ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԱՍԻՆ - 3

Թաղի Մաքրուհեան վարժարանին մասին, նաեւ կրթական կեանքի մասին ալ ունեցած է իր դիտարկումները. դիտարկումներ՝ որոնք արտայայտուած են, որպէս քննադատութիւն։ Մաքրուհեան երկսեռ վարժարանի խոր ու բարձր, քար ու կիր կառոյցին չորս կողմէն լուսաւոր ըլլալու պարագան շեշտելէ յետոյ կը սկսէր իր քննադատութեանց. «Ի՞նչ օգուտ լոկ արեգակին, արտաքին լոյսն. Լոյսն որ կ՚ողողէ Գերմանական եւ Ամերիկեան վարժարաններն, բացակայ է մեր կրթարանէն. Աւա՜ղ, մեր բոլոր կրթարաններէն…։ Ի՞նչ օգուտ կ՚ըսեմ, լոկ նիւթական բարձրութիւն, լոկ նիւթական մեծութիւն. Ո՞չ ապաքէն առաւել աննիւթ քան նիւթական էակ մ՚է մարդն էապէս։

Այլ մեք հետամուտ չենք բնաւ բարոյական մեծութեան, իրական բարոյական յառաջդիմութեան. շատ է մեզ համար տեսական, նիւթական յառաջդիմութիւն։ Հոգաբարձուներ, տնօրէններ, դասատուներ, դասատետրներ, ո՞վ կ՚ուրանայ, անընդհատ միմեանց կը յաջորդեն. տղայք վարժարան կը մտնեն ու վարժարանէն կ՚ելնեն. Աչքերն գոհ են։ Այլ մտքե՞րն, այլ սրտե՞րն. Ի՞նչ փոյթ։

Խօսքը ուղղելով Պէշիկթաշցիներուն՝ զանոնք կ՚որակէր «անցեալի մարդիկ» ու կը շարունակէր ըսելով. «Անցեալն եկեղեցին է, եւ ձեր եկեղեցին պայծառ է. Ապագայն դպրոցն է, եւ ձեր դպրոցն խաւար է։ Ճրագ, շատ կը վառէք տաճարին մէջ, այլ ուսուցիչք սակաւ են վարժարանին մէջ։ Ո՞վ գիտէ, գուցէ կը մտաբերէք իսկ նորոգել ձեր եկեղեցին որ կարօտ չէ նորոգման, ընդարձակել Աստուծոյ տունն, ուր չեն աւելցած հաւատացեալք, Եւ փոխարէն, անտարակոյս կը մտաբերէք, եթէ հնար է անձկացնել, նսեմացնել ձեր վարժարանն… որ կարօտ է հիմնական բարենորոգման։

…Մեք Պէշիկթաշցիքս մանաւանդ, եկեղեցամոլ ժողովուրդ ենք, քաջ եկեղեցպան ենք, եկեղեցւոյ պայծառութեան մանաւանդ կը մտածենք։ Արդ…

Արդեօք Սպանդարեան կրնա՞ր նպաստել մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան. Տնօրէն կարգենք զայն։ Չեղաւ։ Սպանդարեան աւելի կրթասէր եւ ազգասէր կ՚երեւի քան եկեղեցասէր։… Արդեօք Թէրզեան պիտի նպաստէ՞ր մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան. ուսուցիչ կարգենք զայն։ Չեղաւ. Թէրզեան, ջերմ կողմնակից մտամարզութեան, շատ հոգ չի տանիր հոգւոյ փրկութեան։ Թէրզեան արդարեւ հիացմամբ կը կարդայ Սաղմոսն, այլ կը բանայ գլուխն երբ կարդայ Հոմերոսն։ Աճէմեան դաստիարակել բայն աւելի լաւ կը խոնարհէ, քան աղօթելն։ Աճէմեան մանկանց համար հոգի կու տայ, հոգին կը մոռնայ։

Այսպէս կրնայի շարունակել։ Կրնայի դեռ անհամար փաստերով ապացուցանել Պէշիկթաշցւոյն խորին, անհնարին անտարբերութիւնն իր զաւակաց դաստիարակութեան նկատմամբ»։

Տէմիրճիպաշեան հիացումով կը յիշէր Զուիցերիոյ ու Ամերիկայի ժողովուրդները ու ցաւով կը նշէր, թէ այդ ժողովուրդներուն մաս կազմած ըլլալ կը փափաքէր ու արժանանալ այդ երանութեան, քանի որ իր հայրենակիցներուն յետադիմութեան մասին ողբալու հարկադրանքէն ձերբազատուած պիտի ըլլար։

Հիացումով կ՚արձանագրէր, թէ թաղին մէջ կար նաեւ մասնաւոր նախակրթարան մը, ուր «ձեռնհաս ծնողներ» իրենց զաւակները կը ղրկէին։ Այդ վարժարանին մէջ կ՚ուսուցչագործէր Զաքարիա Պատուելին, որ «այդ հաստատութեան մէջ թաղային վարժարանէն աւելի խնամք կը տանէր մանկանց բարւոք դաստիարակութեան համար»։

Գովքը կը հիւսէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, ուր ազնուական դպրոցներու թիւը օր ըստ օրէ կը նուազէր ու անոնց տեղ կը բազմանար ժողովրդային, թաղային վարժարանները, ուր բոլոր աշակերտները կ՚ընդունէին հաւասար դաստիարակութիւն, անկախաբար իրենց պատկանած ընկերային դասակարգէն։ Նաեւ աշակերտներ մանուկ տարիքէն կը վարժուէին եղբայրաբար ապրիլ, որպէսզի այդ դաստիարակութիւնը յետագային չափահաս տարիքի աշակերտներուն կեանքէն ներս իր դրական անդրադարձը ունենար։

Ափոսալով կ՚անդրադառնար վարժարաններու կրթական վիճակին՝ ըսելով, թէ «մեր զաւակներուն մարմնաւոր ու մտաւոր զարգացման երբեք լրջօրէն չենք խորհիր։ Երբ Զաքարեան Նախա-կըրթարանի շրջանն աւարտեն աշակերտներն, ուսմունքն ո՞ւր պիտի երթան լրացնել։ Թաղային վարժարանն, արդէն տեսանք, ոչ ընտելարան է, ոչ նախակրթարան, ոչ ուսումնարան։ Նոյն ողբալի վիճակն ունին եւ դրացի թաղից, Միջագիւղի եւ Ղալաթիայի, եւ համայն թաղից ալ վարժարանք։ Ուրեմն ո՞ւր բարձրագոյն, եւ ո՞ւր խոնարհագոյն ուսումն առնու ժողովրդեան զաւակն. ո՞ւր սորվի գիտութիւն, ո՞ւր սորվի վաճառականութիւն, ո՞ւր սորվի ազգային լեզու եւ ազգային պատմութիւն, ո՞ւր սորվի արուեստ, ո՞ւր սորվի գեղարուեստ։

Չունինք դպրոց, չունինք արուեստանոց. Մեր մանուկն օտարին կրթել կու տանք։ Ու կը տրտրնջանք թէ Հայոց ազգն աղքատ է, թէ Հայոց ազգն ազատ չէ։

Գործ կայ, կ՚ըսէ Պօղոս Վարդապետն, այլ գործող չկայ։ Հաց կայ, կ՚ըսէ ռամկական առածն, այլ բերան չկայ։ Ու վարժարանի մասին իր դիտարկումը կը վերջացնէ «Մարդ չկայ, աւա՜ղ» ըսելով։

Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Շրջապտոյտ»ին մէջ բաժին յատկացուցած էր նաեւ «Սանուց Ընկերութեան», «Ընկերութեան», «Մատենադարան, Լսարան, Խօսարան»ի։

Սանուց Ընկերութիւն գլխարկման ներքեւ խորհրդածած է միութեան իմաստին ու կարեւորութեան վրայ, ընդգծելով՝ միութեան կարեւորութիւնը. «Տկար է մարդն առանձին, տգէտ է, տխուր է. միութիւնն մխիթարութիւն է, միութիւնը զօրութիւն է, միութիւնն քաղաքակրթութիւն է։ Միութեամբ կը բառնան ամէն արգելքներ, որք ուրեք ուրեք կը խափանեն քաղաքակրթութեան ուղին»։ Տէմիրճիպաշեան, զանազան երկիրներու մէջ ընկերութեան գաղափարի զարգացումին մասին գրած էր։ Ապա, յիշած էր ընկերութեանց միջոցաւ իրագործուած հրաշքի համազօր զարգացումները։ Ըստ իր արտայայտած գաղափարին «Հայ անհատներ արեւմտեան աշխարհաշէն գաղափարները ոչ միայն ընդունած էին, այլ սկսած՝ գործադրել։ Սակայն ընդհանուր ազգը կը քնանար»։ Իր համոզումն էր, թէ «Հայ ազգն ալ պիտի արթննար»։

Կը յիշէ, թէ Խասգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ զանգակը փոխադրուած էր Պէշիկթաշ (1879)։ Այս զանգակը դուռ բացած էր, որ «թաղեցիներու մտքերն ու սրտերը արթննան։ Երիտասարդութիւնը սկսած էր զգալ ու խորհիլ ու այս գծով Սանուց ընկերութիւն մը հիմնուած՝ Պէշիկթաշի մէջ» (1879)։ Եղիայի համար «ըղձալի էր, որ Սանուց ընկերութեան գործունէութեանց մասին կարենար ոչ միայն ամբողջ գլուխ մը գրել, այլեւ ամբողջ գիրք մը յօրինել։ Սակայն հիմնարկումէն ի վեր, ոչ միայն թաղային վարժարանն յառաջացած չէր, այլեւ աւա՜ղ, սակաւ ինչ ետ ալ գացած էր»։ Իր խօսքին շարունակութեան մէջ կ՚ըսէր. «Անտարակոյս ըսել չեմ ուզեր թէ սանուց ընկերութիւնն է պատճառ այս յետադիմութեան. այլ չեմ կրնար լռել թէ Սանուց ընկերութիւնն ալ չի գիտեր գործել։ …Պէշիկթաշի Սանուց Ընկերութիւնը, թաղին մէջ իսկ, եկեղեցւոյն եւ վարժարանին մօտաբնակ սաներ չի տեսներ…Աչք ունին եւ ոչ տեսանեն»։

«Շրջապտոյտ»ի «Ընկերութիւն» բաժնին մէջ ուսումնասիրած էր Պէշիկթաշի Հայոց կենցաղը, ըստ որում «հաղորդակցութիւն, ընկերութիւն չկար եւ ազգայիններ կ՚ապրէին կղզիացեալ»։ Այս առումով, Պէշիկթաշը կը նկատէր որպէս «կատարեալ Արշիպեղագոս մը»։ Կը յիշէր, թէ «երբեմն թաղի ուսումնասէր եւ ազգային անձեր, միմեանց տուն կը հաւաքուէին կարգաւ ամէն գիշեր եւ ազգային, ուսումնական եւ քաղաքական խնդրոց վրայ կը խօսակցէին, կը վիճաբանէին, եւ իրար կը լուսաւորէին։ Եւ յայնժամ Պէշիկթաշի վարժարանն ալ բարեկարգ վիճակ ունէր, փայլիլ, պայծառանալ կը սկսէր։ Եւ յայնժամ Պէշիկթաշէն ուղուած ուղախոհ նամակներով եւ յօդուածներով կը զարդարուէին մերթ օրագրաց էջեր։ Եւ յայնժամ Պէշիկթաշ անուամբ եւեթ քար էր եւ իրօք բանաստեղծի բառովն քնար ըլլալ կը սկսէր։ Այսինքն Պէշիկթաշ կը սկսէր յուզուիլ, խորհիլ, լուսաւորուիլ եւ ապրիլ»։

Կը յիշէ Կարապետ Գարակէօզեանը, որպէս այս շարժման նախակարապետը, Կարապետ Իւթիւճեանը՝ որպէս գրչի մշակ, Կարապետ ամիրա Պալեանը՝ որպէս բարերար Պէշիկթաշի եւ համայն ազգին։ Կ՚անդրադառնայ Կարապետ Վրդ. Շահնազարեանի հանդէպ շղթայազերծուած ժխտական կեցուածքին մէջ այլոց դրդմամբ Կարապետ ամիրայի ակամայ ունեցած դերին։

«Մատենադարան, լսարան, խօսարան» բաժինը կը մատնանշէ Պէշիկթաշի մէջ նշմարելի թերութեան մը գոյութիւնը։ Քանի որ «Պէշիկթաշ առաջին աստիճանի թաղ էր, ուր Հայեր թուաւոր եւ ունեւոր, ունէին Պոլսոյ ամենէն գեղեցիկ եկեղեցին, ունէին Պոլսոյ ամենէն մեծակառոյց վարժարանն,… սակայն Պէշիկթաշի թաղը կ՚անգիտանար կիրակնօրեայ վարժարան, Լսարան, Խօսարան, Մատենադարանի կարեւորութիւնը», մինչ ուրիշ թաղեր կը վայելէին անոնց բարիքները, որովհետեւ «Պէշիկթաշցին ոչ կարդալ կը սիրէր, ոչ գրել կը սիրէր, ոչ խօսիլ կը սիրէր ոչ ալ՝ լսել»։ Կը շեշտէր, թէ պէտք էր կրթութեան լոյսը ծաւալել եւ որպէս միջոց կ՚ընդգծէր դպրոցի, գիրքի, օրագիրի, լսարանի, խօսարանի, մատենադարանի, արուեստանոցի, արուեստահանդէսի ունեցած կարեւոր դերերը։ Կը նշէր Համբարձում Իփէքճեանի պատրաստած տեղեկագիրը, որ անլսելի մնացած էր, կարծես գերմաներէն ըլլար։ Նաեւ Պօյնուէյրիանցի «Առաջարկութիւն»ները գրատուն կը մտնէին եւ «ոչ մեր գլխուն»։

Իր խորհրդածութիւնը կ՚եզրակացնէ բաւական ծանր բառերով. «Ո՜հ, հայրենակիցք իմ. խոստովանինք թէ քաղաքակիրթ ազգաց դասուն մէջ մտնել արժան չէ դեռ Հայոց ազգն…»։

Եղիա Տէմիրճիպաշեանի սոյն սրտցաւ արտայայտութիւններէն չորս տարի յետոյ, Մաքրուհեան վարժարանը, ազատելով իր վերջին ծայր անկեալ վիճակէն, կարեւոր ոստում մը պիտի արձանագրէր։ Տրդատ-Համազասպ Տատեան յատուկ նախանձախնդրութեամբ մօտեցած էր վարժարանին, որ իր սրտին կը խօսէր, որովհետեւ կառուցուած էր իր հօրեղբօր աղջկան՝ տիկին Մաքրուհի Պալեանի արդեամբ, յետ մահու։ Վարժարանը վերականգնելու առաջադրութեամբ 1884-ին կ՚ընտրուէր Պէշիկթաշի թաղական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ վարժարանի հոգաբարձութեան։ Տասնեւերկու տարուայ պաշտօնավարութիւնը եղած էր արդիւնաբեր ու վարժարանը գրաւած՝ առաջնակարգ դիրք։ Իր նախաձեռնութեամբ կազմուած էին նաեւ Մաքրուհեան եւ Մաքրուհեան Ուսումնասիրաց ընկերութիւնները, նաեւ եղբօրը՝ Վահրամ Տատեանի աջակցութեամբ Կրթական մարմնամարզական ընկերութիւնը, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած էին կրթական եւ ընկերային կեանքէն ներս։

Իր ծննդեան 170-ամեակին առթիւ հանգստեան աղօթքով կը յիշենք Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, որ իր ժամանակին քաջութիւնը ունեցած էր անդրադառնալու թաղի մը մէջ նշմարուած թերութիւններուն։ Նաեւ կը յիշենք բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ անձերը, որոնք նախանձախնդիր կեցուածք որդեգրելով ջանացած էին լուծել ներկայացուած հարցերը։ Անոնք յաջողած էին կամ ոչ՝

Յարգանք իրենց վաստակին եւ խունկ ու աղօթք իրենց յիշատակին։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

- վերջ -

Երկուշաբթի, Յուլիս 19, 2021