ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՍԻՐԷ ՄԵԶ…

Եթէ սիրէինք զԱստուած ա՛յնքան՝ որքան Ան մեզ կը սիրէ եւ սիրոյ ապացոյցները կու տայ յաճախ, ամէն առիթով, այն ատեն մեր մտածումներուն մէջ՝ միշտ մեզի հետ, միշտ ներկայութիւնը պիտի վայելէինք եւ մանաւանդ Իր էութեան պիտի անդրադառնայինք մեր ամբողջ կեանքին մէջ։ Արդարեւ հարցը սա է. Աստուած միշտ մեզի հետ է՛, տարակոյս չկայ այդ մասին, սակայն մենք միշտ Անոր հետ ե՞նք, մեր կեանքի ամբողջ ընթացքին։ Աստուած, անհամեմատօրէն հաւատարիմ է իր սիրոյն, իր խօսքին, իր խոստումներուն. հապա մենք ո՞րքան հաւատարիմ ենք մեր սիրոյն, մեր խօսքին, մեր խոստումներուն Անոր հանդէպ, եւ մեր նմաններուն նկատմամբ։ Աստուծմէ առաջ մենք մեր բարեկամներուն, մեր ընկերներուն, նոյնիսկ մեր ընտանիքի անդամներուն անհաւատարիմ ենք, իսկ Աստուծոյ հանդէպ՝ անտարբե՛ր։

Այս իմաստով զԱստուած կը յիշենք երբ նեղութեան մէջ ենք, երբ դժուարութեան մը դէմ կը գտնուինք, երբ կարօտ ենք բանի մը՝ որուն մենք մեր կարելիութիւններով չենք կրնար տիրանալ։

Աստուած կը տեսնենք շատ անգամ «Անձ» մը՝ որուն կը դիմենք երբ որ պէտքը ունինք, ճիշդ այն հացագործին, որուն երեսը կը տեսնենք միայն երբ հացի պէտք ունինք՝ հացը կը գնենք եւ այլեւս չենք յիշեր զինք։ Եւ երբ ստանանք մեր ուզածը, յետոյ դարձեալ կը մոռնանք զԻնք։ Ասիկա ընդհանրապէս կը պատահի եւ պատահած է, բայց չենք անդրադարձած եղելութեան, քանի որ մեքենաբար եւ շատ անգամ «անգիտակցօրէն» կը պատահին այս բոլորը։ Մէկ խօսքով եւ դժբախաբա՛ր, ուզել եւ մեր ուզածը ստանալ գիտենք, բայց երախտագիտութեան զգացումէն զուրկ ենք ընդհանրապէս՝ ո՛չ միայն Աստուծոյ հանդէպ, այլ մեր բարեկամներուն, մերձաւորներուն ալ հանդէպ։ Մարդկային տկարութեան եւ թերութեան ապացոյցներէն մի՛ն է ասիկա։

Կը սիրենք կը կարծենք, բայց ժամանակի մը համար, եւ յետոյ սէր կարծուած զգացումէն ո՛չինչ կը մնայ մեր սրտին մէջ՝ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մեր մերձաւորներուն նը-կատմամբ։

Մինչդեռ անհո՜ւնապէս մեծ պատճառ ունինք սիրելու զԱստուած՝ Իր բարութեան, Իր իմաստութեան, Իր արդարութեան, Իր ողորմածութեան եւ Իր հաւատարմութեան համար, քանի որ Ա՛ն է որ մեզի շնորհած է Իր առատ պարգեւները։

Արդարեւ, Աստուծոյ պարգեւներուն նպատակը անշուշտ որ մեր պահանջները գոհացնել է, եւ սակայն անոնք պէ՛տք է նաեւ միջոց ըլլան շարունակ զԻնք յիշելու եւ կապ հաստատելու Իրեն հետ։ Բարութիւն, արդարութիւն, ողորմածութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ հաստատ կապեր են, որոնք մեզ կը կապեն, կը մօտեցնեն եւ կը միացնեն Աստուծոյ։ Այս բարեմասնութիւնները հաստատ կապեր են նաեւ մարդոց միջեւ առո՛ղջ հաղորդակցութիւն հաստատելու։

Ուստի, բարի, արդար, ողորմած եւ հաւատարիմ մարդիկ աւելի լաւ յարաբերութիւններ կրնան մշակել ուրիշներու հետ, եւ անշուշտ Աստուծոյ հետ, քանի որ այս բարեմասնութիւնները Աստուծոյ բնութիւնը եւ էութիւնը կը կազմեն՝ Աստուած «բարի» է, «արդար» է, «ողորմած» է եւ «հաւատարի՛մ» է իր բոլոր միւս հանգամանքներով եւ մանաւանդ սիրոյ հետ։ Եւ այն ի՛նչ որ կը պահանջուի «կատարելութեան» համար մարդէն, անոնց ամէնքը կա՛ն Աստուծոյ բնութեան մէջ՝ որպէս բացարձակ արժէքներ։

Բարձրացնե՛նք մեր աչքերը դէպի երկնային սրբարանին դուռը՝ ուր Աստուած կը յայտնուի, եւ Անոր փառքի լոյսը կը փայլի Քրիստոսի դէմքին վրայ՝ որ բոլորովին կարող է ապրեցնելու անոնք՝ որ Իրմով Աստուծոյ կու գան. (ԵԲՐ. Է 25)։ Այս պատճառով, պէտք է աւելի՛ գոհանալ Տէրոջմէն՝ «Իր ողորմութեանը համար, որ մարդոց որդիներուն Իր ըրած հրաշքները անհամար է» (ՍԱՂՄ. ՃԷ 8)։ Մեր «բարեպաշտական վարժութիւն»ները պէտք չէ՛ կայանան մի միայն խնդրելու՝ ուզելու, պահանջելու եւ առնելու՝ ստանալու մէջ։ Միշտ եւ մի միա՛յն մեր նոր պէտքերուն, կարօտութիւններուն վրայ պէտք չէ խորհինք, այլ նաեւ՝ այն շնորհներուն վրայ, զորս կը ստանանք մեր երկնաւոր Հօրմէն՝ առանց ուզելու, առանց պահանջելու, ինքնաբերաբար։ Քանի որ Ան գիտէ մեր կարօտութիւնները, պէտքերը։

Ընդհանրապէս շատ չենք աղօթեր մենք, այլ չափազանց ժլատ ենք գոհանալու մասին։ Աստուծոյ ողորմութիւնները, շնորհները կ՚ընդունինք, եւ սակայն ի՛նչքան քիչ կը գոհանանք Անկէ՝ մեզի տուածներուն եւ ըրածներուն համար։ «Հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուտէք, եւ ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ՝ ուրախանաք թէ՛ դուք, եւ թէ՛ ձեր ընտանիքը» (Բ ՕՐ. ԺԲ 7)։ Ամէն ինչ որ կ՚ըլլայ Աստուծոյ փառքին համար, պէտք է ըլլայ ուրախութեամբ, օրհներգութեամբ եւ գոհաբանութեամբ՝ եւ ո՛չ թէ տխրութեամբ։ Աստուած ի՛նչ որ կ՚ընէ՝ բարի՛ է անիկա։

Մեր Աստուածը գորովագութ, ողորմած եւ սիրով լեցուն Հայր մըն է՝ սէրը Անոր նկարագիրը եւ բնութիւնն իսկ է։ Ուստի Անոր ծառայութիւնը պէտք չէ՛ նկատուի իբր սիրտ տխրեցնող եւ տաժանելի, նեղութիւն պատճառող բան մը, ընդհակառակը՝ մեզի համար բերկրութիւն մը, հաճոյք մը պէտք է ըլլայ զԱստուած պաշտելը եւ Իր գործին մէջ աշխատիլը։ Աստուած երբեք չ՚ուզեր որ Իր զաւակները, որոնց համար ա՛յնքան մեծ փրկութիւն է պատրաստած, նկատեն զԻնք իբր խիստ, աններող եւ անողոք «հարսատահարի՛չ» մը։

Աստուած իրենց լաւագոյն եւ բարերար Բարեկամն է անոնց՝ որ կը պաշտեն զԻնք. կ՚ուզէ անոնց հետ ըլլալ՝ զանոնք օրհնելու եւ մխիթարելու համար, ուրախութեամբ եւ սիրով համակելով անոնց իւրաքանչիւրին սիրտը։

Տէրը կը ցանկայ որ Իր զաւակները՝ մարդիկ մխիթարուին Իր ծառայութեանը մէջ, եւ աւելի՛ հաճոյք քան թէ տխրառիթ բաներ գտնեն Իր գործին մէջ։ Ան կը ցանկայ որ զԻնք պաշտելու եկողները Իր հոգածութեանը եւ սիրոյն մասին թանկագին խորհրդածութիւններ տանին իրենց հետ, որպէսզի ուրա՜խ ըլլան եւ երջանիկ իրենց ամենօրեայ կեանքին բոլոր զբաղումներուն մէջ, եւ որպէսզի շնորհք ստանան՝ պարկեշտօրէն եւ հաւատարմօրէն գործելու ամէն բանի մէջ։

Ուստի Քրիստոս թող նիւթը ըլլայ մեր խորհրդածութիւններուն եւ խօսակցութեան եւ մեր ամենաքաղցր յոյսերուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 7, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017