ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻ՝ ԱՄԷՆ ԻՆՉՈՎ

Եթէ կը հաւատանք՝ թէ Եկեղեցին «Սուրբ» է եւ անբաժանելի՝ Հայր Աստուծոյ, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հաւատքէն եւ Առաքելական է, հաստատուած Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, ապա ուրեմն ան «մի՛» է։ Աստուծոյ Եկեղեցի՛ն է ան՝ մէ՛կ եւ անբաժանելի՛, որուն մէջ Աստուծոյ կողմէ զետեղուած «բոլոր» պարգեւները՝ շնորհները յստակօրէն բարութեան կը վերագրուին։

Քրիստոնեայ առումով, «Եկեղեցի» բառը նշանակութիւնը ունի «ծխական համախմբում»ի, բայց նաեւ հասարակութեան, այսինքն ժողովուրդի եւ վերջապէս՝ հաւատացեալներու ամբողջ հաւաքականութիւնը։ Ուստի, «Եկեղեցին»ն այն Ժողովուրդն է, զոր Աստուած կը համախմբէ համայն աշխարհով. «Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19)։

Արդարեւ, բոլոր միւս փաստարկումները կ՚ամփոփուին Յիսուսի այս վճռական եւ մշտնջենական հրահանգը բովանդակող խօսքին մէջ, որ տրուած է բոլոր հաւատացեալներուն, առանցքն է Եկեղեցւոյ «մի»ութեան խորհուրդին։ Ուստի Եկեղեցին կ՚ապրի, կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ Քրիստոսով, Քրիստոսի մէջ եւ Անոր Խօսքով եւ Մարմինով եւ այսպէս ինքն եւս կը դառնայ «Քրիստոսի Մարմինը»։ Եւ քանի որ Քրիստոս մէկ է, Անոր Մարմինը մէ՛կ է, ապա ուրեմն Եկեղեցին ալ բնականաբար մէ՛կ է՝ ներկայացնելով անբաժանելի, տեւական, հաստատ «մի՛»ութիւն մը։

Արդարեւ, Աստուածաշունչ մատեանին մէջ կարելի է գտնել մէկը միւսին կապուած բազմաթիւ նմանութիւններ եւ պատկերներ՝ որոնցմով յայտնութիւնը՝ Եկեղեցւոյ անսպառ խորհուրդը կ՚արտայայտէ։ Հին Կտակարանէն առնուած պատկերներ «Աստուծոյ ժողովուրդ»ին հիմնական գաղափարին շուրջ տարբերակներ կը գոյացնեն։ Իսկ Նոր Կտակարանին մէջ այս բոլոր պատկերները կը համախմբուին եւ կը կեդրոնանան սա՛ նոր գաղափարին շուրջ՝ թէ Քրիստոս «Գլո՛ւխ»ն է այս ժողովուրդին՝ որ այնուհետեւ Իր Մարմինն է։ Եւ այս կեդրոնական գաղափարին շուրջ են խմբուած, միացած պատկերներ՝ որոնք առնուած են մարդկային զանազան վիճակներէն կամ ընկերային կեանքէն։ Արդարեւ, Եկեղեցին «փարախ»ն է՝ ոչխարներու հանգստանալու եւ պատսպարուելու վայրը, որուն միա՛կ եւ անհրաժեշտ մուտքը Քրիստոս՝ Ի՛նքն է. (ՅՈՎՀ. Ժ 1-10)։

Ուստի, Քրիստոս մէկ է, Անոր փարախն ալ մէկ է՝ որուն մէջ կան բազմաթիւ ոչխարներ՝ միացած նոյն փարախին մէջ՝ որուն տէրը եւ գլուխն է Յիսուս։ Եւ այս իրողութիւնն ալ եւս ցոյց կու տայ, թէ՝ Եկեղեցին «մի՛» է եւ ունի միա՛յն մէկ «Գլուխ»։ Այս իսկ կը փաստէ Եկեղեցւոյ անբաժանելի միութեան ճշմարտութի՛ւնը։

Եկեղեցին նաեւ հօտն է՝ որուն մասին Աստուած կանխօրօք յայտարարեց, թէ Ի՛նք պիտի ըլլայ անոր Հովիւը՝ որուն ոչխարները իրենց գլխուն «մարդկային հովիւ»ներ ունենալով հանդերձ, յարատեւօրէն առաջնորդուած եւ սնուցուած են Բարի Հովիւէն եւ հովիւներու Իշխան՝ Քրիստոսէն, որ «Իր կեանքը տուաւ Իր ոչխարներուն համար». «Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։ Տակաւին ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս փարախէն դուրս են. պարտաւոր եմ անոնք եւս ներս բերել» (ՅՈՎՀՆ. Ժ 15-16)։ Եւ Յիսուս Քրիստոսի այս խօսքն ալ իր մէջ կը բովանդակէ «Եկեղեցւոյ միութեան» «Եկեղեցւոյ անբաժանելի Մարմին» մը ըլլալուն խորհուրդը։ Արդարեւ, Յիսուս կ՚ուզէ մէկ փարախի մէջ՝ Իր միակ փարախին մէջ հաւաքել բոլոր ոչխարները՝ բոլոր հաւատացեալները, եւ նաեւ անոնք որոնք դուրս են մնացած Իր մէկ եւ միակ փարախէն։

Ուստի, «դուրս մնացածներն ալ ներս բերել»՝ կ՚ենթադրէ միութիւն, մի եւ ամբողջ մը ըլլալու գաղափարը։ «Դուրս մնացածները» դուրսը չթողուլ՝ ուրիշ հովիւներու չյանձնել, իրեններուն ապահովութիւնը ուրիշներու չվստահիլ՝ «մի» ըլլալու, միութեան յստակ ապացո՛յցն է։

Ուրեմն, «հաւաքել»ու այս մտադրութիւնը՝ միութեան, «մի» ըլլալու պատգամին՝ Աստուծոյ կամքին յստակ մէկ արտայայտութիւնն է։

Եկեղեցին մի՛ է իր ակունքով, իր սկզբնաւորութեամբ։ Այս ճշմարտութեան նախատիպարը եւ նախասկիզբն է՝ Անձերու եռեակութիւնը՝ ամենասուրբ Երրորդութիւնը. մէկ միութեան մէջ Աստուծոյ՝ Հօր եւ Որդիին, Սուրբ Հոգիով։

Եկեղեցին մի՛ է իր Հիմնադրով. քանի որ նոյնինքն մարդացեալ Որդին Աստուած, Աստուծոյ հետ հաշտեցուց Իր խաչով բոլոր մարդիկը՝ վերականգնելով բոլորին միութիւնը մէ՛կ ժողովուրդի եւ մէ՛կ Մարմինի մէջ։ Եւ այն ի՛նչ որ «մէկ» է, ապա ուրեմն ան «միութի՛ւն» է։

Եկեղեցին մի՛ է նաեւ Իր Հոգիով. Սուրբ Հոգին որ կը բնակի հաւատացեալներուն մէջ՝ անոնց հոգիին միացած, եւ կը լիացնէ, կը զօրացնէ եւ կը կառավարէ Եկեղեցին ամբողջ։ Ան, հաւատացեալներու այս հրաշալի՜ եւ սքանչելի հաղորդութիւնը կ՚իրականացնէ եւ զանոնք Քրիստոսի հետ, Քրիստոսի մէջ ա՛յնքան սերտօրէն իրարու կը միացնէ, որ Ինք կը հանդիսանայ «Եկեղեցւոյ Միութեան Սկզբունք»ը։

Արդարեւ մէ՛կ ըլլալ՝ մի՛ ըլլալ՝ Եկեղեցւոյ էութենէն իսկ կը բխի։ Արդարեւ, Կղեմէս Աղեքսանդրիացի իրաւացիօրէն կ՚ըսէ. «Ի՛նչ զարմանահրաշ խորհուրդ։ Կայ մէկ Հայր տիեզերքի, մէկ Բան տիեզերքի եւ մէկ Սուրբ Հոգի՝ ամէնուրեք նոյնը. կայ նաեւ մէկ Աստուածածին»։

Իր ծագումէն սկսեալ, այս Եկեղեցին կը ներկայանայ սակայն մեծ այլազանութեամբ՝ որ յառաջ կու գայ միանգամայն Աստուծոյ պարգեւներուն զանազանութենէն եւ զանոնք ընդունող անձերու բազմազանութենէն։ Աստուծոյ Ժողովուրդին միութեան մէջ կը համախմբուին ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու այլազանութիւնները։ Եւ այս իսկ պատճառով կը գոյանան «տեղական Եկեղեցի»ներ՝ որոնք կը վայելեն իրենց սեփական աւանդութիւնները, բայց այս բազմազանութեան մեծ հարստութիւնը չի՛ հակադրուիր Եկեղեցւոյ միութեան։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ, որ «պահեն Հոգիին միութիւնը խաղաղութեան սերտ կապերով» (ԵՓՍ. Դ 3)։

Ահաւասիկ, Եկեղեցւոյ «մի՛»ութիւնը՝ Ս. Կղեմէս Աղեքսանդրացի կը ներկայացնէ սա խօսքով, թէ՝ մէկ Հայր, մէկ Բան, մէկ Սուրբ Հոգի եւ նաեւ մէկ Կոյս Աստուածամայր, որոնք կը սիրէ կոչել՝ ԵԿԵՂԵՑԻ՛։ Արդարեւ, «մէկ»ի ճշմարտութիւնն է, որ կը ստեղծէ «միութեան» խորհուրդը, նկատի չունենալով աշխարհային եւ մշակութային պատճառներով գոյացած զանազանութիւնները։ Եկեղեցին մի՛ է եւ այդպէս կը մնա՛յ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 12, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018