
Սիրելի՜ բարեկամներ, բաշխելէ, տալէ երբե՛ք չխուսափինք, ընդհակառակը՝ տա՛նք ի՛նչ որ ունինք, քանի որ մեր տուածը աւելիով պիտի վերադառնայ մեզի, աւելիով պիտի ստանանք ի՛նչ որ տուինք, եւ պիտի լիանանք, ո՛չ միայն մենք, այլ՝ շատեր, որոնք հաղորդակից եղան, մասնակից եղան եւ օգտուեցան մեր տուածով, մեր բաժնածով։ Տա՛նք սիրելիներ, որպէսզի ճոխանա՜նք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 9, 2016, Իսթանպուլ