«ԵՐԹԱԼ ՎԵՐՋԻՆ ՄՂՈՆԸ»

Ժողովրդական ասացուածք մը կ՚ըսէ. «Ողջ եւ առողջ ձուկ մը միայն կրնայ լողալ հոսանքն ի վեր. իսկ հին եւ անշունչ փայտի կոճղ մը անգամ՝ առանց ջանքի, կրնայ ծփալ ջուրին երեսը եւ երթալ հոսանքն ի վար»։ Իսկ Գերմանիոյ նախկին վարչապետներէն Konrad Adenauer իր յուշերուն մէջ կ՚ըսէ, թէ իր ականջին կը հնչէր խրատ մը յաւերժօրէն, որ կ՚ըսէր. «Գնա՛ վերջին մղոնը, եւ ըմբոշխնէ այդ վայելքը»։

Արդարեւ, կեանքի մէջ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար պայմա՛ն է հեռանկար մը ունենալ, տեսիլք մը ապրիլ՝ երեւակայել եւ այդ հեռանկարին հասնելու համար նետել առաջին քայլը՝ սկսի՛լ, յետոյ գիտնալ թէ ճամբան բաց է եւ լուսաւո՛ր, եւ առանց վհատելու քալե՜լ, քալե՜լ եւ քալե՛լ՝ հաստատակամ եւ անդրդուելի վճռականութեա՛մբ։

Կեանքի փորձառութիւնը ամենալաւ դպրոցն է անոնց համար, որ գիտեն օգտագործել զայն՝ անդրադառնալով փորձառութեան կարեւորութեան։

Արդարեւ, Գերմանիոյ նախկին վարչապետներէն Konrad Adenauer «Ինծի տրուած լաւագայն խրատը» խորագրով իր կեանքի փորձառութենէն շահեկան հատուած մը կը ներկայացնէ։ Այս իրապէս շահեկան հատուածը մենք ալ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ Յ. Գ. Ճէտիտեանի թարգմանութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։

ԻՆԾԻ ՏՐՈՒԱԾ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽՐԱՏԸ

Երբ ես դեռ տղեկ մ՚էի, սա խրատը կը հնչէր ականջիս յաւերժօրէն. «Գնա՛ վերջին մղոնը, եւ ըմբոշխնէ այդ վայելքը»։

Մինչեւ օրս ալ, ես երբե՛ք մոռցած չեմ այդ խրատը, եւ ան զիս սփոփած է տագնապալի ժամանակներու մէջ, եւ հայթայթած է խորազգաց գոհունակութեան վայրկեաններ։

Այս խրատը ինծի տուողն էր բուն իսկ իմ հայրս, որ փորձառաբար սորված էր ատոր իմաստը եւ ճանչցած անոր արժէքը։ Որպէս երիտասարդ զինուոր մը, ան այնքա՛ն լաւ կատարած էր իր պարտականութիւնը որ պաշտօնեայ կարգուած էր Փրուսիական բանակին մէջ պատերազմի դաշտին վրայ։ Մինչեւ այդ օրը, այդպիսի յաջողութիւն ձեռք ձգուած չէր, ոեւէ ուրիշի մը կողմէ։ Յետոյ որպէս դատարանի քարտուղար ան աշխատած էր ծանր եւ լաւ, եւ շահած էր ազատ եւ անդորր խղճմտանք մը. հետեւաբար տիրացած էր նաեւ ընտանեկան խաղաղ եւ գոհունակ կեանքի մը։ Երջանկութիւնը անոր համար ուրիշ բան մը չէր, եթէ ոչ սոսկ աշխատանքի կողմնակի մէկ արտադրութիւնը։

«Միայն երբ պարտականութիւնդ լիովին կատարած ես», կ՚ըսէր ան. «դուն կրնաս լրիւ երջանիկ զգալ»։

Ահա այդ էր ի՛նչ որ ըսել կ՚ուզէր ան երբ խրատ կու տար ինծի «երթալու վերջին մղոնը»։

***

Շատ ուրիշ փոքրիկ տղոց նման, ես պիտի նախընտրէի գնդակ խաղալ, քան թէ լատիներէն բայեր խոնարհել. սակայն հայրս կը պնդէր թէ իմ առաջին պարտականութիւնս էր ուսմունքներու տիրանալ։ «Միտքդ կեդրոնացուր անոնց վրայ», կը կրկնէր ան, եւ տրուած այդ խրատին լրջութիւնը կը վաւերացուէր անոր սրածայր մօրուսին շարժելու ձեւէն։ «Թոյլ մի՛ տար որ միտքդ աջ ու ձախ շեղի, մինչեւ որ յաջողիս սկսած գործդ լրացնելու, եթէ մինչեւ իսկ թնդանօթ մը պայթի արմուկիդ քովիկը»։ Անոր այդ պնդումները կը շարունակուէին, եւ անոնց շնորհիւ էր որ ես յաջողեցայ դպրոցիս մէջ։

Եւ հակառակ անոր աշխատանքի հանդէպ բռնած ստիպողական դիրքին, մեր տունը մռայլ եւ հաճոյքէ զուրկ վայր մը չէր։ Ան լեցուն էր խինդով ու խնծիղով եւ լաւ շահուած բարի օրերու յատուկ բացագանչութիւններով։

Միւնիխի համալսարանին մէջ իմ որոշ պարտականութիւնս էր լրացնել ուսմունքս, ըստ կարելւոյն շուտով, որպէսզի կարող ըլլայի օգնելու ընտանեկան ապրուստը ճարելու գործին. գիշեր գիշերի ետեւէ կը սերտէի օրէնսգիտական գիրքերս քարիւղի լամբարի մը լոյսով։ Երբ զգայի թէ այլեւս բացարձակապէս հարկ էր որ քնանալու երթայի, կը յիշէի հօրս խրատը եւ կը շարունակէի սերտողութիւնս։

Սակայն ի՞նչպէս կարելի էր «երթալ վերջին մղոնը» ամէն գիշեր։ Ահա դժուարագոյն հանելուկը զոր յաջողեցայ լուծելու, ի վերջոյ։

Լեցուցի յախճապակիէ լուացքի տաշտ մը պաղ ջուրով, եւ դրի զայն տախտակամածին վրայ, իմ քովիկս. հանեցի կօշիկներս եւ գուլպաներս, եւ շարունակեցի ընթերցումս, բոկոտն. երբ գլուխս ծանրանար քունով եւ կախուէր կուրծքիս վրայ, ոտքերս կը մխրճէի պաղ ջուրին մէջ, եւ կը ցնցէի ու կ՚արթնցնէի ինքզինքս։ Ահա այս ռազմավարութեան շնորհիւ ես համալսարանին չորս տարուան ընթացքը լրացուցի երեք տարիէն։

***

Հօրս վերոյիշեալ խրատը բազում ուրիշ առիթներով ալ օգտակար եղած է ինծի մինչեւ օրս։

Ես երբեք կրցած չեմ ինքզինքիս համար, պարտադիր ընել, գրասենեակի ժամեր, գտած եմ թէ՝ երբ որոշած ես երթալ վերջին մղոնը, չես կրնար լսել ժամացոյցին վեց զարնելը. ճիշդ ա՛յնպէս ինչպէս որ պիտի չլսէիր թնդանօթի մը պայթիլը արմուկիդ քովիկը։

Կը յիշեմ հաւաքոյթ մը 1918-ին, Քօլօներ քաղաքին մէջ, քաղաքային վարչական խորհուրդին խորհրդակցական մէկ ժողովն էր այդ. ես՝ որպէս այդ օրուան քաղաքապետը, ուզեցի որ քաղաքը շրջապատող ամրոցները քայքայուին, եւ անոնք փոխակերպուին ոչ թէ տուներու եւ գործարաններու, որոնցմով արդէն քաղաքին այդ մասը խճողուած էր, այլ՝ կանանչ գօտիով մը հանրային պարտէզի։

Մէկ անձ իսկ չգտնուեցաւ որ համամիտ ըլլայ ինծի։ Ես սկսայ խորհիլ թէ վազ անցնելո՞ւ էի այդ ծրագիրս գործադրել ջանալու։

Մէկ մ՚ալ հօրս յանդիմանական խրատը իմ գլուխը վերցուց գանկիս մէջ, եւ ուստի փոխանակ լքելու ու մոռնալու խնդիրը, սկսայ դասաւորել իրողութիւնները. հակադրել մեծ քաղաքներու եւ փոքր քաղաքներու բնակչութեանց առողջական պայմանները. ցուցակագրել անոնց կառավարական բաղդատական ծախսերը, եւ հաւաքել հարցին հետ կապակցութիւն ունեցող վաւերական տեղեկութիւնները։

Մէկ քանի ժողովներու մէջ, խնդիրը այս կերպ պատրաստութեամբ մը ներկայացնելէ վերջ, վարչական խորհուրդին բոլոր անդամները՝ ի բաց առեալ մէկը, համոզուեցան եւ հաւանեցան. ի վերջոյ բացառութիւն եղող այդ անձն ալ ոտքի ելաւ եւ ըսաւ. «Թողունք որ ընէ ան իր ուզածը, ան արդէն պիտի ընէ իր մտադրածը, մենք հաւանինք կամ ո՛չ»։

Այնուհետեւ ես շատ անգամ խորհած եմ թէ Քօլօների ժողովուրդը շնորհակալ ըլլալու է ո՛չ թէ ինծի, այլ իմ հօրս, այն գեղեցիկ հանրային պարտէզին համար, որով շրջապատուած է այժմ իրենց քաղաքը։

***

Երբ «նացիզմ»ը հաստատուեցաւ Գերմանիոյ մէջ, ես ինծի պարտադիր պարտականութիւն սեպեցի հակառակիլ անոր բոլոր կարողութեամբ, որովհետեւ յստակօրէն տեսայ թէ ան մեզ պիտի առաջնորդէր ստրկութեան։ Բացէ ի բաց եւ ուժեղօրէն հակառակիլս պատճառ եղաւ որ ես եւ իմ կինս մեր ամուսնութեան արծաթեայ տարեդարձը անցնենք նսեմօրէն եւ առանց բարեկամներու, «Հիթլէրական բանտի մը մէջ»։

Ես երբեք զղջում չզգացի սակայն իմ բռնած դիրքիս մասին. զգացումը թէ ըրածս իմ լման պարտականութիւնս էր, եւ այդ առթիւ ալ «երթալու էի վերջին մղոնը», ինծի տուաւ ներքին անդորրութիւն մը, որ աւելի արժէքաւոր էր քան որեւէ ֆիզիքական հանգիստ։

Իրողութիւնը սա է որ ընդհանուր առմամբ երջանիկ կեանքիս մէջ, բազում բացառիկ երջանիկ օրեր ապրած եմ, կը հաւատամ, երբ ես հետեւած եմ հօրս խրատին, «գացած եմ վերջին մղոնը», աննկատ ընելով վճարելիք գինս, աշխատանքով կամ տառապանքով։

Ահաւասիկ կեանքի պատմութիւն մը՝ որ հրաշալի՜ «կեանքի դա՛ս» մըն է ամբողջութեամբ։ Արդարեւ, յաջողութեան համար՝ հաստատակամ ըլլալ, անվարանօրէն փարիլ եւ ապաւինիլ սկզբունքներու, յարատեւօրէն հաւատարիմ մնալ անոնց, եւ ի մտի ունենալ ուղղամտութեան բարիքները։ Եւ բոլոր այս առաքինութիւնները կարելի է ամփոփել Յիսուսի այն խօսքին մէջ՝ ուր կ՚ըսէ. «Ձեր այոն թող այո՛ ըլլայ եւ ոչը՝ ո՛չ…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 9, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019