ՆԵՆԳ ՈՒ ԱՆԱՐԴԱՐ՝ ՄԻ՛ՇՏ ԱՇԽԱՐՀՆ Է ՀԻՆ
Այնքա՜ն իրաւացի են սփիւռքահայ բանաստեղծ Նիկողոս Սարաֆեանի «Հոգիս վառեց իր լոյսը թախիծին» բանաստեղծութեան մէջ գրած հետեւեալ տողերը.-
«Նենգ ու անարդար՝ մի՛շտ աշխարհն է հին...»:
Վստահաբար աշխարհի անարդարութիւնը վերջին դարուն պատկանող երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ աշխարհը, յարմարելով ամէ՛ն ժամանակի, եղած է անարդար ու անհաւասար, սակայն ո՛չ այնքան բացայայտ՝ ինչքան այսօր:
Այս անարդարութեան մասին աւելիով մտածել սկսայ, երբ լրատուական աղբիւրէ մը կարդացի այն դժբախտ պատահարին մասին, որ մայր մը իր նոր ծնած մանուկը աղբի տոպրակի մէջ դնելով նետած է հսկայական աղբամանի մը մէջ, սակայն բարեբախտաբար անցորդներ մանուկին լացը լսելով մահէ փրկած են զայն:
Իր զաւակը աղբը դնող մօր պարագաները յստակ չեն ինծի, սակայն անարդարութիւնը հո՛ն է, որ գիտեմ բազմատասնեակ մարդիկ, որոնք հոգի կու տան, իրենց ամենօրեայ աղօթքի նիւթ կը դարձնեն զաւակ ունենալը. կը տեսնեմ անձ մը՝ որ զաւակի մը իսկական արժէքը չի գիտեր, սակայն ունի աւելի քան 5-6 զաւակներ, որոնց ո՛չ կրթութիւնը լաւապէս կը հոգայ, ո՛չ ալ առողջական վիճակը, մինչ անդին ուրիշներ այդ բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունենալով կը շարունակեն մնալ անզաւակ:
Այսօր աշխարհի տարբեր ուխտատեղիներ լեցուն են զաւակ ունենալու յոյսով ապրողներով, մինչ այս պատկերին հակառակ շա՜տ մը փողոցներ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ լեցուն են անտէր ու անխնամ մանուկներով, որոնք ուսումէ ու դաստիարակութենէ հեռու ապագայ գողեր ու ոճրագործներ դառնալու «արհեստ»ը ձեռք ձգել կը փորձեն:
Անհաւատալի, բայց կան «ծնող»ներ, որոնք իրենց զաւակները արկածի զոհ կը դարձնեն՝ անոր արեան գինը ձեռք բերելու եւ զաւակի մահուամբ գումար վաստակելու համար, այն համոզումով որ զաւակ բերելը ձրի է... Տէրը կու տայ եւ այս համոզումով տասնեակ մը երեխաներ կը թափեն ճամբան, իսկ անդին ամբողջ կեանք մը տառապող մը ամէն գիշեր կ՚աղօթէ, որ այդ տասնեակ զաւակներէն միայն մէկը ունենար:
***
Օրեր առաջ Հայաստան ժամանեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ապրող սփիւռքահայ բարեկամ մը. արձակուրդի համար եկած էր Հայաստան եւ խնդրեց, որ առիթով մը ամբողջ օր տրամադրեմ իրեն՝ մի քանի տեսարժան վայրեր տանելու պայմանաւորուածութեամբ: Անձը իր երկու շաբթուան արձակուրդին համար որոշած էր ծախսել մօտաւորապէս 5 հազար ամերիկեան տոլար՝ գումար մը, որ Հայաստանի համեստ պայմաններուն մէջ ապրող հայեր ամբողջ տարուան մը աշխատանքով դժուար թէ մէկտեղեն:
Որքանով տրամաբանական է այդ մէկը անարդար նկատել՝ չեմ գիտեր, որովհետեւ անձ կայ աշխատասէր է, իսկ անձ կայ՝ ծոյլ, սակայն անտրամաբանականը այն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին օրական 3 հազար դրամի դիմաց աշխատողներ կան, մինչ կան հայորդիներ, որոնք մէկ օրուան մէջ կը ծախսեն աւելի քան 400-500 հազար դրամ՝ պարզապէս հաճոյքի համար. Հայրենիքի մէջ կան մարդիկ, որոնք իրենց գլուխը պատէ պատ տալով սփիւռքահային մսխած այդ մէկ օրուան ծախսը ունենալ կը փորձեն՝ հաւանաբար բժշկական վիրահատութիւն մը ունենալու համար:
Աշխարհի անարդարութիւնը հո՛ն է, որ կայ մարդ իր զաւակին դեղ առնելու համար 20 հազար դրամի կարիքը ունի, մինչ անդին ուրիշ մը պարզապէս իր հաճոյքին համար հարիւրաւոր հազարներ կը մսխէ: Մարդիկ 100 հազար դրամի մը պակասութեան ու այդ պակասութեան պատճառած հոգեկան ճնշումին պատճառով մինչեւ իսկ իրենց կեանքին վերջ կու տան, մինչ ուրիշ մը նոյն գումարը իր ընթրիքին համար կը ծախսէ:
Մարդ կայ ունի մի քանի տասնեակ տուներ, ինքնաշարժներ, սակայն ուրախ չէ իր կեանքէն, իր ունեցածէն, մինչ անդին կան մարդիկ, որոնք փոքր հիւղակի մը տէր ըլլալու փափաքովը կ՚ապրին ամէն օր. համեստ ինքնաշարժ վարող մը մեծահարուստներու ինքնաշարժները կը ցանկայ, մինչ անդին ուրիշ մը երանի՜ կու տայ այդ համեստ ինքնաշարժին տէր դառնալու համար:
Այս օրերուն մեռած են արդարութիւնը, եղբայրասիրութիւնն ու ողորմածութիւնը, ա՛յն աստիճան, որ այսօր մարդիկ կը նախընտրեն 100 հազար դրամ ծախսել իրենց շան հանգիստին, քան բարեկամի, հարազատի մը նեղութեան հասնելու:
Ցաւ ի սիրտ, այսօր աշխարհի վրայ մարդոցմէ շա՜տ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ ապրող շուներ գոյութիւն ունին. անոնցմէ շատեր նոյնիսկ ծառաներ... շունին ծառայող մարդիկ կան այսօր աշխարհի վրայ:
Պարզ թուաբանական հաշիւով այսօր 1 միլիառ տոլար ունեցող անձ մը, եթէ օրական ծախսէ 10 հազար ամերիկեան տոլար, կրնայ ունեցած հարստութիւնովը ապրիլ 274 տարիներ. այսօր աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան 100 միլիառ տոլարի տէր մարդիկ՝ որոնք իրենց հարստութիւնը ծախսելու համար ունին աւելի քան 2.740 տարի...:
Այս բոլոր անհաւասարութիւնները մէկտեղուելով է որ կը կազմեն կեանքը՝ որ հակառակ անհաւասարութեան, բոլորին համար պատրաստած կը պահէ հաւասար ու հասարակաց գիծ մը՝ որ բոլորը հաւասար կը դարձնէ... գիծ մը՝ որ կու գայ վերջ տալու անարդարութիւններուն. կեցցէ՛ մահը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՌԱՖԱՅԷԼ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ
(1946-2010)
Մեր թուականէն 12 տարիներ առաջ՝ 19 յուլիս 2010-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրող, արձակագիր եւ Գրողներու միութեան անդամ Ռաֆայէլ Նահապետեան:
Նահապետեան ծնած է 8 յունիս 1946 թուականին, Երեւանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ եւ ապա ընդունուած է Երեւանի Ելեկտրագիտական արուեստից վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1965 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք Նահապետեան աշխատած է Ելեկտրագիտական համամիութեան գիտահետազօտական կաճառի հայկական մասնաճիւղին մէջ: Որոշ ժամանակ աշխատելէ ետք Նահապետեան որոշած է շարունակել ուսումը եւ ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1971 թուականին:
Երկրորդ ուսումը աւարտելէ ետք, Նահապետեան 1971-1973 թուականներուն սպայի պաշտօնով ծառայած է Խորհրդային Միութեան բանակին. ապա 1974-1983 թուականներուն ստանձնած է Հայաստանի Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէի գրական հաղորդումներու գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը եւ ապա դարձած է աւագ խմբագիր: Գրչեղբօր՝ Արա Մնացականեանի հետ միասին որոշ ժամանակ սկսած է քարոզել ազգասիրութիւն ու ազատամտութիւն, որու պատճառով Խորհրդային Միութեան ղեկավարներուն կողմէ դատապարտուած է ազատազրկման:
Նահապետեան իր առաջին գործը՝ «Հայրենիքի ժամանակ»ը խորագրով (պատրաստուած Արա Մնացականեանի գործակցութեամբ), առաջին անգամ հրատարակուած է 1970 թուականին, «Գարուն» պարբերականին մէջ՝ սփիւռքահայերու ներգաղթի նիւթով: Ապա Նահապետեան հեղինակած է պատմուածքներ, վիպակներ, ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան հաղորդումներ, որոնք թարգմանուած են ռուսերէնի, ռումաներէնի, չեխերէնի եւ այլ լեզուներու: Նահապետեանի գործերէն են «Հրաշէկ նժոյգներ», «Մեղեդի երեւակայական ջութակի համար», «Ագռաւի աղջիկըե», եւ «Ծագեց խաւարը» եւ այլ աշխատութիւններ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ