ԴԱՐՁԵԱԼՎԵՐԱՄՈՒՏ Է ԵՒ ԱՇՈ՜ՒՆ
Երկար հանգիստ դադարէ մը վերջ՝ ահաւասիկ հասաւ վերամուտը, ինչպէս՝ խանդավառ եւ ոգեւոր ամառուան եղանակէն յետոյ՝ տրտում եւ մելամաղձոտ աշունը։ Անշուշտ, այս մասին զգացումներ եւ տեսակէտներ կը տարբերին իւրաքանչիւր անձի համար, ըսենք յարաբերական կամ համեմատական են անոնք։ Ուստի իրապաշտ մէկու մը համար, թէ՛ վերամուտը, թէ՛ աշունը կեանքի սովորական ընթացքին մէջ հանգրուաններ են միայն, որոնք իրարու կը յաջորդեն եւ բոլորովին բնական է այս։ Իսկ տպաւորական խառնուածք ունեցող՝ զգայուն, դիւրազգած մէկու մը համար բոլորովին տարբեր երեւոյթներ են թէ՛ վերամուտը եւ թէ՛ աշունը։ Անոնք կարծես կը փոխեն մարդուս ամբողջ կեանքը, նոր ընթացք կ՚որոշեն կեանքին։
Բայց սա իրականութիւն մըն է, թէ մարդ որքան ալ իրապաշտ ըլլայ, իրականութեան առարկայօրէն մերձեցող եւ կեանքը իրական գոյներով դիտող, անպայման կը տպաւորուի այս փոփոխութիւններէն՝ դադար եւ աշխատանք, խանդավառութիւն եւ մելամաղձոտ վիճակ ենթադրող իրերայաջորդ բայց իրերամերժ ապրումներէն։
Եւ սիրելի՜ բարեկամներ, բարեկամական անկեղծ խոստովանութեամբ ըսեմ, որ այս տրուպ գրիչը երկրորդ խումբին մաս կը կազմէ՝ թէ՛ վերամուտը եւ թէ՛ աշունը կ՚ազդեն իր հոգւոյն վրայ եւ բոլորովին տարբեր զգացումներով տպաւորուած եւ տարուած՝ սրտաբեկ կը դիմաւորէ վերամուտը եւ աշունը։
Արդարեւ, վերամուտը եւ աշունը, կարծես մերձիմաստ արժէքներ են, իմաստի մէջ նոյնացած, զգացումներու խառնուրդ մը՝ համադրում մը կամ բաղադրութի՛ւն մը։ Համընթաց երկու երեւոյթներ՝ որ ամէն տարի կը կրկնուին եւ ամէն անգամ տարբեր զգացումներով կը համակեն ենթական։ Եւ հոս, ինչպէս ըսինք, մարդ որքան ալ իրապաշտ ըլլայ, որքան ալ առարկայական մօտեցում ունենայ կեանքին, անպայմա՛ն, ուժգին կամ թեթեւ կ՚ազդուի եւ կը տպաւորուի։ Վերամուտը եւ անոր անմիջական ուղեկիցը՝ աշունը կը տպաւորեն մարդս։
Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ներ, ի՛նչ տարիք ալ ունենանք, երբ կ՚անդրադառնանք, թէ վերամուտը հասած է՝ մտապէս չե՞նք փոխադրուիր մեր մանկական եւ երիտասարդական շրջաններու վերամուտներուն, չե՞նք յիշեր այդ օրերը, այդ օրերուն մեր զգացումները, մեր ծնողները, ընկերները, ուսուցիչները... եւ այդ բոլոր իրողութիւնները, որոնք այսօր միայն քաղցր կամ երբեմն դառն «յիշատակ»ներ են, միայն հոգիներու եւ մտքերու խորը մխրճուած երեւոյթներ, գոնէ կարճ ժամանակ մը չե՞ն տպաւորեր մեզ։ Այլապէս չե՞նք ապրիր մեր հին օրերը, չե՞նք փոխուիր, եթէ քիչ մը տարիքոտ ենք, երիտասարդ, իսկ եթէ երիտասարդ ենք՝ մանուկ չե՞նք զգար մենք զմեզ։ Մարդ որքան ալ իրապաշտ ըլլայ, որքան ալ խիստ նկարագիր ունենայ, չի՞ տպաւորուիր, չի՞ յուզուիր, հոգեկան այլափոխութեան չ՚ենթարկուի՞ր։ Ամէն վերամուտ զգացումներու տարափ մը կը ստեղծէ մարդուս հոգիին խորը՝ որ մէկը կ՚արտայայտէ, որ մէկը լուռ ու մունջ կ՚ապրի այդ խորհրդաւոր եւ առեղծուածային պահը՝ անցեալի անջինջ զգացումը…։
Հապա վերամուտի անբաժան ընկերը, հաւատարիմ ընկերակիցը՝ աշունը չ՚ազդե՞ր, չի՞ տպաւորեր մարդս երբ բնութիւնը կը փոխէ իր դիմագիծը, իր տեսքը՝ աւելի՛ մռայլ աւելի՛ խոժոռ, եւ անշուշտ աւելի մո՜ւթ…։
Եւ երբ ծառերու տերեւներ կը սկսին հետզհետէ գունատիլ՝ դեղնիլ, տժգունիլ, այլապէս կարելի՞ է չազդուիլ, չտպաւորուիլ, ամառուան խանդավառութիւնը, լոյսը եւ պայծառ գոյներուն տակաւ բացակայութիւնը տեսնելով չցաւիլ, չտրտմիլ։ Կ՚ընդունիմ, որ ոմանք ասիկա չափազանցելով գոնէ ժամանակի մը համար մելամաղձոտ վիճակի մը կը մատնուին։
Մարդոց նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը նոյնը չէ՛. ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ «ո՛րքան մարդ, ա՛յդքան բնաւորութիւն կա՛յ»։
Էապէս մարդուն բնութիւնը մէկ է, բայց այդ բնութեան այտայայտութեան ձեւը եւ չափը կը փոխուի, որուն կ՚ըսենք՝ բնաւորութիւն կամ նկարագիր։ Ուրեմն բնական է, որ աշնան տպաւորութինը տարբեր կերպերով արտայայտուի մարդոց կողմէ։ Ուստի եւ, վերամուտի նման, աշունն ալ մարդոց վրայ տարբեր տպաւորութիւններ կը թողու եւ անշուշտ տարբեր կ՚ըլլայ նաեւ անոնց արտայայտութիւնը մարդոց կողմէ։
«Վերամուտ» եւ «աշո՛ւն». ամէն տարի կրկնուող եւ ամէն տարի զգացումներու բարդուելով սաստկացող տպաւորութեամբ՝ հոգիներու մէջ փոթորիկ ստեղծող, կեանքին սովորական ընթացքը փոխող այս երկու երեւոյթները, հանգրուանները կարեւոր եւ տպաւորիչ, յայտնի տեղ մը կը գրաւեն եւ դեր մը կը կատարեն մարդկային կեանքին մէջ։ Եւ վերջապէս աշունը, ի՜նչ սպիացած վէրքեր չի բորբոքեցներ, ի՜նչ մորմոքած, կսկիծ պատճառող ցաւեր չի վերարծարծեր եւ վերջապէս մխիթարուած սիրտեր դարձեալ վիրաւորեր։ Աշունը կը խոցէ սիրտեր, կը վիրաւորէ հոգիներ, կը նորոգէ հին վէրքեր, անգամ մը եւս կը կոտրէ՝ արդէն կո-տըրտուած հոգիներ…։
«Վերամո՜ւտ» է, «աշո՜ւն» է։ Անշուշտ որ դարձեալ պիտի գայ դադարի, հանգիստի օրեր, պիտի գայ դարձեալ գարուն։ Եւ կեանքը այսպէս պիտի ընթանայ։ Արդարեւ, ամբողջ կեանքը դադարներու եւ վերամուտներու, գարուններու եւ աշուններու իրերայաջորդ ընթացքը չէ՞։
Ամէն խաւար անպայման լոյսի շող մը, ճառագայթ մը ունի իր մէջ եւ ամէն մութ օր մը պիտի լուսաւորուի։ Բայց կան անշուշտ անվերադարձ բաժանումներ, անդարմանելի ցաւեր, վիշտեր, վէրքեր եւ կորուստներ։
Եւ երբ վերամուտը եւ աշունը կը յայտնը-ւին, անկարելի՛ է որ այս գրիչին չյայտնուի նաեւ՝ անմոռաց Երէցկինը՝ Աննիկ Գալփաքճեանը, որուն հետ ապրեցաւ եւ կ՚ապրի վերամուտներ եւ աշուններ, որոնց պիտի յաջորդեն դարձեալ դադարներ եւ գարուններ, որ պիտի ապրին մի՛շտ եւ մշտնջենաւոր կեանք մը միասի՛ն։
Եւ երբ այս գրիչը կ՚ապրի վերամուտ մը, աշուն մը եւս, ուրեմն ան իր գրիչը կը փոխանցէ Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի, որպէսզի իր անկեղծ զգացումները անգամ մը եւս կրկնէ իր ա՜յնքան սիրելի աշակերտներուն։
Ուստի մոռացումը շարժառի՛թն է ամէն կորուստի, ամէն ձախողանքի, ամէն անկումի։
ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԸ ՍԵՄԻՆ
ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երջանկայիշատակ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան իր «Ա. Բ. Գ.ի Դասը» արձակ գրութեան մէջ սապէս կ՚ըսէ.
«Թերեւս ինծի պէս շատերն ալ մոռցած կ՚ըլլան թէ մանկութեան ո՛ր տարիքին կամ ո՛ր օրուան մէջ սկսած են իրենց առաջին դասը այբուբենի, թէ ո՛ր ձեռքերով իրենց կպչուն ու դողդոջուն մատները առաջնորդուեցան սեւ գիրերու վրայէն, կամ թէ ի՛նչ եղաւ իրենց տպաւորութիւնը՝ երբ արդէն ընտանի դարձած յօդաւոր ձայներու խորհրդաւոր ձեւերը առաջին անգամ ճերմակ նիւթի մը վրայ տեսան անշարժ ու խօսուն։
«Յիշատակի մեծ կորուստ մը նկատած եմ Ա. Բ. Գ.ի դասիս մոռացումը…», եւ երբ կ՚այցելէր Օշականի եկեղեցին՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանովը կրկնակի նուիրականացած սրբավայրը, զգայական վրդովումով ան կ՚ըսէ, մեծ Վարդապետէն թախանձագին խնդրելով. «Աղուոր Ա. Բ. Գ.էդ դաս մը տուր ինծի»։
Եւ ահաւասիկ կ՚ապրինք պահ մը, որ ժամանակն է Եղիշէ Սրբազանի հետ մտածելու եւ յիշելու այն սքանչագեղ պահը, օրը, երբ սկսած ենք այբուբենի դասով, այն ձեռքերը, այն մատները որոնք առաջնորդուեցան գիրերու վրայէն, եւ այն խորհրդաւոր ձայնը՝ որ կը հնչէ մանուկ հասակի դիւրազգած ականջներու մէջ եւ խորապէս կը տպաւորէ բոլորդ։
Յիշենք այդ խորհրդաւոր պահը ամէն վերամուտի օրը, այդ խորհրդաւոր պահը՝ որ սկզբնակէտը պիտի ըլլայ, ձեր բոլորին մտաւոր կեանքին։ Եւ պահը այդ պա՛հն է։
Սիրելի տղաք, մի՛ մոռնաք երբեք այս պահը, քանի որ սկիզբը կարեւոր է ամէն ձեռնարկութեան, մանաւա՛նդ ուսման եւ կրթութեան։
Վերամուտը մեկնակէտ մըն է, սեմն է նախաքայլի մը ձեր յաջորդ վերամուտներուն եւ ապագայ կեանքին։
«Տուէ՛ք ինծի դաստիարակութեան գործը եւ ես փոխեմ աշխարհի ճակատագիրը», կ՚ըսէ Լայբնից։ Եւ դաստիարակութեան, ուսման առաջին օրը, առաջին քայլն է ահա այսօր, վերամուտի օրը։ Եւ եթէ կ՚ուզէք յստակ ձեւաւորել ապագան՝ գետցէ՛ք վերամուտին անփոխարինելի արժէքը, սա պահը։
Եւ երբեք մի՛ մոռնաք վերամուտները. անոնք են որ ձեզ կը պատրաստեն կեանքի։
*
Ահաւասի՛կ, Էսայեան վարժարանի, նախկին շրջաններու Նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Աննիկ Գալփաքճեանի խօսքը վերամուտի մասին։ Թուականը կարեւոր չէ՛, քանի որ ան մշտնջենաւոր է եւ անայլայլելի՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 22, 2016, Իսթանպուլ