ՆԵՐՔՆԱՊԷՍ ՆՈՐՈԳՈՒԻԼ
Զարմանահրաշ գիւտերու եւ ճարտարարուեստագիտական եւ հնարագիտութեան ներկայ դարուն՝ ոեւէ խոհուն մարդ, որ ներքնահայեաց կ՚ըլլայ եւ կ՚իջնէ, կը թափանցէ իր հոգւոյն խորքը, հաստատապէս կը համոզուի, թէ ո՛չ սաւառնակը, ո՛չ համացանցը, ո՛չ հեռուստացոյցը եւ ոչ ալ որեւէ մեքենական հնարք՝ որքան ալ հրաշակերտ թուին, կրնան գոհացում տալ մարդուս հոգեկան տենչանքներուն, խորին պահանջներուն։
Արդարեւ, պէտք է ընդունիլ, որ տեսանելիներէն վեր՝ անտեսանելիներ, գիտական, ապացուցուած ճշմարտութիւններէն վեր ուրիշ անիմանալի՝ մարդկային ըմբռնումէն վեր ճշմարտութիւններ կա՛ն։ Ուստի, հարկ է ընդունիլ, թէ մարդկային միտքը սահմանաւոր է՝ ան ունի թերութիւններ, տկարութիւններ, բայց բնութիւնը, եւ որուն գիւտն է գիտութիւնը, անսահման է։ Այս պատճառով, մարդուս համար անկարելի՛ է հասնիլ ամբողջ գիտութեան, եւ մանաւանդ անտեսանելի հոգեւոր ճշմարտութեան։ Ան՝ որ «խորհուրդ» է, մարդկակարողութեամբ եւ մտային տարողութեամբ հասկնալ, ըմբռնել եւ բացատրել կարելի չէ՛։
Բնութիւնը մարդուս կը յայտնէ ա՛յնչափը, որ տրամադրուած է անոր հասկացողութեան։ Եւ ասիկա հետեւանքն է «արգիլուած պտուղ»ին, այն՝ որ ամէն ինչ արտօնուեցաւ մարդուն, բաց ի «արգիլուած ծառին պտուղ»էն։ Ահաւասիկ, այս «արգելք»ը՝ օգտագործելու պայմանադրութիւնը «ծառի պտուղ»ին խորհրդանիշով արդէն տնօրինուած է մարդկային ամբողջ ցեղին համար։
«Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր…». (ԾՆՆԴ. Բ 16-17)։
Արդարեւ, աշխարհ եւ մարդկային կեանք՝ բնութիւնը ամբողջ հիմնուած է չափ եւ կշիռի սկզբունքի վրայ. չափաւոր ըլլալ եւ կշիռը պահել՝ կեանքին առաջնակարգ պայմա՛նն է։
«Ինչպէս ամէն մարզի մէջ, կարդալու մէջ ալ կը չափազանցենք», ըսած է Lucius Annaeus SENECA։
Նաեւ Titus LUCRETİUS CARUS ըսած է, թէ՝ մարդ շրջանակի մը մէջ տեւապէս կը շրջի։
Անշուշտ, մեր նպատակը երբեք ստորագնահատել չէ՛ գիտութիւնը, գիտական աշխատութիւնները, քանի որ բնութիւնը ուսումնասիրել մարդուս առաջնակարգ պարտքն է. «Քննեցէ՛ք գիրքերը…», բայց եւ այնպէս, չափ եւ կշիռը պահելով, յարգելով «խորհուրդ»ները եւ ո՛չ թէ սահմանափակել գիտական աշխատանքը, հապա՝ չափաւորել, եւ մա՛նաւանդ չանտեսել հոգեւոր աշխարհը։ Արդէն պատմութեան մէջ խորհող միտքեր եւ ճշմարիտ գիտնականներ մի՛շտ հոգեւոր արժէքները ճանչցած եւ իրական հաւատացեալներ եղած են։
Որովհետեւ, գիտական ճշմարտութիւններէ վե՛ր ուրիշ, թերեւս անիմանալի, ուժեր հա՛րկ են հոգիին պէտքերը յագեցնելու, եւ հոն ծածկուած ուժերը վերանորոգելով՝ բարձրագոյն ոլորտներն է, որ կը յայտնէ եւ կը խոստանայ Յիսուս Քրիստոս, եւ կ՚ըսէ. «Ես եմ ճամբան եւ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։
Արդարեւ, խաւարը հալածելով եւ հարուածելով կարելի չէ դուրս վանել սենեակէն, միակ միջոցն է լոյսը վառե՛լ։ Ուստի չարը ուղղութեան բերելու համար սխա՛լ է ուժի քաղաքականութեան հետեւիլ, շիտակ ճամբան սիրաշահիլն է։
Բարիին ուժը, սիրոյ ուժը որեւէ բանէ աւելի՛ զօրաւոր է չարին յաղթելու համար։
Սիրոյ հեղինակութեան կը հնազանդի ամէն ուժ եւ ամէն բռնութիւն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 18, 2024, Իսթանպուլ