ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ

Երբ յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին, այն ընդհանուր սէրն է, որ իր կարգին ունի բաժանումներ, տեսակներ, որոնք կը բխին թէեւ նոյն ակէն, բայց անոնց ազդեցութիւնը կը տեսնուի տարբեր մարդկային յարաբերութիւններու մէջ եւ աւելի լայն առումով՝ բնութեան մէջ տարբեր էութիւններու նկատմամբ։ Անշուշտ բոլորն ալ «սէ՛ր» է, քանի որ անոնց բոլորին ալ սկզբնակէտը մէ՛կ է։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, սէրը որ յիշուած է Պետրոս առաքեալի գրած առաջին նամակին մէջ, կ՚ըսէ. «Ամէն բանէ առաջ՝ սրտանց սէր ունեցէք իրարու հանդէպ, որովհետեւ.- սէրը պատճառ կ՚ըլլայ որ ձեր բազմաթիւ մեղքերը ներուին» (Ա ՊԵՏՐ. Դ 8), եղբայրական սէր է, եւ ըսուած է թէ այդ սէրը «մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» ո՛չ քանի որ եղբայրական սէրը ջնջելով մեղքերը՝ կ՚արդարացնէ մեղաւորը, այլ, որովհետեւ փոխանակ, նման ատելութեան, հակառակութիւն եւ կռիւ հանելու՝ կը հանդարտեցնէ զանոնք, ինչպէս կը տեսնուի Առակներու գիրքին մէջ. «Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ, բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ», (ԱՌԱԿ. Ժ 12)։

Սուրբ Գիրքին մէջ շատ անգամ Աստուած ցոյց կը տրուի մեզի «գաւաթ ի ձեռին» զոր ան խմել կու տայ մարդոց, եւ մարդիկ խմելով՝ գետին կ՚իյնան իբրեւ թէ սաստիկ գինովցած վիճակի մը մէջ։ Այս ձեւը մարգարէական գիրքերու մէջ գործածուած է շատ համառօտ եւ առանց բացատրութեան։ Բայց նոյն «այլաբանութիւն»ը լիովին բացատրուած է Եսայի մարգարէի կողմէ, ուր կը տեսնուի թէ «գաւաթը խմել»ը կը նշանակէ կրել Աստուծոյ տրտմութիւնը կամ անոր արդար բարկութիւնը։

Քրիստոս «ոչխար» կ՚անուանէ իր աշակերտները։

Այս խօսքը Սուրբ Գիրքի ուրիշ խօսքերուն հետ բաղդատուելով՝ կը հասկցուի գութը եւ խնամքը զոր Քրիստոս ունի իր աշակերտներուն նկատմամբ։ Ան ցոյց կու տայ նաեւ սէրը եւ վստահութիւնը զոր աշակերտները ունին Քրիստոսի հանդէպ։ Նոյն Ինքն Քրիստոս շատ անձուկ միտքով կոչուած է «Գառն», այսինքն՝ գլխաւորապէս իր բնաւորութեան համար, նաեւ քանի որ զոհեց իր անձը։

Այսպէս, դարձեալ, մեղքը կոչուած է Սուրբ Գիրքին մէջ «պարտք», «քաւութիւնը՝ պարտքերու վճարում», «թողութիւնը՝ պարտքերու ներում» եւ նաեւ «պարտքերու շնորհում»։

Բայց մենք պարտինք սահմանել այս բառերը՝ ուրիշ խօսքերու մէջ, անոնց հետ բաղդատելով անոնք, եւ չթողուլ որ այնպէս հասկցուի, թէ որովհետեւ Քրիստոս խաչուեցաւ մարդոց համար, պիտի փրկուին ամէնքը, կամ թէ որովհետեւ Քրիստոս հնազանդեցաւ օրէնքին, մեղաւորը ազատ է ապրիլ մեղքերու մէջ։

Ըսուած է նմանապէս թէ «հաւատացեալները մեռած են մեղքերու», այսինքն՝ չունին, ուրիշ մարդոց նման, մեղք գործելու յօժարութիւն, եւ ո՛չ թէ բոլորովին ազատ են մեղքէ, նաեւ չեն ըլլար անմեղ, եթէ արհամարհեն աստուածային կոչումը։

Արդարեւ, երբեմն պէտք է մեկնել Սուրբ Գիրքի մէկ խօսքը, բաղդատելով զայն ոչ թէ մէկ կամ քանի մը յատուկ խօսքերու հետ, այլ՝ Աստուածաշունչին բոլոր այն վարդապետութիւններուն հետ որ կը վերաբերին այն խօսքին։ Եւ, ահաւասիկ, այսպիսի մեկնութիւնը կը կոչուի «ՀԱՒԱՏՈՅ ՎԵՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ» կամ «ՀԱՒԱՏՈՅ ԿԱՆՈՆ»ԻՆ ՀԱՄԵՄԱՏ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ…։

Հաւատոյ Վերաբանութիւն կամ Հաւատոյ Կանոնն է այս ինչ կամ այն ինչ վարդապետութեամբ կամ վարդապետութեան նկատմամբ Սուրբ Գիրքի վարդապետութիւններու բովանդականութիւնը, այսինքն՝ ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ մասնաւոր վարդապետութեան մը նկատմամբ։ Ուստի, Սուրբ Գիրքի բոլոր յայտնութիւններու բովանդակութիւնը կը ճանչցուի, երբ Սուրբ Գիրքի մէջ անկողմնակալ միտքով կը քննենք այն մասնաւոր վարդապետութեան վերաբերեալ ամէն վկայութիւն, եւ կը սահմանաւորենք իւրաքանչիւր վկայութեան իմաստը՝ նայելով միւս վկայութիւններուն, եւ ապա կը մեկնենք ամէնքը ըստ պատշաճութեան կամ վայելչութեան զոր ունին իրարու հետ։ Որ եւ իցէ վարդապետութեան նկատմամբ Սուրբ Գիրքի այսպիսի ընդհանուր վարդապետութիւնը, կամ ինչպէս ըսուեցաւ նախապէս, Սուրբ Գիրքի յայտնութիւններուն բովանդակութիւնը՝ զոր կը կոչուի «Վերաբանութիւն» կամ «Կանոն Հաւատոյ», նոյն Գիրքին մէջ կը կոչուի «բոլոր մարգարէներուն բերանը (ԳՈՐԾ. Գ 18), «բոլոր օրէնքը» (ԳԱՂ. Ե 14)։

Փիլիսոփայութիւնը (=իմաստասիրութիւնը) եւս նոյն կերպով կը մեկնէ երեւոյթները։

Երբ բնութեան ընդհանուր օրէնք մը միանգամայն ապացուցուի ե՛ւ հաստատուի, այն օրէնքին կը վերաբերենք կամ կը կապենք մասնաւոր եղելութիւններ կամ դէպքեր։ Իսկ առանձին առանձին կը քննենք, կ՚ուսումնասիրենք իրարու հակասական կամ իրերամերժ երեւցող երեւոյթներ, եւ եթէ այս բոլորը բացատրող երկու ենթադրութիւններ գոյութիւն ունին, կ՚ընդունինք զայն՝ միայն՝ որ աւելի կը համաձայնի «ընդհանուր օրէնք»ին։ Ուստի, Սուրբ Գիրքը մեկնելու եւ բացատրելու ատեն եւս պէտք է այս կանոնին համեմատ շարժիլ։ Ուրեմն, պէտք է յայտնեալ ճշմարտութիւններու համաձայն մեկնել բոլոր այն վկայութիւնները՝ որոնք կ՚ընծայեցուին Աստուած՝ որպէս նիւթեղէն, յատուկ տեղի մէջ ամփակուած եւ գիտութեամբ, զօրութեամբ եւ արդարութեամբ սահմանաւոր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 8, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 2, 2019