ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
«Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս եւ կ՚աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։ Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ, ապա երկինք նայելով հառաչեց եւ ըսաւ անոր.- Եփփաթա, (որ կը նշանակէ բացուէ՛) եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան եւ անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։ Յիսուս անոնց պատուիրեց որ մարդո՛ւ չըսեն։ Թէեւ Ինք կը պատուիրէր անոնց, բայց անոնք ա՛լ աւելի կը տարածէին». (ՄԱՐԿ. Է 32-36)։
Յիսուսի անհամար հրաշքներէն մէկն է, որ կը պատմուի վերոյիշեալ համարին մէջ։
Արդարեւ, հրաշքը ի՛նչպէս կատարեց Յիսուս, ա՛յս է որ պիտի հետաքրքրէ մեզ։
Նախ՝ «Եւ Յիսուս զայն ամբոխէն մէկ կողմ քաշելով…». (ՄԱՐԿ. Է 33)։
Ուստի, Յիսուս հիւանդը բժշկելէ առաջ զայն բազմութենէն հեռացուց։ Բժշկելը՝ Յիսուսի համար շատ բնական էր, բայց բժշկութեան գործընթացը դաս մը՝ պատգամ մըն էր մեզի համար։ Արդարեւ, այսօր կան յայտնի եւ անյայտ բարերարներ, ոմանք բարիք կ՚ընեն պարզապէս օգտակար ըլլալու համար, եւ համակրական հասկացողութեան ոգիով, իսկ ուրիշներ՝ մարդոց «բարի» երեւնալու համար, ցուցամոլութենէ տարուելով։
Անյայտ բարեգործութիւնը խոնարհութեան նշան է։ Խոնարհութիւնը, համեստութիւնը կը բարձրացնէ ենթական։ Ուստի, պէտք չէ նայիլ անձին, այլ՝ գործին։ Բարիքը եւ բարեգործութիւնն է էականը։
Բարիքը ո՞ւր եւ ինչո՞ւ կը կատարէ մարդ։
Ուրեմն, երկրորդ՝ «Երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.- Եփփա՛թա, որ կը նշանակէ՝ բացուէ՛… եւ պատուիրեց անոնց որ մարդու չըսեն, բայց ան ինչքան ալ կը պատուիրէր անոնց անոնք աւելի եւս կը տարածէին». (ՄԱՐԿ. Է 34, 36)։
Բարիքը պէտք չէ՛ կատարուի իր իսկ փառքին համար, այլ՝ Աստուծոյ փառքին համար։
Այս կէտին՝ պէտք է հարցնենք յաճախ մենք մեզի. «Ո՞ւր է Քրիստոս մեր կեանքին մէջ»։ Ահաւասի՛կ, այս հարցումին մէջ է խոնարհութեան եւ համեստութեան իմաստը։ Ուրեմն, մենք պէտք է հաւատքով՝ խոնարհութեամբ մօտենանք բարիք գործելու իրողութեան։
Աստուծմէ կու գայ հրահանգը՝ որուն պէտք է հնազանդիլ եւ հպատակիլ անկասկած հաւատքով։ Հաւատալ եւ վստահիլ Խօսքին։ Եւ ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։
Բարիք է այն ամէն ինչ՝ որ կը կատարուի Աստուծոյ փառքին համար։ Զոր օրինակ՝ ծնողքի մը համար ամենամեծ բարիքն է զոհուիլ իր զաւակներուն համար, քանի որ անոնք իրենց յանձնուած շնորհներ են եւ աւելի մեծ զոհողութեան բաժին ունի մա՛յրը, քանի որ ա՛ն է ծնողը, խնամողը, մեծ մասամբ։
Իսկական բարիքը այն է, որ իր մէջ ունի անձնուիրութիւն եւ զոհողութիւն, քանի որ բարիք գործել կը նշանակէ իրմէ բան մը տալ, եւ ո՛չ թէ տալ իր աւելցուկէն։
«Եւ Յիսուս նայեցաւ եւ տեսաւ հարուստները որոնք գանձանակին մէջ իրենց նուէրները կը ձգէին։ Տեսաւ նաեւ աղքատ այրի կին մը՝ որ երկու լումայ ձգեց հոն։ Եւ ըսաւ.- Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, որ այդ աղքատ այրին աւելի ձգեց, քան բոլորը։ Անոնք ամէնքը իրենց կուտակածներէն ձգեցին Աստուծոյ տրուած նուէրներուն մէջ, իսկ ան իր կարօտութեան մէջ իր ունեցած ամբողջ ապրուստը ձգեց». (ՂՈՒԿ. ԻԱ 1-4)։
Ուրեմն, պէտք չէ՛ խօսիլ եւ հրապարակել բարեգործութիւններու մասին, այլ անոնք պէտք է կատարել անյայտ կերպով եւ մա՛նաւանդ զոհողութեան ոգիով։ Արդարեւ, իր փառքէն հրաժարիլն ալ հոգեւոր զոհողութիւն մըն է, որ խոնարհութիւն կը պահանջէ։
Վերջապէս, «Ինչո՞ւ բարիք կ՚ընեմ»։ Ահաւասի՛կ, այս է կարեւորը։ Ծառայել Աստուծոյ փառքին, հեռու մնալով ամէն ցուցամոլութենէ։
Թո՛ղ բացուին մեր ականջները՝ լսելու համար Աստուծոյ ձայնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 18, 2024, Իսթանպուլ