«ԲԱ՛ԽՏ» Կ՚ԸՍԵՆ ՈՄԱՆՔ
«Բախտ», «դիպուած», «պատահար» կ՚ըսեն շատեր այն դէպքերուն՝ որոնց պատճառը յայտնի չ՚ըլլար եւ կը պատահին անակնկալ կերպով։ Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ ո՛չ մէկ իրողութիւն, ո՛չ մէկ իրադարձութիւն կամ դէպք կը պատահի առանց պատճառի։ Ըլլայ գիտականօրէն, ըլլայ բնազանցական ոլորտին մէջ ամէն իրողութիւն անպայմա՛ն ունի «պատճա՛ռ» մը։ Մանաւանդ լուսաւորութեան շրջանի իմաստասէրներ, յատկապէս կը ծանրանան այս կէտին վրայ՝ փնտռելով միշտ «պատճառ»ը եղելութեան։
Արդարեւ «պատճառ» որոնել՝ գիտութեան, գիտական լուրջ զբաղումներու հիմն է, պրպտել, հետազօտել եւ բացայայտել ու մեկնաբանել որեւէ իրողութիւն, որեւէ երեւոյթ։
Դրական գիտութիւնը միշտ «պատճառ» մը կ՚որոնէ, որպէսզի կարենայ բացատրել որեւէ երեւոյթ։ Բնազանցական երեւոյթներու (métaphysique) համար ալ պարագան նո՛յնն է՝ ամէն բնազանցական երեւոյթ ունի իր պատճառը, բայց զայն գիտնալ դժուար է եւ շատ անգամ անկարելի՛։ Իրողութեան մը, պատահարի մը կամ երեւոյթի մը հանգամանքը երբեք չի՛ փոխուիր՝ միշտ նոյնն է, «պատճառ» մը անպայման գոյութիւն ունի, եթէ նոյնիսկ անյայտ ըլլայ ան։ Բնութեան նախնական, անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր օրէնքն է՝ պատճառ-արդիւնք կապը՝ հաղորդակցութիւնը։ Ուրեմն, շատերու «բախտ» ըսածն ալ ունի պատճառ մը, շարժառիթ մը եւ մարդիկ ընդհանրապէս կը յուլանան, ծոյլ եւ անփոյթ կ՚ըլլան պրպտելու, փնտռելու «պատճառ»ը եւ կ՚ընտրեն դիւրին ու կարճ ճամբան եւ կ՚ըսեն. «բա՛խտ»։ Եւ եթէ նոյնիսկ «բախտ» է, ան ալ ունի պատճառ մը՝ շարժառիթ մը կամ հիմք մը։
Ուրեմն այս կը նշանակէ, որ աշխարհի վրայ, միջոցի մէջ, անջրպետի խորերը, որեւէ ոլորտի մէջ պատահած որեւէ իրողութիւն, երեւոյթ, հետեւանք է «պատճառ»ի մը, որքան ալ անծանօթ, օտար եւ ծածուկ ըլլայ ան։ Արդարեւ բան մը, որ չի գիտցուիր, անծանօթ է, այդ չի՛ նշանակեր, որ գոյութիւն չունի ան՝ յերիւրածոյ կամ երեւակայական եւ կամ մտացածին է։ Բան մը՝ երբ անտեսանելի է կամ անհասկնալի, անիմանալի՝ չենք կրնար ըսել, որ ան ցնորք մըն է, քանի որ որեւէ բանի մը գոյութիւնը երբեք կախում չունի մարդկային սահմանափակ միտքէն՝ եթէ ան գոյութիւն ունի, մարդ ընդունի կամ ո՛չ, ան կա՛յ։
Մարդկային ենթակայական դատողութիւնը, որ ընդհանրապէս «նեղ միտք»ին որոշումն է, երբեք չի կրնար սահմանել որեւէ էութեան կամ եղելութեան դիրքը, վիճակը, գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը. եթէ ան կայ՝ ապա ուրեմն մարդկային միտքը չի կրնար փոխել զայն եւ անգոյ համարել։ Իրի մը կամ իրողութեան մը էութիւնը կախում չունի մարդկային ենթադրութիւններէ։
Զոր օրինակ, երկրաշարժ մը կը պատահի, քաղաքներ կը կործանին, անոնց աւերակներուն տակ կեանքե՜ր կը թաղուին։ Օդը կը ծանրանայ եւ ժանտախտը կը տարածուի ամբողջ երկրի վրայ։ Բազմաթիւ կեանքեր կ՚ոչնչանան, շատ մարդ կը մեռնի՝ վարակուած օդի մէջ տարածուած մահաբեր թոյներէն։ Մարդկային իմաստութիւնը, որ կը յանդգնի ամէն բանի պատճառը գուշակել, պարզապէս բնութեան ազդեցութեան կը վերագրէ այս բոլորը, եւ քայլ մը աւելի երթալով ախտաճանաչում կը կատարէ՝ «բախտ»ը պատճառ յայտարարելով։ Եւ ո՜րքան դիւրին է անծանօթ, անտեսանելի «պատճառ» մը գտած կարծել, կարծես մե՜ծ գիւտ մը կատարած ըլլար մարդ։ Ահաւասիկ մարդկային տկարութեան, մարդկային տկարութեան եւ խեղճութեա՜ն, ցաւալի յաւակնութեան յայտարարութի՛ւնը։ Սովորութի՞ւն թէ մոլութիւն պէտք է անուանել՝ մարդիկ ընդհանրապէս «բախտ» կ՚ըսեն՝ ի՛նչ որ անսպասելի եւ մանաւանդ անծանօթ ճամբաներով եւ առանց իրենց կամքին կը պատահի։
Եթէ այդ մէկը ոեւէ մէկու համար պատահմունք էր, ո՜վ խեղճ մահկանացո՛ւներ, պատահմունք չէ՛ Անոր համար՝ որուն ձեռքին մէ՛ջն է միայն դէպքերը ուղղելու կարողութիւնը։ Մէկը կ՚ուզէ իր ծրագրած նպատակին հասնիլ, կը ջանայ այդ ուղղութեամբ, բայց Ան՝ որուն կը հնազանդին բոլոր միջոցները եւ բոլոր ճամբաները, տարրերը՝ կ՚ուզէ որ ան հասնի ուրիշ նպատակի մը, եւ Անոր մշտնջենաւոր ծրագրով կ՚ուղղուի դէպի հոն՝ ուր երբեք չէր ծրագրած։ Առածը յայտնապէս կ՚ըսէ. «Խորհուրդը մարդկային է, իսկ կամքը՝ աստուածայի՛ն»։ Եւ ուրիշ առած մըն ալ կ՚ըսէ. «Մարդ կը ծրագրէ, եւ Աստուած կը ծիծաղի»։ Ուրեմն, այն ամէն պատահար, դէպք, երեւոյթ, եղելութիւն, ընդունուի կամ ո՛չ, ունի անպայման նախապատճառ մը, շարժառիթ մը՝ որուն սկիզբն է Աստուծոյ կամքը։ Եւ Ան է, որ կը գործադրէ, կ՚իրականացնէ մարդուս ծրագիրը՝ իր կամքին համաձայն, ամենանպաստաւոր կերպով։ Այս «աստուածային կամք»ը երբեք քմայական, կամայական կամք մը չէ՛, այլ անոր շարժառիթն է՝ մարդուս օգուտը, բարիքը եւ պիտանութիւնը։ Կերպով մը ուղիղ ճամբան ցոյց կու տայ աստուածային կամքը՝ առաջնորդելով զայն դէպի օգտակարը, բարի՛ն։
Հոս հարց մը կը ծագի, թէ «ճակատագիր» եզրը ո՞ւր պէտք է դնել այս խորհրդածութեան մէջ։ Մարդը, միտքով, բանականութեամբ օժտուած էակ մըն է, քանի որ ան՝ միջոցները, որոնք նպատակի մը կը ծառայեն իրարու կապել գիտէ։ Ան բանաւոր է, քանի որ կը տեսնէ, կ՚անդրադառնայ եւ գիտէ զգոյշ վարուիլ՝ հասնելու համար իր նպատակին։ Ան գիտէ՝ ի՛նչպէս պիտի դնէ հիմքը այն շէնքին, որուն վրայ պիտի տարածէ խարիսխը եւ պիտի բարձրացնէ սիւները եւ գիտէ շինել, կանգնել ու պահել՝ այն ի՛նչ որ իրեն օգտակար է եւ իրեն կրնայ ծառայեցնել։
Ապա ուրեմն երբ մարդ ինք կը կերտէ իր շէնքը, եւ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ իրեն տրուած է իր ազատ կամքով գործելու իրաւունքը եւ ազատութիւնը, ապա ուրեմն ո՞ւր պէտք է տեղաւորել «ճակատագիր» եզրը այս «ազատութեան» մէջ։
Արդարեւ «ճակատագիր»ի գաղափարը բոլորովին ներհակ է, հակառա՛կ է «ազատութեան» սկզբունքին։ Այն որ հպատակ է «ճակատագիր» իրողութեան, այն որ կախեալ է «ուրիշ»ի մը տրամադրութենէն, այլեւս անոր ազատութեանը մասին խօսիլ ի զուր է։ Եւ ուրեմն «ճակատագիր» եւ «ազատութիւն» հակադիր տարրեր են, կը հակասեն իրարու։ Մարդ կամ կախում ունի ճակատագրէն եւ կամ ազատ է՝ կը գծէ իր իսկ ճամբան։
Ապա ուրեմն, «ճակատագիր»ը՝ Աստուծոյ գիտութիւնն է՝ մարդուն ապագային մասին, ուրիշ խօսքով՝ Աստուած կանխաւ գիտէ, թէ մարդ ի՛նչպէս պիտի գործածէ իր ազատութիւնը եւ իր ազատ կամքով ո՛ւր պիտի հասնի, ի՛նչ պիտի ըլլայ անոր դիրքը ու վիճակը ապագային մէջ։ Աստուած, որ անժամանակ է, գիտէ՛ այդ բոլորը, եւ եթէ պահանջքը զգայ, ի նպաստ մարդուն, երբեմն կը միջամտէ, թէ ո՛չ մարդ իր գծած ճամբով կը հասնի իր նպատակին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 12, 2015, Իսթանպուլ