ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌՆԵԼ ՕՐԻՆԱԿԸ

Հետաքրքրական չէ՞. մարդ, որ միշտ հպա՜րտ է իր բանականութեամբ, եւ ինքզինք գերադաս կը համարէ բոլոր միւս ապրող էակներէն, երբեմն այնպիսի դասեր կ՚առնէ որեւէ ապրող էակէ մը, որ երբեք չի համապատասխաներ իր բանականութեամբ օժտուած ըլլալու իրականութեան։ Արդարեւ, բնութիւնը ամբողջ դասերով, ազդարարութիւններով լեցուն է, եւ այն, որ կ՚անդրադառնայ եւ զիջողութիւն կ՚ընէ, տեղի կու տայ իր գերադաս վիճակէն, ա՛ն, ահաւասիկ կը յառաջդիմէ եւ կը կատարելագործուի։ Ուստի, սորվելու առջեւ ամենամեծ արգելքն է՝ «գիտնալ կարծել» եւ չզիջանիլ աւելին սորվելու, մանաւանդ իրմէ ստորադաս նկատած որեւէ էակէ մը։ Բայց, ինչպէս ըսինք, բնութեան մէջ ամէն էակէ, ամէն երեւոյթէ, ամէն իրադարձութենէ սորվելիք շա՜տ բան ունի մարդ, քանի որ ան բանականութեամբ է օժտուած, ինչ որ կը նշանակէ՝ ուսումնասիրել, յառաջդիմել, մտային զարգացման համար կարելին ընել։

Այս իմաստով, չգիտցածին անդրադառնալ՝ իմաստութի՛ւն է, որ մարդս իրապէս «գիտուն» ե՛ւ իմաստուն կ՚ընէ։ Մարդ քանի որ բանականութեամբ օժտուած գերադաս էակ մըն է, ապա ուրեմն չի բաւեր անոր միայն «գիտուն» ըլլալ, այլ նաեւ՝ իմաստո՛ւն։

Մարդուս համար կան գերագոյն արժէքներ՝ որոնք կը կատարելագործեն զայն. ազնիւ եւ առաքինի կ՚ընեն, այսինքն՝ կատարեա՛լ։ Այդ արժէքներն են՝ ճշմարտութիւն, գեղեցկութիւն եւ բարութի՛ւն։ Կան նաեւ սկզբունքներ, որոնք մարդուս կու տան. ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութի՛ւն։ Եւ այս բոլորին բնական հետեւանքը՝ արդարութի՛ւն։ Արդարեւ, մարդ ճշմարտասէր, գեղեցկասէր եւ բարեսէր ըլլալու է, որպէսզի արդար ըլլայ, ինչպէս՝ ազատ ըլլալու է եւ հաւասարութեան եւ եղբայրութեան հաւատարիմ, որպէսզի արդար ըլլայ։ Արդարութիւնը մարդուն կատարելութիւնն է՝ ազնուութեան, առաքինութեան զենիթը՝ գագաթնակէ՛տը։

Արդարեւ, «արդարութիւն»ը բոլոր արժէքներու եւ առաքինութիւններու համադրութիւնն է։

Ուստի, արդարութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ, անշեղ կամքով տալու ամէն մէկուն ի՛նչ որ պարտաւոր եւ պարտական է անոնց։ Արդարութիւնը առաքինութիւն է, եւ մարդոց նկատմամբ, մարդը տրամադիր եւ յանձնառու կ՚ընէ յարգելու իրաւունքը իւրաքանչիւր անհատի, ամէն մէկուն արժէքը գնահատելու, այս կերպով հաստատելու եւ տեւականացնելու ներդաշնակութիւնը մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ։ Արդարութիւնը, այս իմաստով, կ՚ապահովէ «հասարակաց բարիք»ը։

Արդար մարդը, յաճախ կը զանազանուի եւ կ՚որոշուի իր գաղափարներուն սովորական եւ մշտնջենաւոր անաչառութեամբ, իր նմաններուն հանդէպ իր ընդհանուր վարքին ուղղամտութեամբ։

Սուրբ Գիրքի մէջ ամփոփ եւ հատու մեկնութիւնը կատարուած է, ըսելով. «Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ. արդարութեամբ պիտի դատես ընկերդ», (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։

Իրաւունք եւ արդարութի՛ւն. ահաւասիկ մարդկային ընկերութեան մէջ խաղաղութիւնը հաստատ հիմերու վրայ բարձրացնող երկու ամո՛ւր սիւներ։ Արդարութեան բաղադրիչներն են ուրեմն՝ ազատութիւնը, եղբայրութիւնը եւ ճշմարտութիւնը, բարութիւնը եւ բարոյական գեղեցկութիւնը։ Աստուած բացարձակ արդարութեան ներկայութիւնն է, ինչպէս բոլոր արժէքներու, առաքինութիւններու. ապա ուրեմն եթէ մարդ արդա՛ր ըլլայ, աստուածանման եւ աստուածամերձ կ՚ըլլայ՝ որուն արդէն կոչ-ւած է իր արարչութեան պահէն իսկ։

Մեր այս գրութեան վերտառութիւնն էր՝ «Թռչուններէն առնել օրինակը»։ Ուստի, թռչուններուն մասին սիրուն եւ իմաստալից աւանդութիւն մը կը պատմուի։ Կ՚ըսուի, թէ երբ թռչունը ստեղծեց Աստուած եւ առաջին անգամ երկիր դրաւ զայն, թռչունը, ազատութիւն ունեցող ամէն արարածի պէս սկսաւ ամէն կողմ վազվզել։ Երբ անդրադարձաւ եւ վերահասու եղաւ իր թեւերուն գոյութեան, որոնց պաշտօնը չէ՛ր գիտեր մինչեւ այդ պահը, սկսաւ «բեռ» մը նկատել եւ կը ջանար փրկուիլ այդ «բեռ»էն։ Թռչիլը նկարագի՛րն է թռչունին եւ զայն կը կատարէ թեւերուն միջոցով, բայց «բեռ» էր նկատած զանոնք…։

Բայց երբ անդրադարձաւ եւ ըմբռնեց թեւերուն դերը եւ պաշտօնը եւ կարեւորութիւնը իր կեանքին համար, սկսաւ գործածել զանոնք, եւ շուտով սկսաւ հպարտութեամբ եւ հրճուանքով սաւառնիլ օդին մէջ։ Թռչունը հասկցաւ, թէ «բեռ» նկատած եւ ազատիլ փորձած թեւերը զինք բարձրացնելո՛ւ միջոցն էր։

Մարդկային կեանքի մէջ ալ կան պարագաներ՝ ուր թռչունի օրինակով, պէտք է անդրադառնալ շնորհներուն, որոնք կեանքը կ՚ապահովեն եւ դիւրատար կ՚ընեն։ Առիթներէ եւ միջոցներէ օգտուիլ ուշադրութիւն կը պահանջէ, եւ եթէ թռչունը ցոյց է տուած այդ ուշադրութիւնը, բանաւոր էակը՝ մարդը պարտի շատ աւելի՛ ուշադիր ըլլալ իրեն ընծայուած շնորհներուն։ Կեանքը ունի անխուսափելի նեղութիւններ, փորձանքներ, դժուարութիւններ, անոնց պատճառած ցաւեր եւ վիշտեր, անոնք բոլորն ալ կարելի է «բեռ» նկատուիլ եւ անէծք ըլլալ, եթէ մարդ ինքզինք չէ՛ մարզած կամ դաստիարակած՝ զանոնք իբր «թեւ» նկատել եւ անոնց միջոցով բարձրանալ մարմնապաշտ-նիւթապաշտ ձգտումներէ եւ երկրաքարշ հակումներէ։

Մարդ երբեմն անակնկալ դասեր կրնայ քաղել բնութենէն, բաւ է, որ ուշադիր ըլլայ եւ կարենայ անդրադառնալ անոնց կարեւորութեան։

Արդարեւ, երբեմն մարդ շատ բան շահած կը նկատէ՝ առանց հաշուի առնելու աւելի շատ կորսնցուցածները, եւ փոխադարձաբար՝ կորսնցուցած նկատել բայց իրականութեան մէջ շահած ըլլալ…։ Նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր «բեռ» չեն բեռցուած մարդուն վրայ, այլ «թեւեր»՝ բարձրանալո՜ւ վե՛ր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 12, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018