ԱՊԵՐԱԽՏ ԶՐԿԱՆՔ

Մարդկային ապրումներուն ամենէն դժուար ու վիրաւորական զգացումներէն մէկը հակառակ ամէն տեսակ զոհողութեանց գնահատուած չըլլալու գիտակցութիւնը ունենալն է. մեր ընկերութեան մէջ մենք ունեցած ենք բազմաթի՜ւ հայորդիներ, որոնք հակառակ իրենց ամէ՛ն տեսակի զոհողութեանց արժանի գնահատանքը չեն ստացած, սակայն, հակառակ այդ բոլորին, շարունակած են անձնուրաց նուիրուիլ այն առաքելութեան՝ որուն կը հաւատան:

Անկասկած այդ հայորդիներէն մէկն է Սմբատ Շահազիզը, որ իրապէս արժանի էր հայ ժողովուրդի գնահատանքին. արժանի էր՝ սակայն ժողովուրդը, ուրիշ բազմաթիւ նուիրեալներու կողքին չգնահատեց նաեւ այս մեծ հայը եւ չգնահատուած ըլլալու ցաւը Սմբատ Շահազիզ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ.

«Հեռանում եմ, անգի՛ն ընկեր,
Չգնահատուած ոչ ոքից.
Բայց հաւաստեան անձնուէր,
Ազգիս մշակ կը հաշուիմ»:

Շահազիզ իր չգնահատուած ըլլալը գիտէր... եւ ցաւ ի սիրտ, այդ վիճակով ալ հեռացաւ աշխարհէն. սակայն արդար գտնուելու համար ըսենք, որ շատ փոքր շրջանակ մը իրապէս գիտէր անոր ներկայացուցած արժէքը. օրինակի համար՝ անոր մահուան ժամանակ (1908) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսնող «Կոչնակ» շաբաթաթերթը իր 29 փետրուար, 1908, թիւ 9 հրատարակութեան մէջ կը գրէ. Շահազիզ «կ՚ողբար Հայու տխուր վիճակը եւ կը քարոզէր իր տողերով ճշմարտութիւն, յառաջդիմութիւն եւ ազգասիրութիւն»:

Սբմատ Շահազիզ միւս գրողներէն կը տարբերի անով, որ ան ծնած էր Երեւան. պոլսահայ Զարթօնքի սերունդի անդամ չէր, սակայն ունէր հայրենասիրութեան նոյն հասկացողութիւնը՝ ինչ որ ունէին մեր պոլսահայ գրողները. որպէս բանաստեղծ ու հրապարակախօս Շահազիզ հակառակ չգնահատուած ըլլալու դժբախտ գիտակցութեան, շարունակեց իր գործը եւ երբեք չնուազեցուց իր նուիրումը:

Շահազիզ լաւապէս գիտէր, որ գնահատանքի զլացումը միայն իրեն համար չէր. ան իր բանաստեղծութիւններուն մէկուն մէջ կը գրէ.

«Մենք գնահատել չգիտենք ազգութիւն,
Նորա ցաւերին դեղ դարման անել,
Ահա՛, ինչո՛ւ մենք սովոր ենք ատել»:

Ի դէպ, Շահազիզի սերնդակից այլ մտաւորականներ իրենց չգնահատուած ըլլալուն պատճառով քաշուեցան հրապարակէն. օրինակի համար՝ պատմութիւնը կը յիշէ Ստեփանոս Նազարեանցը, որուն մասին Սմբատ Շահազիզ գրած է «Հրապարակախօսի ձայնը» աշխատութիւնը։ Շահազիզ Նազարեանցի ձօնած բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Աշխատաւոր մարդկան բաժինն է փշէ պսակ...». ան կը գիտակցէր, որ հայրենասիրութիւնը եւս ունի իր բացասական կողմերը։ Ան իր երկարաշունչ բանաստեղծութեան մը վերջին տունին մէջ հայրենասէրի վախճանը կը ներկայացնէ իր այս տողերով.

«Թող մխիթարէ կուրծքիս հառաչանք
Պայծառ ճակատըդ Հայրենասէրի,
Որի վարձն եղաւ ապերա՜խտ զրկանք»:

Պէտք է յստակ ըլլայ, որ այսօրուան հայրենասիրութիւնն ու անցեալի հայրենասիրութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր հասկացողութիւններ էին. այսօրուան հայրենասէրը բեմերու վրայ ծափահարութիւն ստացողները կը նկատուին, սակայն անցեալին հայրենասէր էր ան՝ որ հակառակ ամէն տեսակ զրկանքի, չգնահատուած ըլլալու իրողութեան, կը շարունակէր իր անձնուրաց գործը՝ ո՛չ թէ սեփական փառքի կամ մեծարանքի համար, այլ հայրենիքի սիրոյն: Նման անձեր Շահազիզ «զոհ» կը կոչէր, որովհետեւ անոնց բաժինը միայն զոհողութիւնն էր:

Շահազիզի նման մարդոց գրութիւնները իրականութեան մէջ հայու համար պէտք է «Աւետարան» դառնան, որովհետեւ հո՛ն է փրկութեան ճշմարիտ ճամբան. հո՛ն գրուած է բոլոր պատուիրանները՝ որոնք ի գործ դնելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ ազատուիլ «հին մեղք»էն եւ ունենալ այն Հայաստանը՝ որուն երազովը կ՚ապրինք տակաւին:

Այս գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել Շահազիզի բառերով....

«Իմ հայրենիք, միայն քեզ համար,
Քեզ համար միայն կեանքս զոհել եմ»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Այնըշթայն կ՚ըսէ. «Չեմ գիտեր, թէ ինչ զէնքով պիտի ըլլայ Երրորդ համաշխարհային պատերազմը, բայց չորրորդը պիտի ըլլայ փայտերով ու քարերով»։

Պատասխան. Այնըշթայնի այս խօսքը արտացոլացումն է անոր մտահոգութիւններուն, մանաւանդ հաւանական պատերազմի մը ժամանակ ի գործ դրուող միջուկային զէնքի գործածութեան համար. ան կը հաւատայ, որ ժամանակի ընթացին ամէն բան զարգացում պիտի արձանագրէ, սակայն, այդ զարգացումը տեղ մը առիթ պիտի ըլլայ, որպէսզի մարդ արարած ապրի աւերակներու մէջ. այդ բոլորը այնքան կրնան քանդել մարդ արարածի քաղաքակրթութիւնը, որ անոնք կրնան վերադառնալ հինին եւ գուցէ հինէն ալ վատ վիճակի: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ սպառազինութեան մրցակցութիւնը կրնայ աղէտալի պայմաններ ստեղծել մարդոց համար եւ իր այս տողերով կ՚ուզէ խաղաղութեան կարեւորութիւնը ընդգծել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024