ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Ա.)
ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Կասկած չունինք, որ մանկավարժութիւնը գիտութեան ամենէն կարեւոր ճիւղերէն մէկն է եւ պէտք է ընդունինք, որ հայ ժողովուրդը գրեթէ նոյն ժամանակ եւ գուցէ աւելի ալ առաջ սկսաւ հետաքրքրուիլ մանկավարժութեամբ՝ քան այսօր որպէս «զարգացած» նկատուող պետութիւնները:
Մանկավարժութիւնը քարացած ու անշարժ իրողութիւն մը չէ. այնպէս ինչպէս ամէն ժամանակ կ՚ունենայ իր լեզուն, համոզումներն ու ապրելակերպը, նոյնպէս կ՚ունենայ իր մանկավարժական ըմբռնումները՝ որ կրնայ նախորդ ըմբռնումին հակառակ ըլլայ եւ այդ է պատճառը, որ թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր մարդիկ մի՛շտ քննադատած են ու կը շարունակեն քննադատել ուսումնական մեթոտները, որովհետեւ ամէն ժամանակ ունի իրենց յատուկ մօտեցումները, ըմբռնումներն ու հետաքրքրութիւնները, որ կրնայ ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ միւսներէն:
Մանկավարժութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ ոմանք կը կարծէին, թէ դպրոցի պարտաւորութիւնն է մանուկներուն պարզապէս աշխարհագրութիւն, թուաբանութիւն, քերականութիւն սորվեցնել, մինչ ուրիշներ կը հաւատային, թէ այդ բոլորէն անդին դպրոցին պարտաւորութիւնն էր զբաղուիլ նաեւ անոնց հոգեկան աշխարհով, կազմաւորումով, բարոյական կրթութեամբ: Նախապէս դպրոցներուն մէջ աղջիկներուն կարել, աւլել եւ ձեռագործ ընել կը սորվեցնէին, որովհետեւ աղջկայ մը անհրաժեշտ գիտութիւնը տան գործերուն օգնել ըլլալը կը կարծուէր, իսկ տղաներուն վաճառականութեան մէջ պէտք եղած անհրաժեշտ գիտութիւնները, սակայն ունեցանք իմաստուններ, որոնք եկան ըսելու, որ դպրոցը այդ բոլորէն տարբեր ու վեր բան մըն է:
«Զարգացած» երկիրներու մանկավարժներ կը հաւատային, թէ ի սկզբանէ ձախողած է այն ուսուցիչը, որ մանկավարժութեան գիտութեան չէ հետեւած (գուցէ այդ հիման վրայ է որ այսօր ուսուցիչներէն մանկավարժական վկայական կը պահանջեն ուսուցիչ դառնալու համար), սակայն ի տարբերութիւն «զարգացած»ներուն, հայ ժողովուրդը ծնունդ տուաւ այնպիսի մանկավարժներու՝ որոնք մանկավարժական ո՛չ մէկ ուսում կամ կրթութիւն ունէին, սակայն նոյնքան մանկավարժ էին՝ ինչքան մանկավարժութեան ճիւղի մէջ հմտացած մասնագէտները: Վստահաբար անոնցմէ մեծագոյններէն կարելի է նկատել Խրիմեան Հայրիկն ու Ռեթէոս Պէրպէրեանը, որոնց մանկավարժական ըմբռնումներն ու համոզումները մինչեւ օրս կը շարունակեն մնալ այժմէական ու անժամանակավրէպ:
Նախքան խօսիլը մանկավարժական նիւթերու մասին, կ՚ուզենք ընդհանուր խօսիլ մարդ արարածին մասին, որուն կեանքն ու ինչութիւնը եղած է ու կը շարունակէ մնալ առեղծուած. մարդկային պամտութեան առաջին իսկ օրերէն հնչած է «ինչ է մարդը» հարցադրումը, որուն պատասխանը մինչեւ օրս կը շարունակուի գրուիլ՝ առանց վերջնական եզրակացութեան մը յանգելու:
Մարդկութիւնը, որպէսզի աւելի յստակ զանազանէ ու գիտնայ մարդկային կազմաւորման փուլերը, որոշ բաժանումներ ստեղծած է. ինչպէս՝ մանկութիւն, պատանեկութիւն, երիտասարդութիւն, ծերութիւն եւ այլն, սակայն իրականութեան մէջ այս բաժանումները բաւարար չեն լաւապէս զանազանութիւն դնելու, որովհետեւ մանկութիւնը ինքն իր մէջ կարելի է բաժանել մի քանի մասերու, պատանեկութիւնը, երիտասարդութիւնն ու ծերութիւնը նոյնպէս:
Ա.- ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՈՒԹԻՒՆ (0-2 տարիք).- Այս ժամանակաշրջանը առաւելաբար կարելի է բնուդագրել որպէս ճանաչողական ժամանակաշրջան. ժամանակաշրջան՝ ուր կը սկսին ճանչնալ ձեռքերու եւ ոտքերու շարժումները, ձայներ հանել կը սկսին: Շատեր կը հաւատան, թէ այդ տարիքի մանուկներ տակաւին անչափահաս ըլլալով բան չեն հասկնար, սակայն արդի մանկավարժութիւնը կը հաւատայ, որ այդ տարիքէն սկսեալ մանուկը կը սկսի սորվիլ իր ծնողներուն ձայները. մօրը ձայնը լսելով մանուկին ուշադրութիւնը յանկարծ մօր վրայ կը կեդրոնանայ եւ գուցէ իր կամքէն անկախ ան լաւապէս կը գիտակցի, որ այդ ձայնը կը պատկանի զինք խնամող մօր ձայնին եւ որոշ կապուածութիւն մը կ՚ունենայ անոր հանդէպ: Կը տեսնենք, թէ մօր գիրկէն օտարին գիրկը գացող մանուկ մը յանկարծ լալու կը սկսի. որովհետեւ մանուկը կը սկսի ճանչնալ ու զանազանել ծնողքը անծանօթէն եւ յանկարծ մօրը գիրկը վերադառնալով լալը կը դադրեցնէ, որովհետեւ յատուկ կապ մը կը ստեղծէ իր եւ իր ծնողներուն միջեւ:
Կը տեսնենք, թէ այդ տարիքէն, մանուկը կը սկսի ձեռք բերել դէմքի որոշ արտայայտութիւններ կատարելու սովորութիւնը. կը սկսի ժպտիլ. զանազանել ուրախութիւնը տխրութենէն, ցաւը՝ հանգստութենէն եւ նոյնիսկ անխօս վիճակի մէջ ձեռք կը բերէ այդ բոլորին հմտութիւնը: Կամաց կամաց կը կազմաւորէ զգացումի իր աշխարհը. կը սկսի զանազանել մօրը սիրալիր ձայնը՝ ջղային ձայնէն եւ անոր հիման վրայ կը ժպտի եւ կամ կու լայ: Անոնց քով կամաց կամաց կը զարգանայ նաեւ շատ մը զգայարանքներ. կը սկսին հասկնալ համի գաղափարը. վստահաբար տեսած էք, թէ ինչպէս մանուկներուն կը փորձեն լեմոն համտեսցնել. մանուկը այդ տարիքէն կը գիտնայ թթուին, անուշին, աղին եւ քաղցրին տարբերութիւնը:
Այս բոլորէն անդին, անոնց մէջ կը սկսի կազմաւորուիլ մարդկային պէտքերու զգացումը։ Անոնք այսպէս կամ այնպէս կը զգան, թէ անօթի են եւ կամ ծարաւ եւ լացի ու որոշ արտայայտութիւններու ճամբով այդ պէտքերը կը յաջողին հասկցնել:
Մանկական այդ տարիքէն (մանաւանդ 4-5 ամսական ըլլալէ ետք) մանուկը կը փորձէ ընդօրինակել ամէն բան. ընդօրինակելով կը սորվի ձայները, ժպիտը, բարկութիւնը. օրինակի համար, մանուկը իր առաջին բառերը որ դուրս կու տայ, պարզապէս իր լսածներն է որ կը կրկնէ:
Յայտնենք նաեւ, որ անոնց մօտ կամաց կամաց հաճոյքի զգացումը եւս կը կազմաւորուի. օրինակի համար, կը սկսին հաճոյք ստանալ խաղեր խաղալով. մօր մը աչքերը ձեռքերով փակելը եւ կանչով մը անակնկալ ձեւով բանալը ուրախութիւն եւ հաճոյք կը պատճառէ մանուկին, որովհետեւ անոր մօտ այդ բոլորը իմաստ ստանալ կը սկսին:
Պէտք է նկատի ունենալ սակայն, որ մանուկէ մանուկ հասունութեան ու զարգացման այս ընթացքը կրնայ տարբերութիւններ ունենալ եւ ինչքան ժամանակը յառաջդիմէ, վերոյիշեալ բոլոր կէտերը աւելիով կը զարգանան անոնց մօտ՝ եւ անչափահասութենէն դուրս գալով կ՚անցնին միւս հանգրուան:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -372-
Այսօրուան պատմութիւնը շատ կարճ է եւ մեկնաբանութիւնը տրուած է ձեզի:
Մօտաւորապէս երեսուն տարեկան հայ երիտասարդի մը հարցուցի. «Գրիգոր Տաթեւացին կը ճանչնա՞ս»:
Պատասխանը անսպասելի էր. «Հայ երգիչ միայն երեք հոգի կը ճանչնամ...»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/24/2025
- 04/24/2025