ՀԱՒԱՏՔԻ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆ
Ինչպէս մարդկային բոլոր գործունէութեան եւ յարաբերութիւններուն մէջ, հաւատքի մէջ ալ յարատեւութիւնը անհրաժեշտ է անոր կատարելութեան համար։ Արդարեւ նպատակի մը հասնելու համար պէտք է ջանադիր ըլլալ՝ աշխատիլ, բայց չի բաւեր ասիկա, այլ պէտք է յարատեւել, աշխատիլ առանց վհատելո՛ւ։
Պահ մը խորհեցէք, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդ երբ կը յուսալքուի, կը վհատի իր նպատակի հասնելու ճամբուն վրայ, ի՜նչ կ՚արժէ անոր ջանադրութիւնը, ի զուր աշխատած կ՚ըլլայ, ի դերեւ կը մնայ իր բոլոր ջանքերը։ Ուստի անհրաժեշտ պայմա՛ն է առանց վհատելու, յարատեւութեամբ յառաջանալ նպատակի տանող ճամբուն վրայ, որքան ալ դժուարութիւններով լեցուն ըլլայ ան։
Յարատեւութեան գեղեցիկ օրինակ մըն է այն անդամալոյծին բժշկութիւնը՝ զոր կատարեց Յիսուս երբ տեսաւ, որ անդամալոյծը չէին կրնար մօտեցնել իրեն բազմութեան պատճառով եւ չվհատեցան, քակեցին տունին առաստաղը եւ անդամալոյծը իր անկողինով վար՝ իր մօտ իջեցուցին։
Աւետարանը սապէս կը վկայէ այս իրողութեան. «Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին։ Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին…» (ՄԱՏԹ. Թ 1-8, ՄԱՐԿ. Բ 3-4, ՂՈՒԿ. Ե 17-26)։ Եւ հոս կը տեսնուի, ահաւասիկ, հաւատքի մէջ յարատեւութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութի՛ւնը։
Թէ ի՜նչ դասեր կարելի է քաղել այս աւետարանական վկայութենէն։
Անշուշտ, ինչպէս ըսինք, յարատեւելու, առանց վհատելու դասը։ Եթէ անդամալոյծին չորս ընկերները, տեսնելով անկարելիութիւնը՝ մօտենալու Յիսուսի, ներկայ բազմութեան պատճառով, Յիսուս թերեւս պիտի չանդրադառնար անդամալոյծին եւ զինք բժշկելու առիթը պիտի չունենար։ Բայց անոնց ամէն տեսակ արգելքի առջեւ անվհատ կեցուածքը եւ իրենց հաւաքտին յարատեւութիւն պատճառ եղաւ, որ Յիսուս ուշադրութիւն դարձնէ անդամալոյծին վիճակին եւ անշուշտ բժշկէ զայն։
Աղօթքի մէջ ալ նոյնն է պարագան, երբ աղօթքի մէջ յարատեւ է մարդ, անպայման զինք պիտի լսէ Աստուած եւ պիտի պատասխանէ խնդրանքին։ Սակայն հարց մը կա՛յ՝ Աստուած դրական ձեւով կը պատասխանէ այն խնդրանքներուն՝ որոնք «Իր կամքին համաձայն» են, քանի որ մարդ աղօթած ատեն կ՚ըսէ. «Քու կա՛մք ըլլայ»։
Եւ Աստուծոյ կամքը միշտ մարդուն օգտին ի նպաստ է, Աստուծոյ կամքը մարդուն բարիքին եւ օգտին համեմատ կը յայտնուի։ Մարդ, անգիտակցաբար կրնայ իրեն աննպաստ եւ վնասակար բան մը ուզել, եւ ժխտակա՛ն պատասխան առնել եւ մերժուիլ Աստուծմէ։ Բայց մերժողական պատասխան առնել չի՛ նշանակեր Աստուծոյ կողմէ չլսուիլ կամ անտեսուիլ։ Աստուած անպայմա՛ն կը լսէ եւ անպայմա՛ն կը պատասխանէ, եթէ խնդրանքը ի նպաստ է՝ դրական, եթէ չէ՝ մերժողակա՛ն։
Այս պարագային, կարեւոր դեր կը խաղայ աղօթողին՝ խնդրանք ներկայացնողին փափաքը եւ նաեւ հաւատքը՝ եթէ Աստուծմէ անպայմա՛ն պատասխան մը պիտի տրուի իրեն։ Աղօթողը պէտք է գիտնայ եւ վստահ ըլլայ, որ զինք «Լսող» մը կա՛յ՝ որ իր արարիչն է եւ նախախնամը՝ հոգատա՛րը։ Ինչպէս ամէն ծնողք, նոյնպէս Աստուած երբեք չի մերժեր իր զաւակները, բաւ է որ անոնց ուզածը վնասակար ե անօգուտ չըլլայ…։
Ուրեմն մարդ իր ուզածը առնելու, իր արդար նպատակին հասնելու համար պէ՛տք է ամէն ճար եւ ամէն ճամբայ փորձէ, չվհատի, չյուսալքուի եւ հաստատ մնայ իր առաջադրութեան վրայ։ Խորհեցէք անգամ մը, սիրելի՜ բարեկամներ, եթէ մէկը ձեզմէ հարեւանցի կերպով, անստոյգ արտայայտութեամբ մը որեւէ բան ուզէ, ինչպէ՞ս կը դիմաւորէք զինք. գոնէ քիչ մը կասկածով, խնդրանքին լուրջ թէ անստոյգ ըլլալուն մասին տարակուսանքով չէ՞ք մօտենար անոր։ Իսկ եթէ հաստատամտօրէն, ինքնավստահ եւ մանաւանդ հաւատքով կ՚ուզէ մէկը բան մը, անպայման կը լսուի, հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ, եւ եթէ պայմանները թոյլատու են՝ կ՚արժանանայ իր փափաքին փոխառութեանը։ Ուստի լուրջ եւ պնդող ըլլալու է խնդրանքի մէջ՝ անձանձիր եւ յարատե՛ւ։
Անխոնջ աշխատութիւններն են՝ որ կը պսակուին յաջողութեամբ եւ յաղթանակով։
Ուրեմն աւետարանական այս վկայութեան մէջ կը տեսնենք երեք արժէք. «Սէր», «Հաւատք» եւ «Յարատեւութիւն»։ Սէր՝ ընկերին հանդէպ, հաւատք՝ Յիսուսի նկատմամբ եւ թէ՛սիրոյ, թէ՛ հաւատքի մէջ յարատեւութի՛ւն։ Արդարեւ առանց սիրոյ, առանց հաւատքի եւ առանց յարատեւութեան նպատակի մը հասնիլ՝ եթէ ո՛չ անկարելի, բայց դժուար է, քանի որ թէ՛ սէրը եւ թէ՛ հաւատքը անկատար են։
Մարդկային ամէն զգացում կատարեալ կ՚ըլլայ յարատեւութեամբ՝ անխոնջ, մշտաջան աշխատութեամբ։
Կեանքի մէջ նեղութիւններ, դժուարութիւններ անկարելի է որ չպատահին, բնական է ասիկա, բայց կարեւորը անոնց դէմ պայքարելու քաջութիւն եւ մանաւանդ հաստատակամութիւն ունենալն է. մարդ կրնայ իյնալ, բայց եթէ կարենայ իր իսկ ուժերովը վերականգնիլ, ահաւասիկ ա՛յդ յաղթանա՛կ է։
Բայց վերականգնելու համար անհրաժեշտ է սէրը, հաւատքը եւ յարատեւութիւնը։ Եթէ մարդ յուսալքուի, ապա կարելի չէ որ վերականգնի՝ կը մնայ հոն՝ ուր ինկած է եւ թերեւս աւելի վար կը գլորի։
Յովհաննէս, Յայտնութեան Գիրքին մէջ՝ Թիատիրի Եկեղեցիին նամակովը սապէս կը գրէ. «… եւ բոլոր Եկեղեցիները պիտի գիտնան՝ թէ ե՛ս եմ որ կը ճանչնամ մարդոց ցանկութիւններն ու մտածումները, եւ իւրաքանչիւրին կը հատուցանեմ իր գործերուն համաձայն» (ՅԱՅՏ. Բ 23)։ Այս կը նշանակէ՝ որ Աստուած անպայման կը լսէ, եւ կը պատասխանէ՝ սիրոյ, հաւատքի եւ յարատեւութեան համաձայն։
Եւ դարձեալ, Պօղոս Առաքեալ, եբրայեցիներուն գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Եւ չկա՛յ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի։ Անիկա պարզ ու յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ։ Եւ անոր է որ հաշիւ պիտի տանք» (ԵԲՐ. Դ 13)։ Այս կը նշանակէ, որ Աստուած կը տեսնէ ամէն մէկս եւ ամէն ինչ, քանի որ Ան ամենատես է եւ ամենակարո՛ղ։ Ուրեմն մարդ պէտք է արժանի կերպով վարուի այս «Տեսողութեան», եւ սիրով, հաւատքով, անվհատ կերպով մօտենայ անոր։
Աւետարանի բժշկութեան այս վկայութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղան՝ անդամալոյծին չորս հաւատարիմ ընկերները՝ որոնք զայն մահիճի մէջ կը բերեն Յիսուսի մօտ։ Այս չորս ընկերները՝ հաւատարմութեան, անկեղծութեան, ողորմածութեան եւ մանաւա՛նդ սիրոյ կատարեալ օրինակը կու տան, եւ մանաւանդ երբ արգելքներէ, դժուարութիւններէ չեն յուսալքուիր, ընդհակառակը՝ աւելի կը քաջալերուին եւ իրենց անդամալոյծ ընկերը կը հասցնեն Յիսուսի՝ որուն հանդէպ նոյնպէս անխախտ հաւատք մը ունին։
Ուստի բարեգործութեան եւ սիրոյ օրինակով, այս չորս ընկերները կը նմանցուին չորս Աւետարաններուն՝ որոնք ամէն ինչով կ՚օգնեն, կը քաջալերեն անոնք՝ որ կ՚ապաւինին ու կը վստահին իրենց վկայութիւններուն եւ «Խօսք»ին։
Երանելի՜ են ամէն անոնք, որ այդ չորս հաւատարիմ ընկերներուն պէս, գոնէ մէկ կամ երկու ընկեր ունին, ո՛չ միայն մարմնաւոր՝ ֆիզիքական օգնութեան համար, այլ եւ մանաւա՛նդ բարոյական եւ հոգեւոր պահանջքներու համար, որպէս ապաւէն մը իրենց տկարութեան եւ կարիքներուն մէջ, նեցուկ կանգնո՛ղ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 3, 2016, Իսթանպուլ