ԲԱՐԻԻՆ ԵՒ ՉԱՐԻՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուած իմաստութեամբ կը ստեղծէ, ուրեմն արարչագործութիւնը բարեկարգ է եւ անոր մէջ երբեք չար գոյութիւն չունի։ Մարդուն իմացականութիւնը քանի որ մասնակից է աստուածային Իմացողութեան լոյսին, կարող է՝ թէեւ մեծ ճիգով եւ միանգամայն Արարչին եւ Անոր գործին հանդէպ խոնարհութեան ոգիով եւ յարգանքով, իմանալ ի՛նչ որ Աստուած կ՚ըսէ մարդուն իր արարչագործութեամբ։ Աստուածային բարութենէն ծագում առած է արարչագործութիւնը։ Որովհետեւ արարչագործութիւնը Աստուծմէ ուզուած է իբր «պարգեւ» մը մարդուն եւ իբր «ժառանգութիւն» մը, որ սահմանուած եւ վստահուած է անոր։ Ուրեմն էականը բարի՛ն է եւ ո՛չ թէ չարը։ Ամէն ինչ «բարի» է. իսկ չարը՝ բարիին այլասերած կամ վատասերած վիճակն է։

Բարին, ըսինք, էական վիճակն է, որ ժամանակի ընթացքին իր յատկութիւնը կորսնցուցած՝ դէպի գէշը փոխուած եւ «չար»ը յառաջ եկած է, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ծառէն քաղուած թարմ պտուղ մը, ժամանակի ընթացքին, զանազան արտաքին ազդակներէ ազդուելով կը փտի, կը նեխի եւ կը քայքայուի։ Բայց որքան ալ ան կորսնցնէ իր թարմութիւնը, ան դարձեալ պտուղի բնութիւն ունի, բայց «փտած պտուղ» է այլեւս։ Բարին ալ նոյնն է. ան էապէս, ստեղծուած ձեւով բարի է, բայց ձեւ կամ կերպարանք փոխած բարի կ՚ըլլայ, երբ «չար»ի յատկութիւն կամ հանգամանք ստանայ ժամանակի ընթացքին՝ որեւէ արտաքին ազդեցութեան ենթարկուելով։ Եւ այս ցոյց կու տայ, թէ «չար»ը ստեղծուած չէ այլ փոփոխութեան ենթարկուած, վատասերած «բարի»ն է, այսինքն բնութեամբ «բարի» բայց «փոփոխութեամբ»՝ չա՛ր։ Արդէն կարելի՞ է, որ բնութեամբ Բարին՝ Աստուած որեւէ չար բան ստեղծէ։ Ասիկա թէ՛ աստուածային բնութեան եւ թէ՛ բանականութեան բոլորովին հակառա՛կ է։

Արդարեւ, Աստուած անհունօրէն աւելի մեծ է քան իր բոլոր գործերը։ Այս ալ կը նշանակէ, որ Աստուծոյ կամքին հակառակ կարելի չէ որ «չար»ը ստեղծուած ըլլայ։ «Անոր մեծվայելչութիւնը երկինքէն բարձր է», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. Ը 2)։ Եւ դարձեալ. «Անոր մեծութիւնը չափ չունի». (ՍԱՂՄ. ՃԽԴ 3)։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Ինք աւելի բարձր է քան իմ մէջս գտնուող բարձրագոյնը, աւելի մտերիմ քան մտերմագոյնը»։ Եւ այսքան մեծ, այսքան բարձր Աստուած կարելի՞ է, որ «չար»ը ստեղծէ…։

«Այո՛, Դուն կը սիրես ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցիր. որովհետեւ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչպէս գոյութիւն ունենայ, եթէ Դուն չես ուզեր զայն։ Բան մը ի՞նչպէս պիտի գոյատեւէ եթէ Դուն չես կանչած զայն։ Բայց Դուն կը խնայես ամէն բանի, որովհետեւ ամէն ինչ Քուկդ է, Դուն որ հոգեսէր Տէր ես». (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 24-26)։

Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ինչ որ ստեղծած է. նոյնիսկ այն բոլոր բաները, զորս արարածներուն ազատ կամքը պիտի իրագործէ։

Բայց «չար»ը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս գոյացաւ։

Արարչագործութիւնը իր իւրայատուկ լաւութիւնը, բարութիւնը եւ կատարելութիւնը ունի, բայց ան Արարչին ձեռքէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Ան ստեղծուեցաւ «ընթացքի վիճակ»ի մէջ. ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի վերջին կատարելութիւն մը՝ որուն սահմանած է զայն Աստուած։

Ահաւասիկ, այն միջոցառումները որոնցմով Աստուած կ՚առաջնորդէ Իր արարածները եւ Իր արարչագործութիւնը դէպի կատարելութիւն, կը կոչուի «աստուածային նախախնամութիւն»։

Եւ քանի որ արարչագործութիւնը բոլորովին չէ լրացած, քանի որ «ընթացքի վիճակ»ի մէջ է, ապա ուրեմն ան կը շարունակէ իր ընթացքը։ Ահաւասիկ այս ընթացքին տեւողութեան մէջ է, որ «չար»ը կը գոյանայ եւ ստեղծագործութեան ընթացքին համընթաց կը շարունակէ իր ընթացքը՝ գործելով իր չարութիւնը։ Եւ դարձեալ, այս ընթացքին մէջ է, որ «բարի»ն կը փոխուի «չար»ի. բնութեամբ, էապէս բարի, բայց ձեւով եւ գործերով՝ չա՛ր։

Մարդ երբ կ՚անգիտանայ այս ճշմարտութեան, կամ կը մերժէ զայն Աստուծոյ հանդէպ իր անկախութեան եւ կամքի ազատութեան անունով, տարուած է իր բաղդատութեան եզրը եւ վախճանը ինքն իրեն մէջ փնտռելու եւ կամ փոխ առնելու գաղափարախօսութենէ մը, եւ քանի որ չ՚ընդունիր որ բարիին եւ չարին շուրջ առարկայական չափանիշ մը պաշտպանուի, ուստի մարդուն եւ անոր վախճանին վրայ յայտարարուած կամ քօղարկուած բռնատիրութիւն մը ինքն իրեն կը վերագրէ, ինչպէս բազմաթիւ դէպքերով կը վկայէ պատմութիւնը։

Աստուած ստեղծեց մարդը ըստ Իր պատկերին եւ նմանութեան, եւ հաստատեց զինք Իր բարեկամութեան եւ մտերմութեան մէջ։

«Հոգեւոր արարած» ըլլալով՝ մարդը այս բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնը կրնայ ապրիլ միա՛յն Աստուծոյ նկատմամբ ազատ հնազանդութեան ձեւին տակ։ Եւ ահաւասիկ, այս ճշմարտութեան արտայայտութիւնն է «Բարիին եւ չարին գիտութեան ծառէն ճաշակելու արգելքը». «որովհետեւ այն օրը որ ուտես անկէ, պիտի մեռնիս». (ԾՆՆԴ. Բ 17)։

«Բարիին եւ չարին գիտութեան ծառը». (ԾՆՆԴ. Բ 17) խորհրդանշանականօրէն կը յիշեցնէ անանցանելի սահմանը, զոր մարդը իբր արարած պարտի ազատօրէն ընդունիլ եւ վստահութեամբ յարգել։ Մարդը կախում ունի Արարիչէն, ան ենթակայ է արարչութեան օրէնքներուն եւ բարոյական աստուածատուր կանոններուն, որոնք կը կանոնաւորեն ազատութեան գործածութիւնը։

Եւ «չար»ը գոյացաւ երբ մարդ անցաւ իրեն սահմանուած սահմանը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 27, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021