ԳԵՐԶԳԱՅՈՒՆ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔԸ ԵՒ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ - Գ -

Մեր նա­խորդ եր­կու գրու­թիւն­նե­րով ջա­նա­ցինք ներ­կա­յաց­նել «գերզ­գա­յուն» կամ «գեր­յու­զա­կան խառ­նուածք» ու­նե­ցող­նե­րու ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը՝ օգ­տուե­լով ջղա­յին եւ մտա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ Տքթ. Գ. Ա­մա­տեա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէն։ Նաեւ տե­սանք, թէ դիւ­րազ­գաց ու դիւ­րագր­գիռ ան­ձեր «վնա­սա­կար տար­րեր» են ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ, եւ թէ ա­նոնք ի­րենց դիւ­րա­բոր­բոք ու պա­տուախնդիր բնա­ւո­րու­թեամբ ո՜ր­քան կը դժուա­րաց­նեն թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը։ Եւ դար­ձեալ ը­սինք, որ այս մա­սին նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը բնա­կան է եւ հասկնա­լի, պայ­մա­նով որ ան մնայ իր չա­փին ու սահ­մա­նին մէջ։ Ա­մէն խօս­քէ, ա­մէն վար­մուն­քէ ի­րենց բա­ժին հա­նել փոր­ձող, ի­րենց վե­րագ­րող ան­ձեր կրնան գտնուիլ ա­մէ­նու­րեք, ո­րոնք կար­ծես պատ­րա՛ստ են ան­մի­ջա­պէս վի­րա­ւո­րուիլ եւ վշտա­նալ՝ ան­տե­ղի կեր­պով։

Ան­շուշտ պէ՛տք է զա­նա­զա­նել «գերզ­գա­յուն խառ­նուածք» ու­նե­ցող­նե­րը եւ դիւ­րազ­գաց բնա­ւո­րու­թեան տէր ան­ձե­րը՝ ո­րոնք դիւ­րաւ վի­րա­ւո­րուող, փափ­կա­սիրտ եւ պա­տուազ­գաց են, եւ այս եր­կու նկա­րա­գիր­նե­րը չշփո­թել ի­րա­րու։ Այս երկ­րորդ­նե­րը կը նմա­նին՝ նա­խըն­թաց դէպ­քի մը պատ­ճա­ռով վէրք ստա­ցած այն մար­դոց, որ ա­մե­նա­փոքր հա­րուա­ծէ մը ազ­դուե­լով սպիա­ցած վէր­քը դար­ձեալ կը գրգռեն եւ կը հրահ­րեն ու ցաւ կը զգան։

Եւ վեր­ջա­պէս մենք զմեզ բախ­տա­ւոր սե­պե­ցինք, որ մեր բո­լոր ծա­ռա­յա­կից­նե­րը՝ ա­մէն աս­տի­ճա­նի ու դիր­քի, անխ­տի՛ր, այս­պի­սի ան­ձեր չեն եւ մեր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կին մէջ նման ան­ձեր գո­յու­թիւն չու­նին եւ մենք ա­նոնց շնոր­հիւ մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նի ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կրնանք ու կրցած ենք տա­նիլ մին­չեւ այ­սօր։ Ա­նոնց­մէ ո՛չ մէ­կը կը չա­փա­զան­ցէ իր նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը եւ կա­տա­րեալ գի­տակ­ցու­թեամբ կը ծա­ռա­յեն ու կը կա­տա­րեն ի­րենց նուի­րա­կան պաշ­տօ­նը՝ բո­լորն ալ անխ­տի՛ր։ Ար­դէն պաշ­տօնն ալ այդ կը պա­հան­ջէ։

Ընդ­հա­նուր տե­սու­թեամբ կան դիւ­րազ­գաց եւ չա­փա­զանց նա­խան­ձախն­դիր մար­դիկ՝ ո­րոնք կը դժուա­րաց­նեն կեան­քը։ Սա­կայն ի՞նչ է դար­մա­նը։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս կէ­տին՝ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ «հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գի»ն։

­Հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է՝ ազ­նուու­թիւն, որ դիւ­րա­տար կ՚ը­նէ կեան­քը եւ կը չա­փա­ւո­րէ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Դիւ­րազ­գաց մար­դոց հան­դուր­ժո­ղու­թիւն ցոյց տալ, համ­բե­րու­թեամբ դի­մա­ւո­րել զա­նոնք՝ վե­հանձն մար­դու նկա­րա­գի՛րն է։ Ա­մէն մար­զի մէջ հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը՝ որ համ­բե­րու­թիւն կ՚են­թադ­րէ, կա­րե­ւոր է եւ անհ­րա­ժե՛շտ՝ կեան­քը լաւ վա­րե­լու հա­մար։

Ուս­տի ան­հա­տա­կան կար­ծի­քի ա­զա­տու­թիւ­նը յար­գել եւ թոյլ տալ, որ ա­մէն մարդ իր տե­սա­կէտ­նե­րը պար­զէ, ա­ռանց վի­րա­ւո­րե­լու ան­շուշտ անձ­նա­կան ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան, ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան հար­ցե­րու շուրջ, ինչ որ կը պա­­հան­ջէ հան­դուր­ժո­ղու­թեան (tolerance) ո­գին։

Սա­կայն հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը ար­ժէք կը ստա­նայ, երբ փո­խա­դա՛րձ է։ Ակն­յայտ­նի եւ բա­ցա­յայտ ի­րա­կա­նու­թիւն է, թէ՝ մար­դիկ՝ ինչ­պէս մարմ­նով նոյն­պէս եւ մտքով ի­րար­մէ տար­բեր ստեղ­ծուած են։ Եւ շատ բնա­կան է, որ ա­նոնք մէկզ­մէ­կէ տար­բե­րին թէ՛ մարմ­նա­կան կազ­մով եւ թէ՛ խոր­հե­լու ուղ­ղու­թամբ։

Ի՜նչ մեծ դժբախ­տու­թիւն պի­տի ըլ­լար ե­թէ ա­մէն մարդ նոյն տե­սան­կիւ­նէն դի­տէր ի­րե­րը եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ բո­լո­րը ի­րա­րու նման խոր­հէին, այս միօ­րի­նա­կու­թիւ­նը կեան­քը ձանձ­րա­նա­լի եւ մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը ան­կա­րե­լի պի­տի դարձ­նէր։

Ար­դար ու ի­րա­ւա­ցի քննա­դա­տու­թիւն­ներ ու դի­տո­ղու­թիւն­ներ եւ մին­չեւ իսկ յան­դի­մա­նու­թիւն­ներ պէ՛տք է հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ դի­մա­ւո­րուի, որ­պէս­զի կարգ ու կա­նո­նը պա­հուի։

Հան­րա­պե­տա­կան դրու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունքն է «ար­ժէք տալ ան­հա­տին», եւ պաշտ­պա­նել ա­նոր խօս­քի, խոր­հուր­դի եւ խղճի ա­զա­տու­թիւ­նը։ Դար­ձեալ ը­սինք, որ ա­սի­կա ան­սահ­ման ա­զա­տու­թիւն մը չէ, ո­րուն սահ­մա­նը ու­րի­շի մը ա­զա­տու­թեան սահ­մա­նին գի՛ծն է եւ մա­նա­ւանդ անձ­նա­կան ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը՝ ո­րը վի­րա­ւո­րել եր­բեք ա­զա­տու­թեան վա­յե­լում չէ՛։ Այս պայ­ման­նե­րով ա­մէն մար­դու ա­զա­տու­թիւն վա­յե­լե­լու ի­րա­ւունք տրուած է՝ ան­կա­խօ­րէն խոր­հե­լու եւ ան­վա­խօ­րէն յայտ­նե­լու իր կար­ծի­քը ա­մէն խնդրի շուրջ։ Ար­դա­րեւ մարդ, պատ­մու­թեան շրջա­նին եր­կար պայ­քար­նե­րէ ետք է որ տի­րա­ցաւ ա­զատ խոր­հե­լու, խօ­սե­լու եւ գոր­ծե­լու ի­րա­ւուն­քին՝ որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեա՛ն։

Հան­րա­յին ու հա­մայն­քա­յին կեան­քի մէջ հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գիին պա­կա­սը զգա­լիօ­րէն կը տես­նուի ընդ­հան­րա­պէս։ Բնա­կան է եւ միան­գա­մայն օգ­տա­կար որ ի­րար­մէ տար­բե­րին խոր­հուրդ­նե­րը եւ տե­սա­կէտ­նե­րը, հա­մո­զում­նե­րը, ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ՝ ի­րերն ու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը դի­տել տար­բեր ան­կիւն­նե­րէ։ Իսկ իր մը կամ ի­րո­ղու­թիւն մը տար­բեր ան­կիւն­նե­րէ դի­տել՝ ճշմար­տու­թեան յայտ­նու­թեան հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է տար­բեր տե­սա­կէտ­նե­րու բաղ­դա­տու­թեամբն է, որ ճշմար­տու­թիւ­նը կը լու­սա­ւո­րուի ու կը յայտ­նուի։

Ու­րեմն մտա­ծում­նե­րու, գա­ղա­փար­նե­րու եւ կար­ծիք­նե­րու զա­նա­զա­նու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին ճո­խու­թիւն մը, հարս­տու­թիւն մըն է։ Զա­նա­զան մշա­կոյթ­ներ կը միա­նան եւ ընդ­հա­նուր մարդ­կա­յին մշա­կոյ­թը կը ստեղ­ծեն։ Ուս­տի կու­րօ­րէն հա­մա­կեր­պիլ ո­րե­ւէ կար­ծի­քի, հպա­տա­կիլ ու­րիշ­նե­րու գա­ղա­փար­նե­րուն սխա՛լ է եւ հա­կա­ռա՛կ՝ մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան։

Ան­հա­տա­կան ա­զա­տու­թիւ­նը թան­կա­գին գա՛նձ մըն է՝ որ պէտք է պահ­պա­նուի եւ պա­հուի ա­մէն գնով, քա­նի որ մտքի գե­րու­թիւ­նը՝ ա­մե­նա­վատ­թար գե­րու­թի՛ւնն է, ո­րուն մարդ կրնայ են­թար­կուիլ։

Ուս­տի պէտք է լայ­նա­միտ, հան­դուր­ժող ըլ­լալ եւ յար­գել ու­րիշ­նե­րու հա­մո­զում­նե­րը՝ թոյլ տա­լով, որ ա­նոնք ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տեն ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը, հա­մո­զում­նե­րը եւ մին­չեւ իսկ համ­բե­րու­թիւն ցոյց տան ա­մէն ի­րա­ւա­ցի եւ ար­դար քննա­դա­տու­թեան։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է որ կը կո­չուի հան­դուր­ժո­ղու­թիւն։

Գա­ղա­փա­րի պայ­քարն է որ կ՚ա­պա­հո­վէ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը հա­սա­րա­կու­թեան եւ պէտք է մէկզ­մէ­կու սխալ­նե­րը, թե­րու­թիւն­նե­րը եւ տկա­րու­թիւն­նե­րը մատ­նան­շել ու քննա­դա­տել, քա­նի որ ա­տո՛վ է որ շի­տակ ճամ­բան՝ ար­դա­րու­թիւնն ու ճշմար­տու­թիւ­նը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ գտնել, ո­րոնք պի­տի եր­ջան­կաց­նեն մար­դը։

Ու­րեմն ար­դար ա­մէն քննա­դա­տու­թիւն եւ ի­րա­ւա­ցի յան­դի­մա­նու­թիւն պէտք է ըն­դու­նե­լի ըլ­լայ՝ ա­ռանց դիւ­րազ­գա­ցու­թիւն ցոյց տա­լու։ Ա­մէն ար­դար քննա­դա­տու­թիւն ան­կեղ­ծու­թեան եւ ճշմա­րիտ սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է՝ ի նպաստ ըն­կե­րու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 15, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2016