ՀԱՅ ԵՒ Ո՛Չ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ
Ներկայիս հայաստանաբնակ հայերու մօտ կայ այն տպաւորութիւնն ու համոզումը, որ սփիւռք ապրող ամէն հայ հարուստ եւ ունեւոր կ՚ըլլայ, այդ իսկ պատճառով կ՚ունենան այն դիրքորոշումը, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պարտի նիւթապէս օգնել ու օժանդակել: Սակայն միշտ չէ որ սփիւռքի մէջ մեր հայորդիները ճոխ ու փարթամ կեանք մը կ՚ապրին։ Այսօր Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ մինչեւ իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունինք բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք ողորմելի եւ թշուառ վիճակի մէջ կը գտնուին:
Տարօրինակը այն է սակայն, որ շատ անգամ հայաստանաբնակ հայեր «խնդրել»ու դերէն դուրս գալով կ՚անցնին պահանջելու եւ այդ օժանդակութեան ստիպողական ու հարկադրող շեշտ մը կու տան: Այդ համոզումն է, որ շատ անգամ հայաստանաբնակ մեր օրիորդները կ՚առաջնորդէ սփիւռքահայ փեսացուի մը փնտռտուքին: Այնպէս ինչպէս շատեր բոլոր արաբները մեծատուն եւ դրամասէր կը կարծեն, նոյնն է պարագան սփիւռքահայերուն:
Վերջերս սփիւռքահայ մը կ՚արտայայտուէր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գործունէութեան մասին եւ անոնց կատարած թերացումները կը մատնանշէր. հայաստանաբնակ հայ մը, որ ըստ երեւոյթին ներկայ իշխանութեան գաղափարակից մըն էր ըսաւ. «Դուն Հայաստան չես ապրիր եւ հետեւաբար կարծիք տալու իրաւունք չունիս»:
Փաստօրէն Հայաստանի մէջ սփիւռքահայը պարզապէս նիւթականի աղբիւր մըն է՝ զրկուած կարծիք տալու եւ որոշելու իրաւունքէն. տարիներ շարունակ սփիւռքահայը նման կեանք մը ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ: Դրամ հաւաքելու համար հիմնադրամներ տասնամեակներ շարունակ դիմեցին «հարուստ» սփիւռքին, նիւթապէս օգտուեցան անկէ, սակայն սփիւռքն ու սփիւռքահայը հեռու պահեցին քաղաքական կեանքէն: Այս բոլորը որոշ ժամանակ համբերութեամբ տանող սփիւռքը ժամանակ մը ետք սկսաւ դժգոհիլ եւ հակառակ այն իրողութեան որ այսօր շատ աւելի մեծահարուստ սփիւռքահայեր ունինք աշխարհի տարածքին քան երէկ՝ զգալի ձեւով նուազեցաւ կատարուած բարեգործութիւններուն ու նուիրատութիւններու չափը եւ այս ընթացքով տասնամեակներ ետք մեծապէս զգալի պիտի դառնայ այդ մէկը, որովհետեւ հին բարերարներուն ժառանգորդները կամաց կամաց կը հեռանան իրենց նախնիներուն օգնելու եւ օժանդակելու հանդէպ ունեցած գաղափարականէն:
Հայաստանաբնակ հայը յաճախ երանելիի աչքով կը նայի սփիւռքահային եւ ներքնապէս «Երանի՜» մը կու տայ անոր, մինչ նոյն սփիւռքահայը Հայաստան գալով «Երանի՜» մը կը կարդայ հայաստանաբնակ հայուն եւ այս հակառակ գաղափարականներով մի՛շտ ալ իրարու օտարականներ կը մնան:
Հայաստանաբնակ հայերէն յաճախ կը լսենք այս արտայայտութիւնը. «սփիւռքահայերը աշխատասէր են». իրականութեան մէջ այս աշխատասիրութիւնը նիւթականին հանդէպ եղած սէրը չէ, այլ արդիւնքն է այն դժուարութիւններուն՝ որ գաղթականներու առաջին սերունդները ունեցան. գաղթական հայերը առաջին իսկ օրէն գիտակցեցան, որ գոյատեւելու համար պէտք է աշխատիլ անտրտունջ. դպրոց, եկեղեցի, ակումբ ու մամուլ ունենալու համար պէտք է աշխատիլ եւ այդ գիտակցութիւնն է, որ զիրենք մղեց գործի եւ աշխատութեան:
Գաղթականներու առաջին սերունդը կրեց ահռելի թշուառութիւն. գաղթականութեան առաջին տարիներուն՝ 1921 թուականին Ֆրանսայի մէջ 25-ամեայ երիտասարդ մը ունեցած թշուառ կեանքը պատրուակելով մահափորձ կատարեց այդ օրերուն Ֆրանսա ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Ա. Ահարոնեանը: Մահափորձը կատարած 25-ամեայ Ալեքսանտր Տէր-Զաքարեան ձերբակալութենէ ետք հետեւեալ բացատրութիւնը տուած է հարցաքննիչին. «Ընտանիքս կործանուեցաւ, թշուառութիւնն է որ զիս մղեց Ահարոնեանը սպաննելու փափաքին. եօթը տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդը կը տառապի անօթութենէ. Փարիզ եկայ յուսալով որ պատուաւորապէս կ՚ապրիմ իմ աշխատանքովս, բայց հազիւ կրնայի կերակուրի դրամս ճարել, ուստի որոշեցի իմ բոլոր հայրենակիցներուն վրէժը լուծել Ֆրանսայի մէջ հայ ժողովուրդին ներկայացուցիչներէն»:
Ալեքսանտրի նման մահուան եւ թշուառութեան ինչ ըլլալը տեսած ու ապրած սերունդէ մը ծնունդ առաւ ներկայ սփիւռքը. գաղթականները սփիւռքի տարածքին վարդ-ծաղիկով չդիմաւորուեցան. մնացին անօթի, մնացին անօթեւան ու անօգնական եւ սեփական ջանքերով, ճիգով ստեղծեցին սփիւռքը:
Թէեւ դժուար, սակայն պէտք է հայաստանաբնակ հայը ընդունի, որ սփիւռքահայը հայ է այնքան՝ ինչքան ի՛նքն է հայ. թէեւ սփիւռքահայերու մեծամասնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն չունի, սակայն ապրած ու մեծցած է այն համոզումով, որ ինք առա՛ջ հայ եւ ապա՛ Լիբանանի, Սուրիայի կամ այլ երկիրներու քաղաքացի է: Պէտք է ընդունիլ, որ քաղաքացիութիւն չունեցող հայը անգամ հարազատ զաւակն է հայրենիքին եւ հայաստանաբնակ հայու չափ իրաւունքներ ունի հայրենիքի տարածքին:
Ափրիկեցի զոյգ մը եթէ Հայաստանի տարածքին զաւակ բերէ, բնական է որ այդ զաւակը թէեւ հեռու իրենց սեփական հողէն ծնի սեւամորթ. նո՛յնն է պարագան հայուն եւ օտար երկիրի մէջ ծնած հայը պոլսահայ, լիբանանահայ, սուրիահայ ըլլալէ առաջ հա՛յ է:
Պէտք է վերջ տալ այն համոզումին որ սփիւռքահայը մեծահարուստ, իսկ հայաստանաբնակ հայը «մուրացկան» հայ է. գացէ՛ք անցեալ եւ տեսէ՛ք Նուպար փաշան, Գալուստ Կիւլպէնկեանը, Մանթաշեանն ու ուրիշները, որոնց համար հայը սփիւռքահայ կամ հայաստանաբնակ ըլլալէ առաջ ՀԱՅ է:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -99-
Երկու տարի առաջ ֆրանսահայ մը Հայաստան գալով ուզեց նիւթապէս օգնել մինչեւ օրս Կիւմրիի եւ Վանաձորի տարածքին մարդկային բնական պայմաններէն հեռու ապրող հայ ընտանիքներու եւ այդ մէկը իրագործելու համար իմ օգնութիւնս խնդրեց:
Զինք տարի Կիւմրի եւ Վանաձոր: Մեր հասնելէն մի քանի վայրկեան ետք արդէն կայծակի արագութեամբ լուր տարածուած էր, թէ եկած է սփիւռքահայ մը եւ կ՚ուզէ օգնութիւններ բաժնել կարիքաւոր ընտանիքներուն: Բարերարը որոշած էր տեսնել անոնց տուները, ապրելու պայմանները եւ ըստ այնմ որոշել օգնութեան անհրաժեշտութիւնն ու չափը:
Այս առաքելութիւնը կատարած ժամանակ մօտեցաւ կին մը եւ ինքնավստահութեամբ ըսաւ. «Ինծի դրամ պէտք չէ. դուք սփիւռքահայ էք, լաւ մարդիկ էք, ինծի մէկ հատ տուն նուիրեցէք, ուրիշ բան չեմ ուզեր...»:
Բարերարը շնորհակալութիւն չէր ակնկալեր, սակայն չէր սպասեր հրամայական ու պարտադրողական ոճը... պարտաւոր էր կարծես:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ