ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՆ ԱԼ ՄՈՒԿ ՉԵ՞Ն

Ամէն մարդ ունի իր համոզումը արտայայտելու ձեւն ու ոճը. օրինակի համար, Զարթօնքի սերունդի որոշ երգիծաբաններ յարմար նկատեցին այդ մէկը ընել զաւեշտի ճամբով. ուրիշներ հրապարակախօսութիւնը ձեռք առին՝ բարձրաձայնելու իրենց համոզումները: Ոմանք ծանր ոճով, ոմանք աւելի նուազ պաշտօնական փորձած են խօսիլ երեւոյթներու մասին. վերոյիշեալ երկու խումբի պատկանող բազմաթիւ գրողներ ունեցած ենք, սակայն հազուագիւտ են անոնք, որոնք մանկական գրականութեան ճամբով յաջողին ազգի մը ճակատագրին մասին խօսիլ եւ այդ քիչերէն է Խնկօ Ապերը, որուն գրութիւնները բոլորիս ծանօթ, սակայն գուցէ անունով օտար թուի մեզի:

Եթէ որպէս հայ Խնկօ Ապերը լսած չէք, ապա վստահաբար լսած էք անոր նշանաւոր աշխատութիւնը՝ «Մուկերու ժողովը», որ հարազատ պատկերն է մեր ազգային ու քաղաքական կեանքին. Խնկօ Ապերի նման գրողները անմահ են այն պատճառով, որ իրենց աւելի քան դար մը առաջ գրութիւնները այսպէս կամ այնպէս կը շարունակեն մնալ ժամանակակից:

Իրականութեան մէջ առեղծուած մըն է. մանուկներու համար եւ մանուկներու ոճով գրուած այս ազգային վերլուծութիւնը պէտք է մանկական գրականութի՞ւն նկատենք, թէ քննադատութիւն, նկատի ունենալով, որ թէեւ ոճապէս մանկական, սակայն խորքին մէջ մեծ իմաստ ու նպատակ ունի:

«Մուկերու ժողովը» իրականութեան մէջ 426 բառերէ կազմուած 39 տողանոց կարճ «բանաստեղծութիւն» մըն է. նիւթը շատ պարզ է. մուկերը կ՚որոշեն ժողով մը կազմակերպել, նիւթ ունենալով կատուին յարձակումները. ժողովի ճամբով կ՚ուզեն վերջնական լուծում մը գտնել ազատելու եւ կամ նուազագոյնը զգուշանալու համար կատուին յարձակումներէն: Ժողովի ընթացքին կատուներէն մին խօսք կ՚առնէ եւ հետեւեալ միտքը կ՚առաջարկէ. շինել զանգակ մը եւ կախել կատուի վիզէն. երբ որ կատուն մօտենալու ըլլայ զանգակը ձայն կը հանէ եւ մենք կը յաջողինք փրկուիլ: Բոլոր մուկերը միասնաբար կը գնահատեն միտքը եւ իրենց հաւանութիւնը կու տան. սակայն հարցը կու գայ ամենէն կարեւոր խնդիրին. ո՞վ յանձն պիտի առնէ այդ զանգակը կախել կատուի վիզէն. ամէն մէկը պատճառաբանութիւն մը կը գտնէ այդ ծանր պարտականութենէն խուսափելու համար. վերջաւորութեան մուկերէն մէկը կը յանդգնի այդ պաշտօնը առաջարկել այն կատուին՝ որուն միտքի ծնունդն էր այս «ընտիր» գաղափարը. միտքի հեղինակը ի՛նք եւս կը ջղայնանայ ըսելով. «Ճա՞ռ ասեմ, թէ՞ զանգ կախեմ» ու իր ճառախօսութիւնը բաւ նկատելով ի՛նք եւս կը հրաժարի այդ պաշտօնէն:

Իրականութեան մէջ ինչքան ալ մանկական թուի պատմութիւնը, մեր ազգի ցաւալի պատկերը կը պարզէ, որովհետեւ մե՛նք եւս ազգովին գիտենք, թէ ի՛նչ բանը մեզ կրնայ փրկել, սակայն մուկերուն նման միայն խօսիլ ու գաղափար յայտնել գիտենք։ Իրական գետնի վրայ կատուներէն տարբեր չենք. ունինք մեր ոչ-համոզիչ պատճառները, խուսափելու այն պարտաւորութիւններէն, որոնք կրնան մեր ազգի փրկութիւնը ըլլալ:

Թէ՛ Հհայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ գումարուող իւրաքանչիւր ժողով կրկնութիւնն է «մուկերու ժողով»ին, որ լուծումները գիտնալով հանդերձ անդադար կը յետաձգուի, որովհետեւ ինչպէս «իմաստուն» կատուն, նոյնպէս մեր կատուները միայն ճառելու մէջ կը մասնագիտանան՝ հեռու գործէ եւ աշխատանքէ:

Այս իմաստուն մուկը իր խօսքին մէջ կ'ըսէ. «Մահս է կանգնել դռանը, սով է ղրկել Մռռանը». Խնկօ Ապեր կը փորձէ ներկայացնել, որ վիճակը կատուներուն համար շատ դժուարին էր եւ կենաց մահու խնդիր մը կար իրենց առջեւ դրուած. անոնք կը գիտակցէին, որ եթէ կատուէն ազատելու լուծում մը չգտնէին, կրնային սովէն մահանալ. սակայն գիտնալով հանդերձ վիճակի լրջութիւնը՝ կը նախընտրէին պարտականութիւնն ու գործը բարդել ուրիշի վրայ, որովհետեւ բոլորն ալ կ՚ուզէին փրկուիլ՝ առանց աշխատանքի եւ յոգնութեան. լաւապէս կը գիտակցէին, որ անոնք չեն կրնար կատուն սպաննել, որովհետեւ կատուն՝ այս պարագային թշնամին շատ աւելի զօրաւոր է քան իրենք, սակայն որոշ միջոցներով կրնան այդ մէկը կանխել, որպէսզի զոհ չդառնան. մին կը պատճառաբանէր, որ հասակը կարճ է, ուրիշ մը կ՚ըսէ, թէ ինք երկարահասակ է եւ կրնայ շուտ երեւիլ. ուրիշ մը իր երիտասարդ ըլլալը կը պատճառաբանէ. հետաքրքրական է սակայն, որ միախմբուելով այդ գործը առաջ տանելու մասին անգամ չեն մտածեր. գուցէ միութիւնը աւելի ուժ տար այդ զանգը կատուին վիզէն անցընելու համար, սակայն միութենէ հեռու կ՚ուզէին եւ կը հաւատային, որ ուրիշը պէտք է ընէ այդ մէկը. իսկ իրենք պիտի վայելեն արդիւնքը...:

Արդեօք նոյնը չէ՞ այսօր մեր քաղաքական վիճակը. նոյն մուկերը չե՞ն որ հաւաքուած ուրիշին կողմէ գալիք արդիւնքին կը սպասեն եւ կը բաւարարուին ճառախօսութիւններ կարդալով. Խնկօ Ապերի մուկերուն տեղ դրէք մեր նախարարները եւ պահ մը նժարի վրայ դնելով նայեցէք, թէ տարբեր պատկեր մը պիտի ստանա՞ք:

Այս է պատճառը, որ ժողովները, համագումարներն ու սեմինարները անօգուտ կը թուին, որովհետեւ հոն միայն ճառեր կը լսուին. մեր ազգային կեանքը ամբողջութիւն մըն է ճառերու, որոնք էութեամբ ճիշդ են, սակայն զանոնք գործադրող չկայ պարզ այն պատճառով, որ բոլորը տարուած են «խելք տալով». թող գործն ալ ուրիշը ընէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ մուկն ու կատուն թշնամի են:

Պատասխան. Մուկին եւ կատուին թշնամի ըլլալու գաղափարը կը ծնի անոնց յարաբերութիւններէն, որովհետեւ կատուները բնազդաբար կ՚որսան մուկերը: Այս յարաբերութիւնը խորապէս արմատաւորուած է մարդկային պատմութեան մէջ, դառնալով մրցակցութեան խորհրդանիշ, խորամանկ ու խուսափող մուկի եւ արագաշարժ ու գիշատիչ կատուի միջեւ գոյութիւն ունեցող պայքարի մը: Այս գաղափարը ժամանակի ընթացքին արմատաւորուած է մշակոյթներու մէջ եւ ներկայացուած են որպէս յաւերժական հակառակորդներ, որ ցոյց կու տայ նաեւ անոնց գոյատեւելու բնազդը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024