ՄՇԱԿՈՅԹԸ… ԵՒ ՄԻ՛ՇՏ
Մշակոյթի՝ Հայ մշակոյթի շաբաթ է. շաբաթ անվերջանելի՝ մշտնջենաւոր, յաւերժական… քանի որ մշակոյթը, ժողովուրդի մը ինքնութի՛ւնն է, նկարագիրը եւ գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի՝ առաջնակարգ ազդա՛կը։
Թէ ի՞նչ է այսքան կարեւոր եւ կենսական ազդակը՝ մշակոյթը…
Մշակոյթը, իր ամենալայն իմաստով, ժողովուրդի մը, անհատական եւ հասարակական հոգեմտաւոր արժէքներուն ամբողջութի՛ւնն է։ Ուստի, մշակոյթը բոլոր այն արժէքներու բովանդակութիւնն է անցեալէն փոխանցուած՝ սովորութիւններու, աւանդութիւններու, հոգեւոր եւ մտաւոր արժանիքներու՝ որոնք նկարագիրը կը կազմեն ազգին, եւ որոնք կը բարձրացնեն եւ միշտ բա՛րձր կը պահեն զայն։
Արդարեւ, ան միայն գիր եւ լեզու չէ՛. ան՝ այն ամէն ինչ է՝ որ կը ցոլացնէ եւ կը պատկերացնէ ժողովուրդի մը, ազգի մը իւրայատուկ առաքինութիւնները եւ արժէքները. այն ամէն ի՛նչ՝ որ ինքն է եւ իրեն կը պատկանի։
Անտարակոյս, ամէն գոյութիւն արժէք մը կը ներկայացնէ, բայց աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ այն՝ որ սեփական է եւ ինքնուրո՛յն։ Բայց բանի մը տէր ըլլալ չի բաւեր, պէտք է անոր նուիրուիլ, անոր արժանի ըլլալ՝ վաստակ եւ աշխատանք՝ գործ, զայն վայելելու համար։ Նուիրուիլ՝ տալ այն ամէն ինչ, կարելին չափով, որ մշտաբորբ եւ վա՛ռ մնայ մշակոյթը՝ ճրագը՝ անշէջ Լո՛յսը։
Ուստի, մշակոյթի մասին երբ կը խօսինք, հա՛րկ է թափանցել անոր ոգիին, անոր խորքին եւ անոր իմաստին։ «Մշակոյթ»ը միայն բառ մը չէ՛, ան հոգի ունի, իմաստ ունի, խորք ունի եւ պէտք է ապրիլ եւ ապրեցնել զայն։
Սրբոց Թարգմանչաց տօնը հանդիսաւորումն է Հայ մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան։ Կենցաղով խորհրդապաշտ եւ մտածումով բանապաշտ՝ մտքի հասկացողութենէն տարբեր իրականութիւն չընդունող՝ ամէն ինչ մտքով բացատրել ուզող, հայ մարդուն էութիւնը լեցուն է հոգեկան տառապանքներով։ Իսկական եւ կրաւորական հերոսացումի տիպա՛րն է ան. ներգործական առձանացումները կը ծնին իր տառապող հոգիի խռովքէն եւ հայուն ստեղծագործութեան արմատական ազդակը՝ ազնուացնող տանջանքը, հոգեկան ցա՛ւն է։
Արդարեւ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց երբ առաջին անգամ իր գրիչը շարժեց հայ տառերու գծագրութեամբ, իր հոգին արձագանգ եղաւ աստուածաբարբառ սա խօսքերուն. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։
Այս բառերը եղան հիմնաքարը հայ գրականութեան։ Այս եղաւ սկիզբն ու վախճանը հայ մարդու իմաստասիրութեան, կեանքի ըմբռնողութեան, աշխարհայեցողութեան։ Ա՛յդ եղաւ «ալֆա»ն եւ «օմեկա»ն հայ պատմութեան։ Ա՛յդ է նաեւ «լուսեղէն ամպ»ը հայ կեանքի երկինքին վրայ…։
Ուստի, իւրաքանչիւր հայ մարդ այսօր դժուար կրնայ հնչել այդ հսկայ, հազարամեայ հնութեամբ օծուն՝ շնորհքներով համակուած բառերը, երբ այնքա՜ն խորթ բայց դիւրին օտար բառեր կը յաճախեն իր շուրթներուն հետզհետէ աճող, սերտացող մտերմութեամբ եւ բնականութեան, սովորականութեան գացող մտահոգիչ ընթացքով մը…
Այս մտահոգիչ ընթացքին մէջ, ահաւասի՛կ, որքա՜ն կարեւոր եւ անհրաժեշտ է մշակոյթը, որուն միջոցով կարելի է վերադառնալ ինքնայատուկ արժէքներուն։ Այս իմաստով, սուրբ բառ է «մշակոյթ»ը. հոգեկան ազնիւ զգացումով եւ երկիւղած յարգանքով պէ՛տք է արտասանել զայն։ Պէտք չէ անտեսել եւ արժէքազրկել «մշակոյթ» բառը՝ բոլոր բառերու իմաստը եւ բովանդակութիւնը՝ հրաշագործ բառը…
Երբ կ՚ապրինք «Հայ մշակոյթի շաբաթ»ը, մշակոյթը անգամ մըն ալ իր խոր իմաստով յիշենք եւ ընդունինք որ ան միայն «բառ» մը չէ, այլ՝ կեա՛նքն իսկ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 04/24/2025
- 04/24/2025