ՇՈՂՈՔՈՐԹՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍՔՈՎ

Մեր հայկական իրականութենէն ներս գոյութիւն ունի ցաւալի երեւոյթ մը, որ յաճախ կը փորձենք արդարացնելու համար «դիւանագիտութիւն» անուանել, վստահ ըլլալով որ այդ մէկը սեփական շահերու ապահովութիւն տալէ բացի ուրիշ բանի չի ծառայեր: Թէեւ խօսքով արդարութեան կողմնակիցներ ենք բոլորս ալ, սակայն շա՜տ շատ անգամ անարդարութեան դիմաց կը նախընտրենք լուռ մնալ, որովհետեւ սեփական շահը շատ աւելի կը կշռէ՝ քան արդարութիւնը եւ այդ անարդարութիւններուն դիմաց կոյր ցեւացնելով անտարբեր ընթացքով մը մեր կեանքը շարունակել կը փորձենք:

Մեր հաւաքական ու ազգային կեանքին մէջ կը տեսնենք բազմաթիւ սխալներ, սակայն յանձն կ՚առնենք լուռ մնալ այնքան ժամանակ՝ ինչքան մեր սեփական շահերը ապահով ու վտանգէ զերծ են. կուսակցական ու միութենական մեր կեանքին մէջ կը տեսնենք բազմաթի՜ւ թերացումներ, սակայն այդ թերացումներուն մասին խօսիլ կը սկսինք միայն այն ժամանակ՝ երբ կը զգանք, թէ արդէն իսկ վտանգուած է մեր սեփական շահերը եւ չես գիտեր ի՜նչ տրամաբանութեամբ այս մէկը կը կոչենք դիւանագիտութիւն, որ իրականութեան մէջ շողոքորթութենէ տարբեր երեւոյթ մը չէ:

Վերջերս երբեմնի կուսակցական մը կը բարձրաձայնէր 4-5 տարիներ առաջ կատարուած սխալ մը եւ իր վկայութիւններով կ՚ամբաստանէր կուսակցութիւնը ու այդ բոլորին դիմաց ակամայ կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ համար այսօր կը կատարուի այդ բարձրաձայնումը՝ եւ ոչ օրին՝ 4-5 տարիներ առաջ. պատասխանը պարզ է. որովհետեւ մեզ հետաքրքրողը կատարուած անարդարութենէն եւ թերութենէն աւելի այս պահին ցեխարձակումն է, ինչ որ կը նուաստացնէ հաւաքականութեան մը դիմագիծը, որ արդարութեան կողմնակից ձեւանալ կը փորձէ:

Վերոյիշեալ արարքը շողոքորթութեան կողքին նաեւ իրաւունք է, որովհետեւ մեր հայկական իրականութենէն ներս բոլորս դէմ ենք քննադատման եւ մա՛նաւանդ ինքնասրբագրութիւն կոչուած երեւոյթին՝ Պապին անսխալականութեամբ օժտուած եւ ամենէն չնչին քննադատութիւնը անգամ մտածելու տեղ տալու փոխարէն կրնայ վերածուիլ թշնամութեան, անհաւատարմութեան։ Վերջապէս Քրիստոնեայ առաջին պետութիւնը ըլլալով «Ով որ ինձ հետ չէ, ինձ հակառակ է» խօսքին հաւատարիմ ազգ մըն ենք:

Այս ախտը հայութեան մէջ նոր երեւոյթ մը չէ. պոլսահայ հին թերթերը եւս կը փաստեն, որ նման երեւոյթ մը հայութեան մօտ գոյութիւն ունեցած է գրեթէ մի՛շտ եւ ամէն երեսներու վրայ եւ այդ փաստերէն լաւագոյնն է Պոլսոյ մէջ Վահան Փափազեանի կողմէ հրատարակուած «Զիկ-Զակ» պատկերազարդ ծաղրաթերթին 18 հոկտեմբեր 1908 թուականի թիւին մէջ հրատարակած «Ազատութիւնը եւ հայ ուսուցիչը» խորագրեալ յօդուածը:

Յօդուածագիր Գ. Ունճեան հետեւեալ տողերը կ՚արձանագրէ. «Ով յարգելի ուսուցիչներ, ես թէեւ վարժապետ կամ ուսուցիչ մը չեմ, սակայն ձեր չարքաշ կեանքին այնքան մօտէն տեղեակ եմ, որ կը սիրեմ միշտ հետաքրքրուիլ ձեզմով...: Եթէ չեմ սխալիր դուք ամենէն աւելի զրկանքներ ու անիրաւութիւններ կրելու դատապարտուած աշխատաւորներն էք, կարծեմ ոչ մէկերնիդ կրնաք հերքել երբ ըսեմ թէ դուք՝ մինչեւ այսօր թաղական կամ հոգեբարձու ըսուած անտանելի արարածներուն ձեռքը խաղալիք մը դարձած էիք: ...Վա՜յ էր ձեզ եթէ բերաննիդ բանալով իրաւունքնիդ պաշտպանել յանդգնէիք, շատ չէր տեւեր կը քշէին ձեր վարժարանէն: Դեռ վերջերս, մէկ երկու ջոջ աղաներ իրենց վարժարանի տնօրէնը կը ճամբեն նոյն իսկ վարժարանին վերաբացումէն յետոյ, որովհետեւ ջոջ աղաներուն գործած անիրաւութեանց դէմ բողոքել համարձակած էր տնօրէնը»:

Նոյն վիճակը, կամայ թէ ակամայ եղած է մեր պարագային. եկեղեցական կեանքի մէջ տեսած ենք բազմաթիւ սխալներ ու թերութիւններ, սակայն քաջութիւնը չենք ունեցած բարձրանալ Վեհափառ Հայրապետին եւ բարձրաձայնել այդ բոլոր խնդիրները՝ վերոյիշեալ ուսուցիչներուն վիճակին չարժանանալու համար եւ եկեղեցին մեր հարազատ տունը նկատելով մինչեւ օրս կը մնանք լուռ՝ գիտակցելով որ լռութեամբ թերութիւններն ու անարդարութիւնները վերջ չեն գտներ: Լռած ենք, որովհետեւ թերութեան մատնանշումը թերութիւնը սրբագրութեան տանելու փոխարէն կրնար մեզ եկեղեցւոյ թշնամի որակելու ուժը ունենար. նոյնն է պարագան կուսակցութիւններուն եւ գրեթէ բոլոր հայկական կառոյցներուն մէջ, որովհետեւ արդար ու առողջ քննադատութեան հասկացողութիւնը կը պակսի մեր մէջ. եթէ երբեւէ մատնանշէք սխալ մը՝ մարդոց կենդրոնացումը մատնանշուած սխալին վրայ ըլլալու փոխարէն ինքնաբերաբար ձեր վրայ կը դառնայ:

Յաճախ պատասխանատու պաշտօնի վրայ գտնուողները կը մոռնան, որ իրենք այդ աթոռներուն վրայ ժամանակաւոր են եւ որպէս մարդ արարածներ ենթակայ են սխալելու՝ ինչ որ մարդկային է. եթէ անձ մը դպրոցի մը տնօրէն է այսօր, այդ մէկը ըսել չէ որ ան աւելի իմաստուն ու գիտուն է՝ քան իր ուսուցիչներէն մին, որովհետեւ անձի մը կարողութիւնն ու գիտութիւնը կարելի չէ պաշտօնով ու դիրքով կշռել, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք,  որ մեր իրականութենէն ներս արժանիին փոխարէն «սիրուած»ն ու «կռնակ» ունեցողը պաշտօնի կը կոչուի:

Այսօր եթէ քննադատենք ու մատնանշենք եկեղեցւոյ թերութիւններէն մին, այդ չի նշանակեր, թէ եկեղեցւոյ եւ Վեհափառ Հայրապետին թշնամի ենք. եթէ քննադատենք թերթին մէջ եղած սխալ մը, այդ չի նշանակեր որ խմբագիրին եւ ընդհանրապէս թերթին համար թշնամութեան զգացում մը ունինք, որովհետեւ քննադատելու եւ թերութիւնները մատնանշելու հիմնական նպատակը ո՛չ թէ վարկաբեկելն է՝ այլ անոնց սրբագրութեան ճամբով աւելի մաքուր ճիշդ ու ստոյգ ճամբու մէջ դրուիլն է:

Աւելի քան մէկ դար, բազմաթի՜ւ ճշմարտախօսներ անտեսուեցան ու դուրս մնացին հաւաքականութենէն՝ պարզապէս ճշմարտութիւնը բարձրաձայնած ըլլալու համար, ինչ որ մեր մէջ դիւանագիտութիւն անուան տակ ծպտուած շողոքորթութեան առաջնորդեց, սակայն փորձը կը փաստէ, որ իսկական յաջողութեան ու կատարելագործման կը հասնի ա՛յն անձն ու հաստատութիւնը, որ քննադատութիւնները թշնամութիւն որակելէ առաջ ինքնաքննութեան կ՚ենթարկէ ինքզինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -124-

Մօտաւորապէս 6 տարիներ առաջ որպէս ուսուցիչ եւ «ազգային գործիչ» մեկնեցայ Յունաստան, տարբեր ձեւով մասնակցութիւնս բերելու շրջանի հայկական կեանքի բարելաւման:

Նոյն ընթացքին կուսակցութիւնը որոշեց շրջանէն երկու երիտասարդ կուսակցական դարձնել եւ չեմ գիտեր ինչ զուգադիպութեամբ այս կապակցութեամբ հարցուցին իմ կարծիքս: Ճանչնալով երկու երիտասարդները խորհուրդ տուի, որ որոշ ժամանակ սպասեն եւ յատուկ դասընթացքներ կազմակերպեն, որպէսզի երկու երիտասարդները լաւապէս ճանչնան ու գիտնան կուսակցութեան իտէալները, նպատակներն ու որդեգրած քաղաքականութիւնը. ինչքանո՞վ տրամաբանական է կուսակցական դարձնել անձեր՝ որոնք կուսակցութեան անունէն այլ տեղեկութիւն մը չունին:

Այս մէկը որակուեցաւ թշնամութիւն եւ որոշ ժամանակ ետք կուսակցութեան թշնամի որակումը ստացայ:

Երկու երիտասարդները կուսակցական եղան:

Կուսակցական դառնալէ 4 ամիս ետք կուսակցական դարձող երիտասարդներէն մին ըսաւ. «կուսակցական դարձուցին բայց բան մը չըսին... կուսակցական ենք բայց բան մը չենք գիտեր»:

Այս է մեր վիճակը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022