ՄԷԿ ՇԱՀ՝ ՀԱԶԱՐ ԿՈՐՈՒՍՏՈՎ

Մի քանի օրեր առաջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Հայաստան հասաւ աւելի քան 618 տարիներ առաջ՝ 1405 թուականին Նարեկավանքի մօտակայքը գտնուող Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ գրուած Առբերդի ձեռագիր Աւետարանը:

Այս առիթով գոյութիւն ունին մեզ հետաքրքրող բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը մնան անպատասխան. օրինակի համար, ինչպէ՞ս եղաւ որ նման մեծ արժէք ներկայացնող ձեռագիր Աւետարան մը յայտնուեցաւ օտարազգի հաւաքորդի մօտ. Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ գրուած ձեռագիր Աւետարան մը որպէս արժէք ու սրբութիւն պահուելու փոխարէն, ինչպէ՞ս հասաւ «խոստացեալ» երկիրներ. պատասխանը կը մնայ անյստակ, սակայն կ՚ենթադրենք, որ անոր ետին անպայմանօրէն պիտի գտնուի ՀԱՅ մը (գուցէ եկեղեցական մը), որուն համար տրուած գումարը շատ աւելի արժէք ներկայացուցած է՝ քան պատմական նշականութիւն ունեցող ձեռագիր Աւետարանը։ Նման հայերու գոյութիւնը թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր մեծ հարցականի տակ կը դնէ մեր գոյութիւնը, որովհետեւ անժամանակ եւ ժամանակաւոր արժէքները քիչ մը բոլորիս համար կը սկսին դառնալ անյստակ:

Այս ձեռագիրի վերադարձի գծով սակայն, այլ տարօրինակ երեւոյթ մը կը պարզէր տեղական մամուլի արձագանգը. այդ տարօրինակութիւնը պարզելու համար կ՚ուզեմ յիշել տեղական մամուլի այս կապակցութեամբ կատարած լրատուութեան առաջին տողերը.

Tert.am.- «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի Մատենադարան ինստիտուտ-թանգարանում ներկայ է գտնուել ՀՀ կառավարութեան կողմից 15-րդ դարի մեծարժէք Աւետարանի ընծայաբերման հանդիսաւոր արարողութեանը»:

Matenadaran.am.- «ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Կառավարութիւնը Մատենադարանին է ընծայել 15-րդ դարի մեծարժէք Աւետարան»:

Նմանատիպ գրառումներ կատարած են «Հետք»ը, «Առաւօտ»ը եւ բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ: Մեզի այսօր տարօրինակ թուացողը այն է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիսութեան ներկայ գտնուիլը շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ստացած ու լուսարձակի տակ առնուած է՝ քան Աւետարանի վերադարձը. պարզապէս հետաքրքրութեան մը համար բացէ՛ք եւ կարդացէ՛ք լրատուութիւնները. Աւետարանին եւ անոր ներկայացուցած արժէքին մասին ո՛չ մէկ ակնարկ. պարզապէս յիշուած է անոր 620 տարուայ հնութիւն ունենալը. ուրիշ ո՛չ մէկ տող:

Տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին նոյնիսկ Աւետարանի արժէքէն աւելի մեծարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նկատի ունենալով որ Աւետարանի վերադարձի գծով Հայաստանի կառավարութիւնը ունեցած է կարեւոր դերակատարութիւն:

Այս բոլորը տարօրինակ կը թուի մեզի համար, որովհետեւ Աւետարանի վերադարձը վարչապետի եւ կամ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ի գործ դրուած «ազնուութիւն» տեսնելու փոխարէն պարտաւորութիւն կը նկատենք, տեղ մը գնահատանքի փոխարէն ամօթ նկատելով Աւետարանի օտար ափերու մէջ յայտնուիլը (թէեւ վստահաբար ունի շատ աւելի հին անցեալ՝ քան մեր կառավարութիւնը):

Տեղ մը հասաւ, որ մեր մօտ պարտաւորութիւններն ու բնական երեւոյթները սկսան տարբեր տեսք մը ստանալ. այսօր Ամերիկայի մէջ հայ երիտասարդի մը եւ կամ պատանիի մը հայերէն խօսիլը կը գնահատուի ու կը ծափահարուի, մոռնալով որ այդ մէկը իրագործում ըլլալէ անդին պարտաւորութիւն է: Նման «ուրախալի» թուացող երեւոյթներ մեզ աւելիով կը մտահոգէ, որովհետեւ բնականին գիտակցութիւնը չունենալով կը շփոթենք կարեւորն ու անկարեւորը, արժէքաւորն ու անարժէքը:

Կը յիշեմ, Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ Ամերիկայի մէջ երեք հայ պատանիներ ճամբայ դուրս գալով հայ զինուորին համար օգնութիւն սկսան հաւաքել. երեւոյթը գնահատելի էր, սակայն աւարտը նոյնքան սարսափելի՝ ինչքան պատերազմը: Երեք պատանիները լաւապէս չկարենալով հայերէն խօսիլ, իրենց հարցազրոյցը տուին անգլերէն լեզուով. անոնց հայերէն խօսիլը շա՜տ շատ աւելի պիտի արժէր՝ քան հայ զինուորին համար իրենց հաւաքած գումարները՝ նոյնիսկ եթէ ըլլային միլիոններ:

Գիտէ՞ք չէ, կեանքի մէջ կայ երկու տեսակ մահ. մին անակնկալ ու անցաւ, իսկ միւսը երկարատեւ հիւանդութիւններով պայմանաւորուած՝ չարչարանքներով ու ցաւերով լեցուն. մեր լեզուն երկրորդ ձեւով է որ կը մահանայ։ Մեր հայերէնի հանդէպ ունեցած նուաճումները նման են այն խաղամոլին, որ հազարներ կորսնցնելով հանդերձ մէկի շահումը որպէս նուաճում կը նկատէ: Հայաստանի կառավարութեան նուաճումները եւս նման են խաղամոլի շահումներուն, որովհետեւ նկատենք թէ ոչ, մէկը շահած ժամանակ մենք կը կորսնցնենք հազարները. թէ՛ լեզուով, թէ՛ մշակոյթով, թէ՛ հոգեւոր գետնի վրայ նահանջի մէջ ենք. այսօր աւելիով կը հասկնամ Կոմիտասի վիշտով լեցուն խօսքերը. «Օտարները աւելիով կը հետաքրքրուին մեզնով՝ քան մենք»։

Թող Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Հայաստան վերադարձնէ նաեւ աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի գոհարները: Հայկական բազմաթի՜ւ արժէքներ այսօր կը գտնուին օտարներու մօտ եւ անոր մեծագոյն մեղաւորը դարձեալ մե՛նք ենք՝ որպէս ազգ, որովհետեւ մշակոյթը, սրբազան արժէքները մեր մօտ ունին իրենց գիները:

Աւետարանի վերադարձը թող ուրախութիւն չպատճառէ, որովհետեւ ան պարզապէս մէկն է «կորսուած ոչխար»ներէն, որոնք օտար ափերու մէջ, օտարութեամբ կը տառապին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է մերօրեայ թուղթերու գիւտարարը:

Պատասխան. Թուղթի գիւտը ունի երկար պատմական անցեալ եւ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր մշակոյթներու մօտ կը տեսնենք տարբեր ձեւի թուղթերու գործածութիւն: Հին եգիպտացիներու մօտ կը տեսնուի թուղթի նմանութեան նիւթի մը գոյութիւնը, որ կը կոչուէր «Բաբիրուս» (papyrus), սակայն թուղթի գիւտը առաւելաբար վերագրուած է Չինաստանին:

Մօտաւորապէս 105 թուականին չինացի պալատական Քայ Լուն (Cai Lun) կը գտնէ թուղթ պատրաստելու նոր մեթոտ մը, օգտագործելով թթենիի կեղեւը, կանեփը, լաթեր եւ բուսական այլ նիւթեր: Այս գիւտը վճռորոշ դեր կը խաղայ մերօրեայ թուղթի պատրաստութեան ընթացքին մէջ:

Քայ Լուն կը ճանչցուի մերօրեայ թուղթի գիւտարարը, սակայն թուղթի պատրաստութիւնը ժամանակի ընթացքին զարգացած է՝ մանաւանդ միջնադարեան Եւրոպայի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2023