ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ ՆԱՒԱԿ ԾԱԽՈՂՆԵՐԸ

Յաճախ վհատած, անյոյս մօտեցում մը կ՚ունենանք հայ լեզուի ներկայ վիճակին եւ մանաւանդ անոր ապագային, լաւապէս գիտակցելով որ ժամանակը աւելիով պիտի բորբոքէ նահանջի երթը՝ որուն ակամայ ականատեսներէն ենք բոլորս. սակայն պահ մը թշուառ այդ վիճակէն դուրս կու գանք, տեսնելով երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք որպէս մէյ մէկ փարոս, կու գան լուսաւորելու խաւարը, միւս հասութաբեր բոլոր ճիւղերը մէկդի դրած իրենց անձերը հայագիտութեան նուիրելով. թէեւ թիւով քիչ են անոնք, սակայն յոյսի փարոս մըն են. առաքեալներ՝ որոնք կու գան յանձն առնել հայոց լեզուի պահպանումը՝ հակառակ ժամանակի ամէն տեսակ դժուարութիւններուն:

Իրականութեան մէջ անոնց անձնական մտահոգութիւնները պէտք է մեր բոլորին հաւաքական մտահոգութիւնը ըլլայ, որովհետեւ անոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ այն նուիրեալ ճիւղը՝ որ ընտրած են, մի՛շտ լեցուն պիտի ըլլայ դժուարութիւններով. անոնք այսօր կը նմանին անապատի մէջ նաւակ ու անձրեւանոց ծախողներու՝ որոնք նիւթապէս խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ կը գտնուին: Յուսադրող է տեսնել երիտասարդներ, որոնք միւս առինքնող ու հրապուրիչ նիւթերէն հրաժարած կու գան զբաղելու գրականութեամբ՝ հայ գրականութեամբ, լաւապէս գիտակցելով որ նման ճիւղի մը մէջ այնքան ալ փայլուն ապագայ մը ակնկալել կարելի չէ: Այդ իսկ պատճառով թիւով քիչ այդ երիտասարդները պէտք է կոչել մարտիրոսներ, որոնք յանձն կ՚առնեն սեփական շահերու եւ ուժերու գնով ջատագովը ըլլալ մայրենի լեզուին, որ այնքան ալ փայլուն վիճակի մէջ չի գտնուիր:

Սակայն կը հաւատանք, որ ազգովին պատասխանատուութիւն մը ունինք անոնց հանդէպ, որովհետեւ իրենք յանձն առած են անձնազոհ ըլլալ մեր մայրենի լեզուին համար, սակայն անոնց ապագան աւելի քան մառախլապատ է. ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վիճակը համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք. իրենց հայագիտական գիտութիւնը ո՞ւր ի գործ պիտի դնեն՝ հակառակ անոր որ մեծապէս կարիքը ու պակասը ունինք հայագէտներու՝ թէ՛ մամուլի, թէ՛ դպրոցի եւ թէ գրականութեան մէջ: Հակառակ այդ ծով ծարաւին, ո՞վ քաջալեր պիտի հանդիսանայ եւ իրենց դիմաց բանայ դաշտը՝ որպէսզի ազատօրէն ի գործ դնեն: Անոնց ապագան աւելի քան անորոշ է. անոնք ծանօթ, խնամի կամ բարեկամ պէտք է գտնե՞ն, որպէսզի յաջողին սփիւռքի գաղութի մը մէջ ուսուցչութեան պաշտօնին հրաւիրուին. այսօր, երբ գործող մամուլները նիւթական ծանր դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, ո՞վ զանոնք պաշտօնի պիտի կոչէ որպէս խմբագիր կամ սրբագրող։ Գրական կամ բանասիրական ուսումնասիրութիւն մը կատարելու պարագային անո՞նք եւս մերօրեայ հայագէտներուն նման պիտի անցնին ազգային մուրացկանութեան՝ որպէսզի գտնուի «Աբիսողոմ աղա» մը եւ հոգայ իրենց պէտքերը՝ որպէսզի իրենց ջանքը ի գործ դնեն գրականութեան եւ հայոց լեզուի պայծառացման: Այս հայագէտներէն քանի՞ն մեր ազգէն յուսախաբ՝ պիտի ուզեն, որ իրենց զաւակները նման ճիւղէ մը հեռու մնան:

Ցաւ ի սիրտ, ունինք երիտասարդներ, որոնք հայագիտական ուսանելով հանդերձ, այսօր ամբողջութեամբ ուրիշ մասնագիտութեամբ կը զբաղուին՝ շատ անգամ չուզելով: Շատեր մեղաւոր կը նկատեն այդ երիտասարդները, որոնք իրենց մասնագիտութիւնը ձգած ուրիշ ճիւղերով կը փորձեն իրենց հացը վաստակիլ։ Սակայն խնդիրը այդ երիտասարդները չեն, այլ զիրենք յուսախաբ ընողները. աւարտելէ ետք անոնք այսպէս կամ այնպէս, հազար ու մէկ դժուարութիւններով կը մեկնին զանազան գաղութներ՝ իրենց գիտելիքները այդտեղ ի գործ դնելու. կը կարծուի, թէ անոնց դիմագրաւելիք մեծագոյն դժուարութիւնը պիտի ըլլայ նոր սերունդին մայրենի լեզուին չտիրապետելը, սակայն այդ մէկը կ՚ըլլայ ամենէն դիւրինը. դժուարը կ՚ըլլայ այն, որ կը յայտնուին որոշ գաղութի ղեկավարներ, յաճախ կուսակցականներ, որոնք իրենց չգիտցած մայրենիով կը փորձեն հայագիտականի մեր երիտասարդներուն բացատրել, թէ ինչպէս պիտի կատարեն իրենց պաշտօնը. անոնք կը բանտեն երիտասարդը իրենց գաղափարներով ու մտածումներով եւ առիթ չեն տար, որպէսզի երիտասարդը ի գործ դնէ բոլոր այն գիտելիքներն ու ապրումները՝ որոնք ունեցած է իր մէջ. կը բանտեն անոր գաղափարները եւ վերջաւորութեան կը մեղադրեն նոյն երիտասարդը՝ յաջող արդիւնքներ առաջ չբերելու համար: Յանկարծ ֆրանսերէն կամ յունարէն խօսող ղեկավար մը կը սկսի քարոզ կարդալ հայագիտականի մեր երիտասարդին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կատարէ հայ լեզուի դասաւանդութիւնները:

Մեր ձախողութիւններու պատճառը մի՛շտ ալ մենք ենք. նման երիտասարդներու յուսախաբութեան պատճառը եւս մենք ենք. ու չես գիտեր ինչպէս, այս բոլորէն ետք բարձր բեմերուն վրայէն կը համարձակինք խօսիլ հայագիտականի, հայ լեզուի եւ անոր ուսուցումին կարեւորութեան մասին: Այսօր հայագիտականի դասընթացքներուն հետեւող երիտասարդներու թիւը քիչ է. քիչ է նաեւ կարող ուսուցիչներու թիւը՝ որպէսզի յաջողին նման նիւթ մը արժանի ձեւով փոխանցեն:

Նման երիտասարդներն են, որոնք որպէս խենթեր հնար կը գտնեն։ Նման երիտասարդներ են, որոնք պիտի շարունակեն պայքարիլ լեզուի նահանջին դէմ. անոնց գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն է մեր ազգին համար. երանի՜ ամէն գաղութ ունենար իր նուիրեալները. այսօր ունինք երիտասարդներ, որոնք կ՚ուզեն հայագիտականի ուսուցման հետեւիլ, սակայն նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, մանաւանդ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ. երանի՜ գտնուի ձեռք մը, որ բաւարարէ անոնց ուսման ծարաւը՝ ի շահ մեր լեզուին ու ազգին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Երաժշտութիւնը կենդանիներուն համա՞ր եւս հաճելի է:

Պատասխան. Այո, երաժշտութիւնը հաճելի է նաեւ կենդանիներուն համար, թէեւ տարբեր են անոնց արձագանգներն ու նախասիրութիւնները: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ շուները, կատուները, ինչպէս նաեւ կովերը դրական արձագանգ կու տան երաժշտութեան. օրինակ՝ դասական երաժշտութեան ժամանակ շուները կը հանգստանան, մինչ նոյն երաժշտութեան համար կատուն տարբեր արձագանգ կ՚ունենայ: Գիտականօրէն փաստուած է, որ կովերը աւելի կաթ կ՚արտադրեն հանգստացնող երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Այդ իսկ պատճառով իւրաքանչիւր կենդանիի մօտ երաժշտութիւնը տարբեր ազդեցութիւն ու արձագանգ կ՚ունենայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2024