ԱՆԽԱՐԴԱԽ ԵՒ ԱՆԿԵՂԾ

Ամ­բողջ Բնու­թիւ­նը, որ Աս­տու­ծոյ ձե­ռա­գործն է, կը կրէ ան­կեղ­ծու­թեան եւ ան­խար­դախ կա­տա­րե­լու­թեան յատ­կան­շա­կան դրոշ­մը։ Մար­դիկ շատ շատ կ՚ըն­դօ­րի­նա­կեն Բնու­թիւ­նը ա­րուես­տա­կա­նօ­րէն։ Եւ ըն­դօ­րի­նա­կու­թիւ­նը՝ ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով, նա­խա­տի­պա­րին կեղ­ծու­մը կամ կրկնու­թիւնն է, եւ ո՛չ իս­կա­կա­նը։

Ուս­տի այս կեղ­ծու­մը, կամ եղ­ծու­մը, խոս­տո­վա­նու­թիւն մըն է մարդ­կա­յին կա­րո­ղու­թեան եւ տա­րո­ղու­թեան սահ­մա­նա­ւո­րու­թեան։ Ար­դա­րեւ, մարդ չի ստեղ­ծեր, այլ ստեղ­ծուա­ծը կ՚ըն­դօ­րի­նա­կէ, ա­նոր նմա­նը «կեղ­ծել»ու կ՚աշ­խա­տի, նմա­նը շի­նել կը փոր­ձէ։

Մարդ, ու­րեմն իր ա­րուես­տո­վը եր­բեք չի՛ կրնար մրցիլ Աս­տու­ծոյ հետ։ Այս պատ­ճա­ռով, մարդ­կա­յին պար­ծան­քը իր հան­ճա­րին նկատ­մամբ, ու­նայն է։

Գի­տե՛մ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ո­մանք պի­տի ա­ռար­կեն եւ պի­տի ը­սեն, թէ ի՜ն­չեր հնա­րած է, շի­նած է մարդ. ի՜նչ հրա­շա­լիք­ներ, հիա­նա­լի՜ շէն­քեր, շի­նու­թիւն­ներ հաս­տա­տած ու կազ­մած է, եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ շի­նել, կազ­մել իր զար­մա­նա­լի հնա­րա­գի­տու­թեամբ, ի­մաս­տու­թեամբ։ Մարդ տե­ւա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեան մէջ է, հետզհե­տէ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի եւ ան­ցեա­լի մար­դը շա՜տ փո­խուած է ներ­կայ մար­դուն նկատ­մամբ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ բա­րե-­փոխուիլ տա­կա­ւին, ա­պա­գա­յին մէջ։ Ան­կաս­կա՛ծ։ Ան­տա­րա­կո՜յս։ Մարդ ստեղ­ծուած եւ կո­չուած է բա­րե­փո­խուե­լու եւ յա­ռաջ­դի­մե­լու՝ հետզ­հե­տէ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու։ Ներ­կայ մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դի­մու­թեան ար­դիւնք հրա­շա­լիք­ներ, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ մարդ­կա­յին հնա­րամ­տու­թեան եւ ի­մաս­տու­թեան ար­տադ­րու­թիւն­ներ են, ո­րոնք ցոյց կու տան մարդ էա­կին կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ տա­րո­ղու­թիւ­նը այս մա­սին։ Այս տե­սա­կէ­տէ ի­րա­ւա­ցի են ա­ռար­կու­թիւն­նե­րը։ Մարդ էա­կը հսկա­յա­կան հրա­շա­լիք­ներ եւ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­ներ կա­տա­րած է։

Բայց մարդ­կա­յին ո՞ր շրջա­նի ո՞ր հնա­րամ­տու­թիւ­նը, զոր օ­րի­նակ, կրցած է ով­կիա­նոս մը ջու­րով լեց­նել եւ ա­նոր խո­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ստեղ­ծել ան­հա­շուե­լի թիւով եւ զա­նա­զա­նու­թեամբ կեն­դա­նա­կան կեա՛նք մը։

Ո՞ր մարդ­կա­յին սե­րուն­դը կա­րո­ղա­ցած է ո­չին­չէն ստեղ­ծել ո­րե­ւէ էու­թիւն, ե­թէ ոչ միայն ե­ղա­ծը բա­րե­փո­խած, կա­տա­րե­լա­գոր­ծել փոր­ձած է՝ ըն­դօ­րի­նա­կու­թեամբ եւ կրկնու­թեամբ։

Ար­դա­րեւ, ան­կեղ­ծը եւ ան­խար­դախն է Բնա­կա­նը՝ այն որ Աս­տուած ստեղ­ծած է, այն որ Աս­տու­ծոյ ձե­ռա­գործն է. իսկ ա­ր-ւես­տա­կա­նը՝ մար­դուն «կեղ­ծում»ն է՝ օ­րի­նա­կու­մը միա՛յն։

Ու­րեմն Աս­տուած կը ստեղ­ծէ, եւ մարդ արուես­տա­կա­նօ­րէն կը կեղ­ծէ. ու­րիշ բա­ցատ­րու­թեամբ՝ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցա­ծը կրկին կը շի­նէ, կ՚օ­րի­նա­կէ։ Ը­սենք՝ Աս­տուած կեանք կու տայ եւ մարդ տրուած կեան­քը կեր­պով մը կ՚ապ­րի, կը տե­ւա­կա­նաց­նէ՝ ո­րուն վախ­ճանն ալ դար­ձեալ Աս­տու­ծոյ կամ­քէն կա­խում ու­նի, Ան է որ կ՚ո­րո­շէ։ Ու­րեմն Աս­տուած կու տայ, մարդ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծէ եւ երբ ժա­մա­նա­կը վեր­ջա­նայ, ո­րուն ա­տե­նը յայտ­նի չէ, տրուա­ծը դար­ձեալ ետ կ՚առ­նուի։

Կեան­քը, ու­րեմն Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մա­ձայն տրուած եւ ետ պա­հան­ջուած ժա­մա­նա­կաշր­ջան մըն է եւ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն օգ­տուե­լու փոր­ձա­ռու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան ա­ռիթ մը։ Եւ այդ շրջա­նին ըն­թաց­քին է, որ մարդ բնու­թիւ­նը կը կեղ­ծէ՝ ապ­րե­լու հա­մար, եր­բեմն դիւ­րա­տար ը­նե­լու հա­մար կեան­քը՝ դի­մադ­րե­լով ա­մէն նե­ղու­թեան եւ դժուա­րու­թեան։

Ար­դա­րեւ, մարդ կրնայ բազ­մա­յար­կա­նի շէնք մը կամ աշ­տա­րակ մը կանգ­նեց­նել, եւ ա­սոր բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­նե­րը չեն պակ­սիր թէ՛ ան­ցեա­լի մէջ եւ թէ ներ­կա­յիս։

Բայց այդ բո­լո­րը շի­նող մար­դը՝ միա՛յն Աս­տուած կրնար «շի­նել», այ­սինքն՝ ստեղ­ծե՛լ։

Եւ միա՛յն Աս­տուած կրնայ հաս­տա­տել լեռ­ներ, քա­րայր­ներ, ո­րոնց քով «խա­ղա­լիկ» կ՚ե­րե­ւին մար­դոց կող­մէ շի­նուած հսկա­յա­կան շէն­քերն իսկ։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ մար­դոց կող­մէ շի­նուած­ներ ըն­դօ­րի­նա­կու­թիւն­ներ են Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծած հրա­շա­լիք­նե­րուն։ Եւ ա­մէն ձե­ռա­գործ շի­նուածք՝ որ ար­դիւնքն է մարդ­կա­յին հնարամ­տու­թեան եւ ճար­տա­րա­գի­տու­թեան, կրկնու­թիւնն է աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ Ուս­տի, բու­նը՝ աս­տուա­ծա­յի՛նն է, իսկ կեղ­ծը՝ մարդ­կա­յի­նը։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով, մարդ­կա­յին հպար­տու­թիւ­նը եւ պար­ծան­քը եր­բեք բա­նա­ւոր հիմ չու­նի երբ յի­շէ եւ անդ­րա­դառ­նայ, թէ՝ թէեւ կա­րո­ղա­նայ մին­չեւ լու­սին եւ ան­կէ շա՜տ ար­դին՝ մո­լո­րակ­նե­րէն մէ­կուն հաս­նիլ, զոր տե­ւա­կան կը փոր­ձէ մարդ, բայց ան­կա­րո՛ղ է ստեղ­ծել ու կազ­մել ճանճ մը իսկ, որ իր բնազ­դո­վը՝ իր ուղ­ղու­թիւ­նը կը գտնէ եւ ա­ռանց ար­տա­քին ո­րե­ւէ մի­ջամ­տու­թեան կրնայ ու­զած ա­տեն կե­նալ, կամ թռչիլ։

Եւ մարդ, իր հնա­րամ­տու­թեամբ, միա՛յն կը փոր­ձէ շի­նել թռչնա­թեւ նա­ւեր ըն­դօ­րի­նա­կե­լով ու կեղ­ծե­լով ճան­ճը կամ ո­րե­ւէ թռչուն։

Մարդ, ընդ­հան­րա­պէս իր ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ մտադ­րու­թիւ­նը կը դարձ­նէ եւ կը կեդ­րո­նաց­նէ ի՛ր գոր­ծե­րուն մե­ծու­թեան եւ կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ եւ «մե՛ծ» կը հա­մա­րէ ինք­զինք։

Մե՛ծ է մարդ՝ իր մե­ծու­թեա­նը սահ­ման­նե­րուն մէջ, բայց ո՜ր­քան պզտիկ երբ իր մե­ծու­թիւ­նը հա­մե­մա­տու­թեան դնէ Աս­տու­ծոյ մե­ծու­թեան հետ։ Այս ի­մաս­տով «մե­ծու­թիւն»ը յա­րա­բե­րա­կան է՝ հա­մե­մա­տա­կան. զոր օ­րի­նակ՝ «պզտիկ» մարդ մը՝ որ կո՛յր է իր ան­ձէն դուրս մե­ծու­թիւն տես­նե­լու, «մեծ» կը կար­ծէ ինք­զինք թէեւ մե­ծու­թեան ա­մէն չա­փա­նի­շով, տա­կա­ւին պզտիկ է, եւ յա­ճախ խղճա­լիօ­րէն «պզտի՛կ» ու անն­շան։

Ո՜ւր էր թէ մարդ անդ­րա­դառ­նա­լու հմտու­թիւ­նը եւ ըն­դու­նե­լու քա­ջու­թիւ­նը եւ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը ու­նե­նար իր իս­կա­կան վի­ճա­կը՝ իր պզտի­կու­թիւ­նը, իս­կա­կան մե­ծու­թեան նկատ­մամբ։ Եւ ի­րա­կան «մեծ մարդ»ը այն է, որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ եւ կը տես­նէ իր պզտի­կու­թիւ­նը։

Եւ ա՛յն որ չի՛ տես­ներ իր պզտի­կու­թիւ­նը, կը կար­ծէ ա­մե­նա­կա­րող ըլ­լալ՝ ան­կեղծ եւ ան­խար­դախ չ՚ապ­րիր իր կեան­քը։ Այն որ կ՚ան­տե­սէ Բնու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը, կը կար­ծէ ստեղ­ծող ըլ­լալ, ինք­զինք հա­ւա­սա­րեց­նել Աս­տու­ծոյ, ի վեր­ջոյ կ՚իյ­նայ եւ կը կոր­սուի իր կեղծ ու խար­դախ ե­րե­ւա­կա­յա­կան կեան­քին մէջ։

Մարդ պէտք է ան­կեղծ ու ան­խար­դախ ըլ­լայ եւ ըն­դու­նի, որ ինք չի կրնար ստեղ­ծել, այլ՝ կ՚ըն­դօ­րի­նա­կէ, կը կրկնէ եւ կը կեղ­ծէ՛ միայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 24, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017