ՊԱՏԻԺԻ ՎԱԽԸ՝ ԱՐԳԵԼՔ ՕՐԻՆԱԶԱՆՑՈՒԹԵԱՆ

Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ գերբնական ազատութիւն մը։ Արդարեւ, մարդ այնքան ազատ է, որքան ան օրինապահ է։ Ուրիշ խօսքով՝ օրէնքի սահմաններուն մէջ ամէն մարդ ազատ է։

Մարդ երբեք չի ներկայանար որպէս ստրուկ մը, իր նմաններուն առջեւ՝ ընկերային կեանքի մէջ ծառայական վախով, եւ ո՛չ ալ իբրեւ օրականը փնտռող, իր եւ իրեններուն ապրուստը ճարելու աշխատող վարձկանը, այլ իբրեւ ազատ մարդ մը որ կը պատրաստէ Անոր սիրոյն՝ որ «նախ Ինք սիրեց մեզ». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։

«Կա՛մ չարին թիկունք կը դարձնենք պատիժի վախով, այն ատեն ստրուկի տրամադրութեան մէջ կ՚ըլլանք։ Կա՛մ կը տարուինք վարձատրութեան խայծէն եւ այն ատեն նման ենք վարձկաններուն։ Եւ կա՛մ վերջապէս նոյն ինքն բարիին եւ հրամայողին սիրոյն համար կը հնազանդինք… եւ այն ատեն մենք որդիներուն տրամադրութեան մէջ կը գտնուինք», կ՚ըսէ Սուրբ Բարսեղ Մեծ։ Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ խաղաղութիւնը, ողորմածութիւնը, գութը եւ ուրախութիւնը՝ որոնք երջանկութեան ճամբուն վրայ առաջին քայլերն են։ Ան կը պահանջէ բարեգործութիւնը եւ եղբայրական խրատը. ան վերջին ծայր բարեացակամ է, առիթ կու տայ փոխադարձութեան, կը մնայ անշահախնդիր եւ առատաձեռն, ան բարեկամութիւն եւ հաղորդակցութիւն է։

«Մեր բոլոր գործերուն լրումը՝ սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճանը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք կը վազենք դէպի հոն, անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք…», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Ուստի, առաքինութիւնը ունակական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու…։ Բոլոր առաքինութիւններուն գործադրումը կ՚ոգեւորուի եւ կը ներշնչուի սէրէ՛ն։ Ան «զօդն է կատարելութեան». (ԿՈՂ. Գ 14), ան «կերպարն է առաքինութիւններուն, զանոնք իրարու կը կապէ եւ իրարու միջեւ կը համադասէ։ Ան ծագումը եւ վախճանն է անոնց քրիստոնեայ գործելակերպին։ Սէրը կ՚ապահովէ եւ կը մաքրագործէ սիրելու մեր մարդկային զօրութիւնը։ Եւ կը բարձրացնէ զայն աստուածային սիրոյն գերբնական կատարելութեան՝ որուն հասնիլ շատ դժուար է ընդհանրապէս, չըսելու համար անկարելի։

Պատիժի, նախատինքի եւ անպատուութեան վախը բարերար թումբ մըն է ընկերային զեղծումի եւ օրինազանցութեան դէմ։ Այս իմաստով պատիժը «Դամոկլեան սուր» մըն է։ Վերցուցէ՛ք այդ սուրը եւ զսպուած որքա՜ն կիրքեր, անիրաւ եւ ապօրինի ի՜նչ արարքներ ոտնակոխ պիտի ընեն ամէն օրէնք եւ սահման։ Կը խորհի՞ք սիրելի՜ բարեկամներ, եթէ չըլլար պատիժի վախը կամ ըսենք, սպառնալիքը՝ արդար եւ օրինաւոր սպառնալիքը ի՞նչ ընթացք պիտի ունենար մարդուս կեանքը…։ Վախը, այս տեսակէտով, կարեւոր ազդակ մըն է մարդս օրինաւոր ըլլալու եւ հնազանդ կանոններու։ Արդարեւ, «գաւազան»ը շատ անգամ անհրաժեշտ գործիք մը կը դառնայ ծնողքին կամ դաստիարակին ձեռքին մէջ՝ անշուշտ տեղին եւ ժամանակին գործածելու պայմանով անշուշտ։ Արդար զայրոյթը՝ տեղին, ժամանակին, շիտակ մարդու եւ արարքին համապատասխան չափով, հաւասարակշռուած արտայայտութիւն մըն է…։

Հին առած մըն է, թէեւ, բայց «խօսքով չհասկցողին արժան է ծեծը», որքան որ արդի դաստիարակութեան եւ կրթութեան մէջ շատ ալ ընդունելութիւն չգտնէ ան։

Բնազդով միայն ապրող անբան անասուն կենդանիներու, տրամաբանութեան ձայնին չանսացողներու, կամ անտարբեր, եւ կամ անհաւասարակշիռ միտքերու համար կարեւոր եւ ազդու զսպանակ մըն է ան։ Կարելի է մարդկային արժանապատուութեան ներհակ թուի անիկա, բայց ըսենք. «հարկը օրէնքը կը լուծէ» երբեմն…։

Անշուշտ, ատկէ աւելի լաւ, լաւագոյն ուրիշ միջոց ալ կայ, բանաւոր ընթացքով ապրիլ, գործել եւ զոհել սորվելու համար եւ ա՛յդ կը սպասուի ճշմարիտ դաստիարակութենէն, որ նկարագիրը կերտելու պաշտօնը ունի։

Բայց «վախ»ի, «սպառնալիք»ի մտրակէն եւ կրթութեան համոզկեր ձայնէն զատ մարդուն մէջ կայ ուրիշ ձայն մը եւս, որ իբր հակակշիռ դրուած է բարոյական էակին կեանքին մէջ. եւ «խիղճ» կ՚անուանենք զայն, ինչ որ ոմանք իմացական կարողութիւն մը, եւ ուրիշներ բարոյական զգացում մը կը համարեն։

Խիղճը՝ մարդուն «ներքին աչք»ն է, որ ուղիղը եւ սխալը, ճշմարիտը եւ սուտը, բարին եւ չարը ցոյց տալու պաշտօն ունի։ Մարդուն մէջ, իր ապրած շրջանին եւ ստացած դաստիարակութեան եւ կրթութեան համեմատ՝ «բարոյական օրէնք»ին չափանի՛շն է այն, որ ասունը անասունէն, բանաւորը անբանէն կը զանազանէ։ Անաչառ եւ արդարադատ դատաւոր մը՝ որ իր լուսաւորուած վիճակին մէջ, մարդկային եւ պետական օրէնքներէն ալ արդար է, եւ կը դատապարտէ յաճախ ինչ որ օրէնքը անմեղ հռչակած է, եւ օրէնքով դատապարտուած անմեղին սրտի հանգստութիւն կը պարգեւէ։

Այս արդար, անաչառ դատաւորին սաստը եւ պատիժը ենթակային հետ կ՚երթան, եթէ ան Կայէնի պէս երկրէ երկիր թափառի։ Առողջ, հանդարտ եւ արթուն խիղճի մը խայթը՝ Հիւկոյի նկարագրած մեծաբաց աչքին նման՝ կը թափանցէ երկաթեայ հաստատաշէն եւ հաստաբեստ պարիսպներէն ալ ներս՝ եւ կը նայի շեշտակի եւ անողոք կերպով ոճրապարտ Կայէնէն։

Խիղճ մը յանցաւորի ուրիշ կերպով մըն ալ կը պատժէ մարդը. աննպաստ եւ թշնամական նշանակութիւն կու տայ ամենէն պարզ երեւոյթներուն ալ. անմեղ ժպիտը հեգնական ակնարկութիւն մը կը նկատէ եւ անտարբեր եւ անգիտակ մարդոց դէմքին վրայ արհամարհանք կը տեսնէ. անվնաս անմեղ բառ մը իր երեսին նետուած դատավճիռ մը ըլլալ կը կարծէ։

Եւ յանցաւորին խիղճը իր ծանօթ եւ մտերիմ բարեկամներուն մէջ իսկ թշնամիներ կը տեսնէ. «ամբարիշտ»ը առանց մէկու մը հալածելուն կը փախչի…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 4 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022