ՏԵՍԻ՛ԼՔ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ Է ՄԱՐԴ
Տեսի՛լք ունենալու է մարդ եւ տեսիլք ապրելու է մարդ՝ որպէսզի կարենայ յառաջանալ եւ հասնիլ իր նպատակին։ Անշուշտ, մարդ տեսիլք ունենալէ կամ ապրելէ առաջ, պէտք է որ «նպատակ» մը ունենայ։
Արդարեւ մարդ կ՚ապրի նպատակի մը համար եւ ո՛չ մէկ բանաւոր էակ կրնայ ապրիլ առանց նպատակի, քանի որ զինք վարող զօրութիւնը բնազդը չէ՛, այլ՝ բանականութիւնը, միտքը եւ մտածումները։ Եւ երբ կը խօսինք՝ «ազատ կամք»ի վրայ՝ որ բանաւոր էակ՝ մարդուն ամենէն յատկանշական կէտն է, այս կը նշանակէ, թէ ան պէտք է ապրի նպատակի մը համար, ինչ որ ինք կ՚ընտրէ իր ազա՛տ կամքովը։
Անշուշտ մարդուս «ազատ կամք»ը իր հետ կը բերէ նաեւ «պատասխանատուութեան գիտակցութիւն»ը, որ մարդկային արժանապատուութեան անհրաժեշտ մէկ տարրն է։ Ուստի ազատ կամքով որոշել, եւ իր իսկ որոշումին հետեւանքներէն պատասխանատո՛ւ ըլլալ, միայն մարդուն յատուկ առաւելութիւն մըն է։ Մարդ՝ կ՚որոշէ եւ իր որոշումին հետեւանքներուն պարտադրանքները յանձն կ՚առնէ, եւ ահաւասիկ այս երեւոյթը անոր «արժանապատուութի՛ւն»ն է։
Ուրեմն, շան բնական եւ բանական է, որ մարդ, իր ազատ կամքը գործածելու համար նպատակ մը ունենա՛յ։ Այս իմաստով, իւրաքանչիւր մարդու նպատակը իր ինքնութեան եւ նկարագրին ստուգանի՛շն է՝ մարդ կը ճանչցուի իր նպատակներով եւ նախընտրութիւններով։ Մէկու մը արժէքը եւ նկարագիրը եթէ կ՚ուզէք հասկնալ՝ մի՛ նայիք անոր թէ ի՛նչ է, այլ նայեցէք մանաւանդ թէ՝ ան ի՛նչ ըլլալ կը փափաքի, ի՛նչ է իր նախատեսած նպատակները։
Մարդ դիպուածով, պատահաբար կրնայ դիրքի մը հասած, աստիճանի մը տիրացած ըլլալ, կարեւոր չէ այդ, այլ կարեւորը՝ անոր ի՛նչ դիրքի հասնիլ ուզածն է, եւ կամ ի՛նչ աստիճաններու տիրանալու փափա՛քն է, եւ անշուշտ անոնց հասնելու համար իր ցոյց տուած անկեղծ ջանքը, աշխատութիւնը։
Մարդ երբ նպատակ մը ունի, այդ նպատակին հասնելու համար զանազան կերպեր կը գործածէ՝ որոնք կրնան օրինաւոր կամ ապօրինի ըլլալ, եւ այդ ընտրած կերպն ալ, ահաւասիկ, իր նկարագիրը եւ իսկական՝ ներքին մարդուն մէկ չափանի՛շն է։
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, ամերիկացիներ խօսք մը ունին, կ՚ըսեն թէ՝ մարդ իր նպատակին հասնելու եւ յաջո՛ղ մարդ ըլլալու համար, ամէն մարդու ըրած սովորական, հասարակ գործէ մը տարբեր, ինքնատիպ գործ մը պէտք է կատարէ. իսկ եթէ ասիկա չի կրնար ընել, ամէն մարդու ըրած սովորական, հասարակ գործը թող ընէ, բայց լաւագո՛յնը ընէ։ Ահաւասիկ, գործնական կեանքի մէջ օգտագործելի յանձնարարական խօսք մը՝ տարբեր եւ ինքնատիպ բան մը ընել՝ ուշադրութիւն գրաւել, եւ օգտակարութիւն մը կատարել մարդկութեան։
Եւ կամ՝ սովորական գործի մը լաւագոյնը կատարել։ Թէեւ կ՚ըսուի, թէ լաւագոյնը թշնա՛մին է լաւին, բայց այս չի նշանակեր, որ մարդ պէտք չէ ջանայ լաւագոյնը ընելու, գոնէ լաւագոյնին ձգտելու, պէտք չէ՛ արգելք ըլլայ այդ մտայնութիւնը, որ մասամբ ճիշդ կարելի է համարել…։
Մարդ կոչուած է միշտ լաւագո՛յնը ընելու։
Ուրեմն, մարդ, ըսենք, նպատակ մը ունենալու է, եւ իր նպատակին հասնելու համար պէտք է աշխատի՝ կերպեր, ճամբաներ գործածէ։ Այս ճամբաներէն է. տարբեր, անսովոր գործ մը ընել, եւ կամ լաւագո՛յնը կատարել։ Այս ճամբաներն ալ կարելի է գործածել զանազան կերպերով՝ շնորհալի կամ ապօրինի ձեւերով։ Անշուշտ, թէ՛ բարոյագիտութիւնը, թէ՛ ողջմտութիւնը ցոյց կու տան, թէ մի՛շտ «շնորհալի ձեւ»ը պէտք է գործածել, բայց երբեմն մարդիկ կը շեղին այդ «շնորհալի ձեւ»էն եւ կ՚առաջնորդուին սխալ եւ անել ճամբաներու եւ հասնիլ կը կարծեն իրենց նպատակին։
Եւ երբ մէկը կ՚ընտրէ շնորհալի ձեւը եւ կ՚առաջնորդուի ուղիղ ճամբուն վրայ, ապա իր նպատակին հասնելու համար պէ՛տք է տեսնայ իր առջեւը։ Յարացոյց մը պէտք է մարդուն, տիպար մը, որպէսզի անոր հետեւի, անոր միջոցով յստակ տեսնայ իր ճամբան։ Եւ եթէ յստակ է ճամբան, այլապէս կարելի է դիւրութեամբ յաղթահարել ամէն արգելք՝ նպատակին առաջնորդող ճամբուն վրայ։
Եւ ահաւասի՛կ, այդ յարացոյցը, որ կը կատարէ հեռադիտակի մը եւ կամ լուսարձակի մը դերը՝ տեսի՛լքն է. եւ այն որ ունի տեսիլք, այն որ կ՚ապրի տեսիլք, ահա իր առջեւ ունի յաջողութեան ճամբա՛ն։
Ուստի մեծ գործեր կատարող մեծ մարդիկ միշտ ունեցած են այդ տեսիլքը, ապրած են այդ տեսիլքը՝ որ լուսաւորած է իրենց յաղթանակի մեծ ճամբան։ Ուրեմն, չի բաւեր նպատակ մը ունենալ, այլ մարդ կը կարօտի նաեւ տեսիլքի՝ որուն շնորհիւ կրնայ հասնիլ իր նպատակին, գոնէ աւելի՛ ապահով եւ աւելի՛ արագ։
Սակայն կարելի է հարցնել, թէ ամէն մարդ տեսիլք կ՚ունենա՞յ, կամ տեսիլք կ՚ապրի՞։
եթէ ամէն մարդ տեսիլք ունենար եւ տեսիլք կարենար ապրիլ, ապա ուրեմն ամէն մարդ «մե՛ծ» կ՚ըլլար, ամէն մարդ յաջողակ, եւ ամէն մարդ կը հասնէր իր նպատակին, իր մտադրած կէտին։ Բայց սա իրականութիւն մըն է, թէ ամէն մարդ «մե՛ծ» չէ, ամէն մարդ «մեծ» չի կրնար ըլլալ, եւ քանի որ «մեծ» ըլլալու նախապայմանն է տեսիլք ունենալ, տեսիլք ապրիլ, ապա ուրեմն ամէն մարդ տեսիլք չ՚ունենար, տեսիլք չ՚ապրիր, եւ միա՛յն՝ իրենց այդ յատկութիւնը տրուա՛ծներ։
Արդարեւ, կան, ոմանք տեսիլք ունին, բայց չեն անդրադառնար անոր, չեն ապրիր իրենց տեսիլքին շնորհները, եւ անոնք ալ տեսիլք չունեցողներու նման՝ դատապար-տըւած կը մնան անկատարութեան՝ անյաջողութեա՛ն։ Ուստի «տեսիլք ունենալ» շնորհք մըն է եւ քիչեր կրնան օգտուիլ այդ շնորհքէն, քիչեր կ՚ապրին զայն եւ անոնք որ ունին ե՛ւ կ՚ապրին տեսիլքը, ահաւասիկ անոնք են «մե՛ծ մարդ» իր իսկական առումով։ Մարդիկ երբեմն կ՚ունենան տեսիլք, բայց անոնցմէ «մեծե՛ր»ը միայն կ՚ապրին զայն, կ՚օգտագործուին եւ կը հասնին իրենց նպատակին եւ կ՚ապացուցանեն իրենց իսկական «մեծութիւն»ը։
Այո՛, քիչեր ունին տեսիլք, բայց գերբնական մարդիկ միա՛յն կ՚ապրին զայն, քանի որ միա՛յն անոնք կ՚անդրադառնան իրենց տեսիլքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 13, 2017, Իսթանպուլ