ԿՌԻՒ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Համաճարա՛կ մըն է կռիւը, որ ուտիճի մը կամ մանրէի մը պէս կը տարածուի եւ կը վարակէ ո՛չ միայն կռիւին մէջ մասնակցութիւն ունեցողները, այլ նաեւ անոնց մօտ կամ շուրջը գտնուողները։ Աւելի դիւրին է, բնականաբար, խաղաղ մնալ համերաշխ եւ հաշտ շրջանակի, միջավայրի մը մէջ, քան անհամաձայն, աններդաշնակ եւ երկպառակուած հասարակութեան մէջ՝ ուր համերաշխութիւնը կը բացակայի եւ խռովութիւնը կը տիրէ։ Երբ տեղ մը, հեռու կամ մօտ, հակառակորդներ կը պատրաստուին բախելու, իրար հարուածելու եւ իրարու վնաս հասցնելու, այսինքն կռուելու, կարծես նոյն շրջանակին մէջ գտնուողներ, կռիւի հետ որեւէ կապակցութիւն չունեցողներ, հաւաքաբար եւ անհատաբար կը վարակուին այդ կռիւի հոգեվիճակէն։

Կռիւի ընդհանուր վիճակ մը տեղի կ՚ունենայ մարդոց մէջ երեւելի կամ աներեւոյթ նշաններով եւ ախտանիշներով։ Զոր օրինակ, փողոցը երբ երկու հոգի կը կռուին, անզգալաբար ուրիշներ ալ միջամուխ կ՚ըլլան կռիւին, կը մասնակցին, մինչեւ իսկ առանց գիտնալու, թէ ի՞նչու կը կռուին, կռիւը կ՚ընդարձակեն։ Բնական երեւոյթ մըն է ասիկա, ինքնեկ վարմունք մը։

Մարդիկ կարծես պատրաստ են եւ պատըր-ւակ կը փնտռեն կռուելու, խոշտանգելու։

Շատ հետաքրքրական է՝ կռիւի մը ընթացքին երկու կողմն ալ ինքզինք իրաւացի կը նկատէ եւ արդարացնելու միջոցներ կը ստեղծէ։ Բայց երբ հարցը կռիւ է, ո՛չ թէ գաղափարային բախում, վէճ, այլ ֆիզիքական-մարմնական խոշտանգում, շատ դժուար է իրաւացի կողմ մը գտնել եւ արդարացնել այդ անվայել արարքը։ Մարդ բանաւոր էակ մըն է, եւ իր հարցերը, անհամաձայնութիւնները պէտք է բանականութեան սահմաններուն մէջ լուծէ խօսքով եւ մարդավայել կերպով։ Գաղափարներու ընդհարումը, բախումը որքան որ օգտակար է ճշմարտութեան յայտնութեանը համար, մարմնական բախումը, ֆիզիքական կռիւն ալ այնքան վնասակար է եւ անընդունելի։ Եւ մարդ քանի որ բանաւոր էակ մըն է, պէտք է հարցերը լուծէ բանականութեամբ՝ միտքով եւ խօսքով։ Բայց երբ «խօսք»ով կ՚ըսենք, խօսքն ալ պէտք չէ վիրաւորիչ ըլլայ, մանաւանդ մարդկային արժանապատուութիւնը պէտք չէ վիրաւորէ։ Այս իմաստով մարմնական կռիւը որեւէ արդարացի կողմ չունի, պէտք չէ՛ ունենայ։

Կռիւը ո՛չ մէկ օգուտ ունի, այլ վնա՛ս։ Կռիւի ատեն մարդուն արիւնը գլուխը կը խուժէ. արագ արագ շրջան կ՚ընէ մարմնոյն մէջ, սիրտը թունդ կ՚ելլէ, ջիղերը կը պրկուին եւ բռունցքներ կը սեղմուին. մինչ ջերմութեան աստիճանը կը բարձրանայ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ բարոյական կեանքին մէջ, յառաջ կու գայ խուճապ եւ որքան ալ ծածկուի՝ վա՛խ։ Կռիւի ընթացքին անձնապաշտութեան, եսամոլութեան, յարձակումի եւ հակայարձակումի, ինքնապաշտպանութեան բնազդները կ՚արթննան. կիրքերը ենթակայ կ՚ըլլան վիրաւորանք, վնաս, աւեր եւ մինչեւ իսկ մահ յառաջ բերելու։ Երեւակայութիւնը կը սաւառնի վերերը եւ շա՜տ հեռուները, ցնորքը սահման չունի, երբ մարդ կը կռուի։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին կռուողներու շուրջը գտնուող ամէն մարդ կարծիք կը յայտնէ, իրաւացին եւ անիրաւը որոշել կը փորձէ, եւ ահաւասիկ այսպէս կռիւը կ՚ընդարձակուի եւ ազդեցութիւնը կը տարածուի շատերու վրայ, կողմերու թիւը կը բարդուի, կը բազմապատկուի։ Այսպէս, կռուողներու շուրջ կը գոյանան աւելի մեծ թիւով կռուողներ, որոնք չեն գիտեր, թէ ի՞նչու կը կռուին, որո՞ւ դէմ կը կռուին, թէ ի՞նչ է կռիւին պատճառը եւ նպատակը. մեկնողներ, մեկնաբանութիւն ընողներ, ապագան գուշակողներ, վճիռ արձակողներ, դատաւորներ կը յայտնուին՝ որոնք մէկ կողմը կ՚արդարացնեն, միւսը կը դատապարտեն, եւ ահաւասիկ նոր վէճ մը կը ծագի, եւ այսպէս կռիւը նոր կռիւներու պատճառ կ՚ըլլայ, պարզ կռիւ մը մեծ կռիւներու «մայր» կը դառնայ։ Եւ այս նոր կռիւներուն կողմերը խոցելի եւ պատրաստ զոհուելու, մանաւա՛նդ զոհելու, խոցելու անխնայ ուրիշները, անծանօթ հակառակորդները։

Ամենէն իմաստուն եւ խաղաղասէր մարդն իսկ զերծ չի մնար կռիւի այս վարակումէն, որ աւելի մեծ թիւով զոհեր կու տայ եւ աւելի ծաւալուն բարոյական աւերներ կը գործէ, քան դուրսի բիրտ եւ տեսանելի պատերազմը, կռիւը։ Արդարեւ պարզ կռիւ մը հետզհետէ կը վերածուի «պատերազմ»ի։

Պէտք է խոստովանիլ, որ մարդ էակին բնութեանը պատճառով, դժբախտաբար դիւրին ալ չէ բոլորովին խուսափիլ եւ զերծ մնալ այս վարակումէն՝ որ թոյն մըն է, ա՛խտ մը մարդուս կեանքին մէջ։ Խուսափիլ դիւրին չէ այդ վարակումէն, երբ ամէն ինչ կը գործէ ի նպաստ անոր, երբ դէպքերու եւ պարագաներու գահավիժումը մարդուս ուղեղը կը ցնցէ եւ ապա կը թմրեցնէ, կասեցնելով կարծես տրամաբանութեան գնացքը անտրամաբան պատահարներու հեղեղին տակ։ Կեանքի նեղութիւններ, դժուարութիւններ կ՚ազդեն մարդուս վրայ, կը կուտակուին եւ մարդ անոնցմէ փրկուելու, պարպուելու համար կարծես առիթ կը փնտռէ կռուելու եւ այդ միջոցով հանգստանալու։ Սակայն կռիւը երբեք արդարացուցիչ չի կրնար ըլլալ, երբ կայ խաղաղութիւնը։

Ուրեմն, հարցը խաղաղութիւնը պահելու, չկորսնցնելու հարց մըն է, ինչ որ կենսակա՛ն հարց մը պէտք է նկատել։ Խաղաղութեան բացակայութիւնը մեծ վտանգ կը սպառնայ մարդուն թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ընկերային կեանքին համար։ Խաղաղութեան բացակայութիւնը անհատապէս վատառողջ, ախտաւոր հոգի մը եւ ապա մարմին մը կը պատրաստէ, իսկ ընկերային կեանքի մէջ վնաս կը պատճառէ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն։

Արդարեւ, ուղիղ ախտազննութիւն մը, ախտաճանաչում եւ դարման մը կ՚արժէ, կամ գէթ սկի՛զբն է ուղիղ դարմանումի…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկետմբեր 26, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020