ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Զ.)

Երբեք պէտք չէ զարմանալ, որ այսօր մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող մեր մանուկները, պատանիներն ու երիտասարդները հայերէն չեն գիտեր, որովհետեւ այդ մէկը մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. Պոլսոյ, Թիֆլիզի, ինչպէս նաեւ հայկական այլ գաւառներու մէջ հայերէն չգիտցող մանուկներուն թիւը շատ շատ էր. այնքան շատ, որ Նիկողայոս Տէր-Ղեւոնդեան 1910 թուականին կը հրատարակէր «Արփիկ» խորագրով աշխատութիւն մը, որուն բացատրութեան մէջ կը գրէ. «Այբբենարան հայախօս եւ օտարախօս հայ մանուկների համար»: Տարբերութիւնը մեր եւ հին օրերուն այն է, որ Ղեւոնդեանի նման մարդիկ ամէն ջանք ի գործ կը դնէին այդ օտարախօս պատանիներն ու երիտասարդները հայախօս դարձնելու՝ քննադատելու փոխարէն:

Սակայն պէտք է յստակ տարբերութիւն մը դնել մերօրեայ օտարախօս մանուկ-երիտասարդներուն եւ հիներուն միջեւ. հիներու օտարախօսութիւնը հետեւանքն էր ուսումի պակասի, իսկ ուսումի պակասի հիմնական պատճառը նիւթական անապահով վիճակն էր: Պոլսոյ գրականութիւնը ուսումնասիրելով կարելի է հասկնալ գաւառներու մէջ տիրող անապահով վիճակը, հայ աշակերտներու ունեցած դպրոցական դժուարութիւններն ու տիրող անապահով վիճակը: Սակայն մերօրեայ վիճակը ինչո՞վ կարելի է պայմանաւորել. օրինակի համար, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր մանուկներն ու երիտասարդները հայերէն չեն խօսիր. նիւթական դժուարութիւն վստահաբար գոյութիւն չունի. վստահ ենք, որ Ամերիկայի հայ գաղութը ունի նիւթական միջոցները Լիբանանէն, Հայաստանէն կամ Սուրիայէն հայագիտութիւնը աւարտած երիտասարդ տարրեր իր մօտ առնելու եւ իրենց մանուկներուն հայերէն լեզուն սորվեցնելու:

Հիներուն եւ նորերուն տարբերութիւնը այս է. հիները կ՚ուզէին՝ սակայն չունէին միջոցները, մինչ նորերը ունէին միջոցները՝ սակայն չէին ուզեր:

Ղեւոնդեան իր «Արփիկ» աշխատութեան մէջ կը յայտնէ, թէ հին ժամանակ օտարախօս մանուկները, նոյնիսկ մեծահասակները հակառակ իրենց օտարախօս ըլլալուն կապուած կը մնային հայ շրջանակին ու իրենց հայկականութեան. բազմաթիւ հայերէն չգիտցողներ մասնակից կը դառնային Հայ Եկեղեցւոյ պատարագներուն, իսկ այսօր բազմաթիւ հայերէն գիտցողներ հեռու կը մնան այդ պատարագներէն:

Անցնինք մեր բառերուն.-

ԻԱ.-  ԹԻՒԹԻՒՆ

Այս բառը մինչեւ այսօր սփիւռքահայեր կը գործածեն. նոյնիսկ Հայաստանի մէջ գործածուող բառ մըն է թիւթիւնը. այնքան տարածուած՝ որ բառը տեղ գտած է նաեւ հայերէն բառարաններու մէջ:

Գարեգին Սրուանձտեանց «համով-հոտով» աշխատութեան մէջ կը գրէ.- «Ընտիր թիւթիւն կը մշակեն Տատիկու մէջ. ամենէն անուանին է Վանկայ թիւթիւն»:

Թիւթիւն բառը կը կարդանք Գրիգոր Զօհրապի «Կեանքը ինչպէս որ է» աշխատութեան մէջ:

Ղուկաս Վրդ. Ինճիճեան եւս «Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի. Ասիա» աշխատութեան մէջ կը յիշէ այդ բառը:

Յովսէփ Մալէզեան թիւթիւն բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել ծխախոտ բառը:

ԻԲ.- ԹՐԱՇ – ԹՐԱՇՈՒԻԼ

Գուցէ ամենէն շատ գործածուած բառերէն մին կարելի է նկատել այս մէկը, որովհետեւ թրաշ բառին (շատ անգամ որպէս թրաշուիլ) գրականութեան մէջ բազմաթիւ անգամներ կարելի է հանդիպիլ.-

Սկսինք Յակոբ Պարոնեանէն. «Քաղաքավարութեան վնասները» կատակերգութեան մէջ կը կարդանք.- «չօլբայ պէրպէրին թրաշ եղեր ես»:

Գազանճեան Յովհաննէսի «Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը» աշխատութեան մէջ կը կարդանք.- «հէօչ չէ նէ թրաշդ լմնցնիմ տէ վերջը գնա»:

Յովսէփ Մալէզեան թրաշ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել ածիլուիլ բառը:

ԻԳ.- ԹՕԶ

Հայկական հին բարբառներու մէջ յաճախ գործածուած է թօզ բառը. այդ մէկը նոյնիսկ տեղ գտած է աւանդական երգերու, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններու մէջ.-

Օրինակի համար, Ակնայ ժողովրդական երգերէն մէկուն մէջ կը հանդիպինք թօզ բառին.- «Ալա թօզ շաքար կրցընեմ»:

Թլկատինցի իր «Էնդի դէմէն» թատրերգութեան մէջ կը գրէ.- «Մակար մեծ պագէն ի վեր երդում ըրեր է, որ ա՛լ կրիային վրայ ալ թօզ չպիտի թափէ»:

Թօզ բառը կարելի է տեսնել նաեւ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի ողբ հայրենասիրի» աշխատութեան մէջ:

Յովսէփ Մալէզեան թօզ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ փոշի բառը:

ԻԴ.- ԹՕՓԱԼ

Այս բառը գրականութեան մէջ գործածուած է որպէս ածական: Օրինակի համար, գրականութեան մէջ կը հանդիպինք թօփալ Օսման, թօփալ Չավուշ, թօփալ Խօջայի եւ այլ տիպարներու:

Հին աւանդութիւններու մէջ եւս կարելի է հանդիպիլ թօփալ բառին. օրինակի համար, անցեալին գոյութիւն ունէր Սուրբ Կարապետի եւ թօփալ դեւի աւանդութիւնը.- աւանդութիւնը կարճ բանաստեղծութիւն մըն է, որուն մէջ կը կարդանք.-

«Թօփալ դեւն եկաւ եաման

Ասաց, զիս մի՛ դներ զընդան»

Յովսէփ Մալէզեան թօփալ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել կաղ բառը:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -320-

Մինչեւ օրս, մանաւանդ սփիւռքի տարածքին թրքերէն բառերով ածականներ կը գործածուին. օրինակի համար, Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի հայաբնակ շրջան մը, ուր մարդիկ ծանօթ են իրենց ածականներով, ինչպէս՝ «շէյթան», «պաճախ», «էսմէր» եւ այլ ածականներով:

Տարիներ առաջ նոր տարուան կապակցութեամբ յօդուած մը գրելու համար ծերանոց այցելեցի եւ վարչութենէն խնդրեցի, որ զիս ամենէն տարեց անդամին հետ ծանօթացնեն։ Տարեց կինը՝ որ պահած էր իր գիտակցութիւնը, ինքզինք ծանօթացուց որպէս «թէրզի Մարի» (որուն մասին նախապէս յօդուած մը հրատարակած ենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ): Յստակ էր, որ իր անունը առանձին որպէս Մարի նշանակութիւն պիտի չունենար, որովհետեւ ինք բոլորի կողմէ ճանչցուած էր որպէս թէրզի եւ կապ չունի թէ հիմա կրնայ դերձակութիւն ընել կամ ոչ, այդ անունը ուղղակի պաշտօնի մը, աստիճանի մը նշանակութիւնը ունէր, որ նաեւ հպարտութիւն էր իրեն համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2023